Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

$
0
0
Մկրտիչ Վարդապետ Խրիմեան` Հայոց Հայրիկ
– «Արծուի Տարօնոյ» Թերթին Հրատարակութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Խրիմեան Հայրիկ

Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան, Տարօնի առաջնորդութիւնը ստանձնելէ եւ Սուրբ Կարապետի վանքին մէջ ժառանգաւորաց վարժարան մը բանալէն ետք, 1862-ին, որոշեց մօտէն ուսումնասիրել Տարօնի հայութիւնը եւ այդ նպատակով ձին հեծած յաճախ շրջագայութեան կ՛ելլէր Մշոյ դաշտի գիւղերը:

Մկրտիչ վարդապետ շրջեցաւ գիւղ առ գիւղ, տեսաւ կիսամերկ, ոտաբոպիկ թշուառ գիւղացիներու ստրկական վիճակը, տառապանքները, եղաւ դաշտի մշակներու եւ հօտաղներու հետ, հիւրընկալուեցաւ անշուք ու կիսամութ խրճիթներու մէջ, կերաւ հաց ու թանապուր եւ լսեց հալածանքներու ու բռնութիւններու ահաւոր պատմութիւններ:

Այդ շրջագայութիւններու ընթացքին, այն գիւղին մէջ ուր հիւանդի հանդիպէր վրան գլուխ մը Նարեկ կը կարդար: Երբ գիւղի մը մէջ յուղարկաւորութիւն ըլլար անձնապէս կը մասնակցէր: Երբ տեղ մը հարսանիք ըլլար ինքն ալ ժողովուրդին հետ շուրջպար կը բռնէր: Երբ իմանար որ այս կամ այն գիւղը հարկահաւաքներ մտած են եւ բռնութիւններու կը դիմեն, կ՛երթար անձնապէս կը միջամտէր եւ ոստիկանները կը հեռացնէր: Երբ տեղ մը քրտական հարստահարութիւններու մասին իմանար, կ՛երթար քիւրտ բէկերուն մօտ կը միջնորդէր: Իսկ գիւղացիներու գլխուն պատուհաս հայ վաշխառուները անողոքաբար կը սանձէր:

Մկրտիչ վարդապետ ամէնուրեք կը խօսէր ազգի, հայրենիքի, սիրոյ, համերաշխութեան, ուսման եւ կրթութեան մասին, կը թելադրէր որ գիւղերուն մէջ դպրոցներ բացուին եւ մանուկները գրել կարդալ սորվին, խոստանալով որ առաջնորդարանը պիտի օժանդակէ գիւղական դպրոցներուն: Ան նաեւ  կ՛արծարծէր ինքնապաշտպանութեան եւ հայրենեաց ազատութեան գաղափարները:

Իր շրջագայութիւններու եւ տպաւորութիւններու լոյսին տակ Մկրտիչ վարդապետ տեղեկագիրներ կը պատրաստէր, նկարագրելով Տարօնի հայութեան առօրեայ կեանքը եւ վկայութիւններ տալով ժողովուրդի տառապանքներու մասին: Այդ տեղեկագիրները ան Պոլիս` պատրիարքարան կ՛ուղարկէր, պահանջելով որ ազդու միջամտութիւններ ըլլան պետութեան մօտ, վերջ տալու համար Տարօնի հայութեան տառապանքներուն:

Մկրտիչ վարդապետ մեծ աշխատանք տարաւ քիւրտ աւատատէր բէկերը համոզելու համար, որ վերջ տան թափառական կեանքին, աւարառութիւններուն, նստակեցութեան անցնին եւ զարկ տան հողագործութեան, իր կարգին խոստանալով քրտական գիւղերուն մէջ դպրոցներ բանալ եւ հայ ուսուցիչներ տրամադրել` քիւրտ մանուկներուն ուսում եւ դաստիարակութիւն տալու համար: Մկրտիչ վարդապետ խոստացաւ նաեւ հայատառ քրտերէն քերականներ եւ դասագիրքեր հրատարակել:

Մշոյ դաշտի գիւղացիներ

Տնտեսական եւ քաղաքական ծանր պայմաններու տակ, Տարօնի գիւղերու երիտասարդները պանդխտութեան կը դիմէին: Պոլսոյ նաւամատոյցներուն մէջ անոնք բեռնակրութիւն կ՛ընէին, արիւն ու քրտինք թափելով օրապահիկ մը կ՛ապահովէին, խաներու մութ ու խոնաւ նկուղներու մէջ կը քնանային եւ իրենց վաստակած փոքրիկ գումարները գիւղ կ՛ուղարկէին, իրենց ծնողներուն, կիներուն ու զաւակներուն: Տարիները կ՛անցնէին, պանդուխտները կը հիւծէին հարազատներու եւ հայրենի գիւղի կարօտը իրենց սրտին, իսկ անոնց ծնողներն ու կիները կը ծերանային, կը մահանային, սպասելով իրենց հարազատին: Ընտանիքներ կը քայքայուէին եւ բաժան-բաժան կ՛ըլլային:

Մկրտիչ վարդապետ կ՛աշխատէր հողին կապուած պահել երիտասարդները, կը թելադրէր ամէն գնով տոկալ, դիմանալ, եւ զարկ տալ երկրագործութեան ու անասնապահութեան:

Մկրտիչ վարդապետ հոգեւին կապուած էր իր նահապետական դարաւոր բարքերով ու աւանդութիւններով ապրող գեղջուկ ժողովուրդին: Իր կարգին, ժողովուրդը խոր սիրով փարած էր իր ցաւերով ու տառապանքներով ապրող անձնուէր առաջնորդին: Եւ երբ ան դաշտի գիւղերը շրջագայութեան ելլէր, ուրկէ որ անցնէր, ժողովուրդը անոր բոլորտիքը կը հաւաքուէր: Հարցեր կու տային, պատասխաններ կը ստանային, եկեղեցիի, դպրոցի, քահանայի, վարժապետի, արտի, արօրի, գութանի, վար ու ցանքի, հունձքի, տաւարի մասին կը խօսէին, պանդուխտներու նամակները կարդալ կու տային եւ աշխարհի վիճակէն տեղեկութիւններ կ՛ուզէին:

Մկրտիչ վարդապետ երբ կ՛ուզէր հեռանալ, գեղջուկները «Հայրիկ ջան, հայրիկ ջան» կանչելով անոր թեւերուն կը փաթթուէին, կը քաշքշէին եւ կ՛աղերսէին որ մնայ եւ իրենց հետ հաց ու թանապուր ուտէ: «Հոգիս հոգուդ եղնի ղուրպան, հայրիկ ջան», «Ղուրպան եղնիմ ես քո անուան, հայրիկ ջան» կ՛աղաղակէին բոլորը: Մկրտիչ վարդապետ սիրով կ՛ընդառաջէր:

Տարօնցի գիւղացիք իրենց առաջնորդը պատուեցին Հայրիկ պատուանունով:

***

Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ

Մկրտիչ վարդապետ, որ այլեւս ժողովուրդին մէջ ծանօթ դարձած էր իբրեւ Խրիմեան Հայրիկ, Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի վանքին մէջ գետնայարկ երկու խուցեր տպարանի վերածած էր: Մէկ խուցը գրաշարանոցն էր, ուր կ՛աշխատէին Վարագայ վանքէն եկած գրաշարները, իսկ միւս խուցին մէջ տեղաւորուած էր փայտեայ մամուլը:

«Արծուիկ Տարօնոյ» կիսամսեայ թերթին խմբագրութիւնը ստանձնեց Գարեգին Սրուանձտեանց, իրեն աշխատակից ունենալով Սուրբ Կարապետի ժառանգաւորաց վարժարանին ուսուցիչներն ու աշակերտները: Առաջին թիւը լոյս տեսաւ 1 ապրիլ 1863-ին:

«Արծուիկ Տարօնոյ» մեծ հետաքրքրութեամբ սկսաւ կարդացուիլ Տարօնի գիւղերուն մէջ: Գիւղի քահանան, վարժապետը կամ գրաճանաչ մէկը գիւղացիներուն մէջտեղը նստած թերթը կը կարդար: Պարզ, աշխարհաբար լեզուով գրուած յօդուածները կը խօսէին ազգի, հայրենասիրութեան, ուսման, դաստիարակութեան, պանդխտութեան աղէտներուն, բռնութիւններու եւ կաշառակերութեան մասին եւ կոչ կ՛ուղղէին ժողովուրդին սթափելու, ինքնագիտակցութեան գալու եւ թօթափելու ստրկական լուծը:

«Արծուիկ Տարօնոյ» կարաւաններու եւ ճամբորդներու միջոցով կը հասնէր մինչեւ Պոլիս, Իզմիր, Թիֆլիս, Պարսկաստան եւ Հնդկաստան:

***

Գիւղական վաշխառուներ եւ աղաներ, որոնք սանձուած էին Խրիմեան Հայրիկի հեղինակութեան շնորհիւ, սկսան պայքար մղել անոր դէմ եւ կառավարութեան դիմեցին, յայտնելով որ Մկրտիչ վարդապետ Տարօնի մէջ հակապետական շարժում մը կը պատրաստէ եւ անոր նպատակն է հայկական թագաւորութեան մը ստեղծումը:

Մկրտիչ վարդապետի հակառակորդներէն ամէնէն աւելի ազդեցիկ էր Վարդան աղա Մամիկոնեան, Մուշ քաղաքէն: Վարդան աղա Մուշի մութասարիֆին մօտ երթալով յայտնեց, որ Խրիմեանի հրատարակած «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթը կառավարութեան դէմ զրպարտիչ լուրեր կը տարածէ եւ թէ` Տարօնի առաջնորդը հակապետական շատ վտանգաւոր գործունէութիւն կը ծաւալէ: Ան առաջարկեց որ կառավարութիւնը փակել տայ Սուրբ Կարապետի տպարանը եւ դադրեցնէ «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթին հրատարակութիւնը:

Մութասարիֆը նոյն օրն իսկ, 13 յուլիս 1863-ին ոստիկաններ ուղարկեց Սուրբ Կարապետի վանք, հրամայելով որ կնքեն տպարանի դուռերը: Ոստիկանները գացին եւ կատարեցին հրամանը:

Մկրտիչ վարդապետ երեկոյեան երբ վանք վերադարձաւ լսեց որ տպարանը կնքուած է եւ թերթին հրատարակութիւնն ալ արգիլուած: Կռահելով որ մատնութեան հեղինակը Վարդան աղա Մամիկոնեանն է, նամակ մը գրեց անոր, ուր կ՛ըսէր.

«Տարօնոյ Արծուիկին համար ինչ որոգայթներ որ լարուած են ու կը լարուին, գիտէ Հայր Արծիւը: Եղբայրաբար կը խրատեմ զքեզ թո՛ղ տուր այդ ձեռնարկութիւնդ եւ սովորիր հետեւիլ Յիսուսի հեզութիւններուն: Եթէ փարաւոնամէտ ոգւով կ՛իյնաս Մովսէսի մը ետեւէն, ամէն ասեմ քեզ, Կարմիր ծովին մէջ պիտի խեդղուիս: Ողջ լեր»:

Խրիմեան Հայրիկ կանչել տուաւ վանքին սուրհանդակը, նամակը տուաւ անոր եւ պատուիրեց, որ քաղաք կ՛երթայ եւ անձնապէս յանձնէ Վարդան աղային: Արդէն մութ գիշեր էր: Սուրհանդակը ճամբայ ելաւ եւ կէս գիշերէն ետք Մուշ հասնելով առտուն նամակը յանձնեց Վարդան աղային:

Վարդան աղա նամակը ստանալէն ետք նոյն օրն իսկ, յուլիս 14-ին երկու ուղեկիցներ հետը առնելով ճամբայ ելաւ դէպի Սուրբ Կարապետի վանք, ուր հասաւ երեկոյեան դէմ: Անմիջապէս ան Մկրտիչ վարդապետին սենեակը ուղղուեցաւ եւ հազիւ դուռը բացած ու ներս մտած, Խրիմեան Հայրիկ աղաղակեց. «Ազգադա՛ւ, մատնի՛չ, Յուդա՛, Վասակ. ինչո՞ւ եկար. այո՛, դուն պիտի խեղդուիս Կարմիր ծովին մէջ` եթէ արարքներդ շարունակես»: Վարդան աղա ծունկի գալով սկսաւ վարդապետին ոտքերը իյնալ, բայց ան քաշուեցաւ եւ ըսաւ. «Դուն կը սողաս, ես կը թռչիմ. սակայն գիտցի՛ր, Արծիւը սողունիդ կը ներէ այն ատեն միայն երբ կնքել տուածդ տպարանը բացուի. ահա իմ վերջին խօսքը»:

Վարդան աղայի ուղեկիցները սկսան միջամտել. վրայ հասան նաեւ վանքին միաբանները: Խրիմեան Հայրիկ հանդարտեցաւ եւ սենեակէն ելլելով ուղղուեցաւ դէպի վանքի այգին, ուր ծառի մը տակ նստելով սկսաւ ծխել:

Վարդան աղա եւ իր ընկերակիցները նոյն գիշեր վերադարձան Մուշ: Վարդան աղա փութով մութասարիֆին մօտ երթալով ըսաւ, որ Խրիմեանի եւ իր թերթին մասին իր տուած տեղեկութիւնները սխալ հասկացողութեան եւ թիւրիմացութեան հետեւանք էին եւ խնդրեց, որ թերթին վրայ դրուած արգելքը վերցուի:

Երկու օր ետք մութասարիֆը նամակ մը ուղարկեց Սուրբ Կարապետ` Խրիմեան Հայրիկին, յայտնելով, որ տպարանին կնքումը թիւրիմացութեան մը հետեւանք է եւ Վարդան աղա որեւէ յանցանք եւ առնչութիւն չունի այդ գործին մէջ:

Վարդան աղա Մուշի երեւելի դէմքերէն էր, տանուտէր եւ ազդեցիկ: Ան նախապէս «Արծուի Վասպուրական»-ի Մուշի գործակալը եղած էր եւ համակիր էր Մկրտիչ վարդապետին: Բայց իբրեւ վաշխառու եւ կառավարութեան մօտիկ մարդ, բազմիցս զգաստութեան հրաւիրուած էր Խրիմեան Հայրիկի կողմէ եւ այդպիսով դարձած անոր երդուեալ թշնամին: Հետագային Վարդան աղա փորձեց մօտենալ Խրիմեան Հայրիկի, ինքզինք անոր բարեկամ ուզեց ձեւացնել, բայց այլեւս իր անձին հանդէպ վստահութիւնը կորսուած էր:

***

Մուշ

Գարեգին Սրուանձտեանց «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթով հիմը դրաւ հայ ազգագրութեան եւ բանահիւսութեան ուսումնասիրութեան: Գարեգին յայտնագործեց, հաւաքագրեց եւ ուսումնասիրական յօդուածներով կորուստէ փրկեց հայ ժողովրդական անգիր բանահիւսութեան գոհարներ: «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը հայ գրականութեան սեփականութիւնը դարձաւ շնորհիւ Գարեգին Սրուանձտեանցի:

Հետագային ան կը գրէր. «Ես ինքս ալ վաղուց սկսած էի ճաշակս եւ գրիչս սիրել տալու այսպիսի առարկայից, եւ Արծուի Վասպուրականի մէջ ի Վարագ տպագրել տուի Վանայ պառաւանց աղօթքը եւ այլն: Ի Մուշ ալ Տարօնոյ Արծուիկի մէջ մշեցւոց լեզուով գրուածքները եւ քանի մը երգեր տպագրեցի. բայց որովհետեւ միշտ Արծուոյ թռիչք խափանեցին եւ Արծուիկը խոխոտեցին, երկուքի շարունակութիւնն ալ վատութեանց եւ մատնութեանց զոհ ընելով»:

***

Սուրբ Կարապետի վանքի միաբաններ Մամբրէ եւ Եսայի վարդապետները, որոնք անցեալին Մուշի ազգային գործերու ղեկավարները եղած էին եւ վանքին տնտեսութիւնը իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած, եւ որոնց հեղինակութիւնը սանձուած էր Խրիմեան Հայրիկի շնորհիւ, իրենց շուրջ համախմբելով շարք մը ազդեցիկ աղաներ, տեղեկագիրներ պատրաստեցին եւ ուղարկեցին Պոլիս` պատրիարքարան, որոնք Մկրտիչ վարդապետին դէմ ծանր ամբաստանութիւններ եւ զրպարտութիւններ կը պարունակէին:

Ներքին այս լարուած մթնոլորտին մէջ Խրիմեան Հայրիկ 1863 սեպտեմբերին Մուշէն վերադարձաւ Վան եւ Վարագայ վանք եւ մեծ ուրախութեամբ տեսաւ, որ իր սկսած գործը մեծ եռանդով կը շարունակուի վանքին մէջ:

Խրիմեան Հայրիկի բացակայութենէն օգտուելով անոր հակառակորդները սանձարձակ գործի լծուեցան: Մամբրէ եւ Եսայի վարդապետներուն միացան Գրգաթոռ եւ Կարապետ վարդապետները: Անոնք սկսան հանրագրութիւններ պատրաստել եւ ուղարկել Պոլիս, պահանջելով Մկրտիչ վարդապետին հեռացումը Տարօնէն:

Պատրիարքարան ուղարկուած մէկ տեղեկագիրին մէջ կ՛ըսուէր որ «Խրիմեանը Ազգային սահմանադրութեան օրէնքները կ՛ոտնակոխէ, ժողովուրդի իրաւունքներն ու շահերը կ՛արհամարհէ, հոգեւորականութեան պատիւը կ՛արատաւորէ, վանքերը կը ժողովրդականացնէ»:

Չորս վարդապետները կը շրջէին գիւղերը եւ կը համոզէին ժողովուրդը, որ Խրիմեանի մասին աննպաստ զեկուցումներ գրեն եւ ուղարկեն պատրիարքարան, եւ միաժամանակ իրենց պատրաստած հանրագրութիւններուն համար ստորագրութիւններ կը փորձէին հաւաքել:

Իրենց նպատակին հասնելու համար չորս վարդապետները կաշառք եւ պաշտօն կը խոստանային եւ կարգ մը պարագաներու ալ սպառնալիքի լեզուով կը խօսէին:

Սակայն Տարօնի հայութիւնը համարձակ կերպով ծառացաւ Խրիմեան Հայրիկի թշնամիներուն դէմ եւ պաշտպան կանգնեցաւ անոր իրաւունքներուն ու հեղինակութեան:

Ի վերջոյ չորս վարդապետները իրենց կողմը շահեցան նաեւ Յովհաննէս եպիսկոպոսը: Անոնք հազար ղուրուշի պարտամուրհակ մը տուին մշեցի Համբարձումի, որ ի նպաստ իրենց եւ ի վնաս Խրիմեան Հայրիկի աղերսագիր մը գրէ եւ ուղարկէ պատրիարքարան: Յետոյ ալ մշեցի կօշկակար Յակոբի հազար ղուրուշի պարտամուրհակ մը տուին, որ իր կարգին ամբաստանագիր մը գրէ պատրիարքարան եւ բողոքէ Խրիմեան Հայրիկի դէմ:

Պատրիարքարան ղրկուած ամբաստանագիրերը Խառն ժողովին մէջ քննութեան առնուեցան: Հաստատուեցաւ որ նախ` պարտամուրհակը Ներսէս եպիսկոպոսին քովն է, եւ նաեւ բոլոր գրութիւնները ստոր սուտեր են, կաշառքով եւ սպառնալիքով գրուած: Տարօնի առաջնորդ Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան անմեղ հռչակուեցաւ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>