ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Նորապսակ հայորդիներ
Կ՛ապրին ուրախ, զուարթ պահեր,
Տարի մը դեռ չանցած արդէն`
Թանկ նորածին տուն կը բերեն:
Լաւ կ՛ընթանայ առողջութիւն,
Երեխային ուշադրութիւն`
Ձմրան հագուիլ հաստ զգեստներ,
Ամրան պտոյտներ` ծով ու զով լեռ,
Ալ կը հասնի երեխային
Ճիշդ տարիքը իր դպրոցին:
Մեծ ժողովներ կը գումարուին`
Կարծիքներով բիւր թանկագին:
Կարճ է արդէն շտապ ժամանակ,
Որոշումի բաւ ընդունակ:
Դաս հայկական` միշտ ալ դժուար,
Շատ մեծ կորուստ թուաբանութեան,
Վեհ պատմութեան օտար լեզուին,
Օրն է հիմա ալ բժիշկին:
Հայորդին մեր ոչ հայ դպրոց
Կը յաճախէ սեւ գոգնոցով,
Բժիշկ կ՛ըլլայ երեխան մեծ,
Դրամի տէր` ճիշդ հօրը պէս,
Անձը սակայն մեր հայ գիւտէն`
Այս հին լեզուէն մէկ բան գիտէ`
ԳԾԵԼ անուն, բարդ մականուն,
Շուտով ճանչնալ ստորագրութիւն:
Ինչ կը սպասէք դուք այս հայէն,
Որ կը սորվի ֆրանսերէն,
Անգլերէն ու արաբերէն,
Բայց չի կարդար բնաւ հայերէն,
Ան չ՛իմանար նոյնիսկ գրածէս:
Խնդրեմ` գէթ դուք իմ տողերէս
Բացատրեցէք մեր այս մարդուն`
Գրել անուն ու մականուն:
11/9/2018
Լիբանան