Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
«Գործ Եւ Գանձ» Գիրքին Շնորհահանդէսը Դամասկոսի Մէջ
1 հոկտեմբեր 2018-ին, Դամասկոսի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, հովանաւորութեամբ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի, տեղի ունեցաւ Լեւոն Զաքի Ետալեանի «Գործ եւ գանձ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեց Անի Աբրահամեանը, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն` ըսաւ. «Սոյն հատորը կու գայ իր իւրայատուկ տեղը զբաղեցնելու հայ ընթերցողի գրադարանին մէջ, որովհետեւ անիկա իւրօրինակ է իր տնտեսագիտական եւ տեղական ու միջազգային տնտեսութեան նուիրուած յօդուածներով, վերլուծումներով եւ դիտարկումներով: Հատորին հեղինակը իր փորձառութեան հմտութեամբ կը հարստացնէ ընթերցողին մտահորիզոնը` առեւտուրի եւ տնտեսութեան ասպարէզին առումով, ապա` գործնական հաստատութեան մը հիմնադրութեան եւ մասնագիտական նուիրումի համոզիչ փաստարկումներով, որոնք նոյնինքն իր կեանքի վկայութիւններն են»:
Այնուհետեւ «Գործ եւ գանձ» գիրքը ներկայացուց Սուրիոյ Ժողովրդային ժողովի երեսփոխան եւ Հայ-սուրիական խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբի նախագահ, գրող եւ ուսումնասիրող դոկտ. Նորա Արիսեանը: Ան հանգամանալից կերպով ներկայացուց կարեւորութիւնը գիրքին մէջ տեղ գտած յօդուածներուն շօշափած եւ քննարկած նիւթերուն, որոնք ժամանակին լուսարձակի տակ առած են օրուան մարտահրաւէրները: Դոկտ. Արիսեանը իր խօսքի աւարտին ըսաւ, որ հեղինակը ո՛չ միայն գործարար եւ բանասէր է, այլ նաեւ` տնտեսագէտ գրող:
Ապա Անի Աբրահամեանը (սրինգ), Ժանեթա (դաշնակ) եւ Սէրլի (ջութակ) Պուրունսուզեանը եռեակը գեղարուեստական յայտագիրով ներկաներուն հրամցուց «Կտոր մը երկինք» ժապաւէնէ երաժշտական հատուածներ:
Անկէ ետք խօսք առաւ «Գործ եւ գանձ» հատորի հեղինակ Լեւոն Զաքի Ետալեանը: Ան նշեց, որ գիրքին մէջ յօդուածներու ոճով ներառած է նիւթեր` տարբեր երկիրներու տնտեսութիւններուն վերաբերեալ, տեղական եւ արեւմտեան տնտեսութեան ու մանաւանդ` Չինաստանի տնտեսութեան առնչուած, ուր ձեռք ձգած է բազմաթիւ փորձառութիւններ եւ ծանօթացած է չինական աւանդութիւններուն, մտայնութեան եւ մտածելակերպին:
Հեղինակը բացատրութիւն տուաւ նաեւ գիրքի անուանումին վերաբերեալ: Ան ըսաւ, որ գիրքը վերնագրած է «Գործ եւ գանձ»` նկատի ունենալով, որ շատեր յաջողած են իրենց գործին մէջ, սակայն երբեք չեն կրցած գանձին տիրանալ, իսկ ոմանք ալ ժառանգած են հարստութիւն եւ գանձ, բայց գործի ասպարէզին մէջ յաջողութիւն չեն ունեցած: Ոմանք երկուքն ալ կորսնցուցած են: Ան աւելցուց. «Եթէ կ՛ուզէք գիտնալ գործին մէջ յաջողութիւն ունենալու եւ գանձին տիրանալու գաղտնիքը, ապա անիկա կը գտնէք այս գիրքին մէջ», համեստ հպարտութեամբ հրաւիրելով, որ ներկաները կարդան «Գործ եւ գանձ» հատորը:
Ապա Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. փրոֆեսօր Արշակ Փոլատեանը արտասանեց իր ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ կարեւոր նկատեց սոյն գիրքին հրատարակութիւնը եւ անոր եզակիութիւնը, ինչ որ կու գայ լրացնելու հայ գրականութեան մէջ տնտեսագիտութեան, առեւտրական բնագաւառին բացը:
Ապա կրկին Անի Աբրահամեանը (սրինգ), Ժանեթա (դաշնակ) եւ Սէրլի (ջութակ) Պուրունսուզեաններ եռեակը գեղարուեստական յայտագիրով ներկաներուն հրամցուց «Ծիծեռնակ» նուագը:
Շնորհահանդէսի աւարտին իր օրհնութեան պատգամը ուղղեց Արմաշ եպս. Նալպանտեանը: Առաջնորդ սրբազան հայրը բարձր գնահատեց հեղինակին տարած աշխատանքը` իբրեւ ԼԻԶԱՔՕ հաստատութեան հիմնադիր եւ նուիրեալ գործարար, որ ճանաչում ունի թէ՛ հայկական եւ թէ՛ սուրիական ու արաբական շրջանակներուն մէջ: Ան նաեւ նուիրեալ ծառայութիւն ունի սուրիահայ եւ ազգային կառոյցներուն մէջ: Սրբազանը նաեւ ըսաւ. «Հեղինակը իր յաջողութեան գաղտնիքը իրեն չպահեց եւ զայն «Գործ եւ գանձ» հատորին ընդմէջէն մատչելի դարձուց նաեւ շատերուն: Գնահատելի է հայերէնով եւ մանաւանդ արեւմտահայերէնով կոկիկ լեզուն, ուր ընթերցողը հեզասահ ընթերցանութեամբ կրնայ քաղել անոր մարգարիտները: Ի մասնաւորի գնահատելի է, խնդիրներու վերհանումին կողքին, տալ եւ առաջարկել անոնց լուծման եղանակները:
Աւարտին կատարուեցաւ գինեձօն, գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:
Ֆրանսա
Հայաստանի Նախագահը Ֆրանսայի Մէջ Մասնակցեցաւ Միտքերու Վեհաժողովին
Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը 22 սեպտեմբերին մասնակցեցաւ Շամոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ամէնամեայ Միտքերու վեհաժողովին:
28 երկիրներէ 300 ներկայացուցիչներ բազմակողմանի քննարկումներ ծաւալեցին ժամանակակից աշխարհի մէջ ներդրումային ու ռազմավարական որոշումներ տալու կարելիութիւններու ընդլայնումին եւ անոնց մէջ մարդու դերակատարութեան շուրջ:
Անոնք անդրադարձան համաշխարհային տնտեսական գլխաւոր միտումներուն, անոնց ազդեցութեան ներդրումներուն ու տնտեսական ռազմավարութեան վրայ, ինչպէս նաեւ խօսեցան ներկայ եւ ապագայ աշխարհի արագութեան եւ անկայունութեան յարմարելու եւ անոնցմէ օգտուելու կարելիութիւններուն մասին:
Որպէս գլխաւոր բանախօս` նախագահ Արմէն Սարգսեան, ելոյթ ունենալով, իր տեսակէտն ու մօտեցումները ներկայացուց քննարկուող նիւթերուն եւ ժամանակակից աշխարհին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն շուրջ:
Լիոնի Քաղաքապետարանին Մէջ Յատուկ Երկոյթ` Ի Պատիւ Հայաստանի
Կազմակերպութեամբ Լիոնի քաղաքապետարանին, 19 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ յատուկ երեկոյթ` Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 27-րդ, Ա. Հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ գումարուելիք Ֆրանսախօսութեան 17-րդ վեհաժողովին առթիւ: Սոյն երեկոյթին զուգահեռ, քաղաքապետարանի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս` նուիրուած Երեւանի 2800-ամեակին:
Քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն, Փաշինեանի ընտրութեան, որուն քանի մը օր առաջ հանդիպելու առիթը ունեցեր էր Փարիզի մէջ, եւ անգամ մը եւս շնորհաւորեց զայն: Քաղաքապետը շեշտեց, որ Լիոն քաղաքը հաստատած է Հայաստանի հետ գործակցութիւնը ապագային շարունակելու իր պատրաստակամութիւնը:
Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Նիքոլայ Սարգիսովը, իր կարգին ընդգծեց Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ամուր յարաբերութիւնները: Ան պատմական ակնարկ մը կատարելով, յատկապէս անդրադարձաւ 1918-ի հերոսամարտերուն` նշելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան յոյժ կարեւոր դերը հայ ազգի վերածնունդի եւ հայկական պետականաշինութեան մէջ:
Դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը խօսեցաւ Հայաստանի ձեռքբերումներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին` անկախութեան 27 տարիներուն ընթացքին, նշելով Ֆրանսայի հետ հետզհետէ խորացած դիւանագիտական յարաբերութիւնները:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Հայաստանէն «Գեղարդ» երգչախումբը եւ Միշէլ Հալէ-Էկայեանի պարողները:
Քանատա
Հրայր Մարուխեանին Նուիրուած Յուշ Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի կազմակերպիչ յանձնախումբին, 14 սեպտեմբերին Հայ երիտասարդական կեդրոնի Համազգայինի թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հրայր Մարուխեանի մահուան 20-ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոյ:
Ձեռնարկին ներկաներուն բաշխուեցան «Հայ դատի պայքարին եւ Դէպի Երկիր երթին դաշնակցական դրօշակիրը» խորագիրով գրքոյկն օրինակներ, որ կը բովանդակէ Հրայր Մարուխեանի վաստակին ու կեանքի կարեւոր փուլերուն մասին խօսքեր, վկայութիւններ եւ դամբանականներ:
Օրուան հանդիսավարներէն Բալիկ Ճապաղջուրեան-Խշուաճեանը ներկայացուց Հրայր Մարուխեանի կենսագրական հիմնական գիծերը, իսկ Ռազմիկ Պէպէճեանը օրուան բանախօս, հանրային-կուսակցական գործիչ Խաժակ Մկրտիչեանին կենսագրական ամփոփ գիծերը:
Խ. Մկրտիչեանը Հրայր Մարուխեանի` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նորագոյն պատմութեան անկրկնելի ղեկավարներէն մէկը ըլլալը շեշտելէ ետք ըսաւ, որ Մարուխեանին առաջնորդութամբ Հայ դատի աշխատանքները ոչ միայն ծաւալի առումով ընդարձակուեցան, այլ անոնց հաղորդուեցաւ նոր որակ ու բովանդակութիւն: Եզրափակելով իր խօսքը` ան շեշտեց, թէ քանի որ ունեցած ենք Հրայր Մարուխեանի նման մարտունակ ղեկավար, ինչպէս անցեալին ձախողած են Դաշնակցութիւնը պառակտելու բոլոր փորձերը, Հրայր Մարուխեանի ոգիով Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր անխափան երթը:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ «Մեծ հայը` դաշնակցականի ճառագայթող դէմքով» տեսերիզը, ուր մէկտեղուած էին Հրայր Մարուխեանի ելոյթներէն բաժիններ: Տեսերիզով մը ցուցադրուեցաւ նաեւ Քանատայի հայոց թեմի հայրապետական ներկայացուցիչ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի` Մարուխեանին վերաբերող վկայութիւններն ու յուշերը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ արցախեան ազատագրական պայքարի ազատամարտիկ, ազգային, յեղափոխական եւ ռազմա-հայրենասիրական երգերու մեկնաբան Մկրտիչ Մկրտիչեանը (Մակիչ):
Միացեալ Նահանգներ
Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 30 սեպտեմբեր 2018 թուականը` Վարագայ Ս. Խաչի տօնը յիշատակելի պիտի մնայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար:
Արդարեւ, ընդառաջելով հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան հրաւէրին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եպիսկոպոսական սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ իր պատգամը յղեց:
Առաջնորդ սրբազանը հանդիսաւոր թափօրով, «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց: Թափօրին մաս կը կազմէին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը` Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը եւ սարկաւագները, որոնք սպասարկեցին ս. սեղանին:
Ս. պատարագին ներկայ էին ծխական շրջանի ազգային երեսփոխաններն ու հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու անդամներ, ինչպէս նաեւ` ծխական համայնքի հաւատացեալներու բազմութիւն մը:
«Հայր մեր»-էն առաջ սրբազան հայրը տուաւ իր պատգամը` վեր առնելով Վարագայ Ս. Խաչի պատմական հիմքը: 7-րդ դարու երկրորդ կիսուն հայ ժողովուրդը դարձեալ կ՛ապրէր ազգային եւ կրօնական իմաստով դժուարին եւ փոթորկալից տարիներ: Հայ ազատատենչ ժողովուրդը անհաւասար պայքար կը մղէր բարբարոսներուն դէմ` յանուն հայրենի հողի եւ քրիստոնէական լոյս հաւատքի, երբ Վարագայ լերան ս. սեղանին վրայ փայլատակած խաչը լուսաւորեց մեր ժողովուրդի կեանքը: Սրբազան հայրը ընդգծեց, որ Խաչը մեզի համար ապաւէն է, երբ անոր մէջ տեսնենք Աստուծոյ մեծ սէրը, շնորհքները, ու` անկէ ճառագայթած յոյսը, լոյսը եւ խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի զոհաբերութեան մեծ խորհուրդը: Չկայ ժողովուրդ մը, որ այնքան սիրած է խաչը ու ապաւինած է անոր զօրութեան, որքան` հայ ժողովուրդը: Այս մտածումով ալ ան հարց դրաւ, թէ` «Այսօր ո՞ւր է խաչին տեղը մեր կեանքին մէջ: Աստուած աղօթքի ճամբով շնորհք ըրաւ Վարագայ լերան վրայ ճգնողներուն` ցոյց տալով Քրիստոսի խաչափայտին մասունքին տեղը, որովհետեւ անոնց աղօթքները անանձնական էին, լի սիրով ու ճշմարիտ հաւատքով: Մեր պատմութեան ընթացքին, անցեալին ջերմ աղօթքներու պատասխան ստացան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, որ քրիստոնէութեան լոյսը բերաւ Հայաստան, նմանապէս` Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, որ հիմը դրաւ հայ մշակոյթին, նաեւ` Ղեւոնդ Երէց եւ սպարապետ Վարդան: Եկէ՛ք, այսօր աղօթքով խնդրենք, որ ինչպէս որ Աստուծոյ կամքը կ՛ըլլայ երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ, նոյնպէս ալ Ան մեզ արժանացնէ խաչի լոյսին, որ գայ ու հանգչի մեր հոգիներուն մէջ», յորդորեց սրբազան հայրը:
Քարոզի աւարտին սրբազան հայրը օրհնեց հաւատացեալ ընտանիքի մը կողմէ եկեղեցւոյս նուիրուած եպիսկոպոսական եւ վարդապետական գաւազանները:
«Տէ՛ր ողորմեա՛»-էն առաջ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, յանուն Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցւոյ երեսփոխաններուն եւ հոգաբարձութեան, ողջունեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ Վարագայ Ս. խաչի տօնին, իր օրհնաբեր այցելութեամբ, մատուցած ս. պատարագով եւ ոգեշունչ պատգամով անգամ մը եւս ոգեւորեց եւ խանդավառեց ներկաները` կրկնապատկելով անոնց տօնական ուրախութիւնը, ապա խնդրեց ներկաներէն, որ «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ի ընթացքին աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած` առաջնորդ սրբազան հօր քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան համար, շարունակելու իր հովուական սրբազան առաքելութիւնը մեր տիրախնամ թեմին մէջ` ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Հայց. առաք. ս. եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին:
Յաւարտ ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Ապա, «Ուրախ լեր» շարականին երգեցողութեամբ, առաջնորդ սրբազան հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի Ազգային առաջնորդարանի նախասրահը, ուր օրհնեց Յակոբ Փիլաւեանի հոգւոյն հանգուցեալի ընտանիքին կողմէ տրուած հոգեճաշը: Եկեղեցւոյս երգչախումբն ու ներկայ հաւատացեալները հնչեցուցին «Կիլիկիա»-ն եւ «Թագաւոր Երկնաւոր»-ը: Առաջնորդ սրբազան հայրը «Պահպանիչ»-ով արձակեց հաւատացեալները:
Կիրակնօրեայի աշակերտները, որոնք արձակուած էին դասարանէն, խմբուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, ուր ստացան առաջնորդ սրբազանին օրհնութիւնը:
Շարլ Ազնաւուրի Յիշատակին «Տէ՛ր, Ողորմեա՛»-Ի Աղօթք Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ
Երկուշաբթի, 1 hոկտեմբեր 2018-ին Ազգային Առաջնորդարանը միացաւ աշխարհահռչակ երգիչ-արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի մահուան սուգին: Ան տիտանեան երգիչ մըն էր, մարդասէր գործիչ ու Հայաստանի Ազգային հերոս, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած ծնողներու ժառանգորդ:
Այս առիթով թեմիս Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը ցաւակցական գիր մը յղեց Լոս Անճելըսի մէջ Ֆրանսայի հիւպատոս Քրիսթոֆ Լըմուանի: Առաջնորդ սրբազանը Ազնաւուրին մահը մեծ կորուստ նկատեց Ֆրանսայի, հայութեան ու երաժշտական աշխարհին համար, որովհետեւ ան բոլորէն սիրուած էր: Ան նաեւ նշեց, որ կը սգանք կորուստը ոչ միայն արուեստագէտ երգիչի մը ու երգահանի մը, այլ նաեւ` մարդասէր գործիչի մը եւ դիւանագիտական անձնաւորութեան մը, որ մեծ ներգործութիւն ունեցած է բազմաթիւ արուեստագէտներու երաժշտասէրներու առհասարակ զանգուածներու վրայ` իր արուեստի արտայայտութիւններով ու մարդասիրական գործունէութեամբ:
Հայ ժողովուրդը յարգանքով կը խոնարհի անոր յիշատակին առջեւ, յատկապէս` երախտապարտ ըլլալով, որ մեծ ծառայութիւն մատուցած է հայութեան, Ցեղասպանութեան ճանաչումին: «Շարլ Ազնաւուր է՛ր ու պիտի մնայ տիտան մը, ու վստահ ենք որ անոր արուեստի ու մշակութային աւանդը պիտի ապրի տասնամեակներ շարունակ», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:
Առաջնորդ սրբազան հօր տնօրինումով, կիրակի, 7 հոկտեմբերին մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս ս. պատարագի, «Տէ՛ր, Ողորմեա՛»-ի աղօթք պիտի բարձրացուի արուեստագէտին յիշատակին:
Առաջնորդ սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ս. պատարագին եւ պիտի յղէ իր պատգամը:
Թող Աստուած օրհնէ հանգուցեալ արուեստագէտին ժառանգութիւնն ու մխիթարութիւն պարգեւէ հարազատներուն:
Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» Հիւանդանոցի Նոր Նախագահ Ճիլ Ուելթըն Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան
Ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի նոր նշանակուած նախագահ Ճիլ Ուելթընի, որուն կ՛ընկերանային հիւանդանոցի պատասխանատուներէն Մերի Ֆիլիփեանը եւ հոգեւոր խորհրդատու Քեսի Մըքարթին: Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեանը:
Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց յարգելի հիւրերը, շնորհաւորեց նոր նշանակեալ տնօրէնուհին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ու գործակիցներուն մարդասիրական առաքելութեան: Հիւրերուն փափաքով առաջնորդ սրբազանը ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ ու մասնաւորաբար Ազգային առաջնորդարանին պատմութեան մասին:
Ճ. Ուելթըն շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, նաեւ երախտագիտութիւն` հիւանդանոցին հետ Ազգ. առաջնորդարանի սերտ գործակցութեան համար: Հանդիպման աւարտին առաջնորդ սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց հիւրերուն:
Ցեղասպանութեան Յուշակոթող
21 սեպտեմբերին Այտըհօ նահանգի մայրաքաղաք Պոյզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած նոր յուշակոթողի օրհնութեան արարողութիւնը` ձեռամբ քաղաքի Յոյն ուղղափառ եկեղեցիէն հայր Նեկտարիոս Սեֆերեսի:
Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշակոթողը բաղկացած է քանի մը մասէ եւ ունի գրաւոր եւ ձայնային բացատրականներ:
Այտըհոյի հայ համայնքի ղեկավարներէն Մարք Ապաճեանը նկատել տուաւ, որ այսուհետեւ Այտըոյի քաղաքացիները եւ այցելուները առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան մասին, աւելցնելով, որ մարդկային նման ողբերգութիւն մը միշտ պէտք է յիշել, պարզապէս` անոր կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար:
Յուշարձանի օծման եւ բացման արարողութեան ներկայ եղան հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ անոնց համակիրները:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Այտըհօ նահանգը 2004-ին դարձած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 33-րդ նահանգը: Ներկայիս ցեղասպանութիւնը ճանչցած նահանգներուն թիւը կը հասնի 48-ի: