ՏՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
Իտալիոյ մէջ հայերու գոյութեան մասին հաւաստի տեղեկութիւնները 6-րդ դարուն Իտալիոյ հիւսիս-արեւելքի կողմէն Պոլոնիա քաղաքի մօտ Ռավեննա անուն քաղաքը հաստատուած հայկական զօրամասերուն կը վերաբերին: Այդ ժամանակ Ռավեննայի պահակազօրը հիմնականին մէջ կազմուած եղած է հայերէ, որոնք կոչուած են Numeros Armeniorum:
6-7 դարուն հայկական զօրանբանակ մը տեղափոխուած է Սիկիլիա, իսկ աւելի վերջերը, հայ զինուորականներու եւ անոնց շրջանակներու զուգահեռ, իտալական տարբեր քաղաքներու` Վենետիկ, Ֆլորանս, Նափոլի, Անքոնա, Հռոմ եւ այլ քաղաքներու մէջ յայտնուած են նաեւ հայ վաճառականներ ու վանականներ:
Պատմական աղբիւրներու մէջ կը յիշուին նաեւ Նափոլիի Ս. Հոգի հայկական եկեղեցին(1328), Հայոց տունը(1356):
Իտալիոյ մէջ հայերը համեմատաբար կայուն համայնքներ կազմակերպած են: 12-րդ դարու կէսին Իտալիոյ 9 տարբեր քաղաքներու մէջ 10-էն աւելի հայկական եկեղեցիներ գործած են, հայերու այս աշխուժացման խթանիչ գործօնները եղած են Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութիւնը եւ խաչակրաց արշաւանքները:
14-րդ դարուն իտալահայ գաղութը 40-է աւելի գործօն եկեղեցիներու կից ունեցած է նաեւ հիւանդանոցներ, հայ տուներ, ուր կը բուժուէին հայեր եւ կ՛իջեւանէին հայ վաճառականներ:
1201 թուականին հայոց Լեւոն թագաւորի եւ Վենետիկ քաղաքի իշխանութեան միջեւ ստորագրուած դաշնագիրին համաձայն, 1235 թուականին հայերը Վենետիկի մէջ ունեցան «Հայ տուն-հիւրանոց» մը:
14-րդ դարու կէսէն մինչեւ 17-րդ դար հայերու` Իտալիոյ մէջ տարածուիլը գագաթնակէտին հասած է, իսկ 17-րդ դարէն ետք կը սկսի անկում մը` բացի Հռոմ, Վենետիկ, Թրիեստէ, Լիվոռնոյի հայ համայնքներէն:
17-րդ դարուն Հայաստանի տարածքին վրայ քաղաքականութեան պատճառով տեղի ունեցող արտագաղթը, միւս կողմէն ալ հայ վաճառականներու Եւրոպայի հետ առեւտուրի նպատակը իտալահայ համայնքները վերստին աշխուժացուցած է: 17-րդ դարուն Գրիգոր Կիրակոս Միրմանեանի դրամական նուիրատութեամբ կը կառուցուի Վենետիկի այսօրուան Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր դեռ հայաբարբառ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ արարողութեամբ կը կատարուին սուրբ խորհուրդներ: Եկեղեցին կը խնամակալուի Ս. Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ:
Ըստ վաւերագիրերու, 16-18 դարերուն Վենետիկի առեւտրական պաշտօնական տօնավաճառին մասնակցած են աւելի քան 2000 հայ առեւտրականներ, որոնք Իտալիա կը բերէին պարսկական մետաքս, որուն արտահանութեան մենաշնորհը միայն իրենց կը պատկանէր, եւ վաճառելու համար կը բերէին նաեւ մոմ, գոհարեղէն, համեմունք եւ այլ իրեր:
16-րդ դարուն Իտալիոյ մէջ հայերը լաւ համբաւ ունեցան, անոնցմէ Անտոն Սուրեան Վենետիկի նաւաշինութեան մէջ շատ նշանաւոր էր: Ան մեծ նաւերը ջուր իջեցնելու համար նոր համակարգ մը մշակեց եւ ստեղծեց նաեւ սարք մը, որ ծովու յատակին կուտակուած կեղտերն ու ցեխերը կը մաքրէր:
Վենետիկ` Հայ Տպագրութեան Կեդրոն
15-րդ դարուն իտալահայ համայնքներու շարքին ամէնէն աւելի աշխուժացաւ Վենետիկի գաղթօճախը, ուր սկիզբ առաւ եւ զարգացաւ հայկական տպագրութիւնը: Անտոն Սուրեանը Վենետիկի եւ յատկապէս հայ համայնքին կարկառուն դէմքերէն մին դարձաւ: Ան անգնահատելի եւ շնորհալի ծառայութիւններ մատուցեց Վենետիկի, ի մասնաւորի` մեծ նաւերու շինարարութեան մարզին մէջ:
Վենետիկ 15-րդ, դարուն հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն եւ առեւտրական գործունէութիւններու տկարացման, եղած է Եւրոպայի մշակոյթի կարեւոր կեդրոններէն մին, ուր մշակոյթը ա՛լ աւելի մատչելի դարձնելու նպատակով զարգացաւ տպագրութիւնը: Վենետիկ հաստատուած հայերն ալ օգտուեցան այս առիթէն:
Յակոբ Մեղապարտ` Հայկական Տպագրութեան Նահապետ
Առաջին անգամ Յակոբ Մեղապարտ , որ երկար ատենէ ի վեր Վենետիկ հաստատուած էր, որոշ ու լուրջ նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, 1512 թուականին հայատառ տպարան բանալով, ձեռնարկեց տպագրութեան աշխատանքին:
1512 թուականին հրատարակեց «Պարզատումար»-ը, որ տոմարագիտական բովանդակութեամբ գիտական լուրջ աշխատանքի մը արդիւնք է:
1512 թուականին լոյս տեսան վեց գիրքեր, «Տաղարան», «Բժշկարան եւ հաքիմարան ստոյգ եւ զարմանալի մեծի Գալանիոս հաքիմին արարեալ», «Ուրբաթագիրք», ուր գրուած են հիւանդութիւններէ առողջանալու համար աղօթքներ, «Աղթարք», «Պատարագատետր» անուններով: Յակոբ Մեղապարտի հրատարակած գիրքերու վերջաւորութեան դրուած են տպարանին նշանը, որ քառակուսիի մէջ խաչակիր նշան մըն է:
Աբգար Դպիր` Որպէս Յակոբ Մեղապարտի Հետեւորդ
Յակոբ Մեղապարտի տպագրական գործին շարուանակողը եղաւ Աբգար Դպիր Թոխատեցի: 1562 թուականին, Աբգար Դպիրի գլխաւորութեամբ, հայ պատգամաւորութիւն մը Հռոմ կու գայ, Հռոմի Պիոս Բ. պապին քով, Հայաստանի ազատագրութեան ու դաւանական հարցերու լուծման առնչութեամբ: 1564 թուականին հայ պատուիրակութիւնը սիրալիր ընդունելութեան կ՛արժանանայ Հռոմի պապին կողմէ, Աբգար Դպիր առիթը յարմար նկատելով` պապէն արտօնութիւն կը խնդրէ հայերէն գիրքեր տպագրելու համար: Քահանայապետէն արտօնութիւն ստանալէ ետք Աբգար Դպիր Հռոմէն կը մեկնի դէպի Վենետիկ` նպատակ ունենալով հոն զբաղելու հայ հրատարակչական գործունէութեամբ:
1565 թուականին կը հրատարակէ մէկ էջի վրայ տոմարական աշխատութիւն մը: Նոյն տարին ան լոյս կ՛ընծայէ «Փոքրիկ մեկնիչ սաղմոսաց» գիրքը: 1567 թուականին իր հրատարակչական գործունէութիւնը Վենետիկէն կը տեղափոխէ Պոլիս, ուր տպարան մը կը հիմնէ, որ առաջինն էր Միջին Արեւելքի մէջ: Ուրկէ կը հրատարակէ վեց գիրք,
1567-ին «Փոքր քերականութիւն»,1568-ին «Պարզատումար», «Ժամագիրք», «Պատարագամատոյց», «Տօնացոյց»,1569-ին` «Մաշտոց» անուններով:
Իսկ 12-13 հոկտեմբեր 1688 թուականին Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքի մէջ լոյս տեսաւ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութիւնը, որ իրագործուեցաւ Ոսկան վրդ. Երեւանցիի նախաձեռնութեամբ ու գործունէութեամբ:
—————-
Օգտագործուած ակեր.
Հայկական գաղութներ-Ասպետ Մանճիկեան, «Մարմարա», փետրուար 2003
Հայկական սովետական Հանրագիտարան-1974
Հայերը Իտալիայում