Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Յակոբ Գալընճեան Ժամանակի Ընկալումը

$
0
0

ՈՒԱՏՏԱՀ ՖԱՐԻՍ

Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող այս ցուցադրութեան համար ընտրուած ժամանակը կրնայ հակասական թուիլ, որովհետեւ քաղաքի բնակիչները կ՛ապրին առօրեայ ճնշիչ զբաղուածութիւններու ներքոյ. բան մը, որ յստակօրէն կ՛երեւի լուրերու խորագիրներուն եւ գրգռիչ խմբագրականներու մէջ` գերիշխելով մամուլին վրայ: Կառավարական յուսահատ  տագնապ, քաղաքական բեւեռայնացում, երկար ժամանակով թաղուած ապրուստի հարցեր (ջուր, ելեկտրականութիւն) եկած են աւելնալու ազգային պարտքի հարցին ու աղբի կուտակումներուն (նշած ըլլալու համար մղձաւանջային հարցերէն քանի մը հատը միայն) հարցեր, որոնք երկրին տժգոյն ապագան ու տնտեսական հեռանկարներու մասին գաղափար մը կու տան:

Սակայն այս քաղաքը, ծանրաբեռնուած տեղայնական յատուկ հարցերով, այլապէս բեռնաւորուած է ստեղծագործ մարդու չսպասուած իրագործումներով, որոնք միշտ ալ զինք բնորոշած են որպէս յանդուգն եւ հրաշագործ միջերկրականեան փիւնիկը… Այս ցուցադրութիւնը, ուղղակիօրէն` այս ժամանակահատուածին մէջ, պարզապէս կենսունակութեան օրինակ մըն է այս անքննելի վարմունքին, որ այս քաղաքին տուած է իր իւրայատուկ մշակութային երանգը…

Յակոբ Գալընճեանի լուսանկարչական ցուցահանդէսը` «Ռոշան» ցուցասրահին մէջ, կու գայ տեղի ունենալ այնպիսի պահու մը, երբ լուսանկարչութիւնը հասած է այնպիսի գագաթի մը, որ կարեւոր նուաճում մըն է մարդկային կեանքին զարգացման մէջ… Թուելու համար յիշենք բժշկութեան, գիտական հետազօտութեան, տեղեկատուութեան, հաղորդակցութեան, տիեզերային գիտական արշաւներու մէջ, նոյնիսկ` տարրերուն հիւլէական հետազօտութեանց աւելի բարդ երեւոյթներուն մէջ: Այս բոլորը մատչելի են բոլոր տարիքներու, բոլոր մակարդակներու եւ եկամուտներու տէր անձերու` համացանցի եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներու ճամբով: Այսօր հազիւ թէ կարելի է գտնել հեռախօսի գործիք մը, որ հնարաւորութիւնը չունենայ միլիոնաւոր մարդոց միջեւ կապի, ներառեալ` լուսանկարչական բոլոր յարմարութիւններու: Այդ բոլորը պատահեցան միայն անցած դարուն:

Սկզբնական, տեսողական ընկալումը պէտք ունեցաւ ամբողջ սերունդներու եւ երկար դարերու մշակումին ու անդրադարձին` առնչուած պատկերին ֆիզիքական բնոյթին, իբրեւ երեւոյթ` փիլիսոփաներու, մաթեմաթիկոսներու եւ աստղագէտներու գործին մէջ: Այս մէկը դէպի ետ, մինչեւ արձանագրուած առաջին նկարագրութիւնը կ՛երթայ` հասնելով չին Մոզիի գրութիւններուն: Ան Հան ժամանակաշրջանի չին փիլիսոփայ մըն էր, որ կը հասնի Ալ Քինտիի աւելի մշակուած կառոյցի տեսութիւններուն, Ք.Ե. 9-րդ դար,  եւ կը հետեւի 11-րդ դարու Իպն  Հայթամի «Լուսագիտութեան գիրք»-ը հատորին ու 15-րդ դարուն, երբ Լէոնարտօ տա Վինչիի աւելի քան 240 գծագրութիւնները հրատարակուած էին իր տետրերուն մէջ` այս նիւթով եւ քամերա օպսքիւրի բնոյթին մասին, որ նախատիպարն է ներկայի լուսանկարչական մեքենային… Իսկ 20-րդ դարու վերջին տարիներուն այս տեսութիւններն ու անոնց իրագործումները Նոր աշխարհի գիտութեան ու յղացքային  արժէքներուն մէջ ներառուեցան…

Այն ցուցահանդէսը, որուն վկաներն ենք այսօր, արդի, արտասովոր արկածախնդրութիւն մըն է լուսանկարչական արուեստի մէջ: Ան կոչուած է բանաստեղծական լիցքաւորում տալու առարկային` նոյն լուսանկարներուն քանի մը հատը նկարելով ժամանակի ընթացքին հետ (2, 3-8 նկար նոյն «ժխտական փորձապակի»-ին վրայ) եւ զայն վերածելով արուեստի վերջնական գործի մը` ձեռքով տպելու գործընթացին ընդմէջէն, որը լաւագոյն ձեւով վեհագոյն որակը կու տայ հեղինակին ներքին բանաստեղծական նպատակին` իւրաքանչիւր պատկերի համար: Պարզապէս յենելով  լուսանկարչական զուտ, սկզբնական նախատարրերուն, նոր դարու թուային միջամտութիւններուն տուած դիւրութիւններէն շատ առաջ իսկ, եւ յենելով մասնագիտական արժէքներու վրայ, որոնք որակաւորուած են  հեղինակին սկիզբի աշկերտական տարիներուն` Վարուժանի վարպետ վարժողական նիստերուն ընթացքին: Վարուժանը, որ այդ արուեստին վերջին վարպետն էր Պէյրութի մէջ:

Ձեռային, արծաթագոյն եւ դոնդողային տպագրութեան գործընթացը, որ կը գործածուի անդրադառնալու համար նուրբ վերջնական տպուածին եւ կ՛իրագործուի արուեստագէտին կողմէ  իր աշխատանոցին մէջ, զանոնք վստահաբար կը տեղաւորեն արժանաւոր, իւրայատուկ արուեստի գործերուն մէջ, որ գնահատանք է ե՛ւ արուեստագէտին, ե՛ւ ցուցասրահին, որոնք առիթ տուած են Պէյրութի հանրութեան, որ թարմացնող դադար մը առնեն իրենց մղձաւանջներէն…

Սեպտեմբեր 2018

——————————–

 Ծն. 24 սեպտեմբեր 1967

Իր մասնագիտական վարպետութիւնը արուեստի  մակարդակի բարձրացուցած այն հազուագիւտ լուսանկարիչներէն է Յակոբ Գալընճեանը, որուն առաջին անհատական ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ 22 հոկտեմբերի երեկոյեան, Պէյրութի «Ռոշան» ցուցասրահին մէջ:

Նկարիչի յատուկ աչքով ծնած Յակոբ Գալընճեանը լուսանկարչական արհեստը սորված է վարպետ լուսանկարիչ Վարուժանի մօտ:

Բծախնդիր, յետին մանրամասնութիւններու նկատմամբ եւ սուր տեսողութեամբ, ան մշակած է լուսանկարչական զանազան թեքնիքներ`  միանգամայն դրոշմելով իր անձնական նորարար ու ստեղծագործ հպումը:

Մէկ ցուցասրահէն միւսը եւ մէկ թանգարանի ցուցադրութենէն միւսը  անցնելով` անոր լուսանկարչական մեքենան իրարու կը մօտեցնէ արուեստասէրները, որոնք իր գործերուն մէջ կը բացայայտեն հեղինակային եւ ուրոյն աշխարհ մը:

Այս արժանաւոր արուեստագէտ լուսանկարիչի ստեղծագործական կեանքին մասին ընդհանուր գաղափար մը տալու համար ստորեւ թարգմանաբար կու տանք երկու ակնարկ` քաղելով զանոնք յիշեալ ցուցահանդէսին առիթով հրատարակուած պատկերագիրքէն:

——————————–

***

ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՏՏԱՏ
Արուեստի քննադատ

Յակոբի գործերուն եթէ նայիս, առաջին բանը, որ ուշադրութիւնդ կը գրաւէ, անոր խտացեալ ակնարկն է: Այն լի է կիրքով ու եռանդով, կարօտով ու ներշնչումով: Այս բոլոր տարրերը հրաշալիօրէն ի մի կու գան եւ կը նկարեն բազմակողմանի, հիանալի երեսները վաղանցիկ կեանքին, որուն համերգները, եւ` գոյները, ո՛չ կը լսուին, ո՛չ ալ կը տեսնուին: Արուեստագէտին լուսանկարչական կախարդանքը կը կայանայ սեւեռուն տենչով հետեւելու մէջ այն բացառիկ փոփոխութեան երեւոյթին, որ առկայ է բնութեան մէջ` իր մտերմիկ բնական տեսարաններով: Ուստի, անոր ոսպնեակը կը սահի ծաղիկներու դիւթիչ գեղեցկութեան մէջ, կը քալէ մշուշապատ ծովափներէն, որոնք կը տարածուին մինչեւ աղօտ հորիզոնները, ապա կը բարձրանայ դէպի միգապատ երկինքները:

Այս գործընթացին մէջ արուեստագէտը կը դիտէ կեանքի համակարգի մեքենան, ուր ժամանակի անցքը արխիւային մանրամասնութեամբ պահուած է, որպէսզի կեանքի բացուող խորհուրդը դրսեւորէ: Հիասքանչ ակնարկ մը` դէպի թրթռուն ուժը եւ կեանքի կենսունակութիւնը, ճերմակի բաբախուն երանգներուն մէջ խայտալով: Ապա սեւի ու սպիտակի խռովալի երանգներուն մէջ յանկարծ կ՛անհետանայ, թոշնած տերեւներու մոխրագոյնին մէջ, յուշելով կեանքի անհետացումը: Սակայն, նոյնիսկ երբ մահը անխուսափելիօրէն հոն է, արուեստագէտին լուսանկարչատուփը կեանքի բաբախունը կը զգայ նոյնիսկ չոր տերեւներուն տակ: Ան կը զգայ, որ կեանքը կը վերակենդանանայ` յոյսի լոյս մը փայլեցնելով տխուր տեսարանին մէջ:

Իրականութեան մէջ գեղեցիկ ու լայնածիր յոյսը առկայ է: Անոր երանգները կը ցցուին որպէս եռակողմանի լոյս, որ ցնծութեամբ կը պոռթկայ մութ սենեակէ մը: Աւելի՛ն. Յակոբին նպատակը կեանքի ընթացքը անմահացնել է` դոնդողային, արծաթեայ գործընթացի մը ընդմէջէն: Ասիկա լուսանկարչութեան գեղարուեստն է, որ կը վեհացնէ ոչ միայն միջոցը, այլ նաեւ` նիւթը: Այսպէս, արուեստագէտն ու իր հնարքները կը միաձուլուին որպէս մէկ ամբողջութիւն` մաս կազմելու համար այս լուսանկարչական պատումին: Նման` Փրուսթի, որ իր լուսանկարչական մեքենան կը հասցնէ «կորսուած ժամանակի մը փնտռտուքի» շարքի մը: Անոր սեւեռուն պրպտումը` ժամանակաշրջանի մը, որ իր յիշողութիւնը կը հալածէ: Տարբերութիւնը այն է, որ Յակոբի պարագային, հարցը նաեւ «կորսուած գոյութեան մը փնտռտուք»-ն է: Լուսանկարիչին ամենակարող աչքը կը քննէ ժամանակի խորհրդաւոր անցքը, մինչ այն կեանքը կը փչէ բնութեան մէջ, զոր բծախնդրօրէն կը քննէ: Ան ժամանակի պարը կը բռնէ` անոր փոփոխութիւններն ու նուրբ յարաբերութիւնը միջավայրի մը հետ, որ նոյնիսկ մահէն անդին կը թրթռայ: Եւ ան թոյլ կու տայ, որ քու զգայարանքներդ եւս թրթռան, մինչ դուն կը դառնաս այս պարին մէկ մասնակիցը: Ինչ որ աւելի ուշագրաւ է, այն է, որ ան դուրս կու գայ որպէս «ժամանակի հայելին»:

Որոշակի առումով մը, անոր մօտեցումը կը վերասրբացնէ մարդուն ու անոր բնավայրին փոխյարաբերութիւնը: Այն նոյն բնավայրը, որ հետզհետէ կը դառնայ անկենդան ու անհոգի: Ասիկա մօտեցում մըն է, որ այնքան նրբօրէն կատարելագործուած է, որ արուեստն ու միջոցը կը միախառնուին: Այն ատեն է, որ կը նկատես, թէ ինչպէս է որ այս լուսանկարներուն մէջ, ժամանակը ինքնին լուսանկարչական մեքենան է, որ կը նկարէ այն, ինչ որ խուսափած է քեզմէ. կեանքի բնական թաւալքը, որ ոտքերուդ տակ կը պտտուի: Հոս, մեքենան եւ ոսպնեակը կ՛անհետանան միջոցէն: Ժամանակը ի՛նք կը դառնայ վկան ու ստեղծողը լուսանկարչական արուեստին` իր յամրընթաց փոփոխութեան ընդմէջէն: Այս լուսանկարները կու գան Յակոբին անհաւատալի տաղանդը բաժնեկցելու, արժեւորելու եւ գնահատելու…

Պէյրութ, 9 սեպտ. 2018

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>