Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Դպրոցական Թատրոն

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Մխիթարեան վարժարանի տարիներս էին:

Աւարտական դասարանի աշակերտներէն Յովսէփ Մելքոնեանը, որ գրականութեան հանդէպ յատուկ սէր ունէր, «Վարդանանց» հերոսամարտի մասին թատրերգութիւն մը գրած էր` «Ազատութեան ջահակիրները»: Բազմաթիւ թատրերգութիւններ նուիրուած են հայոց պատմական այդ հերոսամարտին, սակայն դպրոցին տնօրէնն ու հայերէնի գրականութեան ուսուցիչը` Վազգէն Այգունի, ուզեցին քաջալերել հազիւ 18-ամեայ պատանին, եւ որոշուեցաւ ներկայացնել այդ անտիպ թատերական գրութիւնը:

Վարդան Մամիկոնեանի դերը ստանձնեց Միհրան Պաստաճեանը, Լութֆիկ Թապագեանը` այդ օր Վասակ Սիւնին էր: Յազկերտի դերը վստահուած էր Օննիկ Գանթարճեանին, իսկ Մանուկ Սեֆերեանը` Ղեւոնդ Երէցն էր:

Մխիթարեան վարժարանը երկսեռ չէր այդ տարիներուն: Դերասանուհիներու համար, ինչպէս` Շուշանիկ եւ Վարդանի մայրը, դիմեցին Հռիփսիմեանց քոյրերու վարժարանի աշակերտուհիներուն, իսկ մեզի նման մէկ կամ երկու վարի կարգերու աշակերտներուն վստահուեցան երկրորդական դերեր: Ես Արտակ Ռշտունին էի եւ ընդամէնը քանի մը  վայրկեան պիտի երեւնայի բեմին վրայ, սակայն փորձերուն ամբողջ տեւողութեան ստիպուած էինք ներկայ գտնուիլ:

Երկար գրութիւններ գոց սորվիլ բնաւ չեմ սիրած եւ կարճ դեր մը ունենալուս համար դժգոհ չէի: Կային տղաք, որոնք կը սիրէին աւելի երկար երեւիլ բեմին վրայ եւ ներկայանալով հեղինակին` խնդրեցին, որ «քանի մը տողով» երկարէ իրենց դերը:

Յովսէփը սիրով կը կատարէր այդ «խնդրանք-առաջարկները»: Քաջալերուած` երկրորդական դեր ունեցողներէն շատեր, նկատելով դերերը երկարելու «առատաձեռնութիւնը», իրենք եւս ներկայացան երիտասարդ հեղինակին:

– Յովսէ՛փ, բան մը ըրէ: Կ՛արժէ՞ քանի մը բառ արտասանելու համար երկար ժամեր տրամադրել: Սպասելնիս թող բանի մը ծառայէ:

Հաւանաբար բնագրին տեւողութիւնը մէկ ու կէս ժամ էր, կամ` քիչ մը աւելի, սակայն դերերու «յաւելումը» պատճառ դարձաւ, որ թատրերգութեան տեւողութիւնը հասնի մօտաւորապէս 4 ժամուան:

Հանդիսասրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր: Ներկաները մեծամասնութեամբ ծնողներ էին, եկած էին քաջալերելու իրենց զաւակները եւ հաճոյքով կը հետեւէին ներկայացման, սակայն չոր աթոռներուն վրայ երկար ժամեր նստելէ յոգնած, անմիջապէս որ իրենց զաւակները հեռացան բեմէն, առանց սպասելու թատրերգութեան աւարտին, իրենք եւս կամացուկ մը հեռացան սրահէն: Վերջաւորութեան սրահին մէջ մնացած էին, դպրոցին տնօրէնը, քանի մը ուսուցիչ եւ գլխաւոր դերակատարներուն ծնողները:

Յովսէփ Մելքոնեանը` երիտասարդ հեղինակը, շատ լաւ ուսումնասիրած էր «Վարդանանց» հերոսամարտը, ինչպէս նաեւ` այդ ժամանակաշրջանի հայոց պատմութիւնը: Իր յաւելումներուն մէջ չկար աւելորդաբանութիւն, սակայն շատ մը ծնողներու չէր հետաքրքրեր ո՛չ հերոսամարտ, ո՛չ ալ հայոց պատմութիւն: Հաւանաբար չէին իսկ հետեւեր թատրոնին: Անխօս ժապաւէնի մը նման` կը զմայլէին բեմին վրայ երեւցող, զինուորականի կամ պալատականի տարազներով իրենց զաւակներուն:

Փոլ Կիրակոսեանը տակաւին հանրածանօթ չէր այդ տարիներուն: Իր զաւակները Մխիթարեան կը յաճախէին, եւ մեծ արուեստագէտին վստահուած էր տեքորներու գծագրութիւնը: Իր զաւակները տակաւին փոքր էին եւ դերեր վերցնելու «պատուին» չարժանացան: Գլխաւոր կամ երկրորդական դերակատարներու կողքին, մեծ էր անխօս դերեր վերցնողներուն թիւը: Մոգեր, իշխաններ, սպասաւորներ, կուռքեր եւ… Աւարայրի դաշտին վրայ մահացած զինուորներ:

Այդ օր, որպէս դերասան, բեմ բարձրանալու իմ առաջին փորձառութիւնս էր:

* * *

Միեւնոյն տարին մեր ֆրանսերէնի ուսուցիչը խանդավառուած` առաջարկեց ֆրանսերէն լեզուով թատրերգութիւն մը ներկայացնել:

Այս անգամ հեղինակը դպրոցական մեր ընկերներէն մէկը չէր, որպէսզի երկրորդական դերեր վերցնողներուն խնդրանքին գոհացում տալով` երկարէր իրենց վստահուած դերը:

Պիտի ներկայացնէինք ֆրանսացի թատերագիր Մոլիերի «Երեւակայական հիւանդը» (Le Malade Imaginaire):

Բեմադրիչ-դերուսոյցը մեր ֆրանսացի ուսուցիչն էր եւ ինծի շնորհեց բժիշկին դերը:

Որքան որ կը յիշեմ, բաւական «յաջող» կատարեցի այդ պատասխանատու դերս:

«Վարդանանց»-ի նման` ժամեր չերկարեցաւ թատրոնը, եւ սրահը ձգելով հեռացողներու չհանդիպեցանք այդ օր: Այդ մէկը քաջալերական երեւոյթ մըն էր, եւ այս անգամ ամենաշատ քաջալերուողը եղաւ… մեր անգլերէնի ուսուցիչը, որ տարեվերջին հազիւ քանի մը շաբաթ մնացած` որոշեց անգլերէն կտոր մը ներկայացնել, որուն մէջ դարձեալ բժիշկի մը դերը պիտի վերցնէի:

Անծանօթ կտոր մըն էր: Մինչեւ իսկ չեմ յիշեր հեղինակին անունը: Բեմադրիչ-դերուսոյցը մեր անգլերէնի ուսուցիչն էր: Ամավերջի քննութիւններու շաբաթն էր եւ սորվելիք դերս բաւական երկար էր:

«Վարդանանց»-ի պարագային, կարճ դերեր ունեցողներն էին գանգատողները, իսկ ներկայիս` ինծի նման երկար դերեր վերցնողները. ոչ միայն գանգատեցանք, մինչեւ իսկ փորձեցինք համոզել մեր ուսուցիչը, որ չեղեալ համարէ կամ յաջորդ տարուան յետաձգէ ներկայացումը, սակայն անգլերէնի ուսուցիչը անգլիացիի մը նման խստապահանջ եւ անդրդուելի մնաց: Փոխարէնը` խոստացաւ չեղեալ համարել անգլերէնի ամավերջի քննութիւնը, եւ մեզի նիշեր շնորհել` նայած մեր յաջող կամ ձախող խաղարկութեան: Այդ թատրերգութիւնը ձեւով մը պիտի ըլլար … անգլերէնի մեր ամավերջի քննութիւնը:

Ճարահատ` յոյսս դրի յուշարարին վրայ, որ բեմին մէկ անկիւնը կանգնած` կը յուշէր իւրաքանչիւրիս դերը: Ամէն անգամ, որ ըսելիքս մոռնայի, կ՛ուղղուէի իր կողմը:

Առաջին արարը բաւական յաջող ընթացաւ` շնորհիւ յուշարարին, սակայն միջնարարին, տնօրէնը, որ առաջին շարքին նստած էր, եկաւ մեզի յայտնելու, որ յուշողին ձայնը կը գերազանցէր դերակատարներուն ձայնը եւ կը հասնէր մինչեւ սրահին ամենաետեւի շարքի աթոռները, եւ այդ պատճառաբանութեամբ, փոխանակ յանձնարարելու, որ քիչ մը աւելի ցած յուշէ, «գործէ արձակեց» զայն` նեղ կացութեան մատնելով ինծի նման դերը կիսկատար սորված դերակատարները:

Բեմին վրայ «հիւանդ» եւ «բժիշկ» իրարու հետ սկսանք տարբեր նիւթերու մասին խօսիլ ցած ձայնով: Առաջին արարին յուշարարին ձայնը կը հասնէր մինչեւ սրահին ետեւի շարքը, իսկ ներկայիս մեր ձայնը անլսելի էր նոյնիսկ առաջին շարքի վրայ նստող հանդիսատեսներուն: Երկուքս ալ չէինք սորված մեր դերերը եւ դիտումնաւոր կերպով ցած կը խօսէինք:

Քանի մը անգամ լսեցինք տնօրէնին ձայնը:

– Քիչ մը բարձր: Ձեր խօսակցութենէն բան չենք հասկնար:

– Ինչու բան մը կ՛ըսե՞նք, որ հասկնաս, իրարու ըսինք ցած ձայնով:

Անհամբեր կը սպասէի վիճակացոյցիս: Ձախող դերասանութեանս պատճառով,  վստահաբար, ամենացած նիշս պիտի ըլլար անգլերէնը: Բարեբախտաբար մեր համաձայնութենէն տարբեր եղաւ: Առանց ամավերջի քննութեան` բաւական լաւ նիշ մը շնորհեց անգլերէնի մեր հասկցող ուսուցիչը:

– Նիշը երկրորդական է: Կարեւորը` չմերժեցիք: Կը հասկնամ: Ժամանակը կարճ էր, եւ ձեր դերերը սորվելու պատեհութիւն չունեցաք:

* * *

Դպրոցական այդ տարեշրջանը աւարտեցաւ թատերական «հարուստ» ներկայացումներով:

Վերամուտը սկսաւ նախորդ տարուան թատերական մթնոլորտով:

Մեզմէ մէկ կամ երկու դասարան վար եղող աշակերտները անմիջապէս հիմնեցին «Մխիթար» թատերախումբը եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու` սկսան իրենց փորձերուն:

Նոր տարեշրջանի սկսելէն կարճ ժամանակ ետք, քանի մը ամիս տարբերութեամբ, ներկայացուցին «Շողոքորթը» եւ «Պաշտօնս խռմփալ է» զաւեշտները, որոնք արժանացան դպրոցի աշակերտ-հանդիսատեսներու գնահատանքին:

Իր խաղարկութեամբ աչքի կ՛իյնար Վարդգէս Աղամանուկեանը եւ, դերասանութիւնը շարունակելու պարագային, վստահաբար յաջող դերասաններու ցանկին վրայ ըլլար իր անունը, սակայն երկրորդական վարժարանը աւարտելէն ետք բնաւ բեմ չբարձրացաւ: Դարձաւ ատամնաբուժ, եւ մարդիկ զուարճացնելու փոխարէն` նախընտրեց դարմանել անոնց ակռաները:

«Վարդանանց»-ի գլխաւոր դերակատարներէն Լութֆիկ Թապագեանը եւ Օննիկ Գանթարճեանը նոյնը չմտածեցին: Մեկնեցան մայր հայրենիք` ուսանելու թատրոն: Լութֆիկը` դերասանութիւն, իսկ Օննիկը` բեմադրութիւն:

Յովսէփ Մելքոնեանը լաւ սկսաւ, սակայն չշարունակեց թատրերգութիւններ գրել:

Ներկայիս հայ թատերագիրները մատի վրայ կը համրուին: Ես անձնապէս ծանօթ եմ երկու թատերագիրներու` Մուշեղ Իշխան եւ Արա Արծրունի:

Առաջինը ուսուցիչս եղած է: Ներկայիս հեռացած է այս աշխարհէն:

Երկրորդ թատերագիրը` Արա Արծրունի, մեր ընտանիքի մօտիկ բարեկամն է: Հեղինակ է բազմաթիւ թատերախաղերու: Իր գործերէն շատերը ներկայացուած են «Փորձառական թատրոն»  եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբերուն կողմէ, իսկ քանի մը հատը խաղցուած են Երեւանի եւ Գիւմրիի նման թատրոնի հանդէպ խստապահանջ բեմերու վրայ, իսկ քանի մը թատրերգութիւններ թարգմանուած են ֆրանսերէնի եւ արաբերէնի:

Անվարան կարելի է ըսել, որ Արա Արծրունին մեր օրերու լաւագոյն թատերագիրներէն է, սակայն, ինչպէս առածը կ՛ըսէ, «Մէկ ծաղիկով, գարուն չի գար»:

Հայ թատերագիրները թիւով քիչ են, փոխարէնը` ունինք մեծ թիւով բազմատաղանդ դերասաններ, սակայն դժբախտաբար հազուագիւտ են արհեստավարժները: Հայրենիքէն դուրս, հայկական գաղութները տակաւին կարողութիւնը չունին արհեստավարժ դերասաններ պահելու: Սփիւռքահայ դերասանը պարտաւոր է իր կեանքը ապահովել` կատարելով տարբեր տեսակի աշխատանքներ եւ թատրոնի նուիրուիլ` որպէս սիրողական, հակառակ իր ունեցած արհեստավարժ դերասանի մը տաղանդին:

Լոս Անճելըս
28 հոկտեմբեր, 2018


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles