Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Անդրադարձ. Թնճուկը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Խաշոկճիի սպանութեան հարցին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը թերեւս կարելի է բացատրել հետեւեալ ձեւով.

Ստեղծուած է Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա եռանկիւն մը: Էրտողան սէուտական իշխանութիւններուն թոյլ տուած մեծ սխալը կը փորձէ օգտագործել` հարուածելու համար իսլամական աշխարհի ղեկավարութեան համար իր մրցակից Սէուտական Արաբիոյ վարկը եւ վրէժ լուծելու Եգիպտոսի մէջ իր գաղափարակից Իսլամ եղբայրներու իշխանութեան սէուտական աջակցութեամբ տապալման համար: Անգարան ատիկա կատարելու համար սէուտցի ընդդիմադիր լրագրողին Պոլսոյ սէուտական հիւպատոսարանին մէջ սպանութեան վերաբերեալ կը թուի բաւարար փաստեր հաւաքած ըլլալ:

Ուաշինկթըն չ՛ուզեր Խաշոկճիի սպանութեան մանրամասնութիւններուն բացայայտումը, որովհետեւ այդ պարագային հանրային կարծիքի ճնշումին տակ պիտի ստիպուի խիստ պատժամիջոցներ որդեգրել իր գլխաւոր դաշնակիցներէն Սէուտական Արաբիոյ դէմ: Վերջինս իր կարգին կը սպառնայ չգոցել 5 նոյեմբերին Իրանի քարիւղի արտածումը զերոյի հասցնելու ամերիկեան պատժամիջոցներուն պատճառով քարիւղի շուկային մէջ գոյանալիք բացը, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ համաշխարհային շուկային մէջ քարիւղի գինի սուր աճի, որ ամերիկեան տնտեսութեան համար մեծապէս վնասակար զարգացում մըն է:

Խաշոկճիի սպանութեան մանրամասնութիւններուն հրապարակումը եւ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հաւանական մեղսակցութեան բացայայտումը պիտի յառաջացնեն վերջինս պաշտօնազրկելու հրամայականը, ինչ որ արքայական տոհմին մէջ վերջերս ստեղծուած լարուածութեան լոյսին տակ կրնայ ապակայունացնել թագաւորութիւնը:

Ուաշինկթըն, բնականաբար, չ՛ուզեր այդ մանրամասնութիւններուն` ամբողջական ճշմարտութեան հրապարակումը, իսկ Անգարան, բնականաբար, ամերիկեան կողմի փափաքը կատարելու համար պիտի պահանջէ իր գինը` Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վերահսկող եւ ամերիկեան աջակցութիւն վայելող քիւրտերուն գլուխը: Արդէն կը հաղորդուի Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ Արաբ Բունարի շրջանին մէջ թուրք-քրտական բախումներու եւ ատոր զուգահեռ Տէր Զօրի Պաղուզ ու Սուսա շրջաններուն մէջ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումին դիմաց քրտական ծանր կորուստներու եւ նահանջի մասին:

ՏԱՀԵՇ-ի վերստին Իրաքի սահման հասնելուն պատճառով պատրաստ վիճակի մէջ դրուած է Իրաքի շիիներու աշխարհազօրը, ինչ որ ընթացող խաղին մէջ կ՛աւելցնէ նոր դերակատար մը` Իրանը, որ արդէն իսկ մեծապէս հետաքրքրուած է այդ եռանկիւն խաղին ելքով` նկատի ունենալով, որ քարիւղի շուկային մէջ բացի ստեղծումն ու գիներու աճը իրանեան քարիւղի ներածման դէմ ամերիկեան արգելքը կը դնէ մեծ ճնշումի տակ:

Միացեալ Նահանգներ Խաշոկճիի սպանութեան պատճառով կ՛ենթարկուին երկու շանթաժներու` մէկը սէուտական, իսկ միւսը` թրքական: Գոյութիւն ունի յստակ ժամկէտ մը, որմէ ետք հարցերը անհամեմատ անախորժ եւ բարդ կը դառնան: Ուաշինկթընի շահերէն կը բխի այս հարցը լուծել 5 նոյեմբերէն` Իրանի դէմ պատժամիջոցներու նոր փուլի հաստատումէն առաջ: Կը մնայ սպասել եւ տեսնել այս թնճուկին զարգացումները:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>