Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Երեւանեան Շաբաթներ

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Դարձեալ հայրենիք եկած եմ շատերու նման, եւ` ոչ: Այլ խօսքով, վերադարձած եմ Տունս: Երեւան եմ: Կ՛այցելեմ: Կը պտտիմ: Արդէն մեծ ցանկութեամբ անոր տարածքին կրկին անգամ կը փորձեմ ապրիլ մօտիկ եւ հեռու անցեալս: Հաճելի է այս զգացումը: Եւ իւրաքանչիւր քայլափոխիս ամէն ինչ, յիշատակի նման, գեղեցկութեան մշուշի մէջէն, մէջս կ՛արթննայ:

Ինչպէս միշտ եւ ամէն տեղ` հոս ալ յուշերս ունին իրենց աշխարհագրութիւնը: Խոր զգացումը կրկին ներսս է: Ամուր պահուած է ենթագիտակցութեանս մէջ` իբրեւ անսահման էութիւն: Իբրեւ մաքուր գանձ:

Կրկին աչքերս յառած եմ Արարատին: Դարձեալ զմայլած եմ, որովհետեւ ան զիս մագնիսի նման կը քաշէ ու հազար թելերով իրեն կը կապուիմ: Կը հաւատամ, որ խորհուրդ մը կայ ասոր մէջ: Անոր համար նոր հոգի եկած է վրաս: Ու անկեղծօրէն, հայութեանս կողքին, անձս ալ կը փնտռեմ: Զմայլած եմ:

Երեւան հասած առաջին իսկ ժամուն եւ անկէ ետք, ամէն օր իր փողոցներէն կը քալեմ, աջէն` ձախ, վերէն` վար, միշտ մանուկի մը անմեղ հետաքրքրութեամբ դիտելով շուրջս իւրաքանչիւր անցորդ, խանութ, խաչմերուկներու ծայրին ծուարած, ինծի թուող արհեստավարժ մուրացկաններ, մէկ մայթէն միւսը կարմիր լոյսը անցնող օրինազանցներ, մաքուր կոկիկ հագած նայիրեան աղջիկներ, օտարազգի զբօսաշրջիկներ, աղմկոտ տղաք-աղջիկներ, պատերուն շուքին նստած, հեռաձայնը իրենց ձեռքին եւ սիկարեթ մը իրենց բերնին` ծոյլ եւ անգործ երիտասարդներ ու զանազան ժխտական ու դրական երեւոյթներ, ու մտովի կ՛ըսեմ` «Ո՛չ մէկ բայց, հո՛ս հայրենիք է: Ա՛յս է: Իսկ ես հո՛ս եմ, հողիս վրայ եմ: Ազատ ու նոյնքան ալ` հպարտ ու կը շարունակեմ երթս` անկախ ու սեփական երկիր մը ունենալու մեծ զգացումս շալկած:

Ապա, իջեւանած պանդոկէս ներս կամ դուրս, շուտով նոր շրջանակ մը կը կազմեմ: Այսպէս, տարիներ շարունակ իրարմէ բոլորովին տարբեր միջավայրերու մէջ ապրած ու նոյն կոչումով շաղախուած հայերս յանկարծ քով քովի գալով` կը մտերմանանք: «Օտարութեան» փոշին մեր վրայէն սրբելով` արդէն կը դառնանք հարազատի նման մտերիմ եւ անկեղծ: Այս բոլորը, որովհետեւ հայրենի հողին վրայ ենք, ու անկէ ներշնչուած սէրը մեզ բոլորս արդէն միաւորած է:

Միւս կողմէ, թէեւ Երեւանի փողոցները տարբեր հառաչանքներով եւ յոյսերով լեցուած են, սակայն ընդհանրապէս ես միայն հայրենակիցներուս փայլուն աչքերն է, որ կը տեսնեմ, ու անոնց խնդուքն է, որ կը լսեմ: Հետաքրքրական է, չէ՞:

Ու հաւանաբար իւրաքանչիւր այցելու, ինծի նման, նոյնը պիտի ըսէր, եթէ Երեւանի փողոցներուն մէջ յանկարծ հանդիպէր երկար ատենէ ի վեր իր չտեսած «անծանօթ» ծանօթներէն մէկուն, աշակերտին, «ֆէյսպուքի ֆրենտ»-ին, նախկին դրացիի զաւկին, կամ քաղաքացիին, շուտով անոնց այս ներկայութեամբ իր հոգին պիտի ջերմանար:

Այսինքն, դիմացինդ ճանչնաս կամ ոչ, յիշես կամ չյիշես, նոյնն է. արդէն կարօտն ու խանդավառութիւնը երկար ժամերուդ նոր փայլ մը տուած են:

Ու նաեւ, եթէ բախտդ քեզի ժպտի, ու դուն Երեւանի անհամար ճաշարաններէն, սրճարաններէն եւ կամ պանդոկներէն մէկուն մուտքին յանկարծ հանդիպիս հալէպցիիդ, կամ` սուրիահայ հին բարեկամներէդ մէկուն, ահա հոսկէ է, որ կը սկսի «նոր կեանքդ»: Ա՛ռ քեզի` նոր իրականութիւն:

Իմ պարագայիս, եթէ նման բախտի արժանանամ, ա՜խ, երկա՜ր, շա՛տ երկար կը խօսիմ: Ձեռքս չէ: Կը խօսիմ նոյնիսկ անհատնում բառերով, երազով ու կարօտով: Ժպիտ ու ցաւ իրարու խառնուած: Կարօտը սրտիս` կը խօսիմ, կը յուզուիմ ներքնապէս ու կը հաւատամ, որ նման զգացում կրնան ունենալ բոլոր անոնք, որոնք տարիներով այդ Հալէպ կոչուած կախարդական քաղաքին գիրկը ապրած են:

Ու այդ հանդիպումէն ետք ինքնաբերաբար կը նորոգուիմ: Օրերս եւ անոնց հիւսող ժամերս կը լեցուին տարբեր զգացումներով եւ հաճոյքով:

Ապա կրկին կը շարունակեմ ամէնօրեայ քայլարշաւս: Հոս Հայաստանն է, կը կրկնեմ միշտ եւ բոլորին: Նոր Հայաստանը նոր երազ հագած է: Զիս կը խանդավառէ: Միւս կողմէ` հոս աշխարհը ուրիշ է: Յեղափոխութիւն կատարուած է: «Թաւշեայ»: Համայն աշխարհը ծանօթ է այս մէկուն: Անոր համար կը հաւատամ, որ նոր յոյսեր կան` գծուած հորիզոնին վրայ: Միւս կողմէ` տեսանելի է, որ հայրենիքի մեծ ու փոքր քաղաքներու, գիւղերու կամ աւաններու փողոցները նոր կեանք ստացած են: Մարդիկ երջանկութեան հաւատալ սկսած են: Նոր ծրագիրներ եւ նորութիւններ… Նոր երազներ կը հիւսուին, որովհետեւ յեղափոխութիւնը եկած եւ հետը բերած է երազը: Օրերը բարի են: Լուսաւոր եւ հպարտալի: Բոլորս կը յուսանք:

Անկախ այս բոլորէն, նաեւ` երկրորդ անգամ ըլլալով, կ՛այցելեմ Թումանեանի եւ Կոմիտասի թանգարանները: Տպաւորուած եմ: Անբացատրելի: Երկուքին ալ նկարներն ու ստեղծագործութիւնները զիս տարբեր աշխարհ տարած են: Հեռաւոր եւ ճերմակ: Անփոխարինելի գոհունակութիւն մը ունիմ: Կը զգամ, որ ժամանակին հետ կը խօսիմ: Երկուքին հոգիներն ալ հոն են: Պահուած եւ թափանցիկ ու կարծես ինծի կը հետեւէին:

Ու կ՛անդրադառնամ: Այս տարի հայրենիքը ուրիշ տարի է, որ կ՛ապրի: Նոր յեղափոխութեան կողքին, պատմական հարիւրամեակներու յիշատակումներու տարի ալ է:

Ուստի հազարաւոր հայորդիներու հետ ես ալ կը մասնակցիմ Արամ Մանուկեանի յուշարձանի բացման հանդիսութեան: Ուղղակի պատմական: Արամ Մանուկեան ըսի. սուրբի մը հոտը ունի, բայց եւ այնպէս բոլորիս համար մեծ ղեկավար մըն էր:

Ո՞վ է ղեկավարը, յաճախ հարց տուած եմ ես ինծի: Կը հաւատամ, որ ղեկավարը այն մարդն է, որ հաւատք կը ջամբէ իր ժողովուրդին, իր հետեւորդներուն, իր համակիրներուն: Անոնց նոր յոյս կը ներշնչէ: Տեսիլք կը փոխանցէ: Նոր ուղի կը բանայ: Կեանք եւ արժէք կու տայ իր մայր երկրին եւ իր ժողովուրդին մտքին մէջ Ազգային Եսը կը սերմանէ:

Ու հայութեան համար Արամ Մանուկեան մեծ ղեկավար մըն էր, Քրիստափոր Միքայէլեանի նման: Ահա ճիշդ հոս էր, այս հսկայ հանդիսութեան, որ այնքան մօտիկէն տեսայ հայրենի «թաւշեայ» յեղափոխութեան ղեկավար յեղափոխական Փաշինեանը: Կը մտածեմ. ի՜նչ լաւ բան է հաւատք ու վստահութիւն ներշնչելը: Դրական ու նոյնքան ալ` կենսական:

Արդ, հայրենի ժողովուրդիս հերոս դէմքերը արդէն մտած են հոգեկան սահմաններուս մէջ ու հիացմունքով լեցուցած` սիրտս:

Հայը միշտ հերոս եղած է, կ՛ըսեմ, երբ հայու արժանավայել կենցաղով ապրած է:

Վերջ ի վերջոյ, կը հաստատեմ մտովի,  ժողովուրդն է, որ իր ղեկավարին հետ կը ճշդէ իր իսկ ճակատագիրը: Կը զգամ այդ մէկը, որ ինծի միշտ ու միշտ երկար մտածել տուած է: Որքա՜ն հաճելի է սիրել հայը` աւելի հայութենէն, եւ հայութիւնն ալ` հայէն:

Իսկ յետոյ օր մը, ի՛նչ մեղքս պահեմ, նոր երազ հագած Հայաստանիս մէջ, բախտաւոր օր մը, բնութեան բարի տնօրինութեամբ, համայն հայութիւնը միացնող մեծագոյն կամուրջ դարձող սրբազան լեռը տեսայ: Արարատը տեսայ, բազմած` իր ձիւնածածկ ու հպարտ գագաթով: Տեսայ, որ միշտ մեզ կը դիտէ: Ի՜նչ վեհ պահ:

Եւ աւելի՜ն. օր մըն ալ Անի այցելեցի: Ինք հոն էր, միւս կողմը, անոնց կողմը, իսկ ես հո՛ս, պապենական հողիս վրայ, իրմէ մէկ մղոն հեռու: Ու կարօտս բռնկեցաւ, որովհետեւ եկած էի իբրեւ պարզ ուխտաւոր մը` հոգիս ու սիրտս կապելու մեր պատմական դարերուն պատկանող այդ փլատակներուն:

Ու մտովի աղօթք մը ընելէ ետք, ես ինծի ըսի` արդեօք այս աւերակները, այս փլատակ եկեղեցիները, պատմական պարիսպները, իրենց յաւերժական լռութեան մէջ, ինծի ինչե՜ր ունէին ըսելիք, ի՜նչ գաղտնիքներ: Անոր համար աչքերուս մէջ ամբարեցի փլատակներուն գեղեցկութիւնն ու պատմութիւնները` իրենց յաղթութեան եւ պարտութեան նկարներով:

Ու վերջին, բաժանումի այն պահուն ըսի. «Անի, դուն մեզի համար յաւիտեան պիտի մնաս իբրեւ կախարդական թագը կորսնցուցած աննման մայրաքաղաք: Պիտի մնաս իբրեւ մեր ազգային հպարտութիւն` ե՛ւ կենդանի, ե՛ւ համոզիչ: Պիտի մնաս հայրենիքիս անբաժան հողը»: Ու կարծես այս ձեւով արդէն գտած էի մտքիս խաղաղութիւնը, որովհետեւ միշտ հաւատացած եմ, որ սփիւռքահայուն համար հայրենիքը այն տեղն է, ուր թէեւ անկէ իր ոտքերը կը մեկնին, սակայն հոն կը մնայ իր սիրտը:

Ահա թէ ինչո՛ւ այս բոլորէն շաբաթներ ետք հետս շալկած ու բերած տաքուկ բարեւ մը կ՛ուզեմ տալ մեր բոլորի միակ հարազատ Տունէն` Հայաստանէն:

bedig43@aol.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>