Կազմակերպութեամբ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին, 20 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ երէց խմբապետներու պարգեւատրման արարողութիւն: Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը շքանշաններու տուչութիւն կը կատարէ այն անձերուն, զորս կ՛ուզէ գնահատել միջազգային, արաբական եւ լիբանանեան սկաուտական կեանքին մէջ իրենց ունեցած յառաջատար դերակատարութեան եւ ազդու ներդրումին համար:
Այս առիթով պատուոյ յատուկ գիրերն ու շքանշաններ յանձնեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ:
Այս տարի ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին կողմէ այս շքանշանին արժանացաւ 1970 թուականէն ի վեր ՀՄԸՄ-ին մաս կազմած Նուպար Ռումուլեան, որ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի տարբեր մակարդակի վրայ զանազան պաշտօններ ստանձնած է:
Հանդիսութեան հիւրերուն կարգին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի անդամ Վաչէ Նաճարեան, Շրջանային վարչութենէն Յակոբ Էքմէքճեան եւ Միսաք Գաւլաքեան, Շրջանային սկաուտական խորհուրդէն եւ Շրջանային խմբապետական կազմէն անդամներ: