Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Խաչատուր Կարճիկեան

Խաչատուր Կարճիկեան. պետական, քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ելեւմուտքի առաջին նախարարը, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Խ. Կարճիկեանը ծնած է 1882-ին, Վաղարշապատ (Էջմիածին), համեստ աշխատաւոր ընտանիքի մէջ: Գիւղի ազգային վարժարանին մէջ տարրական ուսումը ստանալէ ետք ընդունուած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, որուն դասարանական բաժինը աւարտելէ ետք անցած է Երեւանի պետական ուսումնարանը եւ աւարտած` փայլուն նիշերով: Կրթանպաստի արժանանալով` կը մեկնի Ս. Փեթերսպուրկ, որուն համալսարանի իրաւաբանութեան ճիւղին մէջ բարձրագոյն ուսման կը հետեւի: Նիւթական դժուարութիւններու պատճառով Խաչատուրը ընդհատած է համալսարանական իր ուսումը եւ վերադարձած է Հայաստան ու ուսուցչական պաշտօններ ստանձնած` նախ Ախալցխայի, եւ ապա Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) հայկական վարժարաններուն մէջ:

Խաչատուր Կարճիկեանը քսաներորդ դարու սկիզբը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ուսանողական շարժումներուն մէջ աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած է եւ արդէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան միացած է: Ախալցխայի եւ յատկապէս Ալեքսանդրապոլի դպրոցներուն մէջ ան սկսած է իր յեղափոխական գաղափարները տարածել եւ ստացած` «Խաչիկ վարժապետ» անունը:

Հայ-թաթարական ընդհարումներու աւարտէն ետք Կարճիկեանը կը վերադառնայ Ս. Փեթերսպուրկ եւ կ՛ամբողջացնէ իր իրաւաբանական մասնագիտութիւնը: Ուսման շրջանին ան դարձաւ Փեթերսպուրկի հայ ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան մղիչ ուժերէն մէկը: Այդ ժամանակաշրջանին նիւթական եւ այլ դժուարութիւններ հարթելու համար կ՛աշխատի: Արդարեւ, Կարճիկեանը ի վիճակի կ՛ըլլայ մէկ կողմէ իրաւաբանական բարձրագոյն ուսման իր դասերուն հետեւելու, իսկ միւս կողմէ ալ` հանրային-կուսակցական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելու:

Խ. Կարճիկեանը 1910-ին` իբրեւ վկայեալ իրաւաբան կը հաստատուի Թիֆլիս եւ կը զբաղի իր մասնագիտութեամբ:

1912-ին կը ստանձնէ նոյն թուականին սկսած «Դաշնակցութեան դատ»-ին պաշտպանութիւնը` ռուս ականաւոր փաստաբաններու կողքին, իբրեւ հայերէն փաստաթուղթերու հաւաքման, մշակման եւ պաշտպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն:

Կարճիկեանը օգոստոս 1913-ին կը մասնակցի Կարնոյ մէջ գումարուած ՀՅԴ 7-րդ Ընդհանուր ժողովին, ուր կ՛ընտրուի ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյի անդամ:

Հայ կամաւորական շարժման ծրագրումին ու կազմակերպումին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ:

1916-1917 տարիներուն Եղեռնէն փրկուած հայ որբերու եւ տեղահան գաղթականութեան խնամատարական գործին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց:

Երզնկայի եւ Կարնոյ անկումէն ետք Կարսի մէջ ան ստանձնեց պատասխանատուի ծանր պարտականութիւն:

1917 փետրուարին Խաչատուր Կարճիկեանը Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ նորահաստատ իշխանութեանց անդրկովկասեան մարմիններուն մէջ:

Հայաստանի անկախութենէն ետք, 1918 յունիսէն ան կը վարէ Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմուտքի նախարարի պաշտօն` Յովհաննէս Քաջազնունիի կառավարութեան կազմին մէջ: 1918-ի հոկտեմբերին եղած է իր իսկ առաջարկով Քաջազնունիին ձեւաւորած համախմբական (քոալիսիոն) կառավարութեան կազմին մէջ` հանրային խնամատարութեան ու աշխատանքի նախարար:

Խաչատուր Կարճիկեանը 1918-ին զոհ կը դառնայ հայկական բանակի սպայ եւ Կարճիկեանի տարիներու մտերիմ Եգոր Տէր Մինասեանին գործած եղբայրասպան ծանր ոճիրին:

Յովհաննէս Հախվերդեան

Յովհաննէս Հախվերդեան (Իւան Ախվերդով). ականաւոր ռազմական գործիչ, ռուսական բանակի զօրավար-հազարապետ, հայկական բանակի զօրավար-տեղակալ: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին ռազմական նախարար: Անկուսակցական:

Յ. Հախվերդեանը ծնած է 29 յունիս 1873-ին, Ս. Փեթերսպուրկ: Ունեցած է երկու եղբայր, որոնք նոյնպէս զինուորականներ եղած են:

Կրթութիւնը ստացած է Ս. Փեթերսպուրկի առաջին զինուորական աշակերտական զօրաբանակի վարժարանին մէջ, զոր աւարտած է 1890-ին, իսկ 1 սեպտեմբերէն անցած է ծառայութեան: Ուսումը շարունակած է Պաւլովեան ռազմական ուսումնարանին մէջ, զոր աւարտած է 1892-ին` ճանչցուելով իբրեւ լաւագոյն ուսանողներէն մէկը, ստացած է պոդպորուչիկի կոչում` ծառայութեան տեղափոխուելով Սամարայի 147-րդ հետեւակային գունդ: 5 օգոստոս 1895-ին ստացած է պորուչիկի կոչում: 1899 թ. ընդունուած է Գլխաւոր սպայակոյտի Նիկոլայեւեան ակադեմիա, որ աւարտած է 1902-ին,  մինչ այդ 6 մայիս 1900-ին ստացած է զօրագլուխի կոչում:

Վերադառնալով ծառայութեան վայր` 1902-ին մասնակցած է փեթերսպուրկեան ռազմական շրջանի մէջ ռազմական հաւաքի: Նոյն թուականին կցուած է ծառայութեան Գլխաւոր սպայակոյտին 28 մայիսին ստանալով զօրագլուխի կոչում: 17 հոկտեմբեր 1902-17 փետրուար 1904 եղած է Սամարայի հետեւակային 147-րդ գունդի մէջ վաշտի հրամանատար: 17 փետրուարին տեղափոխուած է Գլխաւոր սպայակոյտ:

Ռուս-ճափոնական պատերազմի ժամանակ եղած է Յատուկ ծառայութիւններու աւագ սպայ` Ա. Սիպերիական ռազմական զօրաբանակի մէջ, մինչեւ 27 փետրուար 1906, այնուհետեւ յատուկ ծառայութիւններու սպայ` Սեմիրեչենսկի շրջանի սպայակոյտին մէջ, մինչեւ 27 յունիս 1909. մինչ այդ 2 ապրիլ 1906-ին ստացած է փոխգնդապետի կոչում: 1 յունիս 1909 թուականէն 27 սեպտեմբեր եղած է Վիպորկեան գունդի գումարտակի հրամանատար: 9 հոկտեմբեր 1909-23 յուլիս 1913 եղած է Թուրքիստանի ռազմական շրջանի աւագ օգնական, իսկ 18 ապրիլ 1910-ին կը ստանայ գնդապետի կոչում` «գերազանց ծառայութեան համար» հիմնաւորումով: 18 յուլիս 1914 նշանակուած է Սվեապորկի ամրոցի սպայակոյտի պետ:

1 մայիս 1915-11 մայիս 1916 հանդիսացած է Լվովի մէջ տեղակայուած 3-րդ ֆինլանտական հրաձգային գունդի հրամանատար, 22 հոկտեմբեր 1915-ին` 42 տարեկան հասակին ստացած է զօրավար-հազարապետի կոչում: Նոյն թուականի 11 մայիսէն 26 յուլիս` Տրապիզոնի 127-րդ հետեւակային բաժանումի սպայակոյտի պետ: 26 յուլիս 1916-էն մինչեւ 1917 փետրուար եղած է Կովկասեան Բ. հեծելազօրային զօրաբանակի սպայակոյտի պետ, որ տեղակայուած էր Պարսկաստանի մէջ:

1917-ի յունիսին` 5-րդ ֆինլանտական, ապա` 3-րդ հրաձգային բաժանումներու հրամանատար (հարաւ-արեւմտեան ռազմաճակատ): 1917-ի աւարտին լքած է ծառայութիւնը եւ տեղափոխուած` Կովկաս:

Հայաստանի անկախացումէն ետք, 15 յունիս 1918-ին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին զինուորական նախարար: Չըլլալով որեւէ կուսակցութեան անդամ` Հախվերդեանը կը ստանայ տարբեր քաղաքական ուժերու աջակցութիւնը:

1919-ին, Յովհաննէս Քաջազնունիի հրաժարականէն ետք, կը լքէ պաշտօնը` վարելով Գլխաւոր սպայակոյտի պետի պաշտօնը: 1919 նոյեմբերին բանակի ազգայնացման փորձերու ու հայերէնը իբրեւ բանակի միակ գործածուող լեզու սահմանելու փորձերուն պատճառով հրաժարական կու տայ` լքելով բանակը այլ ռուսալեզու սպաներու հետ միասին:

1920-ի մայիսեան ապստամբութենէ ետք, Համօ Օհանջանեանի կառավարութեան օրով եղած է ռազմական նախարարի տեղակալ:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Հախվերդեան 1500 հայ զինուորականներու հետ միասին կը ձերբակալուի պոլշեւիկներու կողմէ եւ հետիոտն կ՛աքսորուի մինչեւ Մոսկուայի մերձակայքը, ապա` Ռեազանի համակեդրոնացման ճամբար:

Հետագային արտագաղթած է, այնուհետեւ վերադարձած հայրենիք: Ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ: Այնուհետեւ աշխատած է Լենինկրատի (այժմ` Ս. Փեթերսպուրկ) մէջ` իբրեւ «Արմենթորկ»-ի հաշուապահ:

Յովհաննէս Հախվերդեանը 23 դեկտեմբեր 1930-ին ձերբակալուած է` «Վեսնա»-ի գործով: Դատապարտուած է Խորհրդային Միութեան Քրէական օրէնսգիրքի 58-րդ յօդուածի 11-րդ ենթակէտով` իբրեւ հակայեղափոխական գործունէութիւն ծաւալած անձ: Գնդակահարուած է 28 ապրիլ 1931-ին:

Յ. Հախվերդեանը 20 հոկտեմբեր 1989-ին յետմահու արդարացուած է:

Գէորգ Ղազարեան

Հայազգային ազատագրական շարժման գործիչ, քաղաքական-պետական գործիչ, ՀՅԴ-ի անդամ:

Գէորգ Ղազարեանը ծնած է Կարս: Ուսանած է ուսուցչութիւն: 1890-ին կը մասնակցի Կուկունեան արշաւախումբի կազմութեան:

Թիֆլիսի մէջ մաս կազմած է Ազգային Բիւրոյի:

Ուսուցիչ` Գէորգեան ճեմարանի, ուր կը դասաւանդէ թուաբանութիւն:

1919-ին կը մասնակցի ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին, Երեւան, կ՛ընտրուի Բիւրոյի անդամ:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն ետք, 1920 թ. Համօ Օհանջանեանի դահլիճին մէջ կը նշանակուի կրթութեան նախարար:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք կը հաստատուի Ռումանիա, Պուքրէշի մէջ կը մասնակցի ՀՅԴ խորհրդաժողովին:

Գէորգ Ղազարեանը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք համայնավարներու կողմէ կը ձերբակալուի ու կ՛աքսորուի Սիպերիա, ուր կը մահանայ:

Նիկոլայ Ղորղանեան

Նիկոլայ Ղորղանեան. հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան բանակի պաշտօնակատար զօրավար:

Ծնած է 1878-ին, Թիֆլիսի մէջ: Աւարտած է Միխայելովօ-Վորոնեժեան զինուորական դպրոցը, Նիկոլայեւեան հեծելազօրային ուսումնարանը, սպայական հեծելազօրային դպրոցը: Մասնակցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմին, արժանացած է գնդապետի կոչումին, եղած է Արխանկելոկրատեան հեծեալ գունդի հրամանատար: 1917-ին եկած է Հայաստան եւ ծառայութեան անցած` Հայկական զօրաբանակին մէջ:

Ն. Ղորղանեանը մասնակցած է Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին, 4 օր պահած է ռազմաճակատի կեդրոնական հատուածը: 9 օգոստոս 1918 թ. նշանակուած է Ապարանի հեծելազօրային միացեալ գունդի հրամանատար, 26 մարտ 1919-ին` ռազմական նախարարութեան յանձնարարութիւններու գծով զօրավարի պաշտօնակատար, 1920-ի սկիզբը` Վաղարշապատի կայազօրի պետ: 1918-1920 մասնակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան:

Ղորղանեանը 1921-ին, հաւատալով պոլշեւիկներու խոստումին, չէ հեռացած Հայաստանէն: Սակայն ձերբակալուած եւ զոհ գացած է կարմիր նենգութեան` 18 փետրուար 1921-ին, կացինահարուած ու սպաննուած է Երեւանի բանտին մէջ, պոլշեւիկներու հրամանով, թուրք մսագործի ձեռքով, թաղուած է Սունդուկեանի անուան թատրոնի զբօսայգիի եղբայրական գերեզմանատան մէջ:

(Շար. 11)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>