Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ալիպորոն-Պորոնալին Կամ Ինչպէս Ձաղկել Գեղագիտական Կեղծիքը

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ոչ հեռու անցեալին, իրաւ եւ կեղծ գեղարուեստի մասին երբ կը խօսէի, կը յիշէի «Պորոնալի»-ի պատմութիւնը, որ այնքան տպաւորած էր զիս: Չէի գիտեր, դէպքին վայրը, դերակատարները, չէի գիտեր թէ նման դէպք իրապէս պատահա՞ծ էր, թէ՞ ոչ:

Բայց պատմութիւնը այնքան դիպուկ էր արուեստի եւ գրականութեան պարագային իրաւը կեղծէն ջոկելու համար, արտահանելու արժէքը, զոհ չըլլալու համար կեղծին եւ խնկարկող, փայլիլ ուզող կեղծ արուեստասէրներու:

Ֆրանսերէն snob բառին համար բառարանը կ՛ըսէ` պճնամոլ: Զարդարուիլ, ներկայանալ վարձու պատկերով: Կիսագրագէտներ եւ անգրագէտներ երբ կը ծուարին այս կամ այն իրաւ կամ կեղծ «հանճար»-ի շուքին, իրենք ալ պճնուելով` իրենք զիրենք կը խաբեն, քիչ մըն ալ` ընկեր-բարեկամները: Իրաւութիւն չեն նուաճեր:

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթ, շաբաթ, 6 հոկտեմբեր 2018-ի համարով անդրադարձած էր այս պատմութեան: Գեղագիտութեան դաս` ե՛ւ արուեստագէտին, ե՛ւ արուեստասէրին համար: Չդիմացայ գրուածը թարգմանելու փորձութեան:

Յօդուածը կ՛արժէ կարդալ, մտածել, դիտել մեր շուրջը, լսել եւ փորձել զոհը չըլլալ անբովանդակ նորաձեւութեան եւ կապկումի:

Խիստ հետաքրքրական խորագիր`

«Նկարել Իշու Մը Պէս.  արուեստ. վերացական կտաւ մը, իրականութեան մէջ խաբէութիւն մը` երեւակայուած 1910-ին, Մոնմարթրի շրջանակին մէջ, կը վերադառնայ այն վայրը ուր յղացուած էր»:

Յօդուածը ստորագրած է Էրիք Պիէթրի-Ռիվիէր:

«Առասպելական պատկեր մը, պտուղը` արուեստի պատմութեան ամէնէն զուարճալի խաբէութիւններէն մէկուն, կը վերադառնայ հոն, ուր ծնած էր: Իր նոր ցուցադրութեան առիթով, յատկացուած Պիւթի (Փարիզի Մոնմարթր թաղամասի բլրակը, ուր սովորաբար կը խմբուին արուեստագէտները, Յ.Պ), թանգարանը առանձնաշնորհը ունեցած է, որ  երկուքուկէս ամսուան իրեն տրամադրուի համար «Եւ արեւը քնացաւ Ատրիականի վրայ»-ն (Et le soleil s՛endormit sur l՛Adriatique):

«Ըստ կտակի տրամադրութեան, այս գործը իրաւունք չունի դուրս գալու զինք պահող հաստատութենէն` Միլլի-լա-Ֆորէյի «Փոլ-Պետիւ» մշակութային կեդրոնէն: Բայց շէնքը վերանորոգման կ՛ենթարկուի, եւ ուրեմն առիթ է վերստին տեսնելու այս համայնապատկերը` զարմացնող արմատական իրապաշտութեամբ, քանի մը մեթր հեռու` Լափեն Աժիլ Կապելայէն, ուր ան իրականացուած էր: Կապոյտ խորքի մը վրայ` իր կէսին, նարնջագոյն եւ դեղին վերը, առաջին մասով քանի մը հպումներ ամբողջը կտրատող, մինչեւ` վերացականութիւն:

«Քորթօ փողոցի թանգարանէն մեկնելով, կը բաւէ իջնել Սոլ (Saules) փողոցով, անցնելով այգիի կողքով, հասնելու համար «Լափեն Աժիլ»` անցեալի պոհեմներու հանդիպման վայրը, այլեւս մոմիա դարձած` որպէս զբօսաշրջութեան հասցէ:

«Ալիպորոն Ծանօթ` Որպէս Պորոնալի

«Մուտքը եզերող պզտիկ պարտէզին մէջ, 1910-ին, քանի մը զուարթ անառակներու խումբ մը, ղեկավարութեամբ աշկերտ լրագրողի մը` Ռոլան Տորժըլես, աշակերտ` զարդարուեստի, նիւթած է խաբէութիւնը:

Ալիպորոն Պորոնալին եւ իր տէրը

«Փաստելու համար, որ կարգ մը յառաջապահականներու (avant-gardistes) գործերը, ցուցադրուած` Անկախներու ցուցասրահը (salon des indépendants), լոկ տխմարութիւններ էին, խմբակը բեռնակիր իշու պոչին կապած էր վրձին մը, մեծխօսիկ Ֆրետերիք Ժերար, կոչեցեալ` Ֆրետէ: Կոշտ կերպով ուրուագծուած կտաւ մը դրուած է ետեւը, աթոռի մը վրայ: Եւ անասունը յետոյքի քանի մը հարուածներով ամբողջացուցած է: «Ալիպորոն» կոչուածը քանի մը օր զրկուած է ստեպղինէ, եւ ամէն անգամ, երբ անոր այդ կը ներկայացուէր, կը գրգռուէր: Իր խառնիխուռն ծեփածը ստորագրուեցաւ իր իտէալականացուած կեղծ անունով` Ժոաշիմ Ռաֆայէլ Պորոնալի:Նկարը ընդունեցաւ Սալոնին կողմէ, դրուեցաւ թիւ 22 սրահը, եւ հանրութիւնը չվարանեցաւ իր աչքերը լայն բանալու այս յեղափոխական գործին դիմաց, մանաւանդ որ հեղինակը խորհրդաւոր էր:

«Տորժըլես, մամուլով անձամբ հրապարակեց գաղտնի խաղը 1 ապրիլ 1910-ին: Խաբէութեան պատրաստութեան պահուն ան կազմակերպած էր այնպէս, որ դատարանի պաշտօնատար մը եւ լուսանկարիչ մը ներկայ ըլլան: Հաստատումը եւ լուսանկարները ոչնչացուցին յաւակնոտները, անկարող արուեստագէտները եւ ինքնահաւան քննադատները: Նաեւ, Մոնմարթրի թանգարանին ներկայացուած լուսանկարներէն մէկուն վրայ, Տորժըլես, ապագայ նախագահը Կոնքուր ակադեմիային, կ՛երեւի դիմակով: Ան բաժակ կ՛առաջարկէ ընդհանուր բարբաջանքին, որ կը թուի արուեստ ըլլալ: Ան բաժակ բռնած է իշուկի եւ իր մեղսակիցներու, ինչպէս ներկայութեան, գրող եւ արուեստագէտ Անտրէ Վիրնուտ կամ Ժան Օպրիին` «Ֆանթազիօ» երգիծաթերթէն: Այդ թերթը հրատարակած էր նաեւ «Յայտարարագիր չափազանցապաշտութեան» մը, ստորագրուած… Պորոնալի (Manifeste de l՛excessivisme):

«Պատմութեան մանրուքի համար յիշենք, որ նկարիչ եւ քանդակագործ Անտրէ Մայոս գնեց նկարը 4000 եւրոյի: Տորժըլես գումարը տուած է Արուեստից որբանոցին: Եւ 1953-ին արուեստի հաւաքածոյ կազմող Փոլ Պետիւ գնած է նկարը»:

Արուեստասէրը եւ գրասէրը կը խեղճանան, երբ նորաձեւութիւնը կը ծափահարեն, քայլ պահելու համար… անարժանին եւ անարժէքին հետ: «Պորոնալի»-ի պատմութիւնը քննադատական միտքի զարգացման նպաստ է, եթէ գիտնանք մտածել:

«Պորոնալի»-ի նկարը կարելի է տեսնել մինչեւ 20 յունուար, Musée de Montmartre-Jardins Renoir (Paris XVIIIe):

8 հոկտեմբեր 2018, Նուազի-լը-Կրան

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles