Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ոչ Եւս Է Մայեսթրօ Արսէն Սայեանը

$
0
0

Հոկտեմբեր 5-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Վըրճինիայի մէջ իր մահկանացուն կնքեց մայեսթրօ Արսէն Սայեանը (ծնեալ` 10 յունուար, 1928-ին, Հալէպ):

Իր ուսումը ստանալէ ետք Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին մէջ Սայեան շարունակած է մասնագիտանալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ: 1949-ին շրջանաւարտ` ան վերադարձած է Հալէպ եւ որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած` Կիւլպէնկեան, Հայկազեան, Զաւարեան ազգային վարժարաններուն եւ Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ` դասաւանդելով հայոց լեզու, պատմութիւն եւ երաժշտութիւն:

Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի` Բերիոյ թեմի առաջնորդութեան շրջանին, ան ստանձնած է առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ արական երգչախումբի դպրապետութիւնը: Համերգային գործունէութիւնը ծաւալելով` 1950-ին ան կազմած է «Շողական» երգչախումբը, որ ղեկավարած է մինչեւ 1957 թուական:

Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէն ետք մայեսթրօ Սայեանը գործած է յատկապէս Ֆիլատելֆիոյ մէջ` «Քնար» երգչախումբը կազմելով:

Ան գործած է նաեւ Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի, Ուաշինկթընի մէջ: Սայեանը 1969-1995 «Ամերիկայի Ձայն»-ի հայկական բաժանմունքի խմբագիրն էր: Ան 1980-ին ստացած էր «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ:

Մայեսթրօ Սայեանը նաեւ հետեւողական յօդուածներ կը յղէր «Հայրենիք»-ին` միշտ ալ նիւթ ունենալով հայ դասական եւ կրօնական երաժշտութիւնը: Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, հոկտեմբեր 20-ին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>