Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ընկե՛ր…«Խելքի Աշեցէ՜ք»

$
0
0

Հ. ԱԴԱՄԵԱՆ

Մարդկային պատմութեան տարբեր փուլերու ընթացքին, եթէ ուսումնասիրենք ղեկավարութեան իմաստը եւ ղեկավարի մը առանձնայատկութիւնները, ուղղակիօրէն տարբերութիւններ պիտի զգանք իւրաքաչիւր ժամանակաշրջանի մէջ` անոր իմաստը ըմբռնելու կամ զայն կիրարկելու ձեւին մէջ: Օրինակ` սկզբնական շրջանին, երբ մարդիկ տակաւին կ՛ապրէին ցեղախումբերով, անոնք կը հաւատային, որ իրենց ղեկավարը ընտրուած է գերբնական ուժի մը կողմէ եւ օժտուած է գերբնական կարողութիւններով: Ապա, երբ մարդիկ սկսան ընդունիլ ընտանիքի գաղափարը, ընկերութեան մէջ միշտ գտնուեցան ընտանիքներ, որոնք իշխեցին ժողովուրդին, եւ այդ ընկերութիւններու ղեկավարները ինքնաբերաբար նշանակուեցան միայն այդ իշխանութիւնը վայելող ընտանիքներու անդամները` անկախ իրենց կարողութիւններէն եւ հմտութիւններէն: Քաղաքակրթութեան տարբեր ձեւերու տարածումէն, ինչպէս նաեւ տարբեր ժամանակաշրջաններու նոր փիլիսոփայութիւններու զարգացումէն ետք, երբ յառաջացան գաղափարախօսութիւններ, ինչպէս` բռնատիրութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ այլն, իւրաքանչիւրին հետ նաեւ փոխուեցան մարդկութեան մօտ ղեկավարութեան իմաստը եւ ղեկավար տարրի դերին վերաբերող մօտեցումները: Այս բոլորը ուսումնասիրելէ ետք, պէտք է հասկնալ մէկ բան, եւ պատմութիւնը ամենահզօր փաստն է, թէ ի՛նչ ընտրական համակարգի կամ քաղաքական վարչակարգի մէջ ալ գտնուինք, դժբախտաբար, ղեկավարութեան հասնիլը ուղղակիօրէն առնչուած չէ արդար նուաճումի կամ բացառիկ հմտութիւններով օժտուած ըլլալուն հետ: Այո՛, նոյնիսկ ամէնէն ժողովրդավար համակարգին մէջ, եթէ ժողովուրդը քնացած վիճակի մէջ է, պիտի ընտրէ անարժան ղեկավարութիւն:

Ղեկավարները, իմ կարծիքովս, պէտք է բաժնել երկու խումբի: Առաջին խումբը կը բաղկանայ այնպիսի մարդոցմէ, որոնք ամէն կացութեան մէջ կարողութիւնը ունին տիրապետելու իրավիճակին: Այսինքն անոնց հմտութիւնները բացայայտ կ՛ըլլան եւ` շօշափելի, անկախ պայմաններէն: Անոնց ուղղելու եւ առաջնորդելու կարողութիււնները աստղի մը պէս կը փայլին, ամէնէն դիւրին խմբային աշխատանքէն` մինչեւ երկիրներ վարելու պատասխանատու աշխատանքը: Իսկ երկրորդ խումբը կը բաղկանայ այնպիսի մարդոցմէ, որոնց համար ղեկավարութիւնը նպատակ է, եւ անոնց կենցաղը` իշխանութեան պայքարի մարմնացում: Այս մասը, դժբախտաբար, թուային իմաստով,միշտ գերակշռած է:

1883 թուականին Աշուղ Ջիւանին գրած է հետաքրքրական բանաստեղծութիւն մը, որուն այժմէականութիւնը կը հաստատէ վերոնշեալ բոլոր միտքերը: Խօսքս անոր «Խելքի աշեցէք» բանաստեղծութեան մասին է: Այսօրուան համաշխարհային քաղաքական զարգացումներուն, երկիրներու մէջ իշխանափոխութիւններու եւ ընդհանրապէս ամէնէն լայն քաղաքական շրջանակներէն ամէնէն նեղ ժողովասենեակներուն մէջ ականատես ենք վերոյիշեալ երկրորդ խումբի «ղեկավարներու» ներկայութեան, որուն մասին կը խօսի նոյնինքն Ջիւանիի բանաստեղծութիւնը, եւ ուր յայտնի կ՛ընէ, թէ ինչպէ՛ս յաճախ անտեսուած ու ճնշուած է առաջին խումբի արժանի ու հմուտ ղեկավարութիւնը:

Ջիւանիի բանաստեղծութեան տուներէն մէկը կ՛ըսէ.

«Խելքին զոռ տալով է հիմա ամէն բան,
Յիմարն էլ իմաստուն կարծում է իրան,
Նիհար հաւը պարարտ, մեծ սագի նման
Ուզում է ձու ածել, խելքի՛ աշեցէք»

Այս տունը, որ գրուած է 135 տարիներ առաջ, երբ կարդանք, այնպէս կը թուի, որ կը խօսինք այսօրուան թէժ քաղաքական կեանքին մասին: Մեր կարդացած ատեն փորձենք երեւակայել այսօր կայացող որեւէ քաղաքական իրադարձութիւն, եւ անոր մէջ անպայման պիտի տեսնենք այս չորս տողերու այժմէականութիւնը: Օրինակ` կարելի է յիշել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները, եւ արդէն ընթերցողին համար յստակ է, թէ ո՛վ է «յիմար»-ը, ո՛վ է «նիհար հաւը» եւ ո՛վ է «պարարտ մեծ սագ»-ը:

Կեդրոնանանք նոյն բանաստեղծութեան հետեւեալ տուներուն վրայ`

Ազնիւ մարդը անարգւում է գէշի հետ,
Երիվարը լուծ է քաշում էշի հետ.
Երկու տարուայ հորթը ցուլ-գոմեշի հետ
Բերել կամ են լծել, խելքի՛ աշեցէք:

Գայլը վրան ոչխարի մորթի առած,
Գառներուն պահապան հսկող է դառած.
Աքլորը քարոզչի վերարկու հագած
Ամպիոն է ելել, խելքի՛ աշեցէք:

Ուղտը մետաքսագործ, եզը նաւավար,
Գայլը հովիւ դառած կ՛արածէ ոչխար.
Աղուեսը հաւնոցի դրանն յուշարար,
Ի՞նչ հսկող են գտել, խելքի՛ աշեցէք:

Նոյնինքն այս 135-ամեայ բանաստեղծութիւնը կը վկայէ, որ անարդարութիւնը միշտ ներկայ եղած է մարդու պատմութեան մէջ, եւ ցաւօք սրտի, երբ այս տուները կը համեմատենք այսօրուան մեր առօրեային եւ հոն կը տեսնենք անոնց այժմէականութիւնը, կը յանգինք այն եզրակացութեան, որ Պղատոնի «Հանրապետութիւն»-ը կը մնայ եւ դժբախտաբար միայն պիտի մնայ ցնորական (utopic) տեսութիւն մը: 135 տարիներ առաջ ապրած աշուղին ապրումները այնքան հարազատ են մերօրեայ ընթերցողին, որ կարծես ան այցելած է 21-րդ դար եւ արձանագրած է բոլոր անիրաւ պարագաները: Այսօրուան իրականութեան մէջ հազուադէպօրէն կը տեսնենք յարմար մարդը ճիշդ պաշտօնին, ատակ անձը ճիշդ դիրքին վրայ: Իսկ եթէ բացառաբար պատահի, որ այդպիսի «հրաշք»-ի մը ականատես ըլլանք, զուգահեռ` նաեւ ականատես պիտի ըլլանք այդ անձին հանդէպ անարդար վերաբերմունքին, որ ժամանակի ընթացքին կը խրտչեցնէ զայն:

Անդրադառնալով կամայականութեան, որ, ըստ երեւոյթին, նորութիւն չէ, պիտի մէջբերեմ նոյն բանաստեղծութենէն հետեւեալ տունը.

«Ուրացողը խիղճ չունի ամենեւին,
Չըզգալով, սպիտա՛կ ասում է սեւին,
Կոյրը չտեսնելով լոյսը արեւին,
Աշխատում է ստել, խելքի՛ աշեցէք»

Բանաստեղծին նշած «ուրացողներ»-ուն թիւը զանգուածային աճ կ՛արձանագրէ մեր այս օրերուն, սակայն այս տունի երկրորդ տողին պարագային, Ջիւանիին հետ չհամաձայնելով` պիտի ըսեմ, որ այսօր վիճակը աւելի վատ է, քան` 135 տարիներ առաջ, նկատի առնելով, որ այսօր կան այնպիսի մարդիկ, որոնք նոյնիսկ «զգալով սպիտակ կ՛ըսեն սեւին»: Սեւի ու սպիտակի այս պայքարին մէջ Ջիւանիին բանաստեղծութիւնը կրկին պահած է իր այժմէականութիւնը, եւ այսօր ալ, ինչպէս` 135 տարիներ առաջ, «Կոյրը չտեսնելով լոյսը արեւին, աշխատում է ստել, խելքի՛ աշեցէք»:

Եզրափակելու համար պիտի մէջբերեմ «Խելքի աշեցէք» բանաստեղծութեան վերջին տունը.

«Մեծամեծ մարդիկը հեռու են կանգնած,
Ասպարէզը համբակներուն են թողած.
Ջիւանն էլ կաղ իշով կարաւան մտած
Բանաստեղծ է դարձել, խելքի՛ աշեցէք»

Սիրելի՛ ընթերցող, այո՛, ցաւով կը կարդանք այս վերջին չորս տողերը, որովհետեւ նոյնն է այսօր պարագան, եւ համբակները դարձած են այս աշխարհի պարագլուխները: Հոս կը նշմարենք այժմէականութեան գագաթնակէտը: Սակայն մենք պիտի ունենանք մէկ առաքելութիւն, որ պէտք է ըլլայ, թէկուզ` «կաղ իշով», պայքարիլ ընդդէմ բոլոր ձեւի անարդարութեանց, անիրաւութեանց եւ մանաւանդ` ընդդէմ իշխանութեան պայքարի բարթոյթէն տառապող մարդոց: Ընկե՛ր… «Խելքի աշեցէք»:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>