Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յաջող Հայ Երիտասարդը

$
0
0

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Այսօր, որպէս հայ մեր ինքնութիւնը պահելու դժուարութեան կողքին, տիպար սերունդներ կերտելու մտահոգութիւն ալ կը դիմագրաւենք: Մեր զաւակները դաստիարակելու կողքին, պէտք է տիպար օրինակ դառնանք մեր ապրելակերպով: Երբ կ՛ուզենք մեր զաւակին յաջողութիւնը, անհրաժեշտ է, որ բարելաւենք մեր անձերը եւ լաւ օրինակ հանդիսանանք իրենց: Օրինակելի տիպարով եւ դաստիարակութեամբ միայն կրնանք մեր զաւակները առաջնորդել դէպի կեանքի յաջողութիւններ:

Ամէն անձ կրնայ իր կեանքի ընթացքին ելեւէջներ ունենալ, բայց երբ արմատը ամուր եւ առողջ է, անպայման պիտի յաղթահարէ բոլոր տեսակի դժուարութիւնները եւ վերածնունդ ստեղծէ… Մեր միութենական կամ ազգային հասարակութեան մէջ, երբ յաջողութիւններ կ՛ուզենք արձանագրել, անհրաժեշտ է յաջող սերունդներ պատրաստել, որպէսզի իրենց կերտած յաջողութեամբ ազգի շահերը վերածաղկին եւ պտուղներ տան:

Ազգի մը գոյտեւումը եւ յաջողութիւնը ծնունդ կ՛առնէ իւրաքանչիւր անձի տան մէջ եւ ետքը կ՛անցնի դպրոցէն, եկեղեցիէն, ակումբէն եւ շրջանակէն. ամէն հայ ծնող պարտականութիւն ունի պատրաստել բարեբեր հող եւ ցանել լաւագոյն տեսակի սերմեր, որոնք պէտք եղած խնամքը ստանալէն ետք միայն կրնան լաւ արդիւնք տալ: Կը հաւատամ, որ այս ձեւով հայ ազգը աւելի գիտակից եւ յաջող սերունդներ մէջտեղ կրնայ բերել: Որպէս հայեր` իրաւունք չունինք քննադատելու, երբ մենք մեր տան մէջ տիպար օրինակ չդառնալով` յաջող սերունդներ չենք կրցած պատրաստել… Քննադատութիւնը շինիչ կը դառնայ, երբ մենք ինքնադատութենէ ետք մեր բաժինը բերելով եւ պէտք եղած ձեւերը որդեգրելով` յաջողութիւններ արձանագրած կ՛ըլլանք մեր տիպար օրինակով, յաջող սերունդներ կերտելով… ապա թէ ոչ, միայն ուրիշը քննադատելով, ազգի քանդումին նպաստած կ՛ըլլանք:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles