Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հին Բարեկամներէս` Պարոն Պաղտասարը

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Անմեղ հարցում մը: Արդեօ՞ք կը ճանչնաք այս մարդը: Պարոն Պաղտասարը:

Հարկաւ` ոչ: Ուրկէ~ ո՛ւր: Ես ալ չէի ճանչնար: Պարզեմ: Մեր թաղի հայ դրացիներէս մէկուն խնամին է: Զինք «Պէ-Պէ» կ՛անուանեն: Այսպէս է ծածկանունը: Ժամանակին ֆրանսացի հանրայայտ դերասանուհիներէն` Պրիժիթ Պարտոյին` մենք «Պէ-Պէ»-ով կը ճանչնայինք: Բայց այս մէկը բոլորովին տարբեր էր: Հիմա կը պարզեմ: Բարձրահասակ, լեցուն ստամոքսով, հաստ պեխերով ու յօնքերով, մեծ քիթով եւ ականջներով` պոռոտախօս հայ մը, որուն տարիներ առաջ թաղի դրացիիս աղջկան խնամախօսութեան հաւաքոյթին դժբախտաբար հանդիպած էի: Երանի չհանդիպէի:

Առաջին իսկ հերթին ան ինծի «տեսակ» մը երեւցաւ: Հակակրելի:

Վաթսունին շատ մօտ մէկն էր մեր այս «Պէ-Պէ»-ն, որ ամէն առիթով եւ ամէն կերպով կը փորձէր այս ափերուն մեր կեանքի պայքարը իր հասկցած ձեւով եւ կերպով նաեւ միացնել մեր ազգային գոյատեւման: Անոր համար ամէն հաւաքի, հասնողին առատօրէն խելք կը բաժնէր եւ, այսպէս, իր ձրի խրատականներով «կ՛արդուկէր» մարդոց արդէն յոգնած գլուխները: Թէեւ տարիներէ ի վեր անգործ էր, բայց հարուստի նման կը խօսէր, կարծես ճարպիկ ամերիկացի մը ըլլար:

Օտարներու շատ մը թերութիւնները շալկելով հանդերձ, ինքզինք զտարիւն հայ կը ներկայացնէր:

Հայկական պար եւ կամ պարել չէր գիտեր: Իրեն համար պարը ամօթ բան էր: Թէեւ շատախօս էր, բայց մէյ մը որ օղին առանց ջուրի խմել սկսէր, կարծես լեզուին կապերը աւելի կը քակուէին: Իր կնոջ համաձայն, «մեղա՜յ, տան մէջ միշտ սուսիկ-փուսիկ է մարդս», անձայն, անաղմուկ ու հնազանդ»: Հետաքրքրականը այն էր, որ ինք այս մէկը կ՛արդարացնէր` ըսելով, թէ իրենց տան մէջ իր կինը իրեն խօսելու առիթ երբեք չէր տար:

Մանուկ հասակին հայրը իրեն սորվեցուցած էր կեանքի քանի մը էական օրէնքները: Ու հօրը հնազանդ զաւակ` իր մտքին մէջ ամրօրէն պահած էր այդ խրատները: Հայրը նաեւ իրեն խստօրէն թելադրած էր, որ` «Եթէ դրամ շահիլ կը սիրէր, պէտք էր, որ բժիշկ կամ երկրաչափ ըլլար», կամ` «Եթէ կ՛ուզէր ազգին ծառայել, պէտք էր, որ միայն ազգին ղեկավարը դառնար»: Ապա` «Եթէ անպայման կ՛ուզէր օրուան հացի կարօտ մնալ, հայ գրող պէտք էր ըլլար…»:

Բայց «ինքը ո~ւր, գրողը ո՛ւր», յաճախ արտայայտուած էր հայրը, ցաւալիօրէն:

Ասոնք խրատականներ էին, որոնք իր ականջին օղ ըրած` ոչ միայն հետը կը պտտցնէր, այլ բոլորին ե՛ւ ձրիօրէն բարձրաձայն ու առատօրէն կը բաշխէր:

Ասով հանդերձ, սակայն, ինքզինք մեծ հաւատացեալ կը նկատէր: Թունդ քրիստոնեայ: Իր խօսակցութենէն եւ ձայնի ելեւէջներէն այդ մէկը կարելի էր նկատել: Կիրակի եկեղեցի երթալու համար քանի մը օրեր առաջ կը պատրաստուէր: Շաբաթ օր երկար կը լոգնար եւ տաղաւար օրերուն ալ իր կնոջ կ՛արգիլէր լուացք ընել:

Օտար սովորութիւններ «ներս» չբերելու համար ամուսնացած էր իր հայրենակիցի աղջկան հետ: Բայց այս մէկը իրեն հետ ուրիշ հարցեր ալ բերած էր: Ու հակառակ այս բոլորին` ինքզինք կնամեծար ցոյց կու տար:

Անկեղծ ըսելով` ինծի համար ան միտքով յեղափոխական էր, բայց իրականութեան մէջ` տեղափոխական: Այսպէս, մինչեւ Ամերիկա հաստատուիլը, քանի~ քանի՛ երկիրներէ անցած էր: Բացի ասկէ` մեր առաջին իսկ հանդիպման ընթացքին, նոյնիսկ առաջին կէս ժամուան մէջ, չես գիտեր, ինչո՞ւ, երեք անգամ իր նստած տեղը փոխած էր:

Մեսրոպ Մաշտոցով շատ կը հպարտանար, նոյնպէս` Խրիմեան հայրիկով, Հրազդան գետով եւ Երեւանով: Ու հակառակ անոր որ վանեցի մը չէր, կը կարծէր, որ Վան քաղաքը Վանայ լիճին վրայ գտնուող միակ նաւահանգիստն էր: Ըստ իրեն, եթէ իր ծնած երկիրը ապրած մնար, վաճառականութեամբ պիտի զբաղէր, բայց հո՛ս անգործութիւնը զինք աւելի հեզասահ կեանքի վարժեցուցած էր: Գաղութի հայութեան թիւին վրայ մեծ հիացումունք ունէր, անոր համար «այս Ամերիկան, Միջին Արեւելքէն ետք, իր երկրորդ հայրենիքը» կը նկատէր:

Մէկ խօսքով, տիպար, շատախօս արեւելքցի մըն էր: Մոլի եւ ծայրայեղ հայ ըլլալով հանդերձ, ստամոքսը շատ կը սիրէր: Իրեն համար առաջնակարգ տեղ կը գրաւէին խորովածն ու պանճանով` սմբուկով քեպապը, պեքմեզով հացն ու միջուկով քիւֆթէն: Իսկ լահանայի կաղամբի թուրշիի ջուրը միայն կը խմէր, երբ փորը ցաւեր: Ասոնց վրայ աւելցուցէք նաեւ պասթրման ու սուճուխը…

Մէկ խօսքով, ի ծնէ շատակեր եւ նոյնքան ալ «բանգէտ» մըն էր: Ինքզինք  թէ՛ հայասէր եւ թէ՛ հայագէտ կը ներկայացնէր: Այս մէկը մեր բոլոր հանդիպումներուն ամէն անգամ շեշտած եւ յիշեցուցած էր:

Ապա իրեն համար մեծ ցաւ էր «մեր մայրենի լեզուի բառապաշարին աղքատութիւնը», ու կ՛աւելցնէր` «Հայերէնը` երթալէն կը կորսնցնէ կոր իր մեծ հարստութիւնը». Թութակի պէս այս բոլորը կը կրկնէր շարունակ եւ ինքզինք արդարացնելու համար կ՛ըսէր.

– Օրինակ մենք թրքերէն «պոշկեզեն» բառին հայերէնը չունինք, տեսա՞ք…:

Միտքէս կ՛ըսէի, որ եթէ այս բառին հայերէնը ունենայինք, ինք ինծի համար ամէնէն յարմար թեկնածուն պիտի ըլլար: Եւ տակաւին, շարունակելով կ՛աւելցնէր. «Ըսէ՛ք տեսնեմ, երբ կ՛ըսենք «Ճիհաննեմ», արդեօ՞ք դժոխք բառին ճշգրիտ իմաստը տուած կ՛ըլլանք»: Եւ օրինակներ ու օրինակներ…

Էականը այն էր, որ ի՛նք կը հարցնէր եւ թէ՛ ալ իր հարցումին ի՛նք կը պատասխանէր ու մեզի առիթ չէր տար, որ մենք ալ մեր կարծիքը տայինք:

Անկախ այս բոլորէն` գրաբարը սորված էր եկեղեցի երթալով, աշխարհաբարը` դպրոցէն ներս, իսկ թրքերէնը` կօշկակարներու շուկայէն: Նախակրթարանի աշակերտ եղած ժամանակ քերականութեան դասը չէր սիրած, որովհետեւ օր մը, երբ ուսուցիչը ժխտականը բացատրելէ ետք աշակերտներէն օրինակ մը ուզած էր, ինք իբրեւ ուշիմ եւ խելացի աշակերտ` շուտով օրինակ մը տուած էր` քիւֆթէ – չի քիւֆթէ»:

Իր կարգին, ուսուցիչը պատասխանած էր

– Ապրի՛ս, հիմա ըսէ՛ տեսնեմ, խելացի տղա՛ս, դուն «ախմա՞խ ես, թէ՞ չախմախ», ու զինք իբրեւ դասապահը խանգարող աշակերտ` տնօրէնին մօտ ղրկած էր:

«Մարդ բախտաւոր ծնած պէտք է որ ըլլայ», կը կրկնէր միշտ: Բայց հակառակ այս բոլորին` երբեք յուսահատող մը չէր եղած, այլ` միշտ խնդումերես: Իրեն համար «վրան բաց», կամ «տակը գոց» կատակ չկար, բոլորն ալ նոյնն էին:

Անկախ հայերէնէն նաեւ շատ մը ուրիշ լեզուներ ալ գիտէր: Միայն «խէրն անիծածը» պարսկահայերէն չէր ընբռներ, իսկ արեւելահայերէնն ալ` «եթէ ռուսերէն բառեր չխառնէին, սանկ-նանկ քիչ մը կը հասկնար», իսկ «մեր հայերէնը իրեն համար գաւաթ մը ջուրի պէս էր»: Տակաւին, գիտէր քիչ մըն ալ ֆրանսերէն, բայց թրքերէնը` «մի՛ հարցնէք, պիւլպիւլի պէս»: Թէեւ «իր անգլերէնը այդքան ալ զօրաւոր չէր, բայց իր խնամիներէն աւելի լաւ գիտէր»:

Ամերիկա հաստատուած առաջին իսկ օրէն իր հայ եւ օտար դրկիցներէն  սորված էր այս երկրի ընկերային ծառայութեան բոլոր օրէնքներն ու կանոնները եւ յատկապէս օգտուելու կերպերը: «Ֆուտ ըսթամփ», «ուալֆեր», «ինվալիտ»` ասոնք անծանօթ բաներ եւ բառեր չէին իրեն համար: Անոր համար էր, որ «անգործ մնալը» կը նախընտրէր:

Բայց` այս նախաբանս անոր համար, որ բարեկամս` մեր «Պէ-Պէ»-ն, այս օրերուն յանկարծ որոշած էր գործ փնտռել. «ի՞նչ կ՛ըլլայ աւելորդ դրամը ա՞չք կը հանէր» պատճառաբանելով, միայն` «քէաշ»` կանխիկ պէտք էր վճարուէր:

Արդ, եթէ իրեն յարմար թելադրելիք գործ մը ունիք, կը խնդրեմ` զինք տեղեակ պահեցէ՛ք: Ինք ամէն օր, մինչեւ կէսօր, քաղաքի յայտնի «մեծերու» մանկապարտէզը կ՛ըլլայ, երեկոները` հանրային գրադարանին մէջ անգլերէն եւ օտար «մակազիններուն» նկարները դիտելով կը զբաղի, իսկ շաբաթ օրերն ալ` իրենց տան դիմացի «փարքը» իր տարեկիցներուն հետ նարտի կը խաղայ:

Չմոռնաք…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>