Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Image may be NSFW.
Clik here to view.Վերջերս լոյս տեսած այս հատորին վերնագիրը շատ բան կը բացատրէ, սակայն` միայն բովանդակութեան բնոյթին մասին: Լոյս տեսած է «Եղբայր Միքայէլ»-ի նախաձեռնութեամբ, իսկ ան Միքայէլ Եուսուֆեանն է, բանաստեղծ Ժաք Ս. Յակոբեանի մտերիմներէն, որ պահած է 1965-էն մինչեւ 1975 գրողին կողմէ իրեն ուղղուած նամակներէն փունջ մը եւ լոյս ընծայած է` ներփակելով իր մէկ քանի պատասխանները, նաեւ` բանաստեղծին անունին հետ աղերս ունեցող քանի մը գրութիւն: Ըսինք` «իրեն ուղղուած կարգ մը նամակներ», որովհետեւ նամակներուն ընթերցումէն կրնանք հետեւցնել, որ եղած են նաեւ ուրիշներ, որոնց հպանցիկ ակնարկութիւն ըրած է նամակագիրը, թէեւ նաեւ ըսած է, որ գրած է նամակներ, զորս չէ յղած հասցէատիրոջ, կան նաեւ… չգրուած նամակներ:
Հատորը կը բաղկանայ 222 էջէ, կողքին` երկու մտերիմներուն լուսանկարները. էջերն ալ ճոխացած են բանաստեղծին կեանքի տարբեր փուլերէն քաղուած լուսանկարներով: Հատորը կը բացուի Միքայէլ Եուսուֆեանի մէկ բացատրականով, որուն կը յաջորդէ Եուսուֆեանի կողմէ բանաստեղծին ձօնուած չափածոյ գրութիւն մը` ներբողականի շունչով:
Փոխանակուած նամակները կը գրաւեն 154 էջ, տեղադրուած` «Սիրտէ սիրտ» ընդհանուր խորագիրին տակ: Յաջորդ բաժինը խորագրուած է «Վկայութիւններ, կարծիքներ» եւ կը գրաւէ հատորին գրեթէ մնացեալ էջերը` իր կարգին ընդգրկելով վկայութիւններու եւ կարծիքներու ենթաբաժանումներ: Վերջին էջերուն կայ բանաստեղծին կեանքի հակիրճ պատմութիւնը: Գին չէ ճշդուած, կ՛ընդունուին սրտաբուխ նուէրներ:
Սա` հատորին ընդհանուր նկարագրականը:
Ինչպէս ոեւէ գրողի պարագային, մեր գրականութեան անդաստանը աւելի քան 80 տարի մշակած այս բանաստեղծին համար ալ նամակներու այս փունջին լոյս ընծայումը կը ծառայէ քանի մը նպատակի, բոլորն ալ` ի շահ մեր գրականութեան ու Ժաք Ս. Յակոբեան ուսումնասիրողին:
Մեր նպատակը այստեղ լոյս տեսած հատորին մասին հատոր մը արձանագրել չէ, թէեւ նման փորձ անյաջող չ՛անցնիր, այլ` լուսարձակի տակ բերել քանի մը արժանիք, հրաւիրելով այս բանաստեղծին գիրին հետեւողները ծանօթանալու հոն տեղ գտած բաբախումներուն:
Թէեւ արձակով հիւսուած` այս հատորն ալ բանաստեղծական շունչ ունի եւ կը հանդիսանայ Ժաք Ս. Յակոբեանի գրական ժառանգութեան մէկ անքակտելի մասնիկը: Բանաստեղծին վերջին աւելի քան կէս դարու գրականութեան ծանօթ ընթերցողը ինքզինք դէմ յանդիման պիտի գտնէ երկու հիմնական գիծի, որոնք կը կազմեն հեղինակին գրականութեան հիմնական առանցքները. առաջինը` հայկական արժէքներու հանդէպ սէր, գուրգուրանք եւ հաւատարմութիւն, իսկ երկրորդը` քրիստոնէական իր հաւատքին մասին անընդհատ վկայութիւն:
Այս արձակ էջերը չեն գրուած լոյս ընծայուելու հեռանկարով, հետեւաբար, բնականաբար կ՛արտացոլացնեն մտերմութեան եւ անմիջական հաղորդակցութեան էութիւն, որ մերթ կը համեմուի թեթեւ զուարթախոհութեամբ, ազատ արտայայտչաձեւերով, որոնք այլապէս տեղ պիտի չգտնէին այս բանաստեղծին էջերուն: Մտերմիկ արտայայտութիւնները, յամենայն դէպս, ոչ մէկ ատեն կը շրջանցեն այն սահմանները, որոնք կը պարուրեն Յակոբեան գրողին էութիւնն ու նկարագիրը:
Մտերիմի մը եւ խորհրդակիցի մը ուղղուած նամակներու այս շարքը անուղղակի կենսագրութիւնն է անձին ու գրողին գիրքերուն` հիմնականօրէն տարածուելով տասնամեակի մը վրայ: Առաջին նամակները գրուած են Աւստրալիայէն, ուր հեղինակը հաստատուած էր Պէյրութէն մեկնելէ ետք, իսկ աւելի ուշ մեկնակէտը Լոս Անճելըսի շրջանն է` Փասատինա, Նորթ Հոլիվուտ, Սանլենտ… Ընթերցողը կը ծանօթանայ բանաստեղծին դիմագրաւած նոր կացութիւններուն ու անոնց առթած բազմաբնոյթ ազդեցութիւններուն: Կարմիր թելի պէս գրութիւններուն մէջէն կ՛անցնի հայահոծ ու հայութեամբ բաբախող գաղութներէ` ծննդավայր Երուսաղէմէն, Եգիպտոսէն ու Լիբանանէն հեռու ինկած ըլլալու տագնապները, սրտակից մտերիմներէ զրկուած ըլլալու եւ հեւքոտ աշխատանքին խլած տուրքին ստեղծած անդոհանքը, ընտանիքի ու զաւակներու հոգը տանելու այլապէս հաճելի պարտաւորութիւնները, սակայն այս ընթացիկ հարցերէն անդին` լայն տեղ ունին համամարդկային ու համահայկական մտորումներ, խորհրդածութիւններ ու փիլիսոփայական սեղմ վերլուծումներ: Տեղ մը կը գանգատի, որ` «դուրսը օդը տաք է, սակայն սիրտս` պաղ», ակնարկելով ձուլումի ընթացքին ստեղծած վիշտին: Ուրիշ տեղ մը կ՛արձանագրէ, որ տառապանքները մարդոց համար փորձաքար են, իսկ «դուռը»` տոկալն է: Ան հաւատարիմ է իր թելադրած սկզբունքին. հակառակ ապրած բազմերես տառապանքներուն` միշտ ալ եղած է յոյսով լեցուն, լաւատես, աշխատած է ապագան փայլուն տեսնել, իսկ իրեն համար ապագան միայն այս աշխարհին չէ կապուած, այլ մանաւանդ` հանդերձեալ կեանքին:
Իր անձին ու ընտանիքին մասին հպանցիկ տեղեկութիւններու կողքին, հատորին մէջ ակնարկութիւններ կան նաեւ կարգ մը հատորներու արարման ու լոյս ընծայման պայմաններուն մասին, այլ խօսքով` գիրքերու «կենսագրական»:
Լեզուն ու ոճը «յակոբեանական» է, այսինքն, իր բոլոր հատորներուն նման, այս նամակներն ալ արձանագրուած են սքանչելի հայերէնով մը, պատկերներով ու, ինչպէս նշեցինք, մանր ու մտերմիկ զուարթախոհութիւններով: Տեղ մը գաղտնապահ է եւ բարեկամին կը գրէ, որ չ՛ուզեր «սիրտին գրպանը դուրս դարձնել», ուրիշ տեղ մը` առօրեայի հեւքին մէջ «անմեղ թուղթ մը կը ձերբակալէ ու առջեւը կը նստեցնէ» նամակ գրելու համար: Խոստովանութիւններ ալ ունի իր գրականութեան ստեղծագործական ընթացքին մասին. կը յայտնէ, որ բանաստեղծութիւնները բծախնդիր վերամշակումի կ՛ենթարկէ, մինչեւ` կէտադրութիւնները (ի վերջոյ, Վահան Թէքէեանի մտերմութիւնն ու բարի ազդեցութիւնը վայելած է երիտասարդութեան), սակայն նաեւ կ՛ունենայ այն զգացումը, որ լիովին չէ կրցած արտայայտուիլ (հոս ալ արձագանգ մը` Զապէլ Եսայեանի նման հոգեխոյզի մը ինքնադրսեւորման անբաւարարութեան զգացումին): Խոնարհ է ու կը մերժէ «բանաստեղծել» բառը, այլ կը նախընտրէ «բանագործել» եւ «արուեստագործել» եզրերը: Կ՛ափսոսայ, որ հայագիտական ուսում չունի, որովհետեւ եթէ ունենա՜ր… Կը մոռնայ, որ ոչ միայն հմուտ է մեր լեզուին ու բառապաշարին, այլ իր բանաստեղծութիւններուն ճամբով նոր եզրերու յարգելի ժառանգութիւն մը ստեղծած է պատանութեան օրերէն ի վեր: (Իսկ եթէ ընթերցողը հանդիպի ուղղագրական կամ շարուածքի թերիներու, անոնք բանաստեղծինը չեն վստահաբար):
Հատորին երկրորդ բաժինը` կարծիքներու եւ վկայութիւններու մասը առաջին հերթին տեղ կու տայ բանավէճի մը, որ ծագած է 60-ական տարիներուն, «Նայիրի»-ի խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեանի կողմէ բանաստեղծին ու անոր պաշտօնավարած դպրոցին մասին քննադատական յօդուածի մը պատճառով: Ժաք Ս. Յակոբեանի մտերիմները պատասխանած են Ծառուկեանին, եւ կ՛արձանագրուի, որ ան ետդարձ ըրած է իր աննպաստ վարմունքէն: Յաջորդ էջերը կազմուած են բանաստեղծին 50-ամեակի օրերուն կազմակերպուած հանդիսութեան մը առիթով գրութիւններէ, որոնք վեր կ՛առնեն Ժաք Ս. Յակոբեան գրողին արժանիքներուն տարբեր երեսները: Առաջին գրութիւնը օրուան կաթողիկոսէն է` Խորէն Ա.-էն: Մուշեղ Իշխան կը ներկայացնէ հայրենաբաղձ Յակոբեանը, Ծառուկեան` սիրոյ երգիչը, տոքթ. Ռոբովթ Չորպաճեան` հաւատքի երգիչը, իսկ հեղինակը կազմակերպողներուն ուղղած է ողջոյնի գիր մը: Այս շարքը կ՛աւարտի Ա. Կեսարենցի ստորագրութեամբ եւ օրուան սփիւռքի հետ կապի կոմիտէի վարիչ Վարդգէս Համազասպեանին ուղղուած նամակով մը, ուր բանաստեղծին ու արժանիքներուն ներկայացումը կը կատարուի, նաեւ գանգատ` ծանօթ հրապարակագիր Շաքէ Վարսեանի կողմէ բանաստեղծին նկատմամբ անբարեխիղճ արձագանգի մը: Նամակին կը յաջորդէ Հռութ Աճեմեանի ստորագրութեամբ գրախօսական մը` «Հայատրոփ» հատորին մասին:
«Նամակներ…»-ը ուշադրութեան արժանի հատոր մըն է եւ իր յատուկ անկիւնը կը գրաւէ բանաստեղծ Ժ. Ս. Յակոբեանի գրական ստեղծագործութիւններու վաստակին մէջ, առիթ կը ստեղծէ ընթերցողին զայն անգամ մը եւս տեսնելու մտերմութեան մէջ, ինչպէս եղած էր օրագրական բնոյթով իր մէկ նախորդ հատորին մէջ: