Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Դիմադրականութեան Ուժը

$
0
0

ԱԼԵԱԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Մեծ հայրս ծնած է 1912-ին: Թէեւ երբեք չեմ ճանչցած զինք, սակայն անոր եւ իր սերնդակիցներուն ապրած ժամանակաշրջանը միշտ ալ հմայած է զիս: Անոնք ապրած են այն տարիներուն, երբ կերտուած է պատմութիւն: Անոնք ճանչցած են Արամ Մանուկեանը, Լեւոն Շանթը, Սողոմոն Թեհլիրեանը. վկայ եղած են Հիթլերի, Լենինի եւ Ստալինի փառքի օրերուն, Խորհրդային Միութեան հիմնադրութեան, համաշխարհային երկու պատերազմներուն…

Կը մտածեմ. մենք ալ այսօր պատմական օրեր կ՛ապրինք: Մենք, իմ սերնդակիցներուս հետ, պիտի յիշենք Լիբանանի 2006-ի պատերազմը, Արցախի քառօրեայ պատերազմը, ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակները, եւ վերջապէս` թաւշեայ յեղափոխութիւնը:

Այս բոլորին ականատես դառնալով` կրնանք իւրաքանչիւրս գործնական եւ դրական ներդրում ունենալ: Եւ կամ` կրնանք միայն դիտել ու վկայել ամէն բան, հանդիսատեսի սահմանի մէջ մնալով եւ ըսելով, աւելի ճիշդը` ձեւացնելով, որ մենք ալ մաս կազմած ենք եւ կամ դրական ներդրում ունեցած ենք այսօրուան անցուդարձերուն ու անկիւնադարձային դէպքերուն մէջ: Այս մէկը կը նմանի այն բանին, որ դպրոցական տարիներուն կարգ մը աշակերտներ չարութիւններ կ՛ ընեն, ու տարիներ ետք ոչ մասնակից աշակերտներ խանդավառութեամբ կը վերյիշեն` աջ ու ձախ պատմելով, որ` «դասարանով այս կամ այն չարութիւնը ըրինք», մինչ կրնայ ըլլալ, որ անոնք օրին համաձայն իսկ չէին այդ գաղափարներուն: Ինքզինք ապահովելու համար օրէնքին հետեւելու գնով դասընկերներուն դաւաճանողները միշտ ալ չեն սիրուած իրենց ընկերներուն կողմէ, եւ խորքին մէջ` ոչ իսկ պատասխանատուներու կողմէ:

Աշխարհը միշտ փոփոխութեան մէջ է: Դիմատետրի վրայ գործունեայ ըլլալով` ըսել չէ, որ յառաջդիմած ենք: Յառաջդիմութիւնը կը ներառէ նաեւ մտքի ու գաղափարականութեան զարգացումը: Համաշխարհայնացումը այսօր բոլորին ամէն բանի մասին տեղեակ կը պահէ ու կը ստիպէ, որ փոխուինք, փոխենք ու յառաջ երթանք: Սակայն դժուար է դուրս գալ օրէնքէն: Դժուար է փոխել ընթացք մը, որուն վարժուած ենք տարիներէ ի վեր: Ամէն մարդ չի սիրեր փոփոխութիւնը: Ամէն մարդ չի հաւատար փոփոխութեան:

«Եւ այն մանուկները, որոնց վրայ դուք կը թքէք,
երբ անոնք կը փորձեն փոխել իրենց աշխարհը,
դիմադրականութիւն ունին ձեր առարկութիւններուն.
անոնք բաւարար տեղեակ են բոլոր անցուդարձերուն» David Bowie

Այսօր ականատես կը դառնանք աշխարհի շուրջ բարձրացող երիտասարդութեան ձայնին:

Այսօրուան աշխարհին մէջ հասակ առնող երիտասարդութիւնը կը հետեւի ազատ մտածելու հոսանքին: Մեզի համար քննարկումը, դատողութիւնն ու ազատ արտայայտութիւնը բնական են եւ ոչ թէ` տատամսումի ու սպառնալիքի դուռ: Մեզի համար անկաշկանդ երկխօսութիւնն ու հարցերու արծարծումը պարզ ընթացքներ են:

Ներկայիս սերունդներու մէջ տարբերութիւնն ու բախումը ըստ ինծի հետեւեալն է. կայ տարիքով աւելի մեծ սերունդ մը, որ վարժուած է հետեւիլ որոշ օրէնքներու: Կայ սերունդ մը, որ կը կարծէ, թէ տակաւին ամէն մարդ ամէն բանի դիւրաւ կը հաւատայ, թէ` ամէն մարդ ամէն բան չի գիտեր: Կարելի է կառչած մնալ օրէնքներու, որոնք կը կանոնակարգեն մարդոց կեանքն ու յարաբերութիւնները, սակայն 21-րդ դարուն կարելի չէ որեւէ մէկուն ստել եւ կամ սահմանափակել ու ճնշել անոր միտքերը օրէնքի անուան տակ: Այսօր ամենամօտիկ բարեկամներուդ հետ անգամ քիչ բաներու մասին կը համաձայնիս: Ժամանակի ընթացքին բոլորս սկսած ենք դառնալ յամառ եւ ունենալ զօրաւոր հաստատակամութիւն, որ այլեւս թաքուն չենք պահեր: Հետեւաբար պէտք է գիտնալ, որ այսօր մէկը միւսը դժուար կը համոզէ, իսկ «բարեկամական հրահանգները» երբեք գոյութիւն չունին եւ պէտք չէ ունենան այլեւս:

Սերունդներու միջեւ բախումը բնական երեւոյթ մըն է եւ միշտ ալ տեղի ունեցած է տարիներու ընթացքին: Ինծի կը թուի, որ այսօրուան անարդար աշխարհին մէջ ամէն մարդ կը ձգտի լաւին, ճիշդին ու բարութեան. կ՛ուզեմ հաւատալ, որ գոնէ իմ անմիջական բարեկամներուս մօտ այդպէս է:  Արդեօք տարիքի հե՞տ է, որ կը դառնանք այլամերժ: Արդեօք ժամանակի ընթացքի՞ն է, որ յանկարծ կը պոռթկայ մեր «ես»-ը: Կը սպասեմ տեսնելու այն օրը, երբ արդարամիտ իմ բարեկամներս, ինծի հետ միասին թերեւս, պիտի դառնան այն մարդոց նման, որոնց մենք իսկ կը քննադատենք այսօր: Կրնայ ըլլալ, որ այսօրուան աշխարհը այնքան լեցուն է փորձութիւններով, որ բոլոր գաղափարախօսութիւնները կը կորսուին եւ մարդկային նուազագոյն «empathy» կարեկցանքը գոյութիւն չ՛ունենար այլեւս:

Բայց` ո՛չ: Այսօր մեր դիմադրականութիւնը կը զօրանայ: Իրականութեան մէջ մարդու դիմադրականութիւնը կը զօրանայ, երբ ան պատուաստ ստանայ հիւանդութեան մը դէմ: Որոշ հիւանդութիւններու պարագային, այդ մէկը կը պատահի, երբ հիւանդութիւնն ինքնին (անոր նման տկար ուժով մանրէն) կը սրսկուի անոր մարմնին մէջ, մորթին տակ, իր իսկ երակներէն անցնելով, որպէսզի կարենայ անոր դէմ պայքարիլ: Եւ ճիշդ այդպէս, այսօր մեր դիմադրակունութիւնը օրէ օր կը զօրանայ` մեր իսկ մորթին վրայ զգալով աշխարհի բոլոր հարուածները, սակայն` չվնասուելով անոնցմէ, այլ` աւելի զօրաւոր դիմադրականութեամբ դուրս գալով:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>