Արայիկ Խանդոյանը ծնած է 1971 թուականի ապրիլ 19-ին, Արագածոտնի մարզի Վերին Սասունիկ գիւղը: Ան արցախեան պատերազմի մասնակից է, ազատամարտիկ: «Հիմնադիր խորհրդարան» կազմակերպութեան եւ «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամ էր:
Արայիկ Խանդոյեանի կերպարը արցախեան ազատամարտի յայտնի խորհրդանիշներէն է: 17 տարեկան հասակին արցախեան շարժումի սկզբնական շրջանին Ծաղկահովիտ գիւղին մօտակայքը տեղակայուած ԽՍՀՄ զինուած ուժերու ռազմական խարիսխէն զէնք եւ զինամթերք կը հայթայթէր հայկական կամաւորական ջոկատներուն տրամադրելու նպատակով: 1989-ին կը զօրակոչուի ԽՍՀՄ բանակ, սակայն 1990-ին արձակուրդ կը վերցնէ և այլեւս չի վերադառնար: Կը մեկնի Արցախ եւ կը միանայ հայկական կամաւորական ջոկատներուն: 1994-ի հրադադարէն ետք իր երկու եղբայրներուն հետ միասին ծառայութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերուն մէջ:
ՊՊԾ գունդի գործով ամբաստանեալ Արայիկ Խանդոյեանին նկատմամբ կիրարկուող խափանման միջոցը` կալանաւորումը, փոխուած էր 2018-ի օգոստոս 17-ին:
Արայիկ Խանդոյանը ամուսնացած էր, ունի 5 երեխայ: