ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի ամենանուիրական եւ կարեւոր տօներէն մէկն է Թարգմանչած տօնը, որ նուիրուած է Թարգմանչաց շարժումին, հայ գիրի եւ դպրութեան մշակներուն եւ գիրերու գիւտին: Գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւն ու անոնց աշակերտներն անցան թարգմանական գործին, որուն նպատակն էր երկիրը յունական ազդեցութենէն ազատել, հայկական դպրոցներ հիմնել, քրիստոնէական եւ այլ գիրքեր հայերէն թարգմանել, եկեղեցական ծէսերը հայկականացնել:
Մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահերուն հայ ժողովուրդը իր մշակներով միշտ ալ հաւատարիմ մնացած է հայ հաւատքին եւ մայր լեզուին: Անոնք իրենց արեամբ սորվեցուցած են այբուբենը` հասնող սերունդներուն:
Այսօրուան նոր սերունդներն ալ պէտք է հաւատարիմ մնան թարգմանիչներու խորհուրդին, սիրեն ու յարգեն հայերէնը` զայն մաքուր գործածելով: Ամէն հայ մանուկ, առանց որեւէ պատճառաբանութեան, պէտք է հայկական վարժարան յաճախէ, հայեցի կրթութիւն ստանայ եւ ապա միայն սորվի օտար լեզուներ: Ծնողները այս իրաւունքէն պէտք չէ զրկեն իրենց զաւակները: Անոնք իրենց նորածիններու ականջին պէտք է մեղմօրէն հնչեցնեն այբուբենը: Միսաք Մեծարենց կ՛ըսէ. «Օգտուինք եւրոպական լեզուներու նորանոր ու թարմ արտայայտութիւններէն, բայց չմոռանանք գրաբարին յուռթի շտեմարաններէն օգտուիլ մանաւանդ: Ինչո՞ւ մեր հացը գետին ձգենք ու մուրացիկ, ուրիշի ետեւէն վազենք:»
Այսօրուան սփիւռքեան պայմանները հայապահպանման գործը կը խափանեն: Պէտք է զգօն ըլլալ եւ պայքարիլ անհատական եւ հաւաքական մակարդակով, որովհետեւ եթէ չպայքարինք, մեր գաղթօճախները կրնան ձուլուիլ, հետեւաբար մայրենի լեզուին հանդէպ պէտք է համաժողովրդական ուշադրութիւն, յարգանք եւ պատասխանատութիւն սեւեռենք:
Թարգմանչաց տօնին առիթով, եկէք, ուխտենք հաւատարիմ մնալ, սիրել եւ հարստացնել մեր մայրենի քաղցր լեզուն: