ԱՆԻ ՆԱԶԱՐԵԱՆ
Վերջին տարիներուն Հայաստան ժամանող զբօսաշրջիկներու թիւի աճին վերաբերեալ վիճակագրական ցուցանիշները տեսանելի են Երեւանի փողոցներուն մէջ, ուր կարելի է հանդիպիլ տարբեր երկիրներէ մեր երկիրը տեսնելու եկած օտարներ:
«Արմէնփրես»-ը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ եւ անոր յարակից փողոցներուն մէջ զրուցած է անցորդ-զբօսաշրջիկներու հետ եւ փորձած է հասկնալ, թէ ի՛նչ տպաւորութիւն ունին Հայաստանէն:
17-ամեայ Ռիշան եւ Վիքթորիան շատ սիրած են Հայաստանը, մասնաւորապէս` մարդիկը եւ պտուղները: «Մենք արդէն հոս ենք 7 օրէ ի վեր եւ կրցած ենք տեսնել շարք մը յիշարժան վայրեր ու հնագոյն եկեղեցիներ: Մարդիկ շատ ընկերային են, պտուղներն ալ` շատ համեղ», կը նշեն անոնք: Կ՛ըսեն, որ դարձեալ պիտի գան Հայաստան, անիկա իտէալական վայր է արձակուդի համար: «Մայրս խօսած է իր ընկերներուն հետ, եւ կը մտածենք յաջորդ տարի արձակուրդներուն անգամ մը եւս գալ Հայաստան»: Ըստ Վիքթորիային, շատերը պէտք է գիտնան Հայաստանի մասին, որուն համար կարեւոր է զբօսաշրջութիւնը զարգացնել:
Վլատիմիրը, որ եկած է Քրասնոտարէն, շատ սիրած է Երեւանը, քանի որ օդը մաքուր է` համեմատած Ռուսիոյ քաղաքներուն: «Անմիջական ու սիրալիր են հայերը, բայց կ՛ըլլան նիւթական դժուարութիւններ, Սեւանի մէջ ճաշարան մը նստած էինք ու չսիրեցինք, երբ մեզ խաբեցին», կը նշէ ան: Հնգօրեայ հանգիստի ընթացքին այլ խնդիրներու չեմ հանդիպած: «Շրջած ենք Երեւանի մէջ, այցելած Սեւան, Գառնիի տաճար եւ մեզ շատ տպաւորած է ճարտարապետութիւնը»: Թէ` գիտե՞ն հայերէն բառեր, Վլատիմիրը պատասխանած է ոչ. «Շատ մը հայեր ռուսերէն կը խօսին, անկեղծօրէն` չեմ գիտեր հայերէն բառեր: Աւելի շատ կը հաղորդակցինք ռուսերէնով, երբեմն ալ` անգլերէնով»:
Հոլանտայէն ժամանած Վիլնը կ՛ըսէ, որ եղած է Հայաստանի բոլոր անկիւնները` աջէն ձախ, «Հայաստանը գեղեցիկ երկիր է, յատկապէս շատ կը սիրեմ շէնքերը, եկեղեցիներն ու բնութիւնը: Ասիկա առաջին այցելութիւնս է, եթէ կարելիութիւնը ունենամ, դարձեալ կը վերադառնամ»: Հայկական սնունդը սիրած է, սակայն, դժբախտաբար, ստամոքսի հետ կապուած խնդիրներ ունի, ինչ որ շատ մը բաներու արգելք կը հանդիսանայ: «Հայերէն բառեր գիտէ՞ք» հարցումին կը պատասխանէ, «Ո՛չ, մենք ունինք առաջնորդ, որուն հետ կը հաղորդակցինք անգլերէնով, հայերէն բառեր սորվելու պէտք չեղաւ», կը նշէ ան:
Սինկափուրցի Թայանը մեզի հետ զրոյցի պահուն կը շտապէր տեսնելու Սեւանայ լիճը: Ըստ անոր,Հայաստան ժամանած է Ղազախստան, Ուզպեքստան, Թուրքմենստան եւ Իրան այցելութիւններէն ետք, մեր երկրի մասին անոր պատմած են Թեհրանի մէջ: «Հրաշալի երկիր է, շատ ընկերային: Շատ հաճելի է, որ Իրանի սահմանէն Երեւան 8 ժամ կը տեւէ»: Միւսներուն նման` ան ալ հայերէն չի գիտեր, քանի որ հոս կրնայ օգտագործել անգլերէնն ու ռուսերէնը:
Պելճիքայէն ժամանած Ուիլիըմն ու Նիքիան շատոնց կը ծրագրէին գալ Հարաւային Կովկաս: «Հայաստանն ու Վրաստանը երկար ժամանակ իմ այցելութիւններուս ցանկին մէջ էին: Բացի անկէ` ունիմ գործընկերներ Հայաստանէն: Որոշեցի գալ ու տեսնել Երեւանն ու լաւ մարդիկը», կ՛ըսէ Ուիլիըմ: Ըստ իրեն, կը պատրաստուին պտոյտ մը կատարել դէպի Հայաստանի բոլոր տեսարժան վայրերը: Գիտէ հայերէնով «բարի լոյս» եւ «շնորհակալութիւն» ըսել:
Ըստ ներգնայ պտոյտներ կազմակերպողներուն, Հայաստանի աւանդաբար յաճախ այցելուող վայրերու ցանկին մէջ էական փոփոխութիւններ չեն արձանագրուած: Արտասահմանցի, նաեւ հայ զբօսաշրջիկները ամէնէն շատ կը նախընտրեն` Գառնին, Գեղարդը, Սեւանը, Տաթեւը, Խոր Վիրապն ու Նորավանքը: Կ՛այցելեն նաեւ` Ծաղկաձոր, Դիլիջան, Պարզ լիճ, Հաղարծին, Էջմիածին, Հաղբատ, Սանահին, Օձունի եւ Ախթալայի վանքեր:
Արկածախնդրութեան սիրահարները կ՛այցելեն Ենոքաւան` զիփլայնով թռչելու, Խնձորեսկ, Լաստիվեր, Շաքիի ջրվէժ, Թռչուններու քարանձաւ եւ Արենի: Գիւղական կեանքի սիրահարները կը մասնակցին լաւաշի թխման գործընթացին: Յաճախ այցելուող վայրերէն է նաեւ Բիւրականի աստղադիտարանը, Երեւանի մէջ ալ` Լեւոն վարդապետի քարանձաւ-թանգարանը:
Վիճակագրութիւն
2018-ի յունուար-յունիսին Հայաստան ժամանած է 685 հազար 971 զբօսաշրջիկ, ինչ որ աւելի քան 10 առ հարիւրով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը: 2017-ի յունուար-դեկտեմբերին Հայաստան ժամանած է 1 միլիոն 494 հազար 779 զբօսաշրջիկ, 2016-ի համեմատ աճը 18,7 առ հարիւր է:
2017-ի Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներէն 264 հազար 702-ը իբրեւ կացութեան վայր ընտրած է պանդոկը: 1 միլիոն 230 հազար 77-ն մնացած է բարեկամի կամ հարազատի մը տան մէջ, վարձու տրուող բնակարաններու մէջ եւ այլն:
Ազգային վիճակագրական կոմիտէն տուեալներ կը ներկայացնէ միայն պանդոկներու մէջ հանրագրուած զբօսաշրջիկներու վերաբերեալ, թէ ո՛ր երկրէն են եւ ի՛նչ նպատակներով այցելած են Հայաստան: Այսպիսով, անոնց 20,3 առ հարիւրը Ռուսիայէն է, 1,7 առ հարիւրը` Ուքրանիայէն, 1,4-ը` ԱՊՀ-ի այլ երկիրներէ: 4,4 առ հարիւրը եկած է Գերմանիայէն, 4.1 առ հարիւրը` Ֆրանսայէն, 2,7 առ հարիւրը` Միացեալ Թագաւորութենէն, 2,1 առ հարիւրը` Իտալիայէն, 0,7 առ հարիւրը` Հոլանտայէն: Իրանէն ժամանած է 14,2 առ հարիւրը, Միացեալ Նահանգներէն` 13,6 առ հարիւրը, Վրաստանէն` 2,9 առ հարիւրը, Քանատայէն` 2,6 առ հարիւրը, Թուրքիայէն` 0,7 առ հարիւրը:
2017-ի զբօսաշրջային գործակալութիւններու միջոցով Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներուն 52,8 առ հարիւրը այստեղ եկած է հանգիստի եւ ժամանցի նպատակով, 23,9 առ հարիւրը` գործնական, 0,2 առ հարիւրը` բուժման եւ 23,1 առ հարիւրն ալ` այլ նպատակներով:
Ըստ ՄԱԿ-ի զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մեթոտաբանութեան միջազգային զբօսաշրջիկ կը նկատուի ոեւէ անձ, որ հանգստանալու, բուժուելու, հարազատներուն այցելելու, գործնական, կրօնական կամ այլ նպատակներով կը ճամբորդէ իր հիմնական բնակութեան վայրէն այլ վայր մը, ոչ պակաս 24 ժամէն եւ ոչ աւելի քան անընդմէջ 1 տարի ժամանակով: