Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով Գնահատեց Երուանդ Գույումճեանի Տարիներու Ծառայութիւնը

$
0
0

Yervant-Kouyoumdjian1_022116

կիրակի, 21 փետրուար 2016-ին «Ծառայութեան տարուան» առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս Հայրապետական օրհնութեան գիրով պատուեց Երուանդ Գույումճեանը, Ազգային ծերանոցի խնամակալութեան ճամբով անոր աւելի քան քառասուն տարիներու մատուցած ծառայութեան համար:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր օրհնութեան գիրին մէջ շեշտեց. «Արդարեւ, ընկերային ծառայութիւնը կը հանդիսանայ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկը: Ընկերային ծառայութեան մասնակից դառնալ կը նշանակէ մասնակից դառնալ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան: Ա՛յս գիտակցութեամբ, Ազգային ծերանոցի ճամբով դուք նուիրումով ծառայեցիք այնտեղ ապաստան գտած եւ յառաջացեալ տարիքի մէջ գտնուող մեր հայրերուն ու մայրերուն: Անկասկած, որ ձեր այս գործունէութեան մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ ձեր ազնիւ տիկինը` տիկին Այտան, միշտ մնալով ձեր կողքին ու քաջալեր հանդիսանալով ձեզի»:

Yervant-Kouyoumdjian3_022116Yervant-Kouyoumdjian2_022116Աւարտին, յանուն Երուանդ Գույումճեանի, իր կողակիցը շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց արժանացուած այս պատիւին համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու իրենց անսակարկ ծառայութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles