Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Այլազան Լուրեր

$
0
0

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

Միրէյ Մաթիէօ Ռուսիոյ Մէջ Արժանացած Է Մշակոյթի Ոլորտին Մէջ Պատուաւոր Փրոֆեսէօրի Կոչման

Ֆրանսական էսդրատային հանրածանօթ երգչուհի Միրէյ Մաթիէոն արժանացած է ընկերային գիտութիւններու պետական ակադեմական համալսարանի «Պատուաւոր փրոֆեսէօր` մշակոյթի ոլորտին մէջ» կոչման: Այս մասին «Արմէնփրես» կը հաղորդէ` վկայակոչելով ՌԻԱ Նովոսթին:

Միրէյ Մաթիէոյի պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Ռուսիոյ գիտութիւններու ակադեմիային մէջ: Ակադեմական պատուաւոր պատմուճանը երգչուհիին յանձնած է Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ Ալեքսանտր Չուպարեանը:

«Կեցցէ՛ Ռուսիան, կեցցէ՛ Ֆրանսան: Այսօրուան պարգեւը ինծի հպարտանալու առիթ կու տայ», ըսած է Մաթիէօ:

Տիտղոսը շնորհուած է Գիտական խորհուրդին որոշումով` «միջազգային մշակութային կապերու զարգացման գործին մէջ ակնառու նուաճումներու, կեանքի աշխուժ դիրքորոշման եւ երեւութական երաժշտական տաղանդի համար, որ զգալի ազդեցութիւն ունի երիտասարդներու մարդասիրական աշխարհահայեացքի ձեւաւորման վրայ»:

Եղէգնաձորի Արշաւախումբերու Շնորհիւ` Արձանագրուած Են Մեծ Քանակութեամբ Ամրոցներ, Որոնք Մինչեւ Օրս Անյայտ Էին

Վայոց ձորի մարզին մէջ Եղէգնաձորի արշաւախումբերու շնորհիւ` մեծ քանակութեամբ մինչեւ օրս անյայտ մնացած ամրոցներ արձանագրուած են:

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեանը նշած է, որ անոնք կարելիութիւն կու տան պատկերացում կազմելու Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակի վերջաւորութեան եւ առաջին հազարամեակի առաջին կիսուն մասին:

«Այդ յուշարձաններուն զգալի մէկ մասը ունի Վանի թագաւորութեան շրջանի շերտեր: Մասնաւորապէս արքաներու կառուցած ամրոցներու եւ բնակատեղիներու մասին նոր պատկերացումներ կ՛ունենանք: Ասոնք նոր փաստագրումներ են», «Արմէնփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ըսած է Պաւել Աւետիսեանը: Ան նշած է, որ այս տարի նախատեսած է ուսումնասիրել ժայռափոր եւ ժայռակերտ կառոյցներ, որոնց մեծ մասը նոյնպէս կը վերաբերի Վանի թագաւորութեան շրջանին: Հայաստանի տարածքին հնագէտները ժայռափոր կառոյցներու ուսումնասիրութեան աշխատանքները նոր կը սկսին:

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Բորիս Գասպարեանը նշած է, որ Վայոց ձորը հնագիտական տեսանկիւնէն բաւական հետաքրքրական տարածք մըն է: Չկայ ժամանակաշրջան մը, որ այնտեղ արտացոլուած չըլլայ:

«Շատ զարմանալի է, թէ որքա՛ն բան չենք գիտեր մեր երկրին մասին: Վայոց ձորի մէջ կ՛ուսումնասիրենք մարդու բնակեցման վաղագոյն փուլերը: Նոր յուշարձաններու յայտնաբերումը շատ կարեւոր է, որովհետեւ անոնք ցուցակներու մէջ չկան: Անոնք մէկ ամբողջութիւն են այնտեղ առկայ մակերեւոյթին հետ: Կարելի չէ յուշարձանը առանձնացնել մակերեւոյթէն: Յուշարձանը` հսկայական ամրոցը, անոր շուրջ տարածուած ծիսական աշխարհը, ջրանցքները եւ հին այգիներու մնացորդները միասին վերցուած` մէկ ամբողջութիւն են», ըսած է Բորիս Գասպարեանը: Ան նշած է, որ այդ յուշարձանները կարելի է օգտագործել զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու գործին մէջ:

Միջերկրական ծովու եւ Արեւելքի երկիրներու ուսումնասիրութեան միջազգային կազմակերպութեան գիտաշխատող Ռոպերթօ Տանը նշած է, որ իրենց արշաւախումբը Հայաստանի մէջ սկսած է աշխատիլ 2013-էն, սկիզբը Կոտայքի, ապա` Վայոց ձորի մէջ: Արշաւախումբի ուշադրութեան կեդրոնին այն տարածքներն են, որոնք տեղեկութիւն կը պարունակեն Ուրարտուի վերաբերեալ:

«Վերջին վեց տարուան աշխատանքը հաստատեց, որ մեծ ներուժ կայ նշուած տարածքներուն մէջ: Վայոց ձորէն պիտի առանձնացնէի Քէօշք հնավայրը, որ կը կարծեմ, թէ ուրարտական կեդրոնական հնավայրերէն մէկը եղած է: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ գտնուող ժայռափոր կառոյցներուն, ապա ըսեմ, որ անոնց մասին քիչ տեղեկութիւն կայ: Իրանի եւ Թուրքիոյ մէջ այնպիսի կառոյցներու մասին տեղեկատուութիւնը շատ է: Այժմ կը նախատեսենք Հայաստանի մէջ եւս ուսումնասիրութիւն կատարել այդ տեղեկատուական բացը լրացնելու համար», ըսած է Ռոպերթօ Տանը:

Քոլումպիայի համալսարանի հնագիտական բաժինի հնակենդանաբան Հաննա Չազինի արշաւախումբը ուսումնասիրութիւն կը կատարէ Քարաշամբի հատուածին մէջ: Ան տեղեկացուցած է, որ տեղի դամբարանադաշտին մէջ պրոնզէ դարու ահռելի նիւթ կ՛ուսումնասիրուի:

«Քարաշամբի դամբարանադաշտը իւրայատուկ վայր մըն է, ուր ուսումնասիրութեան շատ նիւթեր կան: 250-էն աւելի դամբարան պեղուած է, եւ շատ մեծ քանակութեամբ ոսկրաբանական նիւթ ունինք, որ կը վերաբերի միջին պրոնզէ եւ ուշ պրոնզէ ժամանակաշրջանին», ըսած է ան: Յայտնաբերուած են տարբեր անասուններու ոսկորներ: Այժմ իզոթոփային վերլուծումի միջոցով պիտի փորձեն պարզել, թէ արդեօք անասունները տեղէ տեղ շարժա՞ծ են, թէ՞ ոչ, այդ ալ իր հերթին պիտի օգնէ հասկնալու, թէ արդեօք ժողովուրդը քոչուո՞ր եղած է, թէ՞ նստակեաց:

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Արթուր Պետրոսեանը նշած է, որ հնագիտական աշխատանքներուն մէջ կը ներգրաւուին նաեւ տեղի համայնքներու բնակիչները: Կը տրամադրեն տեղեկատուական նիւթեր` իրականացուող հնագիտական աշխատանքներու եւ արդէն ստացուած արդիւնքներու մասին, որպէսզի համայնքի ղեկավարութիւնն ու բնակչութիւնը հասկնան, թէ ի՛նչ յուշարձաններու հետ գործ ունին, եւ թէ ինչպէ՛ս զանոնք պիտի օգտագործեն զբօսաշրջութեան մարզին մէջ:

«Փիքսարթ» Ընկերութիւնը Կը Նախատեսէ Իր Փորձը Օգտագործել Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան Մարզի Զարգացման Համար

«ՓիքսԱրթ» ընկերութիւնը կը փորձէ Հայաստանի մէջ զարգացնել արհեստական բանականութեան եւ մեքենայական ուսուցման մարզը:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը 7 սեպտեմբերին այցելած է «ՓիքսԱրթ» ընկերութիւն: Այցելութեան նպատակը Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի առկայ խնդիրներուն ու զարգացման ուղիներուն ծանօթանալն էր:

Այցելութեան ընթացքին «ՓիքսԱրթ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն եւ սեփականատէր Յովհաննէս Աւոյեանը, ընկերութեան գլխաւոր արհեստագիտութեան տնօրէն եւ համասեփականատէր Արտաւազդ Մեհրաբեանը եւ հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Միքայէլ Վարդանեանը Արմէն Սարգսեանին ներկայացուցած են յաւելուածի կարելիութիւնները, ծանօթացուցած են հայաստանեան գրասենեակին, ինչպէս նաեւ պատմած են յաւելուածի զարգացման, կառուցուածքի եւ նուաճումներուն մասին:

Ըստ Յովհաննէս Աւոյեանին, իրենց ընկերութիւնը յաջողած է համաշխարհային ճանաչում վայելող յաւելուած ստեղծել Հայաստանի մէջ, ուստի անհրաժեշտ կը նկատեն իրենց փորձառութիւը օգտագործել նաեւ յօգուտ Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի զարգացման:

«Ունենալով արհեստական բանականութեան ու մեքենայական ուսուցման կիրարկման մեծ փորձառութիւն` փորձնական փուլին մէջ ենք այս արդիական մարզը օգտագործելու թէ՛ մեր երկրի տնտեսութեան զարգացման, թէ՛ Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի յառաջընթացին համար», ըսած է Աւոյեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ «ՓիքսԱրթ» ընկերութեան տնօրինութեան միջեւ տեղի ունեցած է քննարկում երկրի տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի խնդիրներուն վերաբերեալ:

«ՓիքսԱրթ»-ը աշխարհի մեծագոյն ստեղծագործ արտայայտման ծրագիր է: Նկարի խմբագրման եւ ստեղծագործ արտայայտման համար նախատեսուած այս յաւելուածը ունի 500 միլիոնէն աւելի ներբեռնում եւ ամսական 100 միլիոնէն աւելի աշխուժ օգտագործողներ: Ամէն ամիս «ՓիքսԱրթ»-ի օգտագործողները կը ստեղծեն եւ կը վերափոխեն մօտաւորապէս մէկ միլիառ պատկեր եւ տեսանիւթ:

Օգտագործողները այս ստեղծագործութիւններով կը կիսուին թէ՛ «ՓիքսԱրթ»-ի եւ թէ՛ որեւէ այլ ընկերային ցանցերու վրայ: «ՓիքսԱրթ»-ը կը ներառէ ազատ օգտագործման համար անվճար նկարներու եւ նիշքերու աշխարհի մեծագոյն հաւաքածօներէն մէկը` ունենալով համայնքի կողմէ ստեղծուած եւ ազատ օգտագործման համար հասանելի աւելի քան մէկ միլիոն նկար եւ նիշք:

Յաւելուածը «Կուկլ փլէյ»-ի եւ «Ափ սթոր»-ի կողմէ բազմիցս ճանչցուած է իբրեւ լաւագոյն յաւելուած: Իսկ 2015-ին «Ֆորպզ» ամսագիրը «ՓիքսԱրթ» ընկերութիւնը ընդգրկած է ամէնէն արագ աճող սկսնակներու ցանկին մէջ:

Քաթալոնիոյ Մէջ Անվարորդ Հանրակարգ Գործարկած Են

Քաթալոնիոյ իշխանութիւնները գործարկած են նոր հանրակարգ մը, որ ուղեւորները կը փոխադրէ առանց վարորդի: Անվարորդ ելեկտրական հանրակարգի փորձարկումները տեղի կ՛ունենան քանի մը քաղաքներու մէջ, որոնցմէ առաջինը դարձած է Սան Քուկատ տել Վալիեսը (Պարսելոնա): Այդ մասին յայտնած է Noticia.ru:

Աւելի ուշ հանրակարգը պիտի ուղարկուի Տարասա, Սապատել, Ժիրոնա, Ռէուս, Էլ Վենտրել, Մարտորել եւ Վիք: Քաթալոնիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ կարեւոր է սկսիլ նման փոխադրամիջոցներու փորձառական շրջանը, որպէսզի մարդիկ աւելի յաճախ զանոնք տեսնեն գործողութեան մէջ: Անոնք նաեւ նշած են, որ ելեկտրական փոխադրամիջոցի անցնելու ընթացքին անհրաժեշտ է վերափոխել ենթակառուցուածքը: Հանրակարգը, որ ստացած է «Էրիքա» անունը, նախատեսուած է 12 մարդու համար:

Անիկա պատրաստուած է սահմանափակ ֆիզիքական կարելիութիւններով մարդոց կարիքներուն համար, հաղորդած է Ռիա Նովոսթի:

Կրիկորի Լեփս Յայտնած Է, Որ Սրբապատկերի Իր Հաւաքածոն Կը Գնահատուի 25-35 Միլիոն Տոլար

Մոսկուայի Պատմութեան պետական թանգարանին մէջ 5 սեպտեմբերէն 6 նոյեմբեր կը ներկայացուի երգիչ եւ Ռուսիոյ վաստակաւոր արուեստագէտ Կրիկորի Լեփսին պատկանող 200 սրբապատկերներու հաւաքածոյի ցուցահանդէս: Վկայակոչելով ԹԱՍՍ-ը` երգիչը լրագրողներուն ըսած է, որ փորձագէտները սրբապատկերներու իր հաւաքածոն գնահատած են 25-35 միլիոն տոլար:

«Դժուար է գինը որոշել, փորձագէտ մը կ՛ըսէ 25 միլիոն տոլար, միւսը` 35: Անիկա երկրի, թերեւս ալ աշխարհի մեծագոյն հաւաքածոներէն մէկն է», ըսած է Լեփս:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են սրբանկարչական աշխատանքներ, որոնցմէ շատեր երբեք չեն ցուցադրուած հանրութեան: Երգիչը 20 տարուան մէջ հաւաքած է այդ սրբապատկերները: Ան խոստովանած է, որ իր հաւաքածոյին համար միշտ դիւրին չէ այս կամ այն սրբապատկերները ձեռք բերել:

«Հաւաքորդները միշտ ունին այսպիսի սկզբունք, որ` «այս սրբապատկերը չի վաճառուիր»: Բայց կայ նաեւ «բաժնուելու գին», մենք այդպէս կը կոչենք: Եթէ անիկա 100 ռուբլի է, ապա «բաժնուելու գինը» կ՛ըլլայ 500»: Եղած են նաեւ այլ պարագաներ, երբ շատ հազուագիւտ սրբապատկերներ ձեռք բերուած են համեմատաբար աւելի դիւրին», ըսած է Լեփս:

 Հոլանտայի Մէջ Պիտի Յայտնուի «Թրի-Տի» Տպիչով Ստեղծուած Տուներու Թաղամաս

«Թրի-տի» տպիչով ստեղծուած բնակելի շէնքերը պիտի ներկայացուին 2019-ին: Այս մասին յայտնած է «Տը Արթ Նիուզփէյփըր»-ը: Հոլանտայի մէջ կը սկսին «թրի-տի» տպիչով ստեղծուած բնակելի տուներու կառուցումը: Շաղախէ շարժական տնակները նախագծուած են Հոլանտայի Այնտհովըն քաղաքի ճարտարագիտական համալսարանին մէջ, որուն ներկայացուցիչները անցեալ տարի Կեմերտի մէջ կառուցեցին աշխարհի առաջին «թրի-տի» կամուրջը հեծելանւորդներու համար:

Այն ժամանակ ութ մեթր երկարութեամբ կամուրջի կառուցման համար պահանջուեցաւ 3 ամիս, իսկ հինգ տունէ բաղկացած բնակելի համալիրը ճարտարապետները կը ծրագրեն աւարտել մէկ տարուան մէջ: Թաղամասը պիտի ներկայացնեն 2019-ին: Նախագիծով առաջին «թրի-տի» տունը պիտի ըլլայ միայարկ եւ երեք սենեակով` 95 քառակուսի մեթր մակերեսով. իւրաքանչիւր նոր տան կառուցուածքը եւ բաժանումը պիտի բարդանան, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթի:

Ճափոնի Մէջ Գրեթէ 1 Միլիոն Դպրոցականներ Կախուածութիւն Ունին Համացանցէն. Քիոթօ

Ճափոնի մէջ միջնակարգ եւ երկրորդական դպրոցներու շուրջ 930 հազար աշակերտներ կախուածութիւն ունին համացանցէն, ինչ որ գրեթէ կրկնակիօրէն կը գերազանցէ անցեալ ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները, որոնք երկրի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած են 2013-ին:

Ըստ հետազօտութեան տուեալներուն, որոնք ներկայացուցած է «Քիոթօ» գործակալութիւնը, հետազօտութիւնը 103 միջնակարգ եւ երկրորդական դպրոցներու 64 հազար աշակերտներ ընդգրկած է ամբողջ Ճափոնի տարածքին: Հարցումը կատարուած է անցեալ տարուան դեկտեմբերէն մինչեւ այս տարուան փետրուար: Հետազօտութիւններու արդիւնքները ցոյց տուած են, որ համացանցի կախուածութենէ կը տառապի միջնակարգ դպրոցներու առական սեռի աշակերտներուն 10,6 առ հարիւրը, եւ իգական սեռի` 14,3 առ հարիւրը:

Երկրորդական դպրոցներու աշակերտներուն մէջ համացանցի կախուածութիւն նկատուած է երիտասարդներու 13,2 առ հարիւրին քով, եւ` աղջիկներու 18,9 առ հարիւրին քով: Գործակալութիւնը կը նշէ, որ համացանցի կախուածութիւն ունեցողները որոշելու համար մասնագէտները առանձնացուցած են ութ նախանշաններ: Աշակերտը համացանցի կախուածութիւն ունեցող կը դասուի, երբ անոր պատասխաններուն հիման վրայ կարելի է առանձնացնել այդ ութ նախանշաններէն հինգը կամ աւելին: 2013-ի հետազօտութեան արդիւնքներով, Ճափոնի մէջ միջնակարգ եւ երկրորդական դպրոցներու աշակերտներուն մէջ համացանցի կախուածութիւն ունեցողներուն թիւը կազմած է մօտաւորապէս 510 հազար, հաղորդած է Ռիա Նովոսթի:

«Ֆէյսպուք»-ի Տուեալներու Պահպանման Համար Ասիոյ Մէջ Առաջին Կեդրոնը Պիտի Ստեղծուի  Սինկափուրի Մէջ

«Ֆէյսպուք» ընկերութիւնը 6 սեպտեմբերին ձեռնամուխ եղած է տուեալներու պահպանման եւ մշակման համար Ասիոյ մէջ առաջին կեդրոնի ստեղծման: Ըստ ընկերութեան տարածած յայտարարութեան, համալիրը իր գործունէութիւնը պիտի սկսի 2022-ին, Սինկափուրի մէջ:

Նախագիծին արժէքը կը գնահատուի 1,4 միլիառ տոլար. անիկա ընկերութեան համար 15-րդը պիտի դառնայ ամբողջ աշխարհին վրայ:

«Կեդրոնին կառուցումը Ասիոյ մէջ իր ներկայութիւնը ընդլայնելու «Ֆէյսպուք»-ի ռազմավարութեան բաղկացուցիչ մասն է», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: Ըստ ընկերութեան փոխնախագահ Թոմաս Ֆերլոնտի, «Կեդրոնին մէջ նաեւ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի սկսնակներուն, ինչպէս` իրենց կիրարկման գործին մէջ»: Բացի անկէ, ըստ անոր, «Այնտեղ կը ծրագրուի ստեղծել հազարէ աւելի նոր աշխատատեղեր»: Համալիրը կառուցելու ժամանակ, որ պիտի գրաւէ 170 հազար քառակուսի մեթր տարածք, առաջին անգամ պիտի կիրարկուին նորագոյն արհեստագիտական միջոցներ, որոնք կարելիութիւն պիտի տան 20 առ հարիւր նուազեցնել ուժանիւթի եւ ջուրի օգտագործումը, հաղորդած է ԹԱՍՍ:

«Թուիթըր»-ի Վրայ Կրնայ Յուշում Յայտնուիլ, Թէ Օգտագործողներէն Որո՛նք Պէտք Է Ցուցակէն Հանել

«Թուիթըր» կրնայ սկսիլ խորհուրդներ տալ, թէ օգտագործողները ո՛ր հաշիւներէն պէտք է ազատին: Ըստ «Սլէյթ» առցանց հրատարակութեան, այդ գործառոյթը քանի մը օր մատչելի էր ոչ մեծ թիւով օգտագործողներու:

Յանձնարարականները պիտի տրուին ըստ օգտագործողի ժապաւէնի եւ այլ էջերու հետ անոր փոխգործակցութեան հետազօտման արդիւնքներուն: Այդ բոլոր տուեալներուն հիման վրայ ընկերային ցանցը պիտի առաջարկէ ցանկը այն օգտագործողներու հաշիւներուն, որոնք թերեւս չեն հետաքրքրուած մէկու մը մասին: Թէ ի՛նչ եզրակացութիւններ ըրած են «Թուիթըր»-ի մէջ, եւ արդեօք վերջնականապէս պիտի տրուի՞ այդպիսի կարելիութիւն, չի հաղորդուիր։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>