Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի Վարչութիւնը

$
0
0

HHH_022216

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը երէկ` երկուշաբթի, 22 փետրուար 2016-ի երեկոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ ՀՀՀ-ի հոգեւոր խորհրդատու Սիփան Ծ. վրդ. Քեչէճեանի: Համախմբումը հիմնուած է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ` 2010 թուականին: Այս առիթով ՀՀՀ-ի վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հանտեան սեղմ գիծերու մէջ վեհափառ հայրապետին ներկայացուց վարչութեան միամեայ գործունէութեան ծրագիրը եւ այս կապակցութեամբ եղաւ կարծիքներու փոխանակում:

Վեհափառ հայրապետը ողջունեց վարչութեան մշակած ծրագիրը եւ իր քաջալերանքն ու զօրակցութիւնը յայտնեց` վերյիշեցնելով, որ կաթողիկոսարանի կարելիութիւնները ՀՀՀ-ի տրամադրութեան տակ են: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց համալսարանաւարտ երիտասարդութեան համախմբուելու կարեւորութիւնը: «Այս համախմբումին նպատակն է` մեր համալսարանաւարտները համախմբել մեր համայնքին շուրջ, մեր կառոյցներուն շուրջ», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը եւ աւելցուց. «Զանոնք մասնակից դարձնենք մեր կեանքին, փաստօրէն մեր համալսարանաւարտներուն մէկ կարեւոր մասը հեռու է մեզմէ, ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ` ուրիշ գաղութներու մէջ, մեր համալսարանաւարտները մեր կեանքին մէջ  ներկայութիւն պէտք է ըլլան, ո՛չ լուսանցքի վրայ, ո՛չ դիտողի, ո՛չ հետեւողի դերով , ասիկա շատ պարզ ու յստակ է եւ` շատ կարեւոր»:

«Լիբանան սփիւռքի հայութեան կեդրոնը, սիրտը եղած է, հետեւաբար այս գծով աւելի նախանձախնդիր եւ խստապահանջ պէտք է ըլլանք եւ կրկնակիօրէն պէտք է աշխատինք», շարունակեց Արամ Ա. վեհափառ` յիշեցնելով, որ համալսարանաւարտները որեւէ ընկերութեան կենսունակութեան աղբիւրն են, անոնք կը կազմեն ընկերութեան ուղեղը, պատմութեան ընթացքին յեղափոխութիւնները, յեղաշրջումները համալսարանաւարտները ըրած են եւ ղեկավարները ընդհանրապէս համալսարանաւարտներ եղած են: Վեհափառ հայրապետը ցաւ յայտնեց մեր շուրջ տիրող համալսարանաւարտ մարդուժի բացակայութեան գծով: «Անհրաժեշտ է մեր կեանքին նոր արիւն, նոր աւիշ ներարկել, համալսարանաւարտներն են, որոնք իրենց ամբարած գիտութեամբ, իրենց ուսումով եւ իրենց փորձառութեամբ պէտք է լեցնեն այս բացը մեր կեանքին մէջ», եզրափակեց վեհափառ հայրապետը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>