ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Վազգէն Շուշանեանի կեանքին մէջ 1932-ը անկիւնադարձային թուական մը կարելի է սեպել: Իր գաղափարական նախկին ընկերներուն հետ խզելէ ետք ամէն կապ` ան գրեթէ մեկուսացաւ. մանաւանդ որ իր հանրային բեմն եղող ընդդիմադիր «Մարտկոց» թերթը շուտով դադրեցաւ:
1939-ին ինք էր, որ կը գրէր. «Վեց տարիէ կ՛ապրիմ ֆրանսական մտաւորական շրջանակի մէջ, վեց տարիէ բարեւ իսկ չեմ ստանար հայ ժողովուրդէն» («Մարդ մը, որ Արարատ չունի…», էջ 136):
Ընկերային ու ազգային այս մեկուսացումին վրայ կը բարդուէր նաեւ ընտանեկան ջերմութեան պակասը, տուն-տեղ շինած չըլլալու, կին ու զաւակներ գրկելու մխիթարութիւնը ապրած չըլլալո՛ւ անհատական ողբերգութիւնը…
Շուշանեանի ընթերցողները այսօ՛ր ալ կրնան զարմանալ, եթէ ըսուի իրենց, թէ այս քնարաշունչ արձակագիրը, սիրային օրագրութիւններու այս աննահանջ վարպետը… ՉԱՄՈՒՍՆԱՑԱՒ:
1938-ին գրուած իր օրագրութիւններէն մէկուն մէջ հետաքրքրական ու յուզիչ բացատրութիւններ կու տայ ան իր անձնական կեանքին զրկանքներուն ու իրեն վիճակուած դառն ճակատագրին մասին: Կ՛ըսէ, թէ իր քայքայուած առողջութիւնն ու անապահով գործը չեն արտօներ իրեն` «կնոջ մը ճակատագրին պատասխանատուութիւնը ստանձնել»: Կ՛աւելցնէ սակայն սրտբացօրէն. «Ինքս ինձ կ՛ըսէի, թէ աչքերս տակաւին ծարաւի էին գեղեցկութեան, շնորհիւ երիտասարդութեան, թէ` շրթներս համը գիտէին գիրգ ու թարմ բերաններու, ու բազուկներս դեռ բաւական ջղուտ էին գրկելու համար սէրը»: Կ՛ափսոսայ, որ մնաց անապաւէն ու անօթեւան, առանց ստակի ու առանց սիրոյ: «Գիտեմ, թէ երբեք իմս պիտի չըլլայ զաւկի մը վարսերը փայփայելու հաճոյքը», տխրօրէն կը մտմտայ ան:
Ու կը շարունակէ գրել. «Ո՞ր քիչ-շատ սիրուն ու երիտասարդ հայ աղջիկը պիտի ուզէր բաժնեկից ըլլալ այս աղքատութեան, այս զրկանքին:
«…Աղջիկ տալ գրական աշխատաւորի մը` հաւասար է գինովի մը, խաղամոլի մը հարս երթալուն: Երբեմն նոյնիսկ հարուստ գինովն ու փարթամ խաղամոլը աւելի՛ յարգ ունին, քան` իրապէս տաղանդաւոր երիտասարդ գրագէտը, երիտասարդ հրապարակագիրն ու գործիչը»:
Միւս կողմէ, սակայն, հակառակ բեղմնաւոր հեռանկարի մը չգոյութեան, Շուշանեան ծագող իւրաքանչիւր առաւօտի մէջ յաղթանա՛կ մը կը տեսնէր ինք իրեն համար:
«Մահէն իրական վախ չունիմ,- կը գրէր ան,- այլ յուսահատօրէն կը սիրեմ կեանքը: Ձգել հոս գարունը, ծառերը, որ կարծես բազկաբաց կը սուրան, մանուկները, որոնց պայծառ դէմքերուն վրայ յաւերժական գեղեցկութիւնը կը փթթի, գրքերը, որ դեռ չեմ կարդացած, ու գրքերը, որ դեռ չեն գրուած, խաղաղութիւններ ու կարելի գորովներ, ձգել հոս անցեալս, որ բաբախուն է ներկայութիւններով, անշուշտ դառն է» («Ազդակ-Գրական», 2008, թիւ 8):
Հակառակ իր ցուցաբերած կորովին` Շուշանեան մահուան ոտնաձա՞յնը կ՛առնէր արդեօք…
Այդպէս կը թուի:
Եւ մահը չուշացաւ:
Այսպիսով, չկրցաւ հետապնդել նաեւ Խորհ. Հայաստան ներգաղթելու իր բաղձանքը, զոր նամակով մը յայտնած էր բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանին:
Սիրոյ եւ արկածի այս որբ ու ըմբոստ տղան անկողին ինկաւ` թոքերէն զարնուած: Հիւանդանոց վերցուցին զինք: Վիճակը յուսահատական էր: Արհեստական շնչառութեան սարքեր կապած էին անոր…
Իր հին ընկերներէն շատ քիչեր հիւանդտեսի կու գային իրեն:
Շաւարշ Միսաքեան, որ «Յառաջ»-ի մէջ անցեալին հիւրընկալած էր Շուշանեանէն ինչ-ինչ գեղեցիկ էջեր, եւ որ յետոյ` ներկուսակցական տարակարծութիւններու օրերուն նոյնիսկ դադրեցուցեր էր իր բարեւը անոր, իր օրագիրներէն մէկուն մէջ կը պատմէ, որ հիւանդին այցելեց 31 մայիս 1941-ին:
Վազգէն երբ զայն տեսաւ, խորապէս յուզուեցաւ եւ աչքերը արցունքով լեցուեցան: Ուժասպառ էր ու ջերմութիւն ունէր. գրեթէ հոգեվարք մը կ՛ապրէր: Հազիւ քանի մը կարճ նախադասութիւններ կրցան փոխանակել… («Արեւելք» տարեգիրք, Հալէպ, 1948):
2 յունիս 1941-ին Վազգէն Շուշանեան փչեց իր վերջին շունչը:
Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Փարիզի հայոց Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մայր եկեղեցիին մէջ: Դամբանականներ խօսեցան գրագէտ Արշակ Չօպանեան եւ հրապարակագիր Լեւոն Չորմիսեան:
Բ. Աշխարհամարտի թէժ օրերն էին ու Փարիզը գրաւուած էր գերմանացիներէն…
* * *
Իր մահուան լուրը պատշաճ արձագանգ գտա՞ւ արդեօք օրուան հայ մամուլին մէջ, չեմ գիտեր:
Փարիզեան «Յառաջ»-ը, պատերազմի տեւողութեան, շուրջ հինգ տարի (1940 յունիս 9-1945 ապրիլ 8) ժամանակաւոր կերպով դադրած էր արդէն հրատարակուելէ:
Շ. Միսաքեանի կողմէ այդ շրջանին հրատարակուած «Հայկաշէն» ֆրանսահայ տարեգիրքի երկու թիւերուն մէջ (1942, 1943) ո՛չ մէկ անդրադարձ գտանք հէք Շուշանեանին մահուան մասին, մինչդեռ հոն լայնօրէն ոգեկոչուած են անդարձ մեկնողներ Նիկողայոս Ադոնցը (մահացած` 1942 յունուարին), բժ. Վահրամ Թորգոմեանը (մհ. 1942) եւ հայկական ճարտարապետութեան մասնագէտ` գերմանացի Ստրչիկովսկին (մհ. 1941 յունուարին):
Կարողացանք ստուգել նաեւ, որ Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագիրը եւս (որուն աշխատակցեր էր Շուշանեան երկար տարիներ) ո՛չ մէկ նշում կատարեր էր իր այս երբեմնի աշխատակցին վաղահաս շիջումին առիթով: Միայն տարի մը անց, 1942-ին, «Հայրենիք» յաջորդական քանի մը թիւերով լոյս կ՛ընծայէր տարաբախտ արձակագրին վերջին «Օրագիր»-ներէն անտիպ էջեր` խմբագրական նոթի մը մէջ պարզապէս նշելով, որ հրատարակուող թուղթերը արտայայտիչն են հանգուցեալ հեղինակին «խորունկ հոգեկան ապրումներուն»…
Շուշանեանի մահագրականին հանդիպեցանք լոկ Փարիզի «Զուարթնոց» տարեգիրքի Բ. թիւին մէջ, 1944: «Զուարթնոց» գրականութեան եւ արուեստներու ձօնուած պարբերական մըն էր, որ կը խմբագրուէր Հրանդ Բալուեանի կողմէ: Բ. Աշխարհամարտի շրջանին անիկա վերածուած էր տարեգիրքի:
Արդ, տարեգիրքի Բ. հատորին վերջին էջերուն վրայ խմբագիրը անդրադարձ մը ունի «հայ մշակոյթի կորուստներ»-ուն մասին, 1940-43: Ու այդ ցանկին մէջ տեղ տրուած է նաեւ Վ. Շուշանեանին… բաւական ժխտական բնութագրումներով:
Արդարեւ, Հրանդ Բալուեան ընդունելով հանդերձ թէ հանգուցեալը օժտուած էր բազմակողմանի ընդունակութիւններով եւ ունէր արագ արտադրելու շնորհ, անոր մշակած գրականութիւնը գրեթէ կը ստորագնահատէ, զայն կը գտնէ` «ձանձրացնելու աստիճան միօրինակ», «յոգնեցուցիչ» եւ «ֆրանսական պուլվարային թեթեւ գրականութեան ազդեցութեան տակ ինկած»: Դեռ աւելի՛ն, Բալուեան իր դժգոհութիւնը չէր ծածկեր հանգուցեալին հանրային գործունէութեան մասին ալ` գրելով, որ ան «ինքզինքին փարիզեան հանրային կեանքին տէրն ու տիրականի հանգամանքն էր տուած. կը դաւադրէր, ծուղակներ կը լարէր, խմբակցութիւններ մէկը միւսին դէմ կը հանէր, ու ասոնց արդիւնքը այն եղաւ, որ իր բոլոր լարած թակարդները իր գլխուն պայթեցան…»:
Առ ի չգոյէ ժառանգորդներու` Շուշանեանի ձեռագիրներն ու գրական թողօնը յանձնուեցաւ Վիեննայի Մխիթարեանց վանքին: Իսկ անշունչ մարմինը, յուղարկաւորութենէն ետք, հողին յանձնուեցաւ Փարիզի մերձ Պանիէօյի գերեզմանատունը` հրապարակագիր Լեւոն Չորմիսեանի (1896-1980) անունով 1 տարուան համար վարձուած առժամեայ հողաշերտի մը մէջ:
Տարի մը անց, սակայն, պատահեցաւ անհաւատալին:
Հէք գրագէտին ոսկերոտին հանուեցաւ թաղուած վայրէն ու նետուեցաւ անտէր մեռելներու յատկացուած հասարակաց փոսի մը մէջ, որովհետեւ շիրիմին վարձքը չէր նորոգուած…
Բայց ինչպէ՞ս պատահեցաւ այս գայթակղութիւնը:
«Նայիրի»-ի խմբագիր Ա. Ծառուկեան, որ հետագային հետաքրքրուեցաւ այս հարցով ու կազմեց ատոր լրիւ թղթածրարը, կու տայ հետեւեալ տեղեկութիւնները` իր թերթին 15 դեկտեմբեր 1981-ի թիւով:
Շուշանեանի մահէն տարի մը ետք, շիրիմին վարձակալութեան պայմանաժամը լրացած ըլլալով, Պանիէօյի գերեզմանատան տնօրէնութիւնը պաշտօնական նամակով մը կ՛իմացնէ վարձակալին (Չորմիսեան), թէ այդ վարձակալութիւնը կա՛մ պէտք է նորոգուի, կա՛մ հողը գնուի: Այլապէս, ըստ կանոնագրին, ննջեցեալին աճիւնները պիտի տեղափոխուին հասարակաց ոսկերանոցը:
Չորմիսեան (որ ի դէպ, լրջախոհ գրող մըն էր ու մտաւորական մարդ մը) կարեւորութիւն չի տար: Այդ մասին տեղեակ չի պահեր նաեւ գաղութին կազմակերպութիւններն ու եկեղեցին:
Գերեզմանատան ազդարարութիւնը կը կրկնուի: Բայց դա՛րձեալ ականջ կախող չկա՜յ…
Ի վերջոյ կը կատարուի անխուսափելին ու աճիւնը կը նետուի հասարակաց փոսը:
Լոյսի սպասարկու հայ գրագէտ մը Լոյսի Քաղաքին մէջ անգերեզման կը մնայ…
Լուրը բաւական ուշ է, որ կը տարածուի գաղութին մէջ, երբ բանը բանէն անցած էր արդէն:
Մօտ չորս տասնամեակ անց, 1978-ին, երբ գայթակղեցուցիչ ու ամօթալի այս դէպքին գրեթէ բոլոր իրազեկներն ալ մեկնած էին այս աշխարհէն, Լ. Չորմիսեան Պէյրութի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ «կ՛ոգեկոչէ» Շուշանեանը (զայն կ՛անուանէ «Մոռցուածներէն մէկը»), կը պատմէ անոր վերջին օրերու հիւանդութեան ու մահուան պարագաները եւ թաղման ու գերեզմանի հարցին մասին ալ կը հիւսէ բոլորովին ա՜յլ պատմութիւն մը` իր անքաւելի մեղքը պարտկելու ճարպիկ դիտաւորութեամբ…
Ահա այսպէ՛ս է, որ անյայտ ու անշիրիմ մնաց Վազգէն Շուշանեան` ազնիւ ու մաքուր տղան, յանդուգն ու հպարտ հայը, գաղափարապաշտ ու նուիրեալ մարդը, բնութեան, գիրքերու, աղջիկներու եւ Արարատի սիրահարը…
Հալէպ
(Վերջ)