ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Բեմ 2000» թատերախումբը անցեալ նոյեմբերին չորս ելոյթներով ներկայացուց «100 տարի վերջ կամուրջին տակ» թատրերգութիւնը: Յօդուածի առաջին մասը (թուական) կը վերաբերէր թատրերգութեան ներշնչումին, տիպարներուն, դիպաշարին, լեզուին, բեմայարդարումին եւ այլն: Ստորեւ կը ներկայացնենք երկրորդ եւ վերջին մասը:
Խաղարկութիւն.- Երկրորդական տիպարները ներկայացած էին մէկ տարածաչափային կարծրատիպերով: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր մէկ ու միակ որոշ յատկութիւն: Այսինքն չունէին հոգեկան խորք: Եթէ նկատի ունենանք, որ անոնք սկսնակներ են, ապա մեզի կը մնայ շնորհաւորել անոնց կորովը եւ մաղթել յաջողութիւն: Բեմական որոշ ներկայութիւն ունէր համր աղջիկը: Անոր կ’օգնէին ե՛ւ ֆիզիքական գրաւչութիւնը, ե՛ւ հոգեհարազատութիւնը բեմական տարերքին: Անժելինա պէտք էր, որ «խօսէր» միայն ու միայն «մարմնի լեզուով»: Այս մեծ մարտահրաւէր է իր տարիքի դերակատարի մը համար: Դիմախաղերն ու շարժումները հարուստ էին եւ բազմիմաստ: Պարզ էր նաեւ, որ հետեւած է պարարուեստի, ինչպէս հարկ է որ հետեւի իւրաքանչիւր դերասան: Կը լսեմ, որ արդէն իսկ գրաւած է բեմադրիչներու ուշադրութիւնը: Բարի՛ երթ, շնորհալի՛ աղջնակ:
Վ. Մկրտիչեանի դերասանական ձիրքին մասին մօտիկ անցեալին գովեստ տեղացուցած եմ (17): Վարդան համակրելի էր նոյնիսկ իր հաշմուած մարմնով եւ աղտոտ ցնցոտիներով: Նախանձելի՛ մարդ: Որպէս հեղինակ-բեմադրիչ եւ փորձառու դերասան` անշուշտ միւս կերպարներէն անհամեմատ աւելի լաւ ըմբռնած էր իր դերը:
Յարութ Թորոսեան ներկայացաւ որպէս հտպիտ: Պէտք է ցաւօք ճշդել. կրկի՛ն ներկայացաւ որպէս հտպիտ: Հարկ է, որ Թորոսեան փորձէ ոչ թէ յոյն աւազակ Փրոքրութէսի (18) հետեւութեամբ դերը յարմարեցնել իր այլեւս կարծրատիպ դարձած ծիծաղաշարժ շարժուձեւերուն, այլ` մտնել տուեալ դերին մէջ: Այդ անշուշտ կը պահանջէ խոր ուսումնասիրութիւն եւ աշխատանք: Մենք իր խաղարկութեան մէջ չտեսանք հայ ուսուցիչի ողբերգութիւնը եւ թաքուն տառապանքը: Այդ կը պահանջէր նրբութիւն:
Սաթենիկի կերպարը աւելի բազմաշերտ էր: «Զիֆիր» լեզուով «արջ»-ի կերպար խաղալ ինքնին արտակարգ հմտութեան չէր կարօտեր: Յատուկ ձիրք չէր պահանջեր նաեւ աւարտական տեսարանին մէջ սառեցուած շանթահար կնոջ դիմակը, որ չափազանց երկար յամեցաւ: Ձիրքի կը կարօտէր, սակայն, այդ կոշտ կնոջ նուրբ ներաշխարհը արտայայտել: Գուցէ այդ կոշտ արտաքինը ինքնին դիմակ մըն էր: Գուցէ Սաթենիկ իսկապէս «ինկած իշխանուհի» մըն է, ինչպէս կը թելադրէ իր ճակտի կարմիր երիզը: Այտա Սրապոնեանի մօտ մենք տեսանք նման պահեր, որոնք, սակայն, հպանցիկ էին եւ կրնային վրիպիլ միջին հանդիսատեսի ուշադրութենէն (տես կողքի նկարը):
Խաղարկութեան շուրջ կարելի պիտի ըլլար աւելի հանգամանօրէն գրել, եթէ ելոյթին տեսերիզը դիտելու հնարաւորութիւն ընծայուէր:
Թատրերգութեան ասքը.- Մկրտիչեան մէկէ աւելի առիթներով ըսած է, թէ այս թատրերգութեամբ ուզած է մեզի փոխանցել տարիներու ընթացքին հաւաքուած մտքեր: Այդտեղ կը տեսնենք առնուազն վեց ամեհի բներգներ. հայրենիք-արտասահման «կամուրջ», անօթեւան մարդոց կոխկռտում, ազգային ինքնութեան սահմանում, մարդկային յարաբերութիւններ, ազգային կառոյցներու ինքնախաբէութիւնը, թմրամոլութիւն … որոնց թղթակիցի մը կայացած տեսակցութեան ընթացքին պիտի գային աւելնալու յանդուգն դաստիարակութիւն, հայրենասիրութիւն, խիղճ, պատիւ եւ այլն: Հետեւանքը եղած է թեմաներու ահաւոր խճողում, ուրեմն եւ` գորդեան հանգոյց: Սարոյեանի «Քարանձաւ»-ը շատ աւելի համեստ եւ յստակ առաջադրանք ունի(13):
«Կամուրջ»-ը որքա՞ն լոյս սփռեց, օրինակ, հայկական ինքնութեան բարդագոյն հարցին վրայ: Մի՞թէ պարզ չէ, որ աղբանոցի բնակիչները հայրենիք չունին: Մի՞թէ պարզ չէ, որ կամուրջի տակ ապրողներ չեն կրնար ունենալ նաեւ ազգութիւն: Կրնան, Հայկի նման, առաւելագոյնը ունենալ «ուղեղի մորմոք»(14):
Հեղինակ-բեմադրիչը կը թելադրէ կամուրջը տեսնել որպէս խորհրդանշական կապ հայրենիքին հետ, որպէս անցք` դէպի ապագայ, որպէս … Կը տեսնենք, որ այդ կամուրջը խախուտ է եւ կիսատ, ինչպէս օրին դիտել տուած էր «Արարատ»-ի թղթակիցը(15): Հայկի խանգարուած (dysfunctional) «Երեւանի ձայն» ռատիոն նոյնպէս բացայայտ խորհրդանիշ է հայրենիքի հետ կապի խզման: Հեղինակը, ըստ երեւոյթին, կը ջատագովէ հայրենիքին կառչած հայապահպանում: Այս կը շեշտեն նաեւ Հայկի արձակած ոտանաւոր կոչերը: Մինչդեռ մենք, որ կ’ապրինք արտասահմանեան բազմազան եւ բազմապիսի «կամուրջ»-ներու վրայ, կարիք ունինք ոչ թէ վերագտնելու կամ պահպանելու կորսուած/կորսուող իտէալական ինքնութիւն մը, այլ` հասկնալու եւ վերասահմանելու հայկական ինքնութիւնը: Բայց այդ առանձին, գրեթէ խոպան նիւթ է:
Իր կարգին, որքա՞ն լոյս սփռեց արդեօք մետասաներորդ ժամուն պայթած թմրամոլութեան «ական»-ը: Ականը քանդեց կամուրջին տակ պատսպարուած «ընտանիքը»: Ի՞նչ էր սակայն անոր ճանաչողական դերը: Սաթենիկին դառնութեան պատճառը տրամաբանական այլ տարբերակ չէ՞ր կրնար ունենալ: Անգամ մը եւս կը տեսնենք, որ հեղինակին (ինքնին ողջունելի) մտահոգութիւնները արհեստականօրէն խցկուած են թատրերգութեան մէջ: Առածը կ’ըսէ` «Դժոխքը սալայատակուած է բարի նպատակներով» (16): Ծանօթ է, որ Մկրտչեան թմրամոլութեան «Հորիզոն» կեդրոնին համար 2012-ին բեմադրած էր «Խեցիներ» (Shells) դաստիարակչական ներկայացումը:
Բեմադրիչը հեգնական կը մօտենայ Պատմութեան: Այո՛, գլխագի՛ր Պատմութեան: Այն պահուն, երբ ուսումնասիրութիւն պատրաստող ուսանողուհիները կը պատրաստուէին «Կամուրջ»-ի բնակիչները նկարել, անցորդ մը կը միզէ խումբին վրայ: Եթէ թիրախը միայն փարիսեցի «ուսումնասիրողները» ըլլային, ապա կարելի պիտի ըլլար աքթը հասկնալ որպէս հրապարակային նշաւակում: Բայց Մկրտիչեան կը միզէ բոլորին վրայ, ինքնին` նկարելու գործողութեան վրայ: Նկարել` կը նշանակէ արձանագրել: Նկարելու գործողութիւնը ձեւով մը «պատմագրութիւն» է: Կարեւոր չէ` ինչո՛ւ հեղինակը յուսախաբուած կամ դառնացած է պատմագիրներէն: Այդ կրնայ ունենալ կամ չունենալ «նրբցուցիչ դէպ յանցանաց»(19): Արդիւնքը այն է, որ Մկրտիչեան հրապարակաւ կը միզէ Պատմութեան վրայ: Այս կարելի չէ դրական կեցուածք համարել:
Մկրտիչեանի թատրերգութիւնը ժխտական է, իմա` ժխտող է առհասարակ: Ցաւի եւ բողոքի ճիչ մը: Բողոք եւ ճիչ` ամէն ուղղութեամբ: Բայց ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար մէկ ձեռքով տասը ձմերուկ կրել: Թատրերգութեան միտքերը մնացած են սաղմնային եւ խառնափնթոր: Թուաբանական բաժանումի պարզ գործողութիւն մը ցոյց կու տայ, որ միջին հաշուով իւրաքանչիւր թեմայի բաժին կ’իյնար նուազ քան տասը վայրկեան: Այդքան սուղ ժամանակի ընթացքին պարզապէս անհնար է տասնեակ մը ահաւոր թեմաներ ըստ պատշաճի զարգացնել: Կարելի է միայն փողոցի բարբառով` «խօսք նետել», տեղական արաբերէնով` «թալթիշ քելեմ»: Նման գործ կը դադրի ընկերային / քաղաքական թատրոն ըլլալէ եւ կը նմանակէ «théâtre de dix heures»-ի մենախօսութիւնները: Թատրերգութիւնը, աւա՜ղ, կ’ընկնի քաջ-քաջ պարսիկ … ներողութիւն, «թալթիշ» սփռած «ի ձախ ի աջ»(20):
Կու տամ օրինակ մը. հայկական երկու կուսակցութիւններու պատկանող հարսնեւորներու միջեւ, չես գիտեր` ինչո՛ւ, բռնկած է ծեծկռտուք: Զաւէն բեմ կը մտնէ գզգզուած եւ կ’ըսէ. «Իշտէ՛ քեզի հայու տեսակ, խայտառակութիւն …»: Կուսակցութիւններու մասին այսքան: Վերջակէտ: Մի՞թէ սփիւռքը կը գտնուի միջկուսակցական գզվռտուքներով բնորոշուող պատմական շրջանի մը մէջ: Հազիւ թէ: Կ’ենթադրեմ, որ ակնարկը աւելի լոյս կը սփռէ հեղինակի կեցուածքին, քան արտասահմանի իրավիճակին վրայ: Կը թուի, թէ Մկրտիչեան նաեւ կ’արհամարհէ բոլոր գաղափարական ասքերը, զորս կը վարկաբեկէ որպէս «սին լոզունգներ»: «Շատ ընելիք կայ», կ’ըսէ հարցազրոյցի ընթացքին: Ի հա՛րկէ շատ անելիք կայ: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է գործել առանց գաղափարական ուղեգիծի…
Անօթեւաններու «Կամուրջ»-ի գաղափարը գեղեցիկ է: Անկասկած ազնիւ է նաեւ Վարդան Մկրտիչեանի առաջադրանքը: Ան պատճառ չունէր աճապարելու, որովհետեւ տարիքի բերմամբ կը գտնուի արդիւնաբերելու իր տարիքային ամէնէն ձեռնտու շրջանին մէջ: Կը յուսամ, որ իր յաջորդ գործը լուսարձակի տակ կ’առնէ աւելի յստակօրէն սահմանուած թեմա եւ կը զարգացնէ զայն, ինչպէս որ հարկ է: Համոզուած եմ, որ Մկրտիչեան ունի այդ կամքն ու կարողութիւնը: Կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք:
———————————————–
-
Տես Tim Fitzpatrick, Playwright, Space and Place in Early Modern performance, Ashgate Publishing, 2013, էջ 223:
-
G. Bellafante, «50 Years Later, Another Look at Saroyan’s Theater as Haven and Fortress» NY Times, 8 մարտ 2007:
-
Տես Ե. Չարենցի «Երկիր նայիրի» (1926) վէպի վերջաբանը:
-
Ա. Իւրնէշլեան «Կամուրջի տակէն. զգաստացնող ապտակ մը» «Արարատ» 11 նոյ. 2015
-
Մօտաւոր թարգմանութիւն սուրբ Bernard de Clairvaux-ի (1091-1153) վերագրուող խօսքին «L’enfer est plein de bonnes volontés»։
-
Տես «Առ կոթողն երկբայական» Ա. եւ Բ. «Ազդակ» 29 եւ 30 յուլիս 2015:
-
Procrustes «զուարճասէր» աւազակ մըն էր, որ ունէր մեքենական յատուկ մահճակալ մը: Իր զոհերը կը սպաննէր զանոնք «յարմարեցնելով» մահճակալի երկայնքին: Ծանօթ է նաեւ այլ անուններով:
-
Յ. Պարոնեան, «Պաղտասար Աղբար», 1886, Օգսէն դատաստանական ատեանի տեսարանին մէջ:
-
Ձօն Վարդանի.- « Զարկիր-զարկուար ընկար քաջ-քաջ` /պարսիկ սփռած ի ձախ, ի աջ»: