Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

$
0
0
Խրիմեան Հայրիկի Վերադարձը
Տարօն Եւ Սուրբ Կարապետի Վանք

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սուրբ Կարապետ տաճարը եւ զանգակատունը

Խրիմեան Հայրիկ, Տարօնի առաջնորդութենէն հրաժարական տալէն ետք, 1865-ին, մեկնեցաւ Կարին եւ հիւր եղաւ շրջանի առաջնորդ Յարութիւն եպիսկոպոս Վեհապետեանին:

Խրիմեան Հայրիկ Յարութիւն եպիսկոպոսին պատմեց Տարօնի հայութեան խռովայոյզ վիճակին եւ Սուրբ Կարապետի վանքի վանական երկպառակութիւններու մասին:

Իր կարգին Յարութիւն եպիսկոպոս Տարօնի հայութեան խռովայոյզ վիճակին մասին մանրամասն տեղեկագիր մը պատրաստեց եւ ուղարկեց Պոլիս` պատրիարքարան:

Մինչ այդ Տարօնի մէջ Խրիմեան Հայրիկի հակառակորդ հոգեւորականները սկսան լուրեր տարածել, ըստ որոնց Մկրտիչ վարդապետ Սուրբ Կարապետի վանքին գանձերը կողոպտած եւ խաչերն ու Աւետարանները գողցած ու փախուստ տուած է:

Իր կարգին պատրիարքարանը հեռագիր մը ուղարկեց Կարին` Յարութիւն եպիսկոպոսին, հրահանգելով անոր Մուշ մեկնիլ եւ Տարօնի ազգային գործերուն շուրջ քննութիւն բանալ:

Պատրիարքարանին հեռագիրը ստանալէն ետք Յարութիւն եպիսկոպոս Մուշ մեկնեցաւ եւ քննութիւն բացաւ, հարցաքննութեան ենթարկելով հոգեւոր ու ազգային գործիչները եւ վկաները: Յետոյ Մուշէն մեկնեցաւ Սուրբ Կարապետի վանք եւ հարցաքննեց միաբանները: Բոլոր տուեալները եւ վկայութիւնները կը հաստատէին Խրիմեան Հայրիկի անմեղութիւնը:

Խրիմեան Հայրիկի հակառակորդները ըմբռնեցին, որ ծանր պատասխանատուութեան տակ պիտի իյնան եւ փորձեցին մոլորեցնել Յարութիւն եպիսկոպոսը:

Միւս կողմէ, գիւղերուն մէջ ժողովրդային հանրագրութիւններ սկսան: Հանրագրութիւնները կ՛ըսէին, որ Խրիմեան Հայրիկ եկեղեցւոյ եւ ազգի շահերուն միակ պաշտպանը եղած է Տարօնի մէջ: Այդպիսի բազմաթիւ հանրագրութիւններ ներկայացուեցան Յարութիւն եպիսկոպոսին:

Յարութիւն եպիսկոպոս համոզուեցաւ, որ Խրիմեան Հայրիկի դէմ ամբաստանութիւնները ստոր զրպարտութիւններ եւ դաւեր են:

Իր կատարած քննութիւններուն շուրջ մանրամասն տեղեկագիր մը պատրաստելով Յարութիւն եպիսկոպոս հաստատեց, որ Խրիմեան Հայրիկի հակառակորդ վեց վարդապետներ են գլխաւոր յանցաւորները:

Յարութիւն եպիսկոպոս իր տեղեկագիրը ուղարկեց Պոլիս, պահանջելով, որ պատրիարքարանը պատժէ խռովարար եւ ազգադաւ վեց վարդապետները եւ ընդառաջելով ժողովուրդի ցանկութեան Մկրտիչ վարդապետը վերահաստատէ իբրեւ Տարօնի առաջնորդ:

Մինչ այդ, Խրիմեան Հայրիկ, որ Կարին կը մնար եւ կը սպասէր քննութեանց արդիւնքին, խնդրագիր մը ներկայացուց Էրզրումի կուսակալին, որպէսզի ան անձնապէս քննութիւն բանայ Տարօնի եւ շրջակայքի քիւրտ այն ցեղապետներու եւ պետական պաշտօնատարներու գործունէութեան շուրջ, որոնք պատուհաս դարձած էին ժողովուրդի գլխուն:

Կուսակալը ընդառաջեց խնդրանքին եւ եօթանասուն  ցեղապետներ ու պաշտօնեաներ յանցաւոր գտնելով աքսորել տուաւ դէպի Ռումելի:

Նոյն օրերուն Կարին հասաւ Հռոմի Պիոս Թ. պապին հրաւիրագիրը` ուղղուած աշխարհի բոլոր եկեղեցիներու հոգեւորականներուն: Պիոս Թ. հրաւէր կը կարդար մասնակցելու Հռոմի մէջ կայանալիք պապին անսխալականութիւնը հաստատող ժողովին:

Խրիմեան Հայրիկ պատասխան պատգամ մը ուղարկեց պապին ըսելով. «Այսպիսի ժողովոյ մը տեղ լինելու էր Քրիստոսի խոնարհ թագաւորութեան ծննդեան Մսուրին կամ Գողգոթային մօտ, եւ ոչ Հռովմայ վէս աթոռին»:

Կարինէն Խրիմեան Հայրիկ նամակներ գրեց Վարագայ վանքի միաբաններուն, յորդորելով զանոնք սիրով եւ եղբայրաբար գործելու, «վասնզի ներքին եւ արտաքին թշնամիք կը վխտան աջ եւ ահեակ»:

Վարագայ վանքին միաբանները պատասխան նամակներ գրեցին, ցանկութիւն յայտնելով, որ Մկրտիչ վարդապետ վերադառնայ Վարագայ վանք:

* * *

Խրիմեան Հայրիկի դէմ այս անգամ հալածանքներ շղթայազերծեցին կառավարական շարք մը պաշտօնեաներ եւ քիւրտ բէկեր:

Ի վերջոյ կառավարութիւնը հրահանգեց դադրեցնել «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթին հրատարակութիւնը եւ որոշեց որ այլեւս հայկական գաւառներուն մէջ որեւէ տպարան չհաստատուի, նկատի ունենալով, որ այդ տպարաններէն լոյս տեսնող թերթերը կառավարութեան դէմ բողոքող եւ ժողովուրդը ապստամբութեան մղող նիւթեր կ՛արծարծէին եւ ազգայնականութեան գաղափարներ կ՛արթնցնէին հայութեան մէջ:

Գարեգին վարդապետ Սրուանձտեանց (ան 1864-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր ձեռամբ Յարութիւն եպիսկոպոս Վեհապետեանի) հրաժեշտի խօսքին մէջ կ՛ըսէր.

«Ես ալ իմ ծնողին ճակատագիրն ունիմ. Վասպուրական Արծուին ճանաչող Տարօնոյ Արծուիկին պիտի չի զարմանար, բայց մեր արգոյ բաժանորդներէն մէկ քանին հետեւեալ բողոքն ուղղած են առ մեզ.- Տարերաց երկու մասէն, կ՛ըսեն, բարկացած էր ձեր թերթիկն, վասն զի գարունը ծնաւ, ամառը թռաւ, աշունը մեռաւ, ձմեռը թաղեցաւ ըսենք, ի՞նչ ըսենք: Մենք շատ կը սիրէինք զինքն իբրեւ հայրենեաց պատմաբեր թռչնիկ, բայց դուք շարունակութիւն մը չունիք, շատոնց ի վեր չընդունելով Արծուիկիդ թերթն` անոր կարօտ ենք եւ կը փափաքինք յայտնէր մեզ թէ ի՞նչ է առիթ ատոր դադարման կամ ընդհատութեան. ձեր զանցառութի՞ւնն արդեօք թէ տեղւոյդ անյամարութիւն… կը պատասխանենք` Այո՛ տեղւոյն անյարմարութիւն, անկարգութիւն, բռնաւորութիւն, վանքի մասնաւոր միաբանութիւն…, եւ ասոնց ամենուն հայր շահասիրութիւնն է առիթ, որ զհայր Արծիւն մատնեցին, Արծուիկի օրօրանը դարձուցին իրեն գերեզման, կապեցին զմամուլ, գոցեցին տպարան, փակեցին զառաջնորդարան, ցրուեցին զվարժարան»:

«Արծուիկ Տարօնոյ»-ի վերջին համարը լոյս տեսաւ 15 յուլիս 1865-ին:

* * *

Խրիմեան Հայրիկի Մսրխան եղբօր որդին` Խորէն սրտառուչ ոտանաւոր մը գրելով ձօնեց իր հօրեղբօր: Ոտանաւորը վանեցի ուղեւորի մը ձեռամբ Կարին հասաւ 1865 հոկտեմբերին:

Խրիմեան Հայրիկ 28 հոկտեմբեր 1865 թուակիր նամակ մը գրեց իր եղբօրորդի Խորէնին, ուր կ՛ըսէր.

«Սիրաթռիչ նամակիդ թեւերով այս անգամ իջեր ես այն պարտէզն, ուր չէ Հայրիկն անդ, եւ քո սիրահար վարդի թուփի վրայ նստելով կ՛երգես ու կը կանչես` Հայրի՜կ, Հայրի՜կ…:

Սուրբ Կարապետի տաճարին ներքնամասը

Բարձր հայոց սահմանին մէջ այնինչ քուն կայի ծանրաբեռնուած հոգսերով` ի վեր զարթեա յանկարծ, եւ ահա ձայն եղբօրորդւոյն իմոյ բաղխէ զդուռն: Սիրոյս դուռ քեզ համար բաց է, կեանքս քեզ համար նուիրուած, ո՞վ կարէ զիս մեկնիլ ի սիրոյն քոյ:

Այս հալածանք, այս վշտեր թեթեւ են եւ դիւրատար այն է ինձ համար անպայման ցաւ սրտիս, զի ահա հուպ կալով Վարագայ դրախտին չեմ գիտեր պիտի տա՞յ Տէր պահ մի հանգչիմ դորա գիրկ, առ վարդենոյդ շքով` յոր կայ եւ երգէ սոխակն սիրահար»:

* * *

Յարութիւն եպիսկոպոս Վեհապետեան 1865 նոյեմբերին Տարօնէն վերադարձաւ Կարին:

Պատրիարքարան եւ Ազգային ժողով, երբ հաստատեցին որ Խրիմեան Հայրիկ արդար է, վճռեցին որ Սուրբ Կարապետի խռովարար վեց վարդապետները Երուսաղէմ աքսորուին: Յանցաւորները մերժեցին աքսոր երթալ: Ի վերջոյ պատրիարքարանը դիմեց Բարձրագոյն Դրան, որ իր կարգին ոստիկաններ ուղարկել տուաւ Սուրբ Կարապետի վանք: Ոստիկանները վանքէն հանեցին վեց վարդապետները եւ Երուսաղէմ ճամբու դրին:

Խռովարար վարդապետներու հեռացումէն ետք վանքին հալածուած եւ փախուստ տուած աշակերտներն ու որբերը վերադարձան:

* * *

Խրիմեան Հայրիկ 1866 մարտին Կարինէն մեկնեցաւ Տրապիզոն եւ հոնկէ նաւ նստելով Պոլիս ցամաք ելաւ:

Պոլիս հասնելէն ետք Մկրտիչ վարդապետ գրեց

«Մարգարիտ արքայութեան երկնից» գիրքը, որ լոյս տեսաւ իբրեւ «խուռն վաստակ երկոց Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան. ի պատրիարքութեան Կ. Պոլսոյ Տեառն Պօղոսի առաքելապաշտօն արքեպիսկոպոսի: Կ. Պօլիս, Տպագրութիւն Արամեան. 1866-ՌՅԺԵ»: Յիսուսի վարդապետութեան համառօտ դասեր պարունակող գիրքը նուիրուած է «առ բարգաւաճեալ շառաւիղս Օտեան գերդաստանի»:

* * *

Պատրիարքարանին պահանջով Երուսաղէմ աքսորուած Սուրբ Կարապետի վանքի վարդապետները Պոլիս կանչուեցան եւ Ազգային ժողովին առջեւ դատի կանչուեցան:

Իրենց ընթացքը արդարացնելու համար անոնք Խրիմեան Հայրիկը ամբաստանեցին իբրեւ ժողովուրդին մէջ պետութեան դէմ գրգռութեան որոմներ սերմանող, փաստարկելով որ ան աւազակ է, կռապաշտ է եւ բողոքական դարձած է:

«Մասիս», «Մեղու», «Հայրենիք» եւ «Փունջ» թերթերը կը պաշտպանէին Խրիմեան Հայրիկը, իսկ «Մեճմուայը Հավատիս» եւ «Երեւակ» հակառակ կարծիք կը յայտնէին եւ կ՛արդարացնէին խռովարար վարդապետները:

Խրիմեան Հայրիկ Պօղոս արքեպիսկոպոս Թաքթաքեան պատրիարքին ներկայանալով յայտնեց, որ ինք կը փափաքի Մուշ վերադառնալ:

* * *

Խրիմեան Հայրիկ 1866-ի վերջաւորութեան Պոլիսէն վերադարձաւ Մուշ: Ժողովուրդը ջերմ սիրով դիմաւորեց զինք:

Իր հոգեւոր առաքելութեան լծուելէն ետք Խրիմեան Հայրիկ որոշեց երթալ Սուրբ Կարապետի վանք: Այդ առիթով վանքի տպարանէն լոյս տեսաւ աշուղ Սայեադ Շամախեցիի «Ձայն` առ հարազատ Վասպուրականին Արծուին» ոտանաւորը, բաղկացած` 28 տուներէ, եւ բաժնուեցաւ ժողովուրդին: Գիւղերէն տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդ հաւաքուեցաւ Մուշ, եւ հսկայ թափօրը ճամբայ ելաւ դէպի Սուրբ Կարապետ: Թափօրին առջեւէն կը կարդացուէր աշուղ Սայեադի ոտանաւորը.

«Սրատես իշխան ապրոպեան օդոց,
Վաղուց կարօտեալ գոլով սուրբ տեղւոյդ,
Զիս արժան չարարեր քոյդ ոսկեայ փետրոց,
Արցունք իմ հերքեալ եղեն ի լուսոյդ»:
Թափօրը երբ մօտեցաւ վանքին, տաճարին զանգերը ուժգնօրէն սկսան ղօղանջել:
Նոյն պահուն կոյր աշուղ մը սկսաւ երգել.
«Գոչեաց երբեմն ամպ ահագին, ամպ սեւաթոյր եւ մթագին,
Հողմ ու մրրիկ, շանթ եւ կայծակ հոսէր թափէր նա մոլեգին:
Վեհ Արծըուին մէջ մրըրկին հոլանաձեւ բացած իւր թեւ`
Մերթ խոյանայր, մերթ խոյանայր, զամպն ու
մրրիկ ճեղքէր սլանայր:
Եւ իր թեւոց բացած շաւղէն լոյս
տարածէր երկրի վերէն:
Բայց վեհ Արծուին ազատ թեւօք ճեղքեց
էանց ընդ ստուերօքն:
Այո՛ իբրեւ յաղթող եւ մեծ ցրուեց զամպոց
խառնակ քճիճ»:

Սուրբ Կարապետի վանքի տօնախմբութիւն

Ուրախութեան աղաղակներ թնդացուցին օդը: «Ղուրպան քըզի Հայրիկ ջան», կը գոչէին բոլորը:

Խրիմեան Հայրիկ ժողովուրդին հետ մտաւ վանք եւ ջերմ սիրով ու կարօտով եւ արտասուաթոր աչքերով ողջագուրուեցաւ իր սաներուն հետ:

Խրիմեան Հայրիկ առաջին հերթին նամակ գրեց պատրիարքարան եւ խնդրեց, որ աքսորուած վարդապետներուն ներում շնորհուի եւ արտօնութիւն տրուի անոնց Երուսաղէմէն Տարօն վերադառնալու:

Խրիմեան Հայրիկի մեծահոգութիւնը եւ անյիշաչարութիւնը զարմանք եւ հիացում պատճառեց բոլորին: Պատրիարքարանը ընդառաջեց խնդրանքին եւ աքսորականները վերադարձան Տարօն:

* * *

Խրիմեան Հայրիկի միջամտութեան շնորհիւ Տարօն վերադարձած վարդապետները նոր ծրագիրներ սկսան որոճալ հաշուեյարդարի ենթարկելու համար իրենց հակառակորդը: Անոնք քիւրտեր վարձեցին, յարմար առիթին Մկրտիչ վարդապետը մէջտեղէն վերցնելու համար: Քիւրտ վարձկանները գիշերները յաճախ վանք կու գային եւ Հայրիկի սենեակին ուղղութեամբ գնդակներ կ՛արձակէին զայն սպաննելու համար:

Խրիմեան Հայրիկ 20 մայիս 1867-ին Սուրբ Կարապետի վանքէն Մուշ գնաց եւ իջաւ առաջնորդարան: Գիշերը քիւրտերը պատուհաններէն կրակ բացին. գնդակ մը վիրաւորեց Խրիմեան Հայրիկի ձախ ձեռքը:

Ուրիշ օր մը Խրիմեան Հայրիկ Խորոնից գիւղէն Սուրբ Կարապետի վանք կը վերադառնար, երբ քիւրտ զինեալ մը դէմը ելաւ. վարձկան ոճրագործը կանգ առաւ, շփոթեցաւ եւ հեռացաւ:

Գիշեր մըն ալ վանքին աշակերտները կը պատրաստուէին անկողին մտնելու: Հայրիկ վառած ճրագը ձեռքին դուրս ելաւ: Քանի մը վայրկեան ետք սկսաւ հրացանաձգութիւն մը ննջարանի պատին ուղղութեամբ: Աշակերտները իրարանցումով սենեակէն դուրս ելան: Հայրիկ մօտեցաւ իր սաներուն եւ ըսաւ. «Անոնք կ՛ուզեն զիս գնդակներով թռցնել, բայց թնդանօթներն ալ պատռեն Արծիւը անոնցմէ չի վախնար»:

Յաջորդ օր յանցապարտ քիւրտը վանք գալով Հայրիկէն ներողութիւն խնդրեց եւ զղջում յայտնեց:

Խրիմեան Հայրիկ իր համախոհներուն թելադրեց վրիժառութիւններու չդիմել: Ան անյիշաչար գտնուեցաւ բոլորին նկատմամբ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles