Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Նուիրական Հնչեղութիւն Ունեցող Բարեզարդման Աշխատանքի Մը Դէմ Յանդիման (Հայկազեան Համալսարանին)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Նոր ժամանակներու այսպէս ըսած պարտադրանքն է, որ ամէն միջավայր թէ կառոյց հերթաբար նախաձեռնէ ներքին բարեզարդման աշխատանքի, որ խորքին մէջ ներդրում մըն է, որ կը միտի բարգաւաճ ու կենսունակ պահել տուեալ կառոյցը:

Գաղութահայ կեանքին մէջ նման նախանձախնդիր եւ գնահատելի մօտեցումներ  անպակաս են տարբեր բնագաւառներու մէջ, ինչպէս` եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, միութիւն եւ այլն, ինչ որ միշտ ողջունելի է եւ երախտարժան:

Ի դէպ, որեւէ կառոյցի բարեզարդումը կը դառնայ ինքնանպատակ, եթէ երբեք  անոր չյաջորդեն նաեւ բազում ոլորտներու բարեկարգչական հեռանկարներ, որոնք այլապէս ալ պիտի նպաստեն առաւել արդիւնաւէտ եւ շահեկան գործունէութեան ծաւալումի, ծաղկումի, բարգաւաճումի եւ յառաջդիմութեան:

Հայկազեան համալսարան:

Սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ երեւոյթ մըն է այս կառոյցը, որ կոչուած է ըլլալու իրերայաջորդ սերունդներու ակադեմական կրթարանը, բարոյահոգեբանական կազմաւորումի միջավայրն ու հայաշունչ ապրումներու հաւաքավայրը:

Փաստօրէն, տասնամեակներէ ի վեր (1955) իր պատուական ներկայութեամբ գործող հայկական այս համալսարանը, ծնունդը եղած է երազի ու հաւատամքի, յոյսի ու վերապրումի, որ ցարդ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, բարձր պահելով անոր հիմնադիրին` փրոֆ. Արմենակ Հայկազեանի մարդակերտումի հաւատոյ հանգանակը:

Ճիշդ է, որ Հայկազեան համալսարանին մէջ բարեզարդման բազմապիսի աշխատանքներու ականատես եղած ենք վերջին տարիներուն, ինչպէս` շէնքերու թէ յարակից մասերու, գրադարաններու նորոգութիւն, գրասենեակներու հաստատում, գիշերօթիկի ապահովում, ուսանողական թէ մասնագիտական միջավայրի ստեղծում  եւ այլն: Սակայն այս պարագային, նորովի բարեզարդման աշխատանքը ունի տարբեր հնչեղութիւն եւ իմաստ:

Ինչո՞ւ, որովհետեւ վերջերս կատարուած բարեզարդումը ընդգրկեց այն շէնքը, ուրկէ ծնունդ առած է Հայկազեան համալսարանը: Երկյարկանի շէնք մը, որ օրին` 1930-ականներուն ծառայած է իբրեւ պատսպարան-կրթարան հայ վերապրող օրիորդներու, որոնք մազապուրծ ազատած են հայոց ցեղասպանութենէն: Շէնք մը, ուր իրենց թանկագին կեանքն ու քրտինքը, հոգեմտաւոր աշխարհն ու յոյսը ներդրած են ազնուահոգի միսիոնարներ, որոնք հետագային տուեալ կառոյցը նուիրած են Հայ աւետարանական համայնքին` իբրեւ հայասիրութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի կենարար յիշատակ:

Եւ ահա, երբ կ՛ընդգծենք նորովի բարեզարդման աշխատանքին իմաստը, յուզական երեւոյթ ըլլալու իրողութիւնը, այլապէս ալ կ՛ուզենք շեշտադրել, որ անիկա ոգեւորող եւ նուիրական է, ձեւով մը երախտագիտութիւն բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք իրենց միտքն ու հոգին, կամքն ու հաւատքը շաղախած են հայութեան հետ եւ ցոյց տուած են լուսաւոր կեանքի ճանապարհը:

Յայտնապէս խօսքը կը վերաբերի ամերիկացի միսիոնարուհի Էլիզապեթ Ուեպի, որուն մարդասէրի կոչումը, դէպի հայութիւն ծաւալած անոր բարեգործի ու խնամատարի գործունէութիւնը եղած են գերազանցապէս օրինակելի:

Հայասէր Էլիզապեթ Ուեպ իր բարեգործութիւնը սկսած էր տակաւին 1886-1922  թուականներուն, երբ ան ականատես է եղած Կիլիկիոյ հայութեան ապրած դժոխային պայմաններուն: Իբրեւ ականատեսի վկայութիւն Ատանայի ջարդերուն (1909) մասին, ան օրին տեղեկագրած է արհաւիրքը եւ ներկայացուցած միսիոնարական վարչութեան:

Բարեպաշտ ու ազնուահոգի միսիոնարուհին տեղահանութեան ենթարկուած հայութեան հետ կը հասնի Լիբանան եւ կը լծուի բարեգործութեան: Իր ջանքերուն շնորհիւ կը բացուին պատսպարան-կրթարաններ, ուր հայ աղջիկներ կը ստանան ուսում ու հոգատարութիւն, սէր ու գուրգուրանք: Ան մինչեւ խոր ծերութիւն կը մնայ հայ իրականութեան ծառայելով եւ կեանքէն կը հեռանայ անմնացորդ նուիրումի խորհրդանիշ դառնալով: Մեծ մարդասէրը կը թաղուի Լիբանան, հեռու` իր ընտանիքէն եւ ծննդավայրէն:

Ահա մեծագոյն արժանիքը նման մեծութիւններու, որոնց յիշատակը կրկին լոյսին կը բերուի, այս անգամ բարեզարդելով անոր ստեղծած բոյնը, որ աւելի քան 60 տարիէ ի վեր կը շարունակէ իր ակադեմական առաքելութիւնը:

Այսօր, Հայկազեան համալսարանը օժտուած է նորովի բարեզարդուած բաժինով մը` «Ուսանողութեան կեդրոն», որ կը ներառէ արդի ոճով կառուցուած ուսանողական նստավայր, հսկայ ճաշասրահ, խոհարարական բաժին, մարզանքի վայր, քարտուղարութեան սենեակ եւ յարակից բաժիններ:

Իրօք, ուշադրութեան արժանի է հետեւեալ իրականութիւնը, որ, նկատի առած օրուան հրամայական պահանջը` բարեզարդումը, համալսարանի նախագահութիւնը, իր խնամակալ կազմով յանձն կ՛առնէ նման նախաձեռնութիւն, հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին, եւ իր լրումին կը հասցնէ նոր օրերու երազը, եւ պատշաճութեամբ յագեցած կահոյքով` ուսանողին կը հրամցնէ նուիրական այս աշխատանքը:

Երազները իրականութիւն կը դառնան, երբ առկայ են հաւատամքը, համոզումը, կամքն ու տեսլականը:

Տեղին է յիշել, որ աւանդութիւն դարձած է Հայկազեան համալսարանին, ամէն տարի ձեռնարկով մը յիշատակել իր «Հիմնադիրներու օր»-ը: Այս տարի անիկա պիտի զգենու իւրայատուկ հնչեղութիւն, որովհետեւ հոկտեմբեր 15-ին, հանդիսութեամբ մը բացումը պիտի կատարուի բարեզարդուած շէնքին:

Բոլորին վարձքը կատա՛ր:

10 հոկտեմբեր 2018             


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>