Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Յիմ Կիլիկիա»

$
0
0
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգընտիր Հայրապետ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Քահանայագործութեան Յիսնամեակին Առիթով

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Առաջնորդ Ատրպատականի հայոց թեմի

Նահապետին երազը մեր ստուերոտ պատմութեան ոլորապտոյտ բաւիղներու եզրին հասակ առած ծառերուն տերեւները կը շօշափէ` անոնց երեսի փայլքի ետին պահուըտած արծաթագոյն էջերը թերթատելով: Երազը բնա՛ւ հեռու չէ իրականութենէն, եթէ ժամանակի խորհուրդը խորտակելու ուժ կարելի ըլլայ ամբարել բազուկին մէջ առնական, ինչպէս նաեւ եթէ յաջողուի խեղդել կոկորդին մէջ հեծկլտուքը մանկական, վարդի փոխարէն` յոյս ցանելով հրուանդանին մօտեցող մեր նաւուն տատանող կամրջակի լաստերուն վրայ:

… Եւ երգուեցաւ այս երգը ու պիտի երգուի դեռ երկա՜ր, յուզախառն, վարանոտ, տեսլապաշտ ելեւէջումներով, ծիծառի ի բոյն դառնալուն ուղեկից ըլլալու միամիտ տենչով ու անրջական թռիչքներով, եւ ի վերջոյ Կիլիկիոյ հողին մէջ հանգչող մեր մեծափառ արքաներու աճիւններուն միախառնուելու Ռուսինեան կտակով:

Իրեն «արեւ» պարգեւած հողէն վտարանդի Նահապետը մեր լեզուներուն երաժշտականութեամբը լացաւ անցեալ տասնամեակներուն` ողբալով չմեռնող փառքը երազի հայրենիքին: Իր յուշերուն մեղեդին մելամաղձոտ հիւսելուն հետ վերապրումի յամառութիւնը երգեց ան` զայն ընդունելով զերթ առաքինութիւն անօրինակ, մարելու համար Հայոց ցեղասպանութեան յանկարծական բռնկումները` վերապրողներու հրկիզուած սրտերուն մէջ մորմոքող: Այդ բոցին յարածուփ ալիքը հարուածեր էր տուն ու դպրոց, եկեղեցի եւ գործատեղի, ագարակ ու այգի, առանց սակայն խլել կարենալու վերադարձի ճամբուն քարտէզը, նոյնիսկ աքսորական մեռելներու կմախքացած ափին մէջ` մատոսկրներով պինդ սեղմուած:

Մահուան ձագարը դէպի անդունդ կը մղէր անապատի աւազին պէս աղացուելու դատապարտուած ազգ մը ամբողջ` անորոշութեան մութուլոյսի տուայտանքին յանձնելով զայն: Բայց յանկարծ մեր նորագոյն պատմութեան մահաստուեր ցանցառ տողերը խտացան` իր առաքելութիւնը ո՛չ միայն վերագտած, այլեւ նորովի իմաստաւորած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեամբ: Անիկա յաջողեցաւ թշնամիին խտահիւս ուռկանը պատռել ու դուրս գալ ազատութեան, ծիծաղագեղ ափունքին Անթիլիասի, ուր իր մակոյկը վերանորոգելով` վերածեց զայն անխորտակելի նաւու` սփիւռքի ալետատան ծովու մէկ ափէն միւսը նաւելով անվեհեր:

Նաւապետներու լուսերամին շարունակականութիւնը ապահովուեցաւ Երկնաւորէն` լուսաւորիչ առաքեալներու յաջորդականութիւնը վստահելով Լուսաւորչի Տան անձնուէր զաւակներուն: Անտակ ծովերու մութ խորութիւնը եւ կամ խաղաղ ու արծաթափայլ լիճերու բիւրեղեայ մակերեսը ճաթեցնող նաւը կիլիկեան, իր վտանգալից ճամբորդութիւններով, ալ ու ալուան պատկեր տուաւ սփիւռքի նորաձեւ քարտէսին` անոր թեմերը վերածելով կամրջուած կղզեակներու ակնախտիղ լուսապատկերի:

Լիալուսնով լուսաւորուած գիշերուան մէջ պայծառ դէմք մը ցաթեցաւ մեր նորօրեայ պատմութիւնը երկնող կարմիր թանաքի կաղամարին մէջ արիւնի: Լիբանանի դաժան պատերազմի տարիներ, դժնդակ օրեր, տժգոյն գաղութ, որ պէտք է վերստին գունաւորուէր: Նորարարութեան ծրագիրներու երանգապնակը իր բութամատով ամուր բռնած, Ան օգտագործեց նորագոյն վառ երանգները եկեղեցւոյ այժմէականութիւնը խորհրդանշող: Ան իր վրձինը ընտրովի քսելով բազմագոյն երանգապնակին, որոշակի զարկաւ, խայթեց ու խթանեց անգոյն պաստառը` ժողովուրդի սառած  մտքի քառակուսի շրջանակին վրայ ձգուած: Նոյն պաստառի գունագեղ անդաստանին շրջանակէն կիլիկեան դաշտերու թոռմած ծաղիկները դարձեալ նայեցան կենսատու արեւին: Հողը պարարտացաւ, աւիշը եռաց, ծիլը ժայթքեցաւ, մրջիւնները զօրակոչի ենթարկուեցան սպառազինուած, մողէզները տաքցուցին իրենց բազմանկիւն նախշերով պաղ կաշին, լերկ ժայռաբեկորներուն վրայ զգաստ կանգնած` խլուրդները իրենց լպրծուն սողանքին ետին արծաթափայլ ուղիներ նկարեցին ջանասիրութեամբ, եւ թշնամիին ամայացուցած պարտէզը վերստին ցանկապատուեցաւ` անձնդիր Մշակի վեհափառ նուիրումին բարացուցիչը հանդիսանալով:

Անոր բամբ ձայնով երգուած «հորովել»-ը գեղջուկ աւելի՛ հաստատ խրեց խոփը` եզներու ուսերուն ծանրագոյնս ճնշելով երկնատուր լուծը ոսկեզօծ, իսկ մաճին վրայ ամուր դրուած ձեռքը Օծեալին ուղի՛ղ բացաւ ակօսները անծայրածիր, տարիներուն համար ձիգ, իսկ վաղուան համար` շա՜տ խոր: Ակօսներու ամէնէն խորունկին մէջ տնկուեցաւ հաւատքը երկնալոյս եւ ո՛չ թէ հոն թաղուեցաւ: Լոյս հաւատքը գերեզման չունի՛: Հաւատքո՛վ կան այն ամէնը, որոնք ստեղծուած են Աստուծոյ կողմէ եւ արարուած` մարդոց աստուածատուր շնորհքներով: Հաւատքի ծնունդ Մարդը, իբրեւ հաւատաւոր հացթուխը վանքին, մանրիկ աշակերտները հացի թարմ պատառներու պէս բաշխեց սեղաններուն` սոված ազգիս կարօտեալներուն, ուղղակի զանոնք պոկելով թոնրի տաքուկ պատերէն` դպրեվանքի ժառանգաւորներու ազազուն շարքերէն:

Լուսաշաւղի ճանապարհորդը հողանիւթեայ կեանքի գիտակից բաժնի կէսէն աւելին նուիրաբերեց գերանձնական գաղափարներու իրագործման: Ոգեղէն արժէքներ` ուսում ու կրթութիւն, լոյս ու գիտութիւն, կրօն ու մշակոյթ, հոգի ու շունչ, միտք ու թռիչք իմացական, որոնց հետ նաեւ նիւթեղէնը` շէնք ու կառոյց նոր իմն արժեւորուեցան ու բարեզարդուեցան: Սակայն հողին ընդերքէն եկող ձայնը Նահապետին դեռ կ՛ողբայ «յիմ Կիլիկիա»-ն:

Սսոյ մայրավանքին բարձր պարիսպներու խրոխտ աւերակներուն տակ խայթող տատասկ աճեր է: Բայց քրիստոնէական արդարութիւնը համամիտ չէ՞, որ ջախջախուի գլուխը վիշապին, որ հարիւր տարիներ իր փայփայած օձերուն թոյնը սրսկեց դէպի իրաւունք տանող կուսական մարգագետնին վրայ, ուր ամէն առաւօտ եղեամ կը շաղուի արծաթահոս: Ինչո՞ւ խափանել կանաչ ճանապարհը, երբ ամբողջ ազգի մը ոտնահարուած սրբութիւնները իր ուսերուն շալկած` իրաւատէրը կը դիմէ քաղաքակիրթ մարդկութեան ատեաններուն` յանուն իրաւունքի եւ արդարութեան: Նահապետը կանգ կ՛առնէ սուրբերու մատուռէն խոյացող գանկաշար սիւնին առջեւ` զանոնք եւս իր հետ տանելու «յիմ Կիլիկիա»:

–  Ո՛չ միայն կ՛ուզեմ երթալ, այլեւ` ննջել «յիմ Կիլիկիա», կը բացագանչէ ան: Բայց գոյութիւն ունի՞ մայրավանքը Մեծն Կիրակոսներու, այնտե՞ղ է մնացորդացը օձերու բերդին Լեւոններու, պիտի ընդունի՞ արդեօք հայոց առիւծասիրտ արքաները իր գոգին մէջ ծրարած հողը զիս:

Ե՛րգն է բալասանը դարերու կոտտացող վէրքին: Ուրեմն պիտի երգենք: Պիտի երգենք աննահանջ, որպէսզի երբ աշխարհը դադրի խղճալէ, հողը ի՛նք խղճայ ու իրականացնելով «յիմ Կիլիկիա»-ի Նահապետեան փափաքը` պարուրէ մեր հոգին անիմանալի սիրով եւ քաղցր երազի մը գաղտնիքները բանալու միտող նրբակրկիտ մատներով:

Իցի՜ւ Ռուսինեանը տեսած ըլլար Անթիլիասը` նախքան նուիրականացնելը իր կտակը, կամ` «յիմ Կիլիկիա» դրոշմով կնքելէ առաջ ազգիս դարաւոր երազը:

Թաւրիզ, 13 հոկտեմբեր 2018               

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>