Հոկտեմբերի այս օրերուն կ՛ոգեկոչենք անմեռ յիշատակը նուիրեալ այն վարդապետներուն, որոնք հայոց տառերը ստեղծեցին, Աստուածաշունչը թարգմանեցին եւ հայ դպրութեան հիմքը ամրապնդելով` ոսկեդարը կերտեցին:
301-ին հայ ժողովուրդը քրիստոնէութիւնը ընդունեց, սակայն Հայաստանեայց եկեղեցին հայացաւ եւ ազգային նկարագիրով օժտուեցաւ հայ գիրերու գիւտէն ու Աստուածաշունչի եւ հայ հոգեւոր գրականութեան թարգմանութենէն ետք: Այդ օրերուն կառուցուեցան դպրոցներ, կրթութեան օճախներ, ու հայ մանուկը սկսաւ սորվիլ մեսրոպեան քաղցրահնչիւն լեզուն ու մայրենի լեզուով աղօթել, կարդալ ու գրել:
Թարգմանիչ վարդապետներուն գրական ու մշակութային այս աննախընթաց շարժումը ունէր նաեւ քաղաքական նշանակութիւն, որովհետեւ կոչուած էր հսկաներու ճակատումներուն մէջ պահպանելու հայ ազգին իւրայատուկ դիմագիծը, մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը:
Մշակութային այդ հսկայ ժառանգութիւնը պահպանուեցաւ ու զարգացաւ դարէ դար` հակառակ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն: Կորսնցուցինք նիւթեղէն մեր հարստութեան նկատառելի մէկ համեմատութիւնը, գրաւուեցան մեր հողերը, ոչնչացան մեր նիւթեղէն ամրոցները, սակայն հայ գիրով ու մշակոյթով, պատմութեամբ ու գրականութեամբ բարձրացած ոգեղէն ամրոցները կայուն մնացին: Հոգեւոր այդ արժէքները հայ պահեցին նոյնիսկ ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ժողովուրդի աշխարհացրիւ բեկորները, որովհետեւ անոնք աւելի հատու էին, քան` թշնամի ցեղերուն զէնքերն ու բռնի թրքացման միջոցները:
Այս ճշմարտութիւնն է ահա՛, որ վեր պէտք է առնել Թարգմանչաց տօնին առիթով ու գիտակցիլ վերջապէս, որ թարգմանիչ հայրերուն մեզի կտակած աւանդը, լեզուն ու գրականութիւնն ալ որպէս զէնք կարելի է օգտագործել ոչ միայն պաշտպանուելու, այլ սէրն ու համերաշխութիւնը տարածելու ողջ աշխարհին մէջ:
Մի՞թէ թարգմանական գրականութիւնն ու արուեստն ալ քարոզչական միջոցներ չեն կրնար ըլլալ` անտեղեակ հաւաքականութիւններու մտքին մէջ թափանցելու, անոնց մեր Դատին ու հարուստ աւանդին գրականութեամբ, մշակոյթով իրազեկ դարձնելու համար, ատելութեան, տգիտութեան ու ոխին վերջ տալու համար:
Եթէ հինգերորդ դարուն Սահակ հայրապետը, Վռամշապուհ արքան, Մեսրոպ վարդապետն ու թարգմանչաց հոյլը հայ դպրութեան, ազգային գաղափարախօսութեան ապաւինելով` կորուստէ փրկեցին մեր ժողովուրդը, այսօր, աւելի քան երբեք, մեր անխորտակելի ամրոցներու պահպանումով ու տարածումով եւս կրնանք սատարել յատկապէս մեր աշխարհացրիւ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանումին: Կրնանք սատարել նաեւ մեր հայրենիքի ճանաչողական որակի բարձրացումին, երբ ամբողջ աշխարհին մենք զմեզ ճանաչելի կը դարձնենք մեր ոգեղէն արժէքներով ու հարստութեամբ եւս: Ոգեղէն մեր ներուժով ուրեմն կարելի է պահպանել մեր ժառանգութիւնն ու անով իսկ պաշտպանուիլ` աշխարհի որ ծայրամասին մէջ ալ գտնուինք:
Այսօր, սակայն, նիւթապաշտ այս աշխարհին մէջ ոմանք կորսնցուցած կը թուին ըլլալ իրենց հաւատքը ոգեղէն մեր ուժին` հայ գրականութեան ու մշակոյթին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դերակատարութեան հանդէպ:
Այլապէս ինչո՞ւ աղանդաւորական շարժումներ պիտի թափանցէին մեր երկրին ու աշխարհատարած ժողովուրդին մէջ, ինչո՞ւ մեր գրականութիւնն ու լեզուն նահանջ պիտի ապրէին, ինչո՞ւ նոր ստեղծագործութիւններով, թարգմանական գրականութեամբ պիտի չյորդէին մեր դպրութեան կեդրոնները, ինչո՞ւ գրողներ անտէր, անտիրական պիտի մնային:
Միթէ՞ մեր թարգմանիչ հայրերուն մեզի կտակած հոգեկան ու մշակութային ժառանգութիւնը հարստացնելու կարողութիւն չունինք գերարդիացած այս աշխարհին մէջ, երբ չկան հինգերորդ դարու դժուարութիւններն ու քաղաքական ճնշումները, երբ ունինք ազատ հայրենիք եւ տարողունակ զարգացումներու դիմաց բաց ժողովուրդ:
Հաւատքն է, որ կը պակսի պարզապէս…Հաւատք` մեր մշակութային ժառանգութիւնը ազդու զէնքի վերածելու էական գործին նկատմամբ, ներգործելու` մատաղ մտքերու ամբողջ սերունդի մը վրայ: Եթէ ամրանայ այդ հաւատքը, ո՛չ կամքն է, որ կը պակսի, ո՛չ ալ` նիւթական կարելիութիւնը: Եթէ ամրանայ այդ հաւատքը, նահանջի երգերը աստիճանաբար տեղի կու տան:
Թարցմանչաց տօնին առիթով, ուրեմն, մատղաշ մեր սերունդներուն ուսուցանենք սիրել մայրենի լեզուն, դեգերիլ անոր հարստութեան մէջ, գեղեցիկն ու լաւը արտադրելու յանդգնութիւն ու կամք ունենալ` ազդու զէնքի վերածելով թարգմանիչ վարդապետներուն ժառանգութիւնը:
«Գ.»