Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Թաւիշ Չմնաց, Մնացին Մկրատները

$
0
0

Կեդրոնականցի Արմենակ կէս գիշերուան մօտ հեռաձայնեց.

– Մակա՛ր, ժամերով ոտքի մնացի, ցոյցի էի:

– Ի՞նչ ընելու գացեր էիր:

– Թաւշեայ յեղափոխութեան տղաքը եւ աղջիկները տեսնելու, որպէսզի Փարիզ վերադարձիս պատմեմ, թէ որքա՜ն կիրթ եւ իրաւ ժողովրդավար ժողովուրդ եւ երկիր ունինք:

Սպասեցի: Եթէ բանէ մը ցնցուած չըլլար, կէս գիշերին չէր հեռախօսեր:

– Այս յեղափոխութեան թաւիշի կերպասը կարճ է եղեր, ժողովրդավարութեան հետ կապ չունի: Խորհրդարանը եթէ վարչապետին չհետեւի, ան հանրահաւաքի համար եկած ժողովուրդէն կը պահանջէ լիազօրութիւն, Ազգային ժողով կ’երթայ բանակցելու, որ իր ուզածը ընեն: Պարտադրանքով ժողովրդավարութիւն կ’ըլլա՞յ: Ազգային ժողովը տիկնիկային թատրո՞ն է: Հանրահաւաքի մասնակիցները կը փոխարինե՞ն պատգամաւորները:

– Արմենա՛կ, եօթանասուն տարի պրոլետարիատի իշխանութիւն եւ ժողովրդական ժողովրդավարութիւն չտեսա՞նք, անոնք չունեցա՞ն իրենց հետեւորդները:

– Եթէ օրինական ժողովրդավարութիւնը չգործէ, այլեւս թաւիշ պիտի չմնայ: Պիտի մնան մկրատները` լեզու եւ մատ կտրելու համար:

– Եօթանասուն տարի մկրատը բանած էր, վարժութիւն կայ մկրատ գործածելու եւ մկրատուելու: Գնա՛ ու պառկէ՛: Կ’ըսեն, թէ գիշերը խորհուրդ կը բերէ:

Քունս փախաւ: Հեռատեսիլը միացուցի: Աշնան գոլ գիշեր էր: Հանրահաւաքի տիքթաթին տակ Ազգային ժողովը նիստ կը գումարէր: Ի՞նչ կրնար որոշել, երբ արդէն հանրահաւաքը այո՛ ըսած էր առաջնորդի ցանկութեան:

Գիշերը խորհուրդ կը բերէ՞:

ՄԱԿԱՐ, 3 հոկտեմբեր 2018, Երեւան

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>