Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Շուշիի Եւ Ֆրանսայի Սենթ Էթիէն Քաղաքները Բարեկամութեան Հռչակագիր Կնքեցին

Շուշիի եւ Ֆրանսայի Սենթ Էթիէն քաղաքներուն միջեւ ստորագրուեցաւ Բարեկամութեան հռչակագիր: Ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շուշիի քաղաքապետարանին մէջ:

Հռչակագիրը ստորագրեցին Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեանը եւ Սենթ Էթիէնի քաղաքապետ, «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան շրջանակի անդամ Կայել Փերտրիոն: Ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը եւ «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան շրջանակի նախկին ղեկավար, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախկին երեսփոխան Ֆրանսուա Ռոշըպլուան:

Հռչակագիրին մէջ կը նշուի, որ հիմք ընդունելով Մարդկային իրաւանց հռչակագիրով ամրագրուած ազատութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացարձակ կարեւորութիւնը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն ու խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը` կողմերը կ՛որոշեն երկու քաղաքներուն միջեւ հաստատել բարեկամական կապեր, միացեալ ծրագիրներ իրագործել տնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ տեղական ինքնակառավարման ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` նպաստել երկու քաղաքներուն միջեւ փորձի եւ մասնագիտական հմտութիւններու փոխանակման:

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցած «Եւրասիական Շաբաթ»-ին Աւելի Քան 100 Ընկերութիւններ Մասնակցեցան

Եւրասիական տնտեսական միութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան եւ «Պիզնես Արմենիա» հիմնարկին աջակցութեամբ, 22-24 հոկտեմբեր Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածաշրջանի մեծագոյն ամէնամեայ գործարար ձեռնարկը` «Եւրասիական շաբաթ» միջազգային ցուցահանդէս-համաժողովը: «Եւրասիական շաբաթ»-ը ուղղուած էր Եւրասիական տնտեսական միութեան գործարարներու միջեւ արդիւնաւէտ կապերու զարգացումին եւ երրորդ երկիրներու հետ առեւտրական յարաբերութիւններու խթանումին:

Նշենք, որ «Եւրասիական շաբաթ» միջազգային ցուցահանդէս-համաժողովին մասնակցեցան աւելի քան 100 ընկերութիւններ:

Ցուցահանդէսին աջակցող «Պիզնես Արմենիա» հիմնարկի գործարարներու աջակցութեան խումբի ղեկավար Հայկ Միրզոյեան լրագրութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ արդիւնքները յայտնի կ՛ըլլան ցուցահանդէսի աւարտէն ետք: «Այսօրուան այս ցուցահանդէսին մէջ միայն ազգային տաղաւարներու հինգ ոլորտներու մէջ ներգրաւուած են աւելի քան 60 ընկերութիւններ` Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Ղազախստանէն, Խըրխըզիստանէն, Պիելոռուսիայէն», ըսաւ Միրզոյեան: Անդրադառնալով նախորդ ցուցահանդէսներուն արձանագրած արդիւնքներուն` Միրզոյեան յայտնեց, որ հայկական ընկերութիւններէն մէկը մեծ պայմանագիր մը կնքած է Ռուսիոյ` ճշգրիտ ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ գործող ընկերութիւններէն մէկուն հետ: «Ղազախստանի մէջ ալ ունինք դեղագործութեան ոլորտին պատկանող պայմանագիրներ: Բացի այդ, նաեւ «Պիզնես Արմենիա»-ի աջակցութեամբ կարգ մը հայկական արտադրողներ այս ձեւաչափէն դուրս եւս կը մասնակցին ցուցահանդէսին, ընդհանրապէս` ուտելիքի արդիւնաբերութեան, խմիչքներու եւ գորգերու ոլորտին մէջ», ըսաւ ան:

«Պիզնես Արմենիա» հիմնարկի գործարարներու աջակցութեան խումբին ղեկավարը յայտնեց, որ շարժումը բաւական աշխուժ է: «Ցուցահանդէսի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցան նաեւ ընկերութիւններու հանդիպումները առեւտրական ցանցերու հետ` ռուսական թէ հայկական: Ամփոփելէ ետք մենք արդէն որոշ արդիւնքներ պիտի արձանագրենք: Այս տարուան ցուցահանդէսին ուղղուածութիւնը հիմնականօրէն դեղագործութիւնն էր, ճշգրիտ ճարտարագիտութիւնը, նորագործութիւնները, կենսական գիւղատնտեսութիւնը, նաեւ` ոսկերչութիւնը», աւելցուց Հայկ Միրզոյեան:

Ապրիլեան Պատերազմին Մասնակցած Ուսանողները Կը Ստանան 20 Տոկոսի Յաւելեալ Զեղչ

Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողական նպաստներու, պետական եւ ներհամալսարանական կրթաթոշակներու յատկացման կանոնակարգին համաձայն, նախորդ ուսումնական տարիներուն ընթացքին 2016-ի ապրիլեան պատերազմին մարտական հերթապահութիւն իրականացուցած ուսանողներուն վարձը կը զեղչուէր 30 տոկոս, իսկ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամը կը տրամադրէր ուսումնական վարձի մասնակի փոխհատուցում` 20 տոկոսի չափով:

Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէններու ժողովը որոշեց այսուհետեւ ապրիլեան պատերազմին ընթացքին մարտական հերթապահութիւն իրականացուցած ուսանողներուն համալսարանին կողմէ, 30 տոկոսէն բացի, յատկացնել նաեւ յաւելեալ 20 տոկոսի զեղչ` իր վրայ վերցնելով նախապէս Երիտասարդական հիմնադրամին կողմէ տրուած նոյն չափի զեղչի հատուցումը:

43 Ուսանողներ Արժանացան Պետական Կրթական Մրցանակի

Հայաստանի վարչապետի նստավայրին մէջ 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի պետական կրթական մրցանակ»-ին արժանացած լաւագոյն ուսանողներու եւ աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը:  Մրցանակները եւ պատուոյ գիրերը յանձնեց Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը:

«Այս ոլորտը պէտք է դառնայ մեր տնտեսութեան կարեւոր յենասիւներէն մէկը: Անիկա պայմանաւորուած է մեր երկրի` ժամանակակից աշխարհին հետ համաքայլ յառաջ ընթանալու անհրաժեշտութեամբ: Այստեղ գտնուող մրցանակակիրները կեանքի այս փուլին վերաբերող որոշում տուած են, որովհետեւ մարդն է իր յաջողութեան գրաւականը: Նոր Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւրը ինք կ՛որոշէ իր աշխատասիրութեամբ, իր ջանքերով, իր մղումով իր տիեզերքի չափը», նշեց Փաշինեան:

Այս տարի «Տեղեկատուական արհեստագիտութեան  ոլորտին մէջ Հայաստանի պետական կրթական մրցանակ»-ին արժանացան 25 ուսանողներ եւ 18 աշակերտներ:

«Լաւագոյն աշակերտ» մրցանակին արժանացած 13-ամեայ Ռուբէն Սարգսեանը, որ կը յաճախէ Գիւմրիի «Ֆոտոն» վարժարանը, մտադրութիւն ունի արհեստական բանականութեամբ մարդ-մեքենայ ստեղծել:

«Մասնակցեցայ հարցազրոյցի մը, որուն ընթացքին տրուեցան ընդհանուր զարգացումը ստուգող հարցումներ` կեդրոնանալով բնագիտութեան եւ ուսողութեան գիտութիւններու վրայ: Ստուգուեցան վերլուծական մտածողութիւնը, տրամաբանութիւնը, այդպիսով, պատասխանելով հարցումներուն, արժանացայ «Լաւագոյն աշակերտ» մրցանակին», ըսաւ Ռուբէնը:

Վերջինս ընդգծեց, որ իր ստեղծած մարդ-մեքենան պիտի կարենայ օգնել մարդոց` առօրեայ կարգ մը հարցերու մէջ: Նախապէս ան ստեղծած է սեփական խաղ մը, ուր կան արհեստական բանականութեան մասնիկներ. առարկան ինք կ՛որոշէ, թէ ի՛նչ քայլ պէտք է առնէ` ըստ իր առջեւ դրուած հարցերուն:

Գլխաւոր մրցանակին համար սահմանուած է 1200 տոլարի համարժէք դրամէ, «Լաւագոյն ասպիրանտ» անուանակարգի առաջին կարգի մրցանակը 1000 տոլարի համարժէք դրամ է, իսկ երկրորդինը` 750 տոլարի համարժէք  դրամ: «Լաւագոյն մագիստրանտ»` առաջին կարգ` 750 տոլարի համարժէք դրամ, իսկ երկրորդինը` 500 տոլարին համարժէք դրամ: «Լաւագոյն բակալաւր» անուանակարգի առաջին կարգի մրցանակը սահմանուած է 500 տոլարի համարժէք դրամ, իսկ երկրորդ կարգի մրցանակը` 400 տոլարի համարժէք դրամ: «Լաւագոյն սփիւռքահայ ուսանող» մրցանակի առաջին կարգին արժանացած անձը ստացաւ 750 տոլարի համարժէք դրամ, իսկ երկրորդը` 500 տոլարի համարժէք դրամ:

Նշենք, որ արդէն 14-րդ անգամն ըլլալով տեղի ունեցող սոյն մրցանակաբաշխութեան մրցանակի ցարդ արժանացած են 489 ուսանողներ եւ աշակերտներ:

«Երեւան Ճազ Ֆեսթ»-ը Պիտի Նուիրուի Արտեմի Այվազեանին

Այս տարի կ՛ամբողջանայ հայկական ճազին 80-ամեակը: 1938-ին երգահան եւ թաւջութակահար Արտեմի Այվազեանի ջանքերով ձեւաւորուած է Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբը: Ի նշանաւորում յոբելենական տարեթիւին`  2018 թուականին, Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ տեղի ունեցած են եւ պիտի իրականացուին շարք մը ծրագիրներ` համերգներ, փառատօներ, ժապաւէնի ցուցադրութիւն եւ այլն:

Ըստ մշակոյթի նախարարութեան, «Երեւան ճազ ֆեսթ» ամէնամեայ միջազգային փառատօնը այս տարի պիտի նուիրուի Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբի հիմնադիր Արտեմի Այվազեանին: Փառատօնը պիտի սկսի նոյեմբեր 7-ին, աշխարհահռչակ շեփորահար Արթուրօ Սանտովալի եւ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբին միացեալ համերգով: Փառատօնը պիտի եզրափակուի Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբին մենահամերգով, որուն պատուոյ հիւրը ֆրանսացի ճանաչցուած ճազ երաժիշտ Չայնա Մոեսն է:

Նոյեմբեր 20-ին «Արամ Խաչատրեան»-ի անուան համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Օլեկ Լունտսթրեմի ճազ նուագախումբին եւ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբին միացեալ համերգը: Համերգի ընթացքին պիտի ներկայացուին համաշխարհային եւ հայկական ճազային երաժշտական ժառանգութեան լաւագոյն նմուշները: Համերգային ծրագրով հանդէս պիտի գան նաեւ Վահագն Հայրապետեանը, շրթհարմոնահար Արտակ Ներսիսեանը եւ ուրիշներ:

Նոյեմբերին պիտի կայանայ  նաեւ Թաթիանա Դանէլեանցի հեղինակած «Վեց երաժիշտներ քաղաքի ֆոնի վրայ» ժապաւէնին շնորհահանդէսը (Հայաստան-Ռուսիա): Ժապաւէնը նուիրուած է Երեւանին եւ հռչակաւոր երաժիշտներուն` ճազային երաժիշտ, դաշնակահար Լեւոն Մալխասեանին, տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանին, երաժիշտներ Արտօ Թունճպոյաճեանին, Ֆորշին, Միքայէլ Ոսկանեանին եւ ուրիշներու: Երաժիշտները պիտի խօսին ու պիտի երգեն իրենց սիրած քաղաքին մասին:

Սուրիահայերու Հիմնական Հարցերը` Սփիւռքի Նախարարութեան Ուշադրութեան Կեդրոնը

Հոկտեմբեր 23-ին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանը հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի` գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչին` Աննա-Քարին Օսթին հետ:

Հանդիպման ընթացքին ծաւալուն անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքի նախարարի պատուիրակութեան վերջերս Սուրիա կատարած աշխատանքային այցելութեան, ունեցած հանդիպումներուն, ստացած տպաւորութիւններուն, այցելութեան արդիւնքին: Մխիթար Հայրապետեանը նշեց, որ այցելութիւնը յատկապէս ոգեւորիչ էր Հալէպի հայ համայնքին համար` նկատի առնելով, որ 2011 թուականէն ի վեր, երբ սկսաւ սուրիական պատերազմը, Հայաստանը ներկայացնող ոեւէ պաշտօնեայ չէր այցելած հայաշատ Հալէպ: «Չեմ կրնար չնշել, որ Սուրիոյ հայ համայնքը, հակառակ առկայ բազմաթիւ խոչընդոտներուն, լի էր յոյսով ու կեանքով: Հալէպի մէջ մենք յաճախ կը լսէինք ռումբերու պայթիւններու ձայները, մեզի համար այդ մէկը արտակարգ իրավիճակ էր, սակայն Հալէպի բնակիչներուն համար այդ ամէնը իրենց առօրեային սովորական մասը  դարձած է», նշեց Մ. Հայրապետեանը:

Ան  նաեւ բարձր գնահատեց Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատանքը: «Մեր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները միակն էին, որ չդադրեցան գործելէ նոյնիսկ պատերազմի ամենաթէժ օրերուն», նշեց նախարարի պաշտօնակատարը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու համարկման վերաբերող հարցեր, վերջիններուս մօտ տակաւին առկայ հիմնական հարցերը, ինչպէս նաեւ երկուստեք կարեւոր համարուեցան սփիւռքի նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ի` գաղթականներու հարցերով զբաղող հայաստանեան գրասենեակին հետ համագործակցութեան սերտացումն ու զարգացումը:

Արցախի Մէջ Մեծ Թափով Կ՛ընթանան Պատմական Յուշարձաններու Վերականգնման Աշխատանքները

Ընթացքի մէջ է Գտչավանքի վերականգնման գործընթացը: Այս մասին լրագրողներուն հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը` մանրամասնելով, որ պետական ամավարկի համապատասխան գումարը արդէն յատկացուած է, որպէսզի Գտչավանքի ներքին յարդարման եւ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները հասնին իրենց աւարտին:

Ան անդրադառնալով Արցախի տարածքին գոյութիւն ունեցող շարք մը այլ պատմական մշակութային յուշարձաններու պահպանման հարցին` նշած է, որ տեղի ունեցած է յուշարձաններու դիտարկում, ստուգուած է Ասկերանի, Հադրութի, Մարտակերտի, Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններու շարք մը յուշարձաններու պահպանման վիճակը:

Յայտնաբերուած են բազմաթիւ յուշարձաններ, որոնց մէջ նաեւ` Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Վահանպէյի կամուրջը: Կազմուած է նախագիծ` հետագային զայն ամրակայելու եւ վերականգնելու համար: Ընթացքի մէջ են Հադրութի շրջանի Ծակուռի գիւղի եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները:

Ըստ Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, քննարկուած են Դադիվանքի մոմատան վերականգնման, Դադիի եկեղեցւոյ ծածկի տեղադրման, օժանդակ ճանապարհի կառուցման եւ տարածքի բարեկարգման, Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ տանիքի նորոգման, ինչպէս նաեւ Հադրութի շրջանի Տող գիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ վերականգնման նախագիծները: Նոյն ժամանակ քննարկուած է Հունոտի կիրճ արգելոցի տարածքին գտնուող պատմական կամուրջի նախագիծը:

Բացի նշեալներէն` մաքրութեան աշխատանքներ տարուած են Տիգրանակերտի արգելոցի տարածքին, Բովուրխանի վանքի, ինչպէս նաեւ Աւետարանոցի ու Խնապատի պատմական գերեզմանոցներուն մէջ: Ընթացքի մէջ են եւ շուտով կ՛աւարտին Մոշխմհատի Ղեւոնդաց վանքի, Շահմասուրի եւ Գառնաքարի գերեզմանոցներու մաքրութեան աշխատանքները:

Լեռնիկ Յովհաննիսեան յայտնեց, որ նախարարութիւնը արդիւնաւէտ կերպով կ՛աշխատի «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնարկին հետ. անոր միջոցներով ներկայիս կը վերականգնի Քաշաթաղի շրջանի Հոչանց գիւղի եկեղեցին:

Երեւանի Մէջ Պիտի Հաւաքուին Միջազգային Համբաւ Վայելող Նարեկացիագէտներ

Նոյեմբեր 7-ին Մատենադարանի գիտական մասնաշէնքի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Նարեկացիական ընթերցումներ» խորագրով 4-րդ միջազգային գիտաժողովը: Այս մասին տեղեկացանք Մատենադարանի Դիմատետրի էջէն:

Ամէնամեայ գիտաժողովին պիտի մասնակցին միջազգային համբաւ վայելող նարեկացիագէտներ` Ժան-Փիեր Մահէն, Թեօ Մաարտըն վան Լինտը, Ռոպերթա Էրվինը, Գրիգոր Պըլտեանը եւ ուրիշներ:

Հաղորդենք, որ գիտաժողովի աւարտին տեղի պիտի ունենայ գիրքերու շնորհահանդէս, այդ շարքին պիտի ներկայացուի Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան»-ը, որ վերջերս հրատարակուած էր հոլանտերէն:

Արցախ Այցելող Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աճած Է

Վերջին 9 ամիսներուն Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է` հասնելով 24.213-ի, որ 18 տոկոս աւելի է 2017-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած: Այս մասին լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:

Չինական Դրամատունը Կը Մտադրէ Հայաստանի Մէջ Արեւային Վահանակներ Արտադրել

Վերջերս ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի պաշտօնակատար Գարեգին Բաղրամեանը ընդունեց չինական «ICBI Nanjing» դրամատան նախագահ Եան Ժիհանը:

Հանդիպման ընթացքին նախարարի պաշտօնակատարը ներկայացուց ուժանիւթի ոլորտի իրաւական դաշտը եւ կարգաւորումները:

Եան Ժիհան իր կարգին յայտնեց, որ  դրամատունը հետաքրքրուած է Հայաստանի վերականգնուող ուժանիւթի բնագաւառին մէջ ներդրումային ծրագիրներով, յատկապէս` արեւային վահանակներու արտադրութիւն հիմնելու հեռանկարով:

Բրիտանական «Էնթըրփրայզ Թայմզ»-ը Երեւանը Ներառած Է Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան Ոլորտին Մէջ Ասպարէզի Լաւագոյն Կարելիութիւններ Ընձեռող Քաղաքներու Շարքին

Բրիտանական գործարար արհեստագիտութեան «Էնթըրփրայզ Թայմզ» համացանցի կապերու շտեմարանը ներկայացուցած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ ասպարէզի լաւագոյն կարելիութիւններ ընձեռող 10 քաղաքներու ցանկը, որուն մէջ յայտնուած է նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը:

«Արմէնփրես» հաղորդած է, որ կայքին ներկայացուցած ցանկին մէջ Երեւան կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:

«Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ 2025-ին Հայաստանի մէջ ծրագրաւորողներու պահանջարկը պիտի աճի 3 անգամ` հասնելով մինչեւ 30 հազարի: Այս մէկը արդիւնք է նորարարութեան եւ արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ պարբերաբար արձանագրուող աճին: Այս ոլորտը մէկ տարուան ընթացքին 20 տոկոս աճ  կ՛արձանագրէ` առանց դանդաղելու նշաններու: Եթէ դուք նախապէս չէք ծրագրած տեղափոխուիլ այս երկիրը, հիմա կարելի է մտածել այդ ուղղութեամբ: Այստեղ ապրուստը աժան է, յանցաւորութեան մակարդակը ցած, մշակոյթը` հարուստ: Այս պահուն հիմնական լեզուները հայերէնը եւ ռուսերէնն են, սակայն անգլերէնը հետզհետէ աւելի մեծ տարածում կը ստանայ», կը գրէ կայքը:

Հաղորդենք, որ տասնեակի առաջին տեղը կը գրաւէ Սան Ֆրանսիսքոն, երկրորդը` Նիւ Եորքը, երրորդը` Օսթընը, հինգերորդը Սինկափուրն է, որուն կը յաջորդեն` Մելպուռնը, Լոնտոնը, Սթոքհոլմը եւ Պանկալորը: Տասնեակը կ՛եզրափակէ Թորոնթոն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>