Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Բակօ Սահակեանը Հիւրընկալեց Ֆրեզնոյէն Եկած Խումբ Մը Բժիշկներ

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը վերջերս հիւրընկալեց Ֆրեզնոյէն եկած խումբ մը բժիշկներ, որոնք բարեգործական հիմունքներով բժշկական սպասարկութիւն պիտի իրականացնեն արցախցիներուն համար: Ըստ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան, առողջապահութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան հեռանկարին վերաբերող շարք մը հարցեր քննարկուած են:

Նախագահ Սահակեանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ֆրեզնոյի բժիշկներուն Արցախի նկատմամբ յատուկ վերաբերմունք ցուցաբերելնուն համար` ընդգծելով, որ Արցախի ժողովուրդը բարձր կը գնահատէ մարդասիրական այս առաքելութիւնը:

Նշենք, որ հանդիպումին մասնակցեցան Արցախի առողջապահութեան նախարար Արայիկ Բաղրեանը եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեանը:

 «Ջաւախքը Հայաստան Է»

Հայ օգնութեան միութիւնը, հաւատարիմ իր բարեսիրական առաքելութեան, 2001 թուականին հիմնեց «Ջաւախք հիմնադրամ»-ի յանձնախումբը` ընդառաջելով ջաւախահայութեան օգնութեան կանչին, բարելաւելու անոնց ծանր տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը եւ մանաւանդ կասեցնելու Հայաստանի եւ տեղւոյն հայութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող վտանգը` արտագաղթը:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Ջաւախքի փոքրամասնութիւններուն իրաւասութիւնները ճնշուեցան: Վրացական ազգայնամոլ իշխանութիւնները յայտարարեցին` «Վրաստանը վրացիներուն» կարգախօսը, անտեսելով այլ ազգի փոքրամասնութիւնները, արհեստական խոչընդոտներ յառաջացնելով: Օրինակ, Խորհրդային Միութեան տարիներուն Ջաւախքի նոյնիսկ պետական մարմիններուն մէջ ընդունուած լեզուները ռուսերէնն ու հայերէնն էին: Վրաստանի անկախացումէն ետք պետական պարտադիր ընդունելի  լեզուն վրացերէնն էր, ջաւախահայութիւնը, որ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին խօսած եւ գործած էր հայերէնով եւ ռուսերէնով, ինքնաբերաբար դուրս մնաց պետական կառոյցներէն, տարբեր հաստատութիւններէ եւ առողջապահական կեդրոններէ: Ջաւախքի դպրոցներէն հայ տնօրէններ եւ ուսուցիչներ հեռացուեցան, միաժամանակ հայկական դպրոցները վրացականացուեցան:

Ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններն ալ պատճառ դարձան, որ Ջաւախքի հայ բնակչութեան գրեթէ կէսը արտագաղթէ: Այս մասին խօսուն է հայաբնակ Կարծախ գիւղին տխուր կացութիւնը: Խորհրդային Միութեան շրջանին Կարծախի մէջ կը բնակէին շուրջ ութ հազար հայեր, եւ սա այն գիւղն էր, որ բաւական գործօն էր մշակութային եւ հասարակական առումով: Այսօր Կարծախի մէջ կը բնակի 1000 հայ:

Գործազրկութեան բարձր մակարդակը, հոգեւոր եւ կրօնական ազատութեան կաշկանդումը, շրջաններու մէջ առողջապահութեան միջոցներէն օգտուելու դժուարութիւնները, վրացական իշխանութիւններու անտարբերութիւնը եւ, ամէնէն վտանգաւորը, թուրք-ազրպէյճանական ներկայութիւնը Ջաւախքը մատնեցին ծանր կացութեան, որուն արձագանգեց ՀՕՄ-ի «Ջաւախք  հիմնադրամ»-ը:

Ջաւախքի յանձնախումբը հաստատեց մնայուն եւ շարունակական ծրագիրներ` երիտասարդական, կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ, որոնց յաջողութիւնը կը պարտինք գաղութիս նուիրատուներուն, հովանաւորներուն եւ ՀՕՄ-ի նուիրեալ ընկերուհիներուն:

Ամէն տարի յանձնախումբը մարտ ամիսը կը յայտարարէ որպէս «Ջաւախքի ամիս», որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենան դասախօսական ձեռնարկներ, որոնց կը հրաւիրուին տեղական եւ հայրենի մտաւորականներ ու գործիչներ, ինչպէս` պատմաբան, ակադեմիկոս, Ջաւախքէն` փրոֆեսէօր Աշոտ Մելքոնեանը, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը, Գապայեան Ազգ. վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսաքեանը, նաեւ` յանձնախումբի անդամներ:

Յանձնախումբի քարոզչական աշխատանքներուն մաս կազմած է  Ջաւախքի հիմնական հարցը ներկայացնող յօդուածներ, գրքոյկներ, մանկական երկլեզու գիրքեր, յատուկ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած է «Ջաւախքին զօրակցիլը մեր պարտականութիւնն է» լոզունգը, տեղադրուած է գաղութիս հայկական վարժարաններուն մէջ, անոնց վրայ աշակերտները իրենց անունները կը ստորագրեն` զօրակցելով ջաւախահայութեան: Յանձնախումբին անդամները ելոյթներ կ՛ունենան հայկական պատկերասփիւռներէն` ներկայացնելու իրենց ծրագիրները եւ աջակցութեան կոչ ուղղելու համայնքին:

Մեր գաղութի աշակերտութիւնը ջաւախեցի իր հասակակիցներուն ծանօթացնելու եւ անոնց մէջ ազգային պարտականութեան գիտակցութիւնը զարգացնելու հեռանկարով ստեղծած է աշակերտական գանձանակներու դրութիւնը, որուն կը մասնակցին ՀՕՄ-ի եւ հայկական վարժարաններուն աշակերտները:

Յանձնախումբին ամէնէն կարեւոր ծրագիրը Ջաւախքի մէջ երիտասարդական կեդրոններու կառուցումը եւ հովանաւորութիւնն է, որովհետեւ կը գիտակցի, որ գոյատեւումը կախեալ է  երիտասարդութենէն, որուն համախմբումը կարեւոր է ռազմավարական իմաստով:

Այս իրողութենէն մեկնած` յանձնախումբի հանգանակային  ջանքերով 2006, 2007 եւ ապա 2010 թուականներուն բացումը կատարուեցաւ Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Նինոծմինտայի երիտասարդական կեդրոններուն: Վերջերս Ախալքալաքի կեդրոնին կից հողաշերտ մը գնուեցաւ` զայն խաղավայրի վերածելով: Այս արդիական սարքաւորումներով օժտուած կեդրոնները կարեւոր կռուաններ են շրջանի հայութեան եւ անոնց զաւակներուն: Երիտասարդները եւ պատանիները ամէնօրեայ դրութեամբ կը յաճախեն մեր երեք կեդրոնները` սորվելով հայերէն, հայոց պատմութիւն ու մշակոյթ, ազգային երգեր, անգլերէն, ռուսերէն, վրացերէն լեզուները, կարարուեստ, ինչպէս նաեւ համակարգիչի ուսուցում եւ համացանցի միջոցով կ՛առնչուին արտաքին աշխարհին հետ:

Յանձնախումբը վերջին տարիներուն բարձր կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ Հայ երիտասարդաց  դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուող «Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրը, որ կ՛իրագործուի իր հովանաւորութեան տակ, եւ որուն  կը մասնակցին  շուրջ 50 ամերիկահայ խորհրդատուներ եւ մօտաւորապէս 500 ջաւախահայ պատանիներ, որոնք իրենց ամրան արձակուրդը կ՛անցընեն այս ճամբարներուն մէջ:

Յանձնախումբին հիմնական ծրագիրը այսօր Ախալցխայի կեդրոնի անմիջական վերանորոգումն  ու անոր կից նոր կեդրոնի կառուցումն է, որուն նիւթական հովանաւորութիւնը ստանձնած է Ջաւախքի յանձնախումբի  երկար տարիներու ատենապետուհի Հայկուշ Քեղինեան-Քոհլըրը:

Յայտնենք, որ յանձնախումբը կը հաւատայ, թէ ջաւախահայութիւնը համայն հայութեան օգնութեան կարիքը ունի, որպէսզի հզօրանայ եւ կառչած մնայ իր պապենական հողին, որովհետեւ Ջաւախքի գոյութիւնը հրամայական է Հայաստանի հզօրացման համար:

Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Անդամ Երկիրներու Առաջին Տիկինները Այցելեցին Երեւանի Թանգարանները

Հայաստանի վարչապետին կինը` Աննա Յակոբեան, Ֆրանսայի նախագահին կինը` Պրիժիթ Մաքրոնը եւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու առաջին տիկինները 12 հոկտեմբերին այցելեցին Երեւանի կարգ մը թանգարանները:

Անոնք այցելեցին Երուանդ Քոչարի թանգարան, ապա` «Կասկադ» համալիր, ուր զբօսնելով` հիացան քանդակագործ Ֆեռնանտօ Պոթերոյի հեղինակած արձաններով, այնուհետեւ այցելեցին Գրիգոր Խանջեանի, Սվարովսքիի ցուցասրահներ եւ «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոն:

Երուանդ Քոչարի թանգարանին մէջ այցելուները գրութիւններ կատարեցին հիւրերու մատեանին մէջ:

«Շնորհակալութիւն Հայաստանին` այս իւրայատուկ ընդունելութեան համար. ասիկա հիանալի ճամբորդութիւն էր», լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Ֆրանսայի նախագահին կինը:

Նշենք, որ «Կասկադ»-ին դիմացը խումբով լուսանկարուելէ ետք առաջին տիկինները տեղւոյն սրճարաններէն մէկուն մէջ ճաշեցին, որմէ ետք Պրիժիթ Մաքրոնը իր անվտանգութեան աշխատակիցներուն ուղեկցութեամբ դարձեալ զբօսնելով` հասաւ օփերայի շէնքի բակին մէջ գտնուող Ֆրանսախօս երկիրներու աւանը եւ այցելեց Ֆրանսայի եւ Հայաստանի տաղաւարները: Հայաստանի տաղաւարին մէջ անոր գիրք եւ ցորենի հասկեր նուիրեցին:

Դարձեալ քալելով, գրեթէ իւրաքանչիւր քայլափոխի կանգ առնելով, քաղաքացիներու հետ լուսանկարուելով, անոնց ձեռքերը սեղմելով` Ֆրանսայի Առաջին տիկինը հասաւ պանդոկ:

Արցախի Պետական Նախարարը Ընդունեց Յարութիւն Արմէնեանը

Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը վերջերս ընդունեց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի պատուաւոր նախագահ Յարութիւն Արմէնեանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին պետական նախարարը ընդգծեց համալսարանին կողմէ տարիներէ ի վեր Արցախի մէջ իրականացուող գիւղական համայնքներու զարգացման «Թրփանճեան» ծրագիրին կարեւորութիւնը: Այս ծրագիրով բնակիչներուն կը տրամադրուին կրթական եւ տնտեսական կարելիութիւններ եւ աշխատատեղեր ստեղծելու եւ համայնքներու կեանքը բարելաւելու առիթ:

Պետական նախարարը երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ բարերար Ճերըլտ Թրփանճեանին` զանազան բարեգործական ծրագիրներու միջոցով Արցախին աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար:

Հաղորդենք, որ Յարութիւն Արմէնեանը պետական նախարարին վստահեցուց, որ ծրագիրը պիտի շարունակուի, եւ ներկայիս կը բանակցին Շուշիի արհեստագիտական համալսարանին հետ, որպէսզի սեփական ձեռնարկութիւն հիմնել փափաքող շրջանաւարտները նոյնպէս ծրագիրէն օգտուելու կարելիութիւնը ունենան: Զուգահեռաբար, իբրեւ նոր առաջարկ,  ներկայացուեցաւ նաեւ գիւղերու մէջ ոչ պետական բժշկութիւնը զարգացնելու ծրագիրը:

 Նշանաւոր Թենոր Միհրան Աղաջանեանի Առաջին Ելոյթը` Հայրենիքի Մէջ

Աշխարհի մէջ մեծ ճանաչում վայելող թենոր, դաշնակահար եւ խմբավար Միհրան Աղաջանեանը առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ` ներկայանալով Ճ. Փուչչինիի «Թոսքա» օփերայի մէջ Կաւարադոսիի դերերով: Այս մասին տեղեկացանք Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի Դիմատետրի էջէն:

Մ. Աղաջանեանը Ս. Փեթերսպուրկի Երիտասարդական սենեկային նուագախումբի հիմնադիրն ու գլխաւոր խմբավարն է, շարք մը միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր:

Տեղեկացնենք, որ 2011-ին Մ. Աղաջանեանը արժանացած է Ելենա Օփրազցովայի անուան մրցոյթի առաջին մրցանակին:

Արուեստագէտը 2018 թուականին Լիզպոնի մէջ կայացած երիտասարդ երգիչներու` Փլասիտօ Տոմինկոյի հիմնադրած «Օփերալիա» միջազգային մրցոյթին արժանացած է երկրորդ մրցանակին:

Հաղորդենք, որ Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ «Թոսքա»-ն պիտի ներկայացուի հոկտեմբեր 17-ին:

 Վահրամ Բաբայեանի` 9 Տարեկանին Գրած Սիմֆոնիան Պիտի Հնչէ Փառատօնի Բացման Ընթացքին

Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը հանդէս պիտի գայ երգահան, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Վահրամ Բաբայեանի երաժշտութեան 3-րդ փառատօնի բացման ընթացքին: Փառատօնը սկսաւ հոկտեմբեր 14-ին Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ նուագահանդէսով մը: Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տունէն յայտնեցին, որ երեկոյին ընթացքին նուագախումբը հանդէս եկաւ գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Վահան Մարտիրոսեանի ղեկավարութեամբ:

Փառատօնի ծիրին մէջ պիտի իրականացուի երեք նուագահանդէս Երեւանի մէջ, ուրիշ մըն ալ` Իջեւանի մէջ:

Յայտնենք, որ բացման ելոյթին հնչեցին «Ֆրիտհելմ Լախի քարերու պոլիֆոնիան» վարիացիաներ լարային նուագախումբի համար, «Այնտեղ, այստեղ եւ ամէնուր» լարային նուագախումբի համար,  Ռեքվիեմ լարային նուագախումբի համար ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ` Սիմֆոնիա լարային նուագախումբի համար գործը, որ երգահանը գրած է ընդամէնը 9 տարեկանին:

Հետաքրքրական է, որ երգահան, դաշնակահար Վահրամ Բաբայեանը իր առաջին ստեղծագործութիւնները գրած է 6 տարեկանին: Ստեղծագործած է երաժշտական մասնագիտական բոլոր տեսակներով: Անոր ստեղծագործութիւնները կ՛առանձնանան հոգեբանական խորութեամբ, ինքնատիպ աշխարհայեացքով եւ փիլիսոփայականութեամբ:

Ստեղծագործութիւնները հնչած են աշխարհի մօտաւորապէս 40 երկիրներու մէջ` Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա, Աւստրիա, Ֆինլանտա, Անգլիա, Ճափոն, Արժանթին, Իտալիա, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Հունգարիա, Ռումանիա, Ռուսիա եւ այլուր, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ հեղինակաւոր փառատօներու եւ համերգներու ընթացքին:

Միջազգային Գիտաժողով` «Արամ Խաչատրեանը Եւ Արդի Աշխարհը»

Հոկտեմբեր 25-27 Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ երկօրեայ միջազգային գիտաժողով` «Արամ Խաչատրեանը եւ արդի աշխարհը» խորագրով, նուիրուած` աշխարհահռչակ երգահան, խմբավար Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 115 եւ տուն-թանգարանի հիմնադրման 40-ամեակներուն:

Տուն-թանգարանի Դիմատետրի էջէն տեղեկացանք, որ գիտաժողովի մասնակիցներուն մաս պիտի կազմեն նաեւ երգահանին ուսանողները, անուանի երաժիշտներ եւ հետազօտողներ աշխարհի տարբեր երկիրներէն` Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Եգիպտոսէն, Վրաստանէն եւ այլ երկիրներէ: Գիտաժողովին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Արամ Խաչատրեանի թոռնուհին` Մոսկուայէն, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու` Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանի մասնագէտները:

Նշենք, որ գիտաժողովին նպատակն է նորովի լուսաբանել Արամ Խաչատրեանի ժառանգութեան տեղն ու դերը 21-րդ դարու երաժշտական աշխարհին մէջ:

 Հիմնուեցաւ Վարդան Գրիգորեանի Անունով Գիտական Հետազօտական Կրթաթոշակ

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը յայտարարած է նոր գիտական հետազօտական կրթաթոշակներու դիմումնագիրներու ընդունման փուլի սկիզբը:

IDeA հիմնադրամի հանրային կապերու բաժինը կը տեղեկացնէ, որ Վարդան Գրիգորեանի անուան կրթաթոշակը «Գիտական հետազօտական դրամաշնորհներ» պիտի տրամադրէ սկսնակ գիտնականներու եւ հետազօտողներու, յատկապէս` պատմութեան եւ հասարակագիտութեան ոլորտի մասնագէտներու, որոնք կը փորձեն հետազօտել Հայաստանի 20-րդ դարու պատմութեան չուսումնասիրուած դրուագները:

Հնգամեայ կրթաթոշակային նախագիծի առաջին փուլին յատուկ ուշադրութեան պիտի արժանանան 35 տարին չբոլորած հայաստանաբնակ հայագէտ գիտնականները եւ հետազօտողները: Երկրորդ եւ երրորդ փուլերուն պիտի ընդգրկուին սփիւռքահայ հետազօտողներ: Ամէն տարի պիտի տրամադրուի երկու կրթաթոշակ, իւրաքանչիւրը` 30 հազար տոլար:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>