Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ես Ըրի, Դուք Չընէ՛ք…

$
0
0

ՄԱՏԼԵՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Իրարմէ հեռու ապրելով ու առօրեայ հեւքի հրամայականով` Ամերիկայի մէջ մարդիկ յաճախ զիրար չեն տեսներ, ու առիթով մը միայն, երբ իրարու հանդիպին, «ի՜նչ լաւ կ՛երեւիս» կամ «այս որքա՜ն փոխուած ես» փաղաքշական այս երկու խօսքերը անխուսափելիօրէն իրարու կ՛ըսեն:

Տգեղին ու գեղեցիկին, երիտասարդին ու տարեցին համար հաւասարապէ՛ս գաղտնի մնալու սահմաններէն այլեւս դուրս ելած ու երէկուան հաց պանիրին պէս անհրաժեշտութիւն դարձած գեղեցկագիտական գործողութիւննե՞րն են արդեօք այդ փոփոխութեան պատճառը, թէ՞ բժիշկներու թելադրանքով կամ կամովին, զանազան մարմնամարզութիւններէ ետք, պարզ քալելէ սկսեալ մինչեւ ծանրութիւններ վերցնելը, նիհարցած, պզտիկցած, երբեմն ալ ընդհակառակը` ուռած ու հսկայացած` անճանաչելի դարձած են մարդիկ, չեմ գիտեր. բայց վստահ գիտեմ, որ բոլոր այդ պատճառներէն անդին, պարզապէս հանգստեան կոչուած ըլլալու պարապութիւն մը մասամբ լեցնելու հաշուոյն էր, որ ես ալ օրուան տաքին ու պաղին, անձրեւին ու արեւին տակ վերջերս որոշեցի անպայմա՛ն քալել:

Տունէն ոչ այնքան հեռու, ժամադրութեան պայմանաւորուածի մը պէս, ամէն օր նոյն ժամուն շրջանի հանրային պարտէզն է, որ կ՛ուղղուիմ, հոն, ուր ֆութպոլի, պասքեթպոլի ու վալիպոլի ընդարձակ դաշտերու մէջ, քալելու համար յատուկ ճամբու մը վրայ, իրարու ետեւէ, մրջիւնի պէս, ներս մտնելու ու դուրս ելլելու ուղղութիւններով հաւասարապէ՛ս ամէն տարիքի, տեսակի ու գոյնի մարդիկ, ճերմակը` ճերմակ, իսկ սեւը` սեւ, շունի մը կամ մէկէ աւելի շուներու ընկերակցութեամբ, ուրիշ մը գաւազանով, երրորդ մըն ալ ծուռ կոնքով ու կքած կռնակով թոռնիկին ձեռքը բռնած, իսկ այս բոլորէն տարբեր, յատուկ ուշադրութիւն գրաւող «նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»-ի վճռակամութեամբ, ամէն մարդ ետեւ ձգած` այնքան արագ վազող երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, նոյնիսկ` մարզիկներ… այս բոլորին ի տես` պահ մը «այս ի՜նչ գեղեցիկ խճանկար է», կը մտածեմ, ու զայն ամբողջական դարձնելու համար ինքզինքս հոն տեղաւորելու ճիգիս մէջ կը ձախողիմ, բայց իրենց հետ գոնէ նմանութեան եզր մը փնտռելով` ինծի համար յստակ կը դառնայ, որ այս բոլորը, ինծի պէս անխտի՛ր, պտոյտի փոխարէն, միայն ու միայն քալելու համար հասած էին հոն, բայց` ինչպէ՞ս, որքա՞ն ատեն եւ դէպի ո՞ր կողմ, յստակ չէր:

Շարքը մրջիւնով մը աւելցուցած` ես ալ կարգի կ՛անցնիմ. պարտէզի մուտքին աչքառու կարմիր, կապոյտ ու կանաչ գոյներով խաղարանի մը քովէն անցնելով` ծնողներու ընկերակցող երեխաներու կը հանդիպիմ, որոնք գետին փռուած, աւազին հետ քիչ մը խաղալէ ետք, հողին մէջ ամրացած սահնակներէ վար կը սահին, օրօրոցներու մէջ կ՛օրօրուին, անոնց նայելով` վայրկեան մը կը մանկանամ, իրենց պէս վազել կը փորձեմ, բայց ամէն ինչ… իր ատենին, կ՛ըսեն…

Քրտնած ու կարմրած այտերով, վազվզելէ ու ցատկռտելէ այլեւս յոգնած` փոփոխութեան համար զանազան տեսակի իրենց խաղալիքներով ու «այ-փետներով» երբ սեղանի մը շուրջ հաւաքուեցան, իրենց մօտեցած` անմիջապէս կը փոխադրուիմ ծննդավայրս Հալէպ, կը մտնեմ անոր միակ հանրային պարտէզէն` «Մաշթալէն» ներս, հոն, ուր հեռուէն միայն սիրամարգ դիտելու համար կ՛երթայինք… ու երեսս միւս կողմ դարձուցած` իրենց ունեցած տեսակ-տեսակ խաղալիքներու առատութեան առջեւ, անոնց հետ խաղալու, անոնցմով զբաղելու ու անոնցմէ օգտուելու հնարաւորութիւններէն երէկուան ամբողջ սերունդ մը զրկուած` իրենց հաշուոյն կ՛ուրախանամ. ու աղջնակի մը ձեռքերուն մէջ միայն շունչ չունեցող պուպրիկը երկա՜ր, շա՜տ երկար դիտելով` յիշողութեանս ծալքերէն անմիջապէս դուրս կու գայ խաչաձեւ երկու փայտիկներու վրայ գունաւոր կտաւով բծախնդրօրէն փաթթուած` մօրս ինծի համար շինած առաջին պուպրիկը…

Մանկութի՜ւն` իր շքեղութեամբ ու պարզութեամբ, իր աղուորութեամբ ու անմեղութեամբ, չսպասուած օր մը անպայման գլուխը վեր բարձրացուցած` քեզ կ՛ուրախացնէ, քիչ մը կը յուզէ ու երբեմն ալ կը լացնէ…

Զիրար հակասող երկու հոգեվիճակներով` ուրախ ու տխուր, ճամբաս կը շարունակեմ, բաւական յառաջացած էի, երբ պասքեթպոլի դաշտէն դէպի իմ ուղղութեամբս օդին մէջ թռած գնդակ մը քովս հասաւ. վրիպա՞ծ էր, թէ՞ ոչ, չգիտցած, բայց երբ վերադարձնելու համար երկու ձեռքերուս մէջ առի զայն, անմիջապէս աչքերուս առջեւ պասքեթպոլի իր դաշտով պատկերացաւ Քարէն Եփփէ ճեմարանը, հոն, ուր կար ժամանակ, ի պահանջել հարկին, տնօրէնը` դաստիարակ, ուսուցիչը` իր ազատ ժամերը զոհելով մարզիչ, իսկ ես ալ պասքեթպոլ խաղցած էի… ո՞ր պարտականութեամբ, հիմա չեմ յիշեր, բայց շատ լաւ կը յիշեմ յատկանշական այն խաղը, երբ ձեռքիս գնդակը գործ մը վերջացնելու աճապարանքով անմիջապէս մօտս եղած հակառակորդին կողովին մէջ նետեցի… ըրած սխալիս չանդրադարձած, քաջալերանքի համար սովորութիւն դարձած ծափահարութիւններ ալ լսելու մեծ ակնկալութեամբ, երբ չորս կողմս նայեցայ, լայն-լայն բացուած աչքերու հետ քարացած դէմքերու հանդիպած` հասկցայ, որ ըրածս միայն ու միայն չկրկնուած ու չկրկնուելիք ձախաւերութիւն մըն էր…

Այսքանը վերյիշելով` հին օրերու ըրած սխալէս ծնունդ առած դէմքիս վրայ նոր ժպիտով մը կը շարունակեմ ճամբաս, որուն վրայ քալեցի նոյնի՛սկ այն օրը, երբ հոն հասած, աչքերս չորս կողմ դարձնելով ոչ ոքի հանդիպած` «մրջիւնները» ո՞ւր են, բան մը պատահած է իրենց… լաւատեսութեամբ մը վստահաբար ո՛չ կ՛ըսեմ ինքնիրենս: Օդերեւութաբանական միջոցներով նախատեսուած հաւանական անձրեւը կարծես բոլորին վախցուցած ու տուն պահած էր, բացի` ինձմէ, որ առանց բացառութեան, պարտաճանաչ աշակերտի մը պէս, ամէն օր քալելու անխախտ որոշումս զիս միայն պարտէզին դուռը հասցուց. տուն վերադառնալու գնով, եղած պատկերին առջեւ շուարած, ներս մտնելէ հրաժարեցայ, մինչեւ այն ատեն, որ առիթով մը հաւատացեալ մօրս` «Աղջի՛կս, երբ առանձին ես, Աստուած հետդ է, մի՛ վախնար» խօսքը ականջիս մէջ հնչելով` ինքնավստահ անմիջապէս ներս կը մտնեմ, ու այդ ամայութեան մէջ առանձին, անբացատրելի մթնոլորտի մը ներշնչած հանդարտութեան ու խաղաղութեան հետ, բնութեան դրախտային գեղեցկութիւն պարգեւող տեսակ-տեսակ ծառերու, ծաղիկներու ու բացուած ջուրերու քովէն անցնելով, կաթիլ-կաթիլ մաղուող անձրեւին տակ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ, չեմ գիտեր, աշակերտական գրասեղաններուն վրայ սորված բանաստեղծութիւններէս`

«Թողուցէ՛ք զիս ճամբորդութեանս մէջ մինակ,
Այնքան մինակ, որ զգամ տրոփը սրտիս,
Որ ընտրած նուագս է, նուագներուն մէջէն բիւր»

տողերը վերյիշելով` կամաց-կամաց շարունակեցի ճամբաս, ու ապրած այս աննախընթաց հոգեվիճակս, գոնէ անցորդի մը հետ բաժնելու ակնկալութեամբ, երբ աչքերս չորս կողմ դարձուցի, ո՛չ ոքի հանդիպած` ամէն ինչ մէջս տակն ու վրայ եղաւ, սարսափելու չափ վախ մը զգացի. նախընտրած սրտի նուագս վայրկենակա՛ն հարուածային աղմուկի վերածուեցաւ, ու անմիջապէս տուն վերադառնալու համար քայլերս արագացուցած` դէպի դուրս ելլելու ամենակարճ ճամբան փնտռեցի. մաղուող անձրեւը մէկ վայրկեանէն միւսը հեղեղի վերածուեցաւ… յիշողութեանս ծալքերը իրարու վրայ ամուր սեղմուած` նախորդ օրերուն պէս մէջս աղուոր ո՛չ մէկ յիշատակ արթնցուցին, ընդհակառակը, միայն ու միայն  նման առիթները օգտագործող պատեհապաշտներու, ստահակներու եւ, ինչո՞ւ չէ, նոյնիսկ Ամերիկայի մէջ սունկի պէս բուսնող ոճրագործներու հասցուցած բարոյական ու նիւթական վնասները աչքիս առջեւ պատկերացած` յոռի մտածումներովս ո՛չ ոք գիտցաւ ու պիտի գիտնայ տակաւին, թէ ուրտեղե՜ր հասայ…

Տեղատարափ անձրեւի տակ քալելով, վերէն վար ամբողջութեամբ թրջուած «մուկ դարձած», յաջորդ օր ալ հիւանդանալու մեծ հաւանականութեամբ, վերջապէս տուն մտայ այն քաջ համոզումով, որ հանգստեան կոչուած ըլլալու պարապութիւն մը մասամբ լեցնելու հաշուոյն բնութեան ուժին հետ խաղ չ՛ըլլար:

Ես ըրի,

Դուք չընէ՛ք:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>