Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Պատարագը Համերգ Չէ

$
0
0

ՏԷՐ ԹՈՐԳՈՄ ՔՀՆՅ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ

Հայց. առաքելական ս. եկեղեցւոյ պատարագը հրաշալիք մըն է: Բառերուն կողքին, անոր երաժշտութիւնը պատարագին մասնակիցը կը փոխադրէ երկնային ոլորտներուն ամէնէն անճանաչելի սահմանները, ուր մարդուն միտքն ու տրամաբանութիւնը չեն կրնար հասնիլ: Պատարագը երկիրը երկինք փոխադրող հոգեւոր տապանն է, որուն մէջ մեր հոգիները անպայման կը բացուին աստուածային լոյսին ու տիրական ներկայութեան: Պատարագով մեր երկրաւոր միտքերը կը փոխակերպուին, մեր մարմնաւոր տեսողութիւնը կ՛այլակերպուի, ու մեր հոգիի աչքերը կը բացուին` տեսնելու եւ ըմբոշխնելու Աստուծոյ սեղանին վրայ գտնուող երկնային մանան, մեր հոգիներուն սնունդը:

Դժբախտաբար, սակայն, այսօր մեր սիրելի հաւատացեալներէն շատերուն միտքին մէջ կայ թիւր ըմբռնում մը եկեղեցւոյ արարողութիւններուն մասին ընդհանրապէս ու պատարագին` յատկապէս: Պատարագը շատերուն համար համերգային մթնոլորտ ստեղծող այն վայրն է, ուր կ՛երթանք մեր միտքին ու հոգիին երաժշտական ճաշակը գոհացնելու եւ հիանալո՜ւ հայ ազգին երաժշտական հանճարին վրայ: Սակայն պատարագը համերգ չէ, որ այս ձեւով մօտենանք անոր: Պատարագը սոսկ երաժշտական ձեռնարկի մը վերածուելու համար չէ «գրուած»: Ճիշդ է, որ անոր երաժշտութիւնը մարդուս հոգին կ՛ազնուացնէ ու մեզ հաղորդ կը դարձնէ հայուն երաժշտութեան հանդէպ ունեցած բացառիկ սիրոյն, գովելի ճաշակին ու մանաւանդ` գերազանց թռիչքին: Մենք որքան բախտաւոր ենք, որ ունինք քառաձայն ու եռաձայն տարբեր յօրինումներ, որոնք պատարագը կը վերածեն անհուն երկինքի բարբառով խօսող իրականութենէն երկրային անզուգական ու հոգիին խորքը ճեղքող երաժշտութիւն-բալասանին, որուն գրաւչութեան սիրահարներ թիւով շատ են: Բայց մեր եկեղեցւոյ պատարագը, ունենալով հանդերձ մարդկային միտքին երաժշտական գանձարանի ճոխութիւնը, այս բոլորէն վե՛ր ու տարբեր է:

Պատարագը Հօր Աստուծոյ բարձրացուած գոհութիւն է` մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի միջոցով: Պատարագի ընթացքին դպիրներ կ՛երգեն. «Ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն եւ պատարագ օրհնութեան»: Պատարագը Քրիստոսի ներկայութեան խոստումին թանձրացեալ իրականութիւնն է: Պատարագը քրիստոնեայ մարդուն, որ մկրտութեամբ վերստին ծնած ու Աստուծոյ կողմէ որդեգրուած է, հոգեւոր աճման սնունդն ու զայն իր կատարումին առաջնորդող մովսիսեան գաւազանն է: Պատարագը Քրիստոսի փրկագործական մեծագոյն արարքը յիշելու, զայն վերապրելու, ինչպէս նաեւ անկէ եկող շնորհքներով եւ օրհնութիւններով մեր կեանքերուն ուղղութիւնը ընդմիշտ շտկելու առիթն է:

Մեր եկեղեցիներու դպրաց դասերուն մէջ ծառայող շատ մը մարդոցմէ կը լսենք թէ պատարագի երգեցողութիւնը հոգեկան ի՜նչ բաւարարութիւն կու տայ իրենց: Անոնք, որոնք ունին երաժշտական սուր ականջ ու լաւ ուսում, կը սիրեն պատարագի տարբեր յօրինումները բաղդատել, լաւագոյնը ընտրել, խօսիլ անոնց գեղեցիկ յատկութիւններուն մասին ու մանաւանդ` սորվիլ ու սորվեցնել: Այս բոլորը շատ լաւ են, ու մենք պէտք է քաջալերենք մեր նոր սերունդը, որպէսզի մեր եկեղեցւոյ պատարագին արժէքին իսկական երեսները գիտնայ ու սիրէ: Բայց եթէ պատարագի հանդէպ անոր ունեցած խանդավառութիւնն ու հետաքրքրութիւնը հո՛ս վերջ գտնեն, կը նշանակէ, որ պատարագի հասկացողութեան եւ ապրումին կեդրոնական ու ամէնէն կարեւոր մասը իր սիրտին ու հոգիին աչքերէն վրիպած է: Տակաւին կը լսենք կարգ մը մարդոցմէ, որ պատարագը «վայելած են»: Ընդհանրապէս, երբ երաժշտական համերգի մէջ ենք, կ՛ունենանք նման վայելքներ: Սակայն պատարագը այնպիսի բան մը չէ, որպէսզի վայելքներ պատճառէ: Եթէ վայելքը, որուն մասին կը խօսուի, հոգեւոր վայելք է` Տիրոջ հանդիպելու ու Տիրոջ շնորհքով ու ողորմութեամբ մեղքերու ներում ստանալու, այդ մէկը ուրիշ բան է:

Պատարագը սոսկ Հայց. եկեղեցւոյ լաւագոյն արարողութիւնը չէ, որմով պէտք է պարծենալ ու զայն բաղդատել այլ եկեղեցիներու պատարագներուն հետ: Պատարագը ս. հաղորդութեան խորհուրդն է, ուր մեր մէջ կ՛ընդունինք մեր Տիրոջ ու Փրկիչին ս. մարմինն ու ս. արիւնը: Այս կը նշանակէ, որ պատարագին մասնակցողը Տիրոջ կեա՛նքն է, որ կ՛ընդունի իր մէջ, Տիրոջ ներկայութիւնը` իր իրաւութեամբ ու լեցունութեամբ: Պատարագի մասնակցիլ` կը նշանակէ Տիրոջ կեանքին մասնակից դառնալ, անոր սիրով արբենալ ու ապրիլ կեանքը այն գիտակցութեամբ, որ Տէրը միշտ ներկայ է մեր մէջ: Ս. պատարագի մասնակցութեամբ, խոստովանութեամբ, զղջումով ու ս. հաղորդութեամբ մեր մեղքերը կը ներուին, մեր մկրտութեան` քրիստոնեայի ուխտը կը վերանորոգուի, ու մենք շնորհքի վրայ շնորհք կը ստանանք: Ս. պատարագի մասնակցիլ` կը նշանակէ նաեւ նախաճաշակը ունենալ երկինքի արքայութեան եւ Ամենասուրբ Երրորդութեան մշտական ներկայութեան, որովհետեւ ինչպէս ժամանակակից եկեղեցւոյ հայր մը կ՛ըսէ, պատարագը յաւիտենական կեանքին խորհուրդն է, կեանք մը, որ պիտի ապրինք մարմիններու յարութենէն ետք, սակայն այդ մէկը հիմա ներկայ կ՛ըլլայ, ամէն անգամ որ ս. պատարագին կը մասնակցինք:

Ս. Իրէնիոս կ՛ըսէ. «Ինչպէ՞ս կ՛ըսեն, թէ այս մարմինը, որ կերակրուեցաւ Տիրոջ մարմնով եւ արեամբ, ապականութեան կ՛երթայ ու կեանք չի ստանար: Եթէ այդպէս է, ուրեմն թող հրաժարին իրենց նպատակէն կամ թող դադրին ընծաները մատուցելէ»:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>