Թշուառութեան չափը, որ անցնի, աղէկ նշան է` կ’ըսեն: Եւ այդպէս ալ եղաւ: Թշուառութիւնը յորդեցուց հայրենի ժողովուրդին համբերութիւնը եւ զայն ուղղեց «աքթիվիզմ»-ի դաշտ` յաղթահարելու համար վաղուց գերիշխող սթաթիւս քոն: Ողջունելի է հայրենի ժողովուրդին եռանդը, ողջունելի է երկրին հանդէպ յոյսի վերահաստատումը, ժպիտի վերադարձը, ողջունելի է մութ հեռանկարներու լուսաւորումը, եւ յատկապէս ողջունելի է այն յեղափոխութիւնը, որ հարթեց այս բոլորին ուղին: Միւս կողմէ պարզուած իրողութիւն մըն է, որ իրենց պատմութեան վերջին էջերը կը գրեն բոլոր այն կողմերը, որոնք ժողովրդային ենթահող չունին եւ իրազեկ չեն ժողովուրդի պահանջներուն: Յեղափոխութիւնը կը սկսի վարչակարգի մը փոփոխութեամբ եւ չ՛ամբողջանար մինչեւ ժողովուրդի ազատագրումը: Այս ուղին բաւականին բարդ է եւ քարքարոտ, սակայն խորապէս` արդիւնաւոր: Պետականութեան հզօրացումը անիրականանալի է առանց պետութիւն-ժողովուրդ ներդաշնակ եւ ճշմարիտ փոխյարաբերութեան, վստահութեան ու յարգանքի: Իւրաքանչիւր հայու բարոյական պարտականութիւնն է նեցուկ կանգնիլ արդէն իսկ սկիզբ առած կամքի ու մտքի ազատագրման: Արդէն իսկ այդ ուղիին վրայ է հայ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ դաշնակցական ուսանողութիւնն ու երիտասարդութիւնը` իրենց ամբողջ էութեամբ: