Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Յուշատետր. «Ես Այդ Շունն Եմ»

$
0
0

Ռ. Հ.

Դեռ կը մտածեմ շան ճակատագրին մասին, շունը, որ այնքան հաւատարիմ է մեզի, եւ որուն անունը սակայն յաճախ կը գործածուի որպէս նախատինք: Այդքան արհամարհելի՞ է շունը: Եթէ այդպէս ըլլար, շունը կը դառնա՞ր դէպի անջրպետ արձակուած առաջին անասունը, այդպիսի պատիւի մը կ՛արժանանա՞ր:

1957-ին, երբ նոր թափ կը տրուէր դէպի անջրպետ թռիչքներու, Լայքա անուն նշանաւոր շունը արձակուեցաւ դէպի անջրպետ, շաբաթ մը ապրեցաւ հոն, շաբաթ մը վերջ մեռաւ անջրպետին մէջ: Հերոս շուն մըն էր ան, թէեւ ինք չէր, որ ընտրած էր այդ հերոսութիւնը:

Է՜հ, մեր երիտասարդութեան շրջանէն սկսեալ ի՜նչ նշանաւոր շուներ կը գործէին կամ կը ստեղծուէին միջազգային գրականութեան ու շարժանկարի աշխարհին մէջ: Ես չեմ մոռնար Ռիփ Վան Վինքըլ անունը, կարծեմ` ամերիկեան գրականութեան մէջ ստեղծուած կերպար մը, որ կնոջ տրտունջներէն ազատելու համար տունը կը լքէ ու իր Վոլֆ անուն շան հետ լեռ կը բարձրանայ:

Մեր երիտասարդական շրջանի Հոլիվուտեան ժապաւէններէն մէկուն հերոսն էր Ռին Թին Թինը: Աշխարհի ամէնէն նշանաւոր շունն էր ան հեռատեսիլի ժապաւէններուն վրայ 1954-էն սկսեալ, մինչեւ որ սպիտակ պաստառի վրայ յայտնուեցաւ ուրիշ շուն մը` Լեսսի անունով:

Ատենօք, երբ շարժանկարի ժապաւէն մը դիտելու  համար «Սինեմա» կ՛երթայինք, օրուան ժապաւէնէն առաջ անպայման ցոյց կը տրուէր Ուոլթ Տիզնիի կողմէ պատրաստուած գծիկով ժապաւէն մը, որուն գլխաւոր հերոսը Միքի մուկն էր` Միքի Մաուս: Բայց քանի որ կատուն չէինք կրնար երեւակայել առանց շան, Միքի Մաուսն ալ իր դիմաց ունէր միշտ Փլիւթոն

Որքան երկար տարիներէ ի վեր այլեւս սինեմա չեմ երթար, ուստի չեմ գիտեր, թէ այսօր ալ ժապաւէնի մը ցուցադրութենէն առաջ ողջոյն մը կը տրուի՞ Ուոլթ Տիզնիի անմոռանալի տիպարներուն:

Բայց գիտեմ, որ կայ շունը իբրեւ հերոս ընդունող գծիկով ժապաւէններու առատութիւ՜ն մը:

Չեմ մոռնար Թեն-Թենին նշանաւոր շունը` Միլուն:

Չեմ մոռնար տակաւին Չարլի Պրաունի հերոս շունը` Անուփին, որ մեզի մտածել կու տայ, որ շունը երբեմն աւելի խելացի էր, քան թէ իր տէր Շարլ Պրաունը:

Բայց թողունք օտար աշխարհը ու նայինք հայ մշակոյթի ու հայկական ապրումներու աշխարհէն ներս: Շատ հեռու երթալու պէտք չունինք, որովհետեւ հայոց աշխարհէն ներս մեզ անմիջապէս պիտի դիմաւորէ մեր Յովհաննէս Թումանեանը, որ ի ձեռին ունի մանուկներու համար գրուած «Շունն ու կատուն» կամ «Մի կաթիլ մեղր»-ը:

Բայց ասիկա պարզապէս մուտք մըն է: Շունը լայն տեղ ունի հայ գրականութեան կամ օտարալեզու հայկական գրականութեան մէջ: Ամէնէն առաջ կը յիշեմ Փիթըր Պալաքեանի նշանաւոր անգլերէն գիրքը` «Ճակատագրի սեւ շունը», որուն մէջ այնքան յուզիչ լեզուով կը պատմէ 1915-ի ողբերգութեան դրուագները` սկսելով իր ընտանիքէն:

Բայց շատ զարմացած էի, երբ օր մըն ալ ինծի հասած էր լիբանանահայ հանգուցեալ գրագէտ Պօղոս Սնապեանի մէկ գիրքը` «Ես այդ շունն եմ»: Ինչ զգայացունց խորագիր գիրքի մը համար: Սնապեան ինչպէ՞ս ինքզինքը կը նոյնացնէր շան մը հետ: Պատասխանը կար առաջին էջերուն վրայ: Կը խօսուէր պատմութեան մը մասին, ուր շուն մը հայոց տառապանքներու մէջէն անցած հայու մը շունչը կը ճանչնայ ու զայն կը տանի նոյն տառապանքներուն մէջէն անցած ուրիշ հայու մը, քով քովի կը բերէ զանոնք, որպէսզի խօսին հայոց տառապանքներուն ու ապրումներուն մասին: «Ահա ես այդ շունն եմ», կ՛ըսէ ուրեմն Պօղոս Սնապեան:

Հայոց դիցաբանութեան մէջ կայ «Յարալէզ»-ը, որ շուն չաստուածն էր, որ լիզելով կ՛ողջնցնէ մեռեալ մարդը: Յիշենք Շամիրամի ու հայոց Արա Գեղեցիկ թագաւորին պատմութիւնը: Շամիրամ, որ սիրահարած էր Արա թագաւորին, Արա թագաւորին մահէն ետք անոր մարմինը յուսահատօրէն կը թողու բացօթեայ` սպասելով, որ յարալէզները գիշերը գան ու ողջնցնեն թագաւորը: Ի՜նչ մեղք, որ յարալէզները չեն գար:

Յարալէզներ:

Չեմ կրնար մոռնալ, որ ֆրանսահայ ականաւոր գրագէտ Շահան Շահնուրի երկրորդ նշանաւոր գործն է. «Նահանջ առանց երգի»-էն ետք, «Յարալէզներու դաւաճանութիւնը» վէպը:

Հայոց լեզուին մէջ շան տեսակ մը կայ, որ գամփռ կը կոչուի: Կ՛ողջունեմ այս բառը, որովհետեւ գեղապաշտ մեր գրագէտ Ռուբէն Զարդարեանի ամէնէն նշանաւոր գրութիւններէն մէկը կոչուած է «Գամփռը»: (Կ՛երեւի ուղղագրական սխալով): Այս գրութիւնը կը բացուի հոյակապ լեզուով մը: Եկէք` հոս այս առիթով անգամ մը եւս կարդանք այս գրութեան առաջին հատուածը ու փառաբանենք Զարդարեանի գեղահիւս ոճը, որ պատիւ կը բերէ մեր մայրենիին.

«Հսկայ, պերճաշուք գամբռ մըն է` լեռներուն եւ դաշտին կազդուրիչ օդովը սնած ու հասակ առած, որ կը քալէ յաղթական ու հանդարտ վէսութեամբ մը, երբ քաղքենի շուներու ամբողջ վոհմակը, գաճաճ, քոսոտ, շատախօս` կը հալածէ զայն մոլեգնաբար: Իր երկու կողերէն դարվար կը կախուին մազերը գանգրաւոր առատութեամբ, յայտարար նշան` իր ազնիւ ցեղին ու ազնուականութեան, մինչդեռ հերաթափ կռնակը կը մատնէ արդէն իր ծերութիւնն ու տարիքին յառաջացած ամլութիւնը: Լայնանիստ, հուժկու, կուրծքը` դուրս ցցուած պարոյրով անսովոր գեղեցկութիւն մը կու տայ իր անասունի ամբողջ անձին, բոլորովին տարբեր այն հասարակ շուներէն, որոնք փողոցներու ցեխին ու աղբախառն զազրութեան մէջ կը ծնին ու կը մեծնան, եւ որոնց ահա բոլոր արգահատելի բանակը իր ետեւէն կը վազէ ու կը հաջէ:

Բայց ինչո՞ւ կը հաջէ»:

rh@normarmara.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>