Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Գիտակցուած Ազգային Յանձնառութիւն, Արտագաղթ, Հայրենադարձութիւն Եւ Ազգային Որակ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Անուշ է թւում ձեզ կանչող հեռուն, Բայց դուք կը կորչէք ծովերում օտար, Դարձէք` ծովանայ թող հայոց առուն, Մի՞թէ մօր գիրկը նեղ է ձեզ համար…»

Յովհաննէս Շիրազ

Եթէ երբեմն դադրինք անմիջականի ճնշումին տակ կքելէ եւ ազգի հիմնահարցերը դարձնենք առաջնահերթ օրակարգ, նուազ կը խարխափենք, աւելի կը կազմակերպուինք, կը հզօրանանք, աւելի կ՛իմաստաւորենք մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքը: Այսինքն հաւատարմօրէն եւ հարազատութեամբ շարունակութիւն կ՛ըլլանք:

Բայց ազգի անդամները, եւ ոչ միայն` քաղաքական դէմքեր եւ գաղափարախօսներ, պէտք է որ պատրաստուած ըլլան նման օրակարգի առաջնահերթութեան քննութեան, այսինքն գիտնան պատմութիւն, թաթխուած ըլլան ազգային մշակոյթի մէջ եւ դաստիարակուած ըլլան յանձնառութիւն ընդունելու, չըլլալու կրաւորական: Այլապէս կը շարունակենք ապրիլ որպէս ծագումով հայ կամ աւանդական դարձած խորհրդային մեծ հայրենիքէն ստացուած քաղաքացիի հոգեբանութեամբ:

Ժամանակակից համաշխարհայնացումը պարարտ հող է հայոց մէջ տարածուած գործնապաշտական «Ուր հաց հոն կաց»-ի ամուր նստած հոգեբանութեան, որ բազմապատկուած անհատական ընտրանք է, բայց ազգային տեսանկիւնէ ոչ մէկ սկզբունքի եւ արժէքի կը համապատասխանէ: Յաճախ առարկուող լաւ ապրելու իրաւունքը չի կրնար ազգային կողմնորոշում կամ ընդհանուր բանաձեւումով քաղաքականութիւն համարուիլ: Լաւ ապրելու իրաւունքը սահմանումի կարիք ունի. զայն պէ՞տք է ընդունիլ որպէս սոսկ անհատի առողջապահութիւն եւ սննդառութիւն, թէ՞ որպէս լիակատար անձի բազմակողմանի եղանակով լաւ ապրելու իրաւունք, որ ինքնութիւն է, աշխարհը տեսնելու կերպ եւ, ըստ այնմ, արմատներու տարբերութեան գիտակից ստանձնում:

Այսօր ներգաղթի, արտագաղթի եւ հայրենադարձութեան մասին կարծիք յայտնել միտքի մարզանք է, եթէ չխօսինք զանգուածներու ազգային որակի մասին, որ նախապայմանն է հայրենատիրական բարձրամակարդակ գիտակցութեան: Առանց ազգային որակի` հայրենասիրութիւն եւ ազգային պատկանելիութիւն սնամէջ գաղափարներ են: Իսկ ի՞նչ է այդ ազգային որակը, ինչպէ՞ս կը կազմուի, ի՞նչ են զայն գոյացնող տարրերը: Առաջնորդութեան կոչուածները եւ մտաւորականութիւնը պարտաւոր են այս հարցման պատասխան տալ, ի՞նչ ունինք այսօր որպէս ազգային որակ, ի՞նչ կորսուած է, խօսիլ բացասական ազդակներու հետեւանքներուն եւ անոնց չէզոքացման մասին:

Նոյն առաջնորդութեան կոչուածները պէտք է ըսեն, թէ ի՛նչ պէտք է ընել, ի՛նչ չեն ըրած եւ ինչո՛ւ չեն կրցած ընել:

Ազգային որակը ամբողջութիւն մըն է, չի շերտուիր. ան լեզու է, մշակոյթ է, պատմութիւն, կրօն, սեփական հող-կենսատարածքի վրայ կեանք եւ տնտեսութիւն: Այս ամբողջն է, որ կը ստեղծէ ժողովուրդի մը ազգային որակը: Ճիշդ է` մեր ժողովուրդին պարտադրուած եւ այսօր ընտրած սփիւռքեան համայնքային կացութիւնները, ազգի տեսանկիւնէ, սպասման սենեակներ են որակ-յանձնառութեան եւ այլասերման ընթացքի ճամբուն վրայ: Այսինքն համայնքային կացութիւնը միայն ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ, որուն ճանապարհի վերջաւորութեան կայ ընտրանք. հայրենատիրութիւն-հայրենադարձութիւն եւ այլասերում-ձուլում: Երրորդ այլընտրանք չկայ:

Ներգաղթ բառի գործածութիւնը յիշատակներ կ՛արթնցնէ: Բ. Աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած ներգաղթը, հակառակ անոր որ տեղի ունեցած էր խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ, ձախողեցաւ, քանի որ վերադարձողները ընդունելու նուազագոյն պայմանները գոյութիւն չունէին, պատերազմէն դուրս եկած ժողովուրդը կը դիմագրաւէր դժուարութիւններ, եւ ինչպէս յաճախ կը պատահի, քաւութեան նոխազ կը դառնային ներգաղթողները: Այդ մասին վկայութիւնները բազմաթիւ են:

Ներգաղթողներէն շատեր, նաեւ` հայրենիքի մէջ ծնած իրենց յաջորդները, մեծամասնութեամբ վերադարձան այն երկիրները, ուրկէ եկած էին, կամ գացին այլ երկիրներ, մասնաւորաբար` Միացեալ Նահանգներ: Մնացողներ եղան, անոնք պատշաճեցան, վարժուեցան, իրենց յաջորդները ապրեցան, մերուեցան, եղան մասնագէտներ, գրողներ, արուեստագէտներ, քաղաքական գործիչներ, հայրենակերտման նպաստեցին:

Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք զոյգ հարցի` արտագաղթի եւ հայրենադարձութեան: Հարցը հարկ է քննել տնտեսական, հոգեբանական, մշակութային եւ ազգային-քաղաքական տեսանկիւններէ:

Աւելի պարզ կը դառնայ հարցին քննութիւնը, եթէ փորձենք պատասխանել հետեւեալ պարզ հարցումին. ինչո՞ւ կ՛արտագաղթեն, ինչո՞ւ հայրենադարձութիւն տեղի չ՛ունենար: Պէտք չէ խօսիլ միաւորներու մասին, այլ` սեւեռել զանգուածը, մխիթարութեան համար չբաւարարուիլ բացառութիւններով: Գիտենք ամբոխային տրամաբանութեան փաստարկները. աշխատանքի հարց, ապահովութիւն, յառաջդիմելու հնարաւորութիւն, բժշկական խնամք եւ արեւմտեան երկիրներու մէջ, մասնաւորաբար` Ամերիկայի, դրամ շահելու եւ արագ հարստանալու եւ լաւ ապրելու հեռանկարներ:

Վերանկախացման առաջին շրջանին այս փաստարկները գործնապաշտ իմաստունները, ներսը եւ դուրսը, ընդունելի կը համարէին` առանց նկատի ունենալու, որ հայրենիքը տիրոջ պէտք ունի: Նոյն փաստարկները կը խոչընդոտեն նաեւ հայրենադարձութիւնը, մանաւանդ զանգուածային արտագաղթի պարզած բացասական պատկերը սփիւռքահայերը կը մղէ հայրենադարձութենէն հեռու մնալու: Մարդիկ միշտ զգայուն են օրինակի արժէքին:

Ինչպէ՞ս կրնար եւ կրնայ կանխուիլ արտագաղթը, ինչպէ՞ս կրնար եւ կրնայ իրականանալ հայրենադարձութիւնը:

Թող զարմանալի չթուի, մանկամտութիւն եւ հակաիրապաշտութիւն չհամարուի, եթէ վերեւ նշուած գործնապաշտական պատճառներուն հակադրենք այն, ինչ որ կոչեցի ազգային որակ:

Ազգի որակը ո՛չ ուսումնական մակարդակ է, ո՛չ խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութիւն եւ տուրիզմ, ո՛չ ալ քսակ է: Ան կը բնորոշուի ազգի անդամութեան-պատկանելիութեան գիտակից յանձնառութեամբ: Կրնանք գութ եւ սէր ունենալ Պանկլատէշ ապաստանած գաղթական ռոհինկաներուն հանդէպ, բարեսիրութիւն ընել, երթալ անոնց հիւղաւանները, նկարել եւ նկարուիլ  ու վերադառնալ: Այս վերաբերումը անժխտելի մարդկային որակ է, բայց ազգային որակ չէ: Եթէ հայը ունենայ նոյն վերաբերումը իր հայրենիքին եւ ազգակիցներուն նկատմամբ, ազգային որակ ցուցաբերած չ՛ըլլար: Այսինքն մարդկային որակը բացասականութիւն չէ, բայց չի շփոթուիր ազգային որակի հետ:

Պատմութեան ընթացքին բազմիցս հարուածուած հայ ժողովուրդի զաւակները երաշխաւորելու համար ազգի եւ անոր հայրենիքի գոյատեւումը, պարտին ապրիլ եւ գործել ազգային որակով, առանց հրաժարումներու արդարացման համար մեղմացուցիչ դէպ յանցանաց փնտռելու:

Սփիւռքը մնացած-եղածը փրկելու-պահելու հրամայականին պատասխանեց անցնող հարիւրամեակի ընթացքին` փորձելով պահել լեզու եւ մշակոյթ: Այսօր կը տեսնենք այդ փորձի կարելիութիւնները եւ սահմանները, երբ իրապաշտութեամբ կը մօտենանք մեր ինքնութեամբ տեւող համրանքին: Ի՞նչ կը մնայ եւ ի՞նչ կը կորսուի: Համաշխարհայնացումը եւ սպառողական ընկերութիւնը լեզու-մշակոյթով տոկալու եւ տեւելու ընթացքը հետզհետէ աւելի անկարելի կը դարձնեն: Ուստի, պէտք է որդեգրել այն ազգային որակը, որ ազգապահպան պիտի ըլլայ:

Այդ որակը իր իսկական իմաստը կը գտնէ հայրենիքով, հողով, այդ հողի վրայ ապրուող եւ զարգացող հաւաքական կեանքով: Ասկէ դուրս եւ անդին` ժամանակաւոր միայն կրնան ըլլալ վերջը ուշացնելու եւ յետաձգելու թափահարումներ, որքան որ յոյս ներշնչեն եւ տպաւորեն անոնք, զորս պէտք չէ արհամարհել:

Մեր ժողովուրդի պատմութեան եւ լինելութեան այսօրուան հանգուցային պահուն ազգային որակը գիտակցուած անսեթեւեթ յանձնառութիւնն է, որ աշխարհներու հեռուները նստած` ո՛չ խորովածի խնճոյք է, ո՛չ հոգեպարար խօսքերով եւ երգով ապրուած կարօտախտի բալասան:

Ապիկար է այն ղեկավարութիւնը, որ չի ծրագրեր եւ չի ձեռնարկեր աղէտ-արտագաղթի կասեցման, եւ արտագաղթողները, երբ անոնք մեկնած են, այս կամ այն ձեւով հայրենիքին կապելու կարկտանի նմանող նախաձեռնութիւններ կ՛ունենայ:

Արտագաղթը հայրենալքում է, եւ թուքով կպցրած զգացական վերաբերումները անվաղորդայն ըլլալու դատապարտուած են: Ան աւելի վատթար է հայրենահանումէ, քանի որ սեփական որոշումով հրաժարում է:

Ապիկար է այն ղեկավարութիւնը նաեւ, որ չի ծրագրեր եւ չի կենսագործեր հայրենադարձութիւնը` քաջ գիտնալով, որ ամէնէն շլացուցիչ նախաձեռնութիւնները եւ յաջողութիւնները, «յաջողած հայեր»-ու առթած սնափառութիւններով, ազգի որակի ծնունդ չեն տար, ա՛յն որակին, որ ազգապահպան է, հայրենիքի եւ ազգի համրանքի:

Ազգը, ներսի եւ դուրսի, ինչպէ՞ս պիտի հասնի դարավերջ:

Անկարելի է ղեկավարութիւն խաղալ` առանց առաջնորդուելու հիմնական խնդիրներու վերաբերող հարցերու պատասխան տալու:

Աւելի պարզ. ի՞նչ պիտի ներկայացնէ այսօրուան ազգի աւելի քան կէս սփիւռքը դարավերջին, որոնցմո՞վ բնակուած պիտի ըլլայ Հայաստանը դարավերջին, եթէ հայրենադարձութիւնը մնայ շաբաթավերջի հաւաքոյթներու սոսկ զգացական ցանկութիւն եւ, որպէս բնական, ընդունուի եւ շարունակուի աղէտ-արտագաղթը:

Աթոռամարտերէ եւ ամպագոռգոռ ժողովներէ առաջ, արտասանուած տպաւորիչ խօսքերէ եւ շոյող ցուցականութիւններէ առաջ ղեկավարութիւնները, ներսը եւ դուրսը, այսօ՛ր պէտք է ըսեն, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն ընել եւ ի՛նչ կ՛ընեն ազգային որակի համար:

Իրաւ պատկերացումներ ունի՞նք, թէ ի՛նչ կը ներկայացնէ սփիւռքներու ազգային որակը` որպէս գիտակցուած հայրենատիրական յանձնառութիւն եւ նոյն հարցումը ուղղել Հայաստանի պարագային:

Ապա` քակել աչքի կապանքները, որպէսզի դադրինք առանց կողմնացոյցի նաւարկելէ` նստած մեր տեղ չհասցնող բարեսիրական եւ երեւելիապաշտական մակոյկներուն մէջ:

1 հոկտեմբեր 2018, Երեւան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>