Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Երբ ես լքեցի աշխատանքը, երեք տարի ոչ ոքի ձեռքը կը թօթուէի: Ես տեսայ, թէ ի՛նչ կ՛ընեն մարդիկ եւ ինչպէս անոնք զզուելի են, ես չէի ուզեր դպչիլ ոեւէ մէկուն, ես զզուած էի մարդկութենէն»:
Ռոզ Պոտընը կը խօսի այն ժամանակին մասին, երբ կ՛աշխատէր իբրեւ MySpace-ի բովանդակութեան կարգաւորող (moderator)` դիտելով ամէնէն վատը համացանցին մէջ:
Աշխատանքը, որ ան ըրած է, աւելի կարեւոր կը դառնայ, քանի որ ընկերային ցանցը տարածած է իր ազդեցութիւնը եւ գործածողին կողմէ ստեղծուած բովանդակութիւնը դարձած է համացանցին կարեւորագոյն մասը:
Դիմատետրը այժմ ունի շուրջ 7500 բովանդակութեան կարգաւորողներ, որոնք ամբողջ աշխարհի մէջ կ՛աշխատին օրական 24 ժամ, եւ անոնք կանոնաւոր կերպով կը դիտեն անպատշաճ բովանդակութիւն ցուցադրող պատկերներ եւ տեսանիւթեր. երեխայի բռնաբարութիւն, սեռային յարաբերութիւն, գլխատում, խոշտանգում, կիներու բռնաբարութիւն եւ սպանութիւն:
Այժմ այդ կարգաւորողներէն մէկը դատ բացած է ընկերային ցանցին դէմ` հազարաւոր ժամ տեւած թունաւոր եւ խանգարող բովանդակութիւն դիտելուն պատճառով կրած հոգեբանական վնասներուն համար:
Սելենա Սքոլա կը պնդէ, որ Դիմատետրը եւ «Փրօ անլիմիթըտ»-ը, որուն հետ ընկերային ցանցը պայմանագիր կնքած է, չկրցան պահպանել իր զգացմունքային անվտանգութիւնը: Սելենա կը պնդէ, որ այժմ ինք կը տառապի ընկճախտէ, հոգեկան ցնցումներէ` առցանց տեսածներուն պատճառով:
Դատավարութիւնը վստահաբար լոյս մը պիտի սփռէ խառնաշփոթ բովանդակութիւնը կարգաւորող աշխարհին վրայ եւ արծարծէ այն հարցերը, թէ արդեօ՞ք մարդիկ առաջին հերթին պէտք է այդպիսի աշխատանք կատարեն:
Համալսարանի դասախօս Սառա Ռոպըրց, որ վերջին ութ տարիներուն ընթացքին կ՛ուսումնասիրէ բովանդակութեան չափաւորականութիւնը, կը կարծէ, որ ընկերային ցանցերը կրնան քնաշրջութիւն կատարել մտային առողջութեան ճգնաժամին:
«Գոյութիւն չունին հանրային ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը հետեւին այս աշխատանքի երկարատեւ շեղումներուն: Մենք բազմաթիւ մարդոց կը նայինք, եւ ատիկա հետզհետէ աւելի կ՛աճի, եւ մենք միասին պէտք է շատ մտահոգուինք երկարատեւ արդիւնքներով», կ՛ըսէ ան եւ կ՛աւելցնէ.
«Չկայ երկարատեւ աջակցութեան ծրագիր, երբ այդ բովանդակութեան կարգաւորողները կը հեռանան: Պարզապէս կ՛ակնկալուի, որ անոնք վերադառնան եւ լուծուին հասարակութեան մէջ»:
Մայք Պոտընը նախապէս ելեւմտական ասպարէզին մէջն էր` 2005-2009 թուականներուն MySpace- ի մէջ աշխատելէ առաջ: Ան ուրախ էր վերադառնալով իր նախորդ դաշտը, երբ ընկերային ցանցի աշխատանքը իրեն համար անյաղթահարելի ըլլալու աստիճան չափազանց մեծցաւ:
«Ես հիմա միայն թիւերու կը նայիմ», ըսաւ ան անցեալ տարի:
Սակայն զայն յաճախ կը զարմացնէ, ընկերային ցանցի առաջին օրերուն իր պատրաստած, վարժեցուցած խումբին ներկայի վիճակը: «Ի՞նչ պատահեցաւ այն բոլոր մարդոց, որոնք կը նայէին կէս գիշերներուն պայթող գլուխներուն: Կարեւոր է գիտնալ»:
Երբ ան սկսաւ աշխատանքի, MySpace-ի մէջ ուղեցոյց կար, թէ ինչպէ՛ս ընել աշխատանքը:
«Մենք ստիպուած էինք հետեւիլ կանոններուն: Դիտել պոռնկագրական նիւթեր, թէ` արդեօ՞ք փոքր լողազգեստ կրելը մերկութիւն է: Հարցնել, թէ որքա՛ն սեռային նիւթերը, նկարները, չափազանց շատ են MySpace- ի համար: Մենք պէ՞տք է արտօնենք, որ անձ մը այլոց գլուխները կտրէ տեսագրութեան մը մէջ: Ո՛չ, բայց եթէ շարժուն գծանկա՞ր է… Թոմ եւ Ճերիին համար ատիկա արտօնուա՞ծ է: Այս ձեւով` ընթացքին մէջ օրէնքներ մշակելով»:
Զգացական աջակցութեան ոչ մէկ միջոց կար, հակառակ անոր որ իր խումբին ըսած էր. «Կարելի է լքել աշխատանքը, կարելի է պոռալ, լալ: Պարզապէս իմ սենեակիս մէջ մի՛ նետէք»:
Եւ երբ հասաւ բովանդակութեան նայելու ժամանակը, ան հետեւեալ խորհուրդը տուաւ. «Աղօտէ աչքերդ, եւ դուն չես տեսներ ատիկա»:
Հոգեբանական օգնութիւն
Անցեալ տարի պլոկի մէջ Դիմատետրը բնութագրեց իր բովանդակութեան կարգաւորողները` իբրեւ «անծանօթ հերոսներ, որոնք Դիմատետրը մեր մնացեալ բոլորէն կը պահպանեն»:
Թէեւ խոստովանեցաւ, որ աշխատանքը «ոչ բոլորին համար է», եւ թէ` միայն կը «վարձէ» մարդիկ, որոնք կրնան լուծել դերակատարութեան անխուսափելի մարտահրաւէրները:
Հակառակ այն խոստումին, որ կը խնամէ զանոնք, բայց ծանր աշխատանք կու տայ նոյնիսկ այն մարդոց, որոնք կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու իր կեդրոնատեղիներուն մէջ:
Փրոֆ. Ռոպըրց կը կարծէ, որ ատիկա ինքզինք յանցանքէն հեռացնելու միջոց մըն է:
«Այս աշխատանքը յաճախ կ՛ուղղուի արհեստագիտական ասպարէզ: Ատիկա ծախսերու խնայողութիւն կ՛ըլլայ, բայց ատիկա նոյնպէս անոնց թոյլ կու տայ կազմակերպչական հեռաւորութեան մակարդակ մը, երբ կ՛ըլլան ասոր նման անխուսափելի դէպքեր», ըսաւ ան:

Երբ աւելի շատ մարդիկ առցանց բովանդակութինը կ՛օգտագործեն, ատիկա կը դանդաղեցնէ աշխատանքը, որ կը դառնայ աւելի կարեւոր
Դիմատետրը կը փորձէ կայունութիւն պահպանել նախապատրաստական աշխատանքով` վարժեցնելով իր բոլոր կարգաւորողները, բացատրելու համար, թէ ի՛նչ կը սպասուի այդ աշխատանքին մէջ:
Նոյնպէս կ՛աշխատին չորս հոգեբաններ, եւ բովանդակութեան բոլոր հետեւողները, հսկողները կրնան օգտուիլ հոգեկան առողջութեան միջոցներէն:
Փիթըր Ֆրիտմանը կը ղեկավարէ «Լայվ ուորլտ»-ը` ընկերութիւն մը, որ վերջին 20 տարիներու ընթացքին տրամադրած է բովանդակութեան կարգաւորողներ «ԱՕԼ», «իՊէյ», եւ «Էփըլ» ընկերութիւններուն:
Ան ըսաւ, որ աշխատակիցները շատ հազուադէպօրէն կը դիմեն հոգեբանին, երբ կ՛առաջարկուի անոնց:
Փրոֆ. Ռոպըրց զարմացած չէ. «Ատիկա աշխատանքի նախադրեալն է, որ կրնան ընել, եւ անոնք չեն ուզեր, որ գործատուն գիտնայ, որ իրենք չեն կրնար: Աշխատողները կը կարծեն, որ կրնան ծաղրուիլ, յանդիմանուիլ, եթէ օգտուին այդ ծառայութիւններէն»:
«Լայվ ուորլտ» այժմ աւելի քան մէկ միլիոն ժամուան կարգաւորում (moderation) ըրած է, եւ Ֆրիտմանը խորհուրդներ ունի, թէ ինչպէ՛ս ատիկա պէտք է ընել:
– Կարգաւորողին շուրջը մշակութային բնօրինակը շատ կարեւոր է: Դուք պէտք է այնպէս ընէք, որ անոնք զգան ուժեղ եւ լիազօրուած: Երեխաներու չարաշահման մասին դիտող պատկերները կրնան կոտրել ամբողջ ընկերութեան մշակոյթը:
– Անխափան, հանդարտ միջավայրը, այլ ոչ թէ հեռաձայնային զանգերու կեդրոն ըլլալը կարեւոր է տնօրինման աջակցութենէն: Գիտնալով, որ մենք 7 օր, 24 ժամ օրական ներկայ ենք, կարգաւորողները աւելի լաւ կրնան գործ ունենալ այն նիւթերուն հետ, զորս անոնք կը տեսնեն:
– Հերթափոխութիւններ պէտք է համեմատաբար կարճ ըլլան` 30 վայրկեանէն 3,5 ժամ, անոնց համար, որոնք կը հետեւին ամէնէն անպատշաճ, զզուելի բովանդակութեան: Ատիկա կրնայ չհամապատասխանել կրօնական կամ պահպանողական անձերու, որոնք աւելի ծանր ժամանակ պիտի անցընեն` այդպիսի նիւթի հետ զբաղելով:
– Փոխարէնը` իտէալական թեկնածուն այն մարդն է, որ արդէն իսկ ներգրաւուած է ընկերային լրատու միջոցներու մէջ, «այնպէս որ, անոնք կը գիտակցին, որ կայ լաւը եւ վատը», նոյնպէս` այն մարդը, որ կրնայ «բարձրացնել ձեռքը եւ ըսել, որ ես մէկ օր, մէկ շաբաթ, ամիս մը դադար կ՛ուզեմ»:
Անհրաժեշտ է զգացմունքային հասունութիւն: Քոլեճի ուսանողը քիչ հաւանական է, որ լաւ ըլլայ, քան` մայր մը:
Դիմատետրը կ՛ընդունի, որ բովանդակութեան հսկողութիւնը այն ծաւալով, որ այժմ «անաւարտ տարածք է»:
«Մենք ընթանալու ատեն ատիկա պէտք է որոշ չափով հասկնանք», ըսուած է իր պլոկի արձանագրութեան մէջ:
Դիմատետրի Բովանդակութիւնը Կարգաւորող.
Ես Պէտք Է Պատրաստ Ըլլայի Որեւէ Բան Տեսնելու
«Ատիկա հիմնականին մէջ պոռնկագրութիւն է», կ՛ըսէ Սառա Քաց` յիշելով իր ութամսեայ աշխատանքը` իբրեւ Դիմատետրի բովանդակութիւնը կարգաւորող:
«Գործակալութիւնը կը տեսնէր, թէ ի՛նչ տեսակի բովանդակութիւն պիտի տեսնենք ապագային. այնպէս որ, մենք մութին մէջ չենք մնացած», ըսաւ ան:
2016 թուականին Սառան եղած է Քալիֆորնիա նահանգին մէջ երրորդ կողմի մը քով աշխատող հարիւրաւոր կարգաւորողներէն մէկը:
Անոր աշխատանքը եղած է աչքէ անցընել անպատշաճ բովանդակութիւններու մասին բողոքները, որոնք նշուած են Դիմատետրի օգտատէրերուն կողմէ:
«Իւրաքանչիւրին մէկ վայրկեան յատկացուցինք` որոշելու, թէ ատիկա անպատշա՞ճ էր, եւ թէ` բովանդակութիւնը պէ՞տք է հեռացնել», ըսաւ ան:
«Երբեմն մենք կ՛ուզենք նոյնպէս հեռացնել էջը, հաշիւը: Տնօրէնութիւնը կ՛ուզէր, որ մենք օրական ութ ժամէն աւելի չաշխատինք, եւ մենք աչքէ պիտի անցընէինք օրական շուրջ 8000 հաղորդագիր` մօտաւորապէս 1000 ժամուան մէջ: Աշխատանքի ընթացքին բաւական բան կը սորվիք, մասնաւորաբար` օրուան մը ընթացքին: Եթէ ես բառով մը նկարագրէի աշխատանքը, ատիկա կ՛ըլլար` «անխոնջ»:
Ապօրինի պատկերներ
«Անշուշտ պէտք է պատրաստ ըլլաք որեւէ բան տեսնելու` կոճակի միայն մէկ սեղմումով: Ինծի առաջին հանդիպած բովանդակութեան մէկ հատուածը մանկական պոռնկագրութեան կտոր մըն էր: Երկու երեխայ, տղան թերեւս 12 տարեկան էր, իսկ աղջիկը` 9-ը: Անոնք կանգնած էին դէմ դիմաց, մերկ: Լուսանկարողը կարծես կ՛ըսէր, թէ ի՛նչ ընեն: Ատիկա ուղղակի զզուելի, գարշելի էր, որովհետեւ կրնաս ըսել, որ իսկական է»:
Վերբեռնուող արձանագրութիւնները
«Այս ակներեւ արձանագրութիւններուն մեծ մասը կը տարածուի, մենք յաճախ կը տեսնենք, որ ատոնք օրուան մը ընթացքին կը վերբեռնեն վեց տարբեր անձեր, ուրեմն բաւական դժուար է գտնել սկզբնական աղբիւրը: Այդ ժամանակ խորհրդատուական ծառայութիւններու ձեւ չկար, այսօր կրնա՞յ ըլլալ, ես վստահ չեմ»:
Սառան կ՛ըսէ, որ հաւանաբար խորհուրդ կու տայի, եթէ առաջարկուէր:
«Անոնք որոշապէս ձեզ կը զգուշացնեն, բայց զգուշացումն ու ատիկա տեսնելը տարբեր է: Որոշ մարդիկ կը մտածեն, որ կրնան կարգաւորել, բայց այնպէս կը պատահի, որ չեն կրնար, կամ իրականութեան մէջ աւելի վատ է, քան անոնք կ՛ակնկալէին»:
Գծագրական վայրագութիւն
«Ժամանակի ընթացքին դուք որոշ չափով անզգայ կը դառնաք: Ես չէի ըսեր, որ աւելի դիւրին կ՛ըլլայ, բայց անպայման կը վարժուիք: Ակներեւ է, որ չափահասներու համար կան մեծ թիւով ընդհանուր պոռնկագրական նիւթեր, որոնք այնքան ալ գարշելի չեն: Կան անասուններու հետ սեռային յարաբերութիւններու տարածուող նկարներ, որոնք գարշելի են: Գոյութիւն ունին գծագրական բազմաթիւ վայրագութիւններ: Պոռնկագրութիւնները հեռացնելու քաղաքականութիւնը գծագրական վայրագութիւնները հեռացնելէն աւելի խիստ է»:
Կեղծ լուրեր
«Երբ Դիմատետրի ընկերութեան մէջ կ՛աշխատէի, բնաւ չեմ յիշեր, որ «կեղծ լուրեր» եզրը լսած եմ: Կը տեսնէինք բազմաթիւ լրատուական յօդուածներ, որոնք կը տեղեկացուէին օգտատէրերուն կողմէ, բայց երբեք չեմ յիշեր, որ տնօրէնութիւնը մեզմէ կը պահանջէր փնտռել յօդուածները` ստուգելու համար, թէ բոլոր տեղեկութիւնները ճի՞շդ են»:
«Պի.Պի.Սի.» հրապարակած է Սառային պատմութիւնը` Դիմատետրի հետ
Արձագանգելով Սառայի պատմութեան` Դիմատետրի ներկայացուցիչը ըսած է. «Մեր վերանայողները կարեւոր դեր կը խաղան Դիմատետրը ապահով եւ բաց միջավայր մը դարձնելու համար: Ասիկա կրնայ շատ դժուար աշխատանք ըլլալ, եւ մենք կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, որ իրենք ճիշդ ձեւով աջակցութիւնը կը ստանան: Ահա թէ ինչո՛ւ մենք կը պատրաստենք հերթական վերապատրաստում, խորհրդատուութիւն եւ հոգեբանական աջակցութիւն` մեր բոլոր աշխատակիցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք մեզի հետ կ՛աշխատին մեր գործընկերներուն միջոցով: Թէեւ մենք կ՛օգտագործենք արհեստական բանականութիւն այնտեղ, ուր կրնանք, սակայն այժմ կան աւելի քան 7000 մարդիկ, որոնք կը քննեն Դիմատետրի բովանդակութիւնը, եւ անոնց բարեկեցութիւնը մեզի համար իսկական առաջնահերթութիւն մըն է»: