Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Անբախտ Կատուն

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ամբողջ գիշերը չկրցայ քնանալ: Ննջարանիս պատուհանէն կատուի ձագի մը լացն ու մլաւիւնը կը խանգարէին անուշ քունս: Բարեբախտաբար յաջորդ օրը շաբաթավերջ էր, եւ ես ստիպուած չէի կանուխ արթննալով` գործի հասնելու: Ազատ օրերուս կը սիրեմ ուշ արթննալ, սակայն կատուի ձագին լացը կը շարունակուէր միեւնոյն թափով:

Գացի պարտէզ: Նորածին ձագ մըն էր: Աչքերը տակաւին փակ էին: Ո՞ւր էր իր մայրը: Ո՞ւր էին իր քոյրերն ու եղբայրները: Չհասկցայ, թէ ուրկէ՞ եկած էր պարտէզս:

Վստահաբար անօթի էր: Ընտանի անասուն տանս մէջ երբե՛ք չեմ փափաքած ունենալ: Մօտաւորապէս չորս տասնամեակէ ի վեր Ամերիկա հաստատուած եմ, եւ կամայ թէ ակամայ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, որոշ ամերիկեան սովորութիւններ սկսած եմ որդեգրել, սակայն ընտանի անասունը «տանը մէկ անդամը» համարելը մինչեւ օրս անիմաստ կը գտնեմ: Արեւմտեան երկիրներուն մէջ յաճախ «անասնասիրութիւնը», մարդասիրութենէ աւելի կը գերադասուի:

Անխղճութիւն պիտի ըլլար այդ վիճակին մէջ անտեսել այդ «որբուկը»: Տանս մէջ անկարելի էր, որ պահէի, ոչ ալ անօթի-ծարաւ կրնայի ձգել խեղճ անասունը:

Ամանի մը մէջ կաթ լեցուցի եւ դրի իր առջեւը: Չմօտեցաւ: Ինձմէ՞ «ամչցաւ», թէ՞ վարժ չէր ամանի մէջէն խմելու: Նորածին մը վստահաբար պիտի նախընտրէր իր մօրը ստինքի կաթը, սակայն ուրկէ՞ կրնայի գտնել իր մայրը: Հեռացայ քովէն եւ անկիւն մը պահուըտած` սկսայ հետեւիլ իր շարժումներուն: Մօտեցաւ ամանին: Քիչ մը հոտուըտաց ու ապա արագ-արագ լեզուին շարժելը նկատեցի: Քանի մը վայրկեանէն կաթը ամբողջութեամբ լափած էր: Սրտի գոհունակութիւն մը զգացի: Վերստին կաթով լեցուցի ամանը եւ դարձեալ հեռացայ: Մօտեցաւ, սակայն, ըստ երեւոյթին, կշտացած էր: Տարբեր ամանի մը մէջ  ջուր լեցնելով` դրի կաթի ամանին քովը: Քանի մը կաթիլ խմեց: Լացը դադրած էր: Քովը կենալու կարիքը չկար:

Մտայ ներս, եւ քանի մը վայրկեան ետք դարձեալ լացի ձայնը հասաւ ականջներուս: Վստահաբար մայրը կը փնտռէր:

Կողքի դրացիս շուն, կատու եւ այլ ընտանի անասուններու «հաւաքածոյ» ունի: Գացի իր մօտ` հետաքրքրուելու, թէ ի՛նչ պէտք էր ընել:

Ժպտեցաւ. «Վստահաբար պիտի չհեռանայ տունէդ: Այդպէս են կատուները: Անգամ մը, որ կերակրեցիր, անկարելի է, որ հեռանայ»:

«Աչքս լոյս», ըսի մտովի, սակայն կերակրելուս համար չզղջացի:

Շուներուն հաւատարմութեան մասին լսած էի, սակայն կատուները ապերախտ կը կարծէի: Մօտս մնալու որոշումը երախտագիտութի՞ւն էր, թէ՞ բնազդ: Հաւանաբար` երկրորդը:

Դրացիիս գուշակութիւնը ճիշդ էր: Տանս շրջափակէն չհեռացաւ կատուն: Չ՛ուզեր հեռանալ: Ընդհանրապէս կը մնայ տանս ետեւի կողմի պարտէզին մէջ: Մեզ չի խանգարեր: Չեմ կերակրեր: Ինքզինքը կ՛ազատէ: Ժամանակին մեծ մասը կ՛անցընէ քնանալով, իսկ երբ ձանձրանայ, կ՛անցնի տանս առջեւի մասը եւ հետաքրքրութեամբ անցորդները կը դիտէ:

***

Անասուններուն մէջ եւս կան բախտաւորներն ու անբախտները: Այս կատուն վերջիններու շարքին է: Փոխանակ տանս պարտէզը իյնալու, եթէ կողքի դրացիիս պարտէզը երթար, վստահաբար շատ աւելի «փայլուն ապագայ» մը պիտի ունենար: Ուրկէ՞ ո՛ւր եկաւ մէկու մը տունը, որ չի «գնահատեր» ընտանի անասունները:

Անասուններու պարագային, պարզապէս բախտի հարց է ընտանիքի մը կողմէ «որդեգրուիլը»: Մարդոց նման, բարձրագոյն ուսում ստանալով, իրենց ապագան չեն կերտեր: Բոլորը միեւնոյն կարողութիւնները ունին, պարզապէս մէկուն բախտը բերած է հարուստ ընտանիքի մէջ ծնիլ, իսկ ուրիշ մը ծնած օրէն անտուն, անտիրական փողոցները մնացած է: Յաճախ կ՛ըսեն, որ` «Մարդ բախտ ունենալու է»: Միայն մարդիկ չեն, որ բախտ ունենալու են: Անասուններն անգամ կրնան բախտաւոր աստղի տակ ծնիլ: Այս մէկը անբախտ է բառին իսկական առումով:

Պահ մը մոռնանք մեր խեղճ կատուն եւ առնենք քանի մը չորքոտանիներու պարագան: Անտուն ձիերու չենք հանդիպիր, սակայն ազնուական կամ թագաւորական ընտանիքներու ձիերը շատ աւելի բախտաւոր են: Ունին զիրենք հոգացող մարդիկ, սակայն էշը ծնած օրէն անբախտ է: Հանդիպա՞ծ էք բախտաւոր իշու մը: Վստահաբա՛ր ո՛չ: Էշը ծնած է «իշու նման» աշխատելու: Յաճախ էշը կը բերեն որպէս գէշ օրինակ: Անպէտք անձի մը, որպէս նուաստացուցիչ խօսք, յաճախ կ՛ըսեն` «Իշուն մէկն է»: Ո՞վ ըսաւ, որ էշը անպէտք անասուն մըն է: Հլու հնազանդ կ՛աշխատի` առանց գանգատելու, եւ որպէս նուաստացուցիչ օրինակ կը բերեն այդ բարի անասունը:

Շուները, համեմատաբար, կատուներէն աւելի բախտաւոր են, մանաւանդ` արեւմտեան երկիրներու մէջ: Մանկութեանս տարիներուն ծննդավայրիս մէջ «փողոցային» շուները շատ էին, սակայն «փողոցային», այս պարագային, չի գործածուիր որպէս նուաստացուցիչ խօսք: Պարզապէս` փողոցները մնացած անտուն շուներ: Կը յիշեմ` յաճախ «շունի օթոն» կու գար ու կը հաւաքէր այդ խեղճ անասունները տանելու սպանդի, մինչ Ամերիկայի մէջ բազմաթիւ են շուներու կամ ընտանի անասուններու «որբանոցները»: Հեռատեսիլէն ցոյց կը տրուին անտէր անասուններու նկարներ` խնդրելով մարդոցմէ, որպէսզի որդեգրեն կամ ամսական քանի մը տոլար վճարելով` օգտակար հանդիսանան այդ ապաստանարաններու ծախսերուն:

Բաղդատականը տեղին չէ, սակայն սրտի խոր ցաւով ստիպուած եմ յիշել, թէ քանի՛ հոգի կը մտածէ որդեգրել Ափրիկէի կամ Միջին Արեւելքի մէջ որբացած երեխաները: Ընդհակառակը, մեր «յարգելի» նախագահը կարելին ի գործ կը դնէ «իր» երկրէն դուրս շպրտելու իսլամ գաղթականները:

***

Գործատեղիս, կէսօրուան ճաշի դադարին, տարբեր նիւթերու մասին կը խօսինք, եւ շատ յաճախ գերազանցող նիւթը եղած է իրենց տան շունը կամ կատուն: Բնականաբար այդ տեսակ նիւթերու չեմ մասնակցիր, սակայն այդ օր ես ալ իմ կարգիս վերջապէս ըսելիք մը ունէի եւ պատմեցի կատուին դէպքը:

Հնդիկ պաշտօնակիցս ուզեց հաւատացնել, որ ընտանիքիս մէկ մահացած անդամ մըն է, որ վերածնած է որպէս կատու, եւ անպայման պէտք է պահեմ ու հոգ տանիմ: Բարեբախտաբար հնդիկ չեմ եւ ոչ ալ` նման բաներու հաւատացողը:

Կարծեցի, որ այդ օր վերջ գտաւ ընտանի անասուններու մասին խօսելու իմ բաժինս: Այդպէս չէր: Յաջորդող օրերուն` ամէն կողմէ հարցումներու տարափ մը, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ է «որդեգիր» կատուս: Երանի բնաւ յիշած չըլլայի այդ դէպքը:

Միջին Արեւելքի մէջ անձի մը «շուն» անուանելը նուաստացուցիչ է, մինչդեռ արեւմտեան երկիրներու մէջ մարդ կը համարձակի՞ շուներու մասին անարգական խօսք մը արտայայտել: Միայն մէկ անգամ սխալեցայ, եւ ամերիկացի գործընկերոջ  մը  «շուն չեմ սիրեր» ըսելս պատճառ դարձաւ, որ ինձմէ նեղուի: Լաւ գործընկեր է, եւ ուզեցի բարեկամութիւնս շարունակել, սակայն «յօնք շինելու տեղ աչք հանեցի». «Ըսել կ՛ուզեմ` տանս մէջ չեմ ուզեր շուն պահել», ինչ որ շատ աւելի զարմացուց զինք, եւ վստահաբար մտովի «անխիղճ» կամ նման ածականով մը որակեց զիս:

Երբ տակաւին Լիբանան էի, բարեկամներէս մէկը, քանի մը տարի Անգլիա ուսանելէ ետք, Լիբանան վերադարձին, կատակելով ըսած էր. «Եթէ դարձեալ ծնիմ, պիտի ուզէի Անգլիա ծնիլ… որպէս շուն»: Խնդացինք, սակայն Ամերիկա հաստատուելէս ետք յիշեցի այդ կատակը եւ շատ աւելի լաւ հասկցայ, թէ ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ: Լիբանանի մէջ, գէթ իմ հոն գտնուած տարիներուս, շունը պարզապէս չորքոտանի անասուն մըն էր, յաճախ` անտէր, փողոցները մնացած: Արեւմուտքի երկիրներուն շունը «շուն» ըլլալէ դադրած է, ընտանիքին մէկ անդամն է:

Հանդիպա՞ծ էք շարժապատկերի մը կամ հեռատեսիլի որեւէ ծանուցումի, որուն մէջ չհանդիպիք շան մը: Ես չեմ հանդիպած: Շունը ներկայութիւն է ամէն տեղ: Ունին իրենց իւրայատուկ զբօսավայրերը, ուր մարդիկ կը տանին իրենց շուները, որպէսզի անոնք բարեկամութիւն հաստատեն տարբեր շուներու հետ, եւ այդ պատրուակով իրենք եւս կը ծանօթանան տարբեր շուներու «տէրերու»:

Շատ պատահած է, որ մարդիկ իրենց հարստութիւնը կտակեն շուներու կամ կատուներու: Պատերու վրայ յաճախ կը հանդիպինք փոքրիկ ծանուցումներու, վրան` շունի մը նկարը: «Կորսուած է: Որպէս վարձատրութիւն գտնողին կը խոստանանք 1000 տոլար նուէր»:

Անբախտ կատուներու կողքին, կան նաեւ «հերոս» կատուներ:

Քանի մը շաբաթ առաջ կատու մը շան մը վրայ յարձակելով` փրկած էր աղջնակի մը կեանքը: Օրերով մամուլի եւ հեռատեսիլի կայաններու ամենակարեւոր նիւթն էր այդ դէպքը: Հերոսացուցին այդ կատուն: Քիչ մնաց «Ազգային հերոս» տիտղոսին արժանանար: Դիմատետրի էջերուն վրայ, շատեր տեղադրեցին «հերոս կատուին» նկարը: Եղածը շունի մը ու կատուի մը թշնամական բնազդն է, որ ի գործադրուեցաւ, սակայն բախտաւոր կատուն պարգեւատրուեցաւ, գովաբանուեցաւ: Արդեօք նոյնը պիտի չընէ՞ր մեր անբախտ կատուն, երբ շուն մը իր աչքերուն առջեւ յարձակէր փոքրիկի մը վրայ: Հաւանաբար` այո՛, սակայն «ո՞ւր էր էտէնց բախտ»: Անտուն, անտիրական, անօթի կատուն պիտի դառնար «հերոս», վստահաբար քանի մը հոգի ձեռքէ ձեռք պիտի խլէին ու պիտի արժանանային «հերոս» կատուն որդեգրելու «պատուին»: Հպարտօրէն պիտի յայտարարէին, որ իրենց ընտանիքին անդամն է այդ «հերոս»-ը:

Բախտ ըսածդ այսպէս կ՛ըլլայ:

***

Քանի մը տարի անցած է այդ թուականէն: Կատուն սկսած է ծերանալ: Քալած ժամանակ կը կաղայ, սակայն իր որոշումին վրայ հաստատ մնացած է: Չ՛ուզեր հեռանալ: Կը խղճամ, սակայն չեմ համարձակիր տանիլ անասուններու ապաստանարան մը: Այդ վիճակով վստահաբար ո՛չ ոք պիտի ուզէ որդեգրել, եւ ստիպուած պիտի ըլլան ասեղ մը սրսկելով` յաւիտենական քունի մէջ դնել խեղճ անասունը:

Արեւմտեան երկիրներու մէջ մինչեւ իսկ անասուններու կենցաղը տարբեր է մեզմէ: Բոլորիս ծանօթ է շուներու եւ կատուներու զիրար հանդէպ թշնամութիւնը: Այդպէս ծնած են: Բնազդ է: Երկու հոգի երբ իրարու չհանդուրժեն եւ համերաշխ չապրին, «Իրարու հետ շուն ու կատու են» ասացուածքը առածի կարգ անցած է: Ամերիկայի մէջ միեւնոյն յարկին տակ բնակող շունն ու կատուն կը դառնան «քոյր եղբայր», սակայն որքա՞ն վստահելի է այդ մտերմութիւնը: Անմիջապէս, որ բնակին ազատ աշխարհի մէջ, պիտի դառնան միեւնոյն շունն ու կատուն:

Ամերիկա եւ Թուրքիա երկար տարիներ իրարու հետ «մեղրալուսնի» մէջ էին: Արեւմտեան երկիրներու շուն ու կատու էին:

Ներկայիս դարձած են իսկական շուն ու կատու:

Էնօրուանից մինչեւ օրս էլ
Շունն էս բանը չի մոռացել
Մտքում հըլա դեռ պահում ա
Որտեղ կատուին պատահում ա
Վեր ա թռչում վրայ վազում
Իրեն մորթին ետ ա ուզում
Իսկ սեւերես կատուն յանկարծ
Ետ ա դառնում ու բարկացած` փըշտացնում ա
Մըթամ նոր եմ ցըրցամ տուել, թէ որ կարեմ:

Շունն ու Կատուն (Յովհաննէս Թումանեան)

Լոս Անճելըս, 2018

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles