Ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան մշակութասէր ընտրանիի մը հաւաքավայրը դարձեալ Հայկազեան համալսարանն էր: Այս անգամ, վերջին տասնամեակին չորրորդ անգամը ըլլալով, «Տէրեան հայագիտական գրադարան»-ը կազմակերպած էր արդէն աւանդութիւն դարձած Լիբանանահայ գրողը գնահատելու «Լիբանանահայ գիրքը-2017»-ին հանդիսութիւնը:
Հեղինակներու, պատկան մարմիներու ներկայացուցիչներու, բարեկամներու եւ ընդհանրապէս հայ գիրն ու գիրքը սիրողներու ներկայութեամբ, ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Բարի գալուստի եւ բացման խօսքը արտասանեց գրադարանապետուհի Սոնիա Սիսլեանը:
Օրուան բանախօսն էր լիբանանահայ հրապարակագիր Ահարոն Շխրտըմեանը:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Հայկազեան համալսարանի ուսանողներ` Մինաս Ադամեանը` «Հայոց տառեր» երգով, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արի Վարդանեանի:
Ս. Սիսլեանի կողմէ հեղինակներու եւ 2017-ին հրատարակած իրենց գիրքերու ներկայացումին զուգահեռ, անոնք ստացան գնահատագիրներ` ձեռամբ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի:
21 հեղինակներ եւ 31 աշխատութիւններ պարփակող սոյն ձեռնարկի գնահատագիր ստացողներուն անունով սրտի խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Մեսրոպ վրդ. Թոփալեանը:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները հիւրասիրութեան սեղանի մը շուրջ շարունակեցին իրենց մտերմիկ զրոյցները: