ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակի առիթով, 6-9 հոկտեմբեր 2018-ին, ԱՖՀԻԼ-ի վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ տնօրէնութեան ընկերակցութեամբ, Հայաստան հրաւիրուեցան լիբանանցի տասը բժիշկներ եւ երեք ապահովագրական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:
Անցնող քսան տարիներուն զանազան հիւանդանոցներու մէջ ԱՖՀԻԼ-ի միջոցով հայ համայնքի ծառայած ոչ հայ լիբանանցի տասը բժիշկներ տարբեր մասնագիտութիւններով, երեք օրերու ընթացքին հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի մէջ երկու հիւանդանոցներու, ապահովագրական ընկերութիւններու եւ առողջապահութեան փոխնախարարին հետ:
Անկախ հանդիպումներէն` խումբը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, Էջմիածին, Գառնի, Գեղարդ եւ Սեւանայ լիճ:
Հանդիպումներու ընթացքին, միտքերու եւ փորձառութիւններու փոխանակումներէն անդին, նկատի առնուեցան նաեւ աշխատանքային եւ փոխադարձ գործունէութեան ծրագիրներ:
Նշենք նաեւ, որ կարգ մը բժիշկներ հիւանդանոցներու տէրեր էին, եւ այդ ուղղութեամբ մեծապէս գնահատուեցաւ Հայաստանի հիւանդանոցներու պարզած մակարդակի, մաքրութեան եւ սպասարկութեան պատկերը:
ԱՖՀԻԼ-ը այս ձեւով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց խումբ մը լիբանանցի բժիշկներու` միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի հետ գործնական կապ ստեղծելով եւ փոխադարձ գործակցութեան դաշտեր բանալով:
Վարձքը կատար բոլոր օժանդակողներուն:
ԱՖՀԻԼ