Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամբոխային Մարտավարութի՞ւն, Թէ՞…

$
0
0

«Քուէ մը հրացանի կը նմանի. անոր օգտակարութիւնը կախուած է գործածողին խառնուածքէն» («A vote is like a rifle: its usefulness depends upon the character of the user».)

Թէոտոր Ռուզվելթ (1858-1919)

Հայ կեանքին մէջ, դժբախտաբար, վերջերս հետզհետէ աւելի յաճախ պայթուցիկ, թէժ եւ ճգնաժամային իրավիճակներ կը ստեղծուին:

Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ, Փաշինեան-Փութին հանդիպումէն երկու օր ետք եւ Երեւանի աւագանիի ընտրութենէն օրեր առաջ, խիստ կարեւոր ու խորհրդապահական հեռախօսական զրոյցներու հրապարակումը կատարուեցաւ` ակնթարթի մը մէջ ահաւոր կացութիւն մը ստեղծելով:

Բաւական հանդարտելէ ետք, ահաւասիկ ամիս մը ետք, շատ աւելի դժնդակ մթնոլորտ մը կը տիրէ Երեւանի մէջ, Ազգային Ժողովի կանոնակարգային օրէնքին մէջ աղմկայարոյց փոփոխութիւններու պատճառով:

Երեւանեան գունագեղ երկինքը փոխարինուած է քաղաքական բնագաւառէն բազմիցս մատնանշուած «սեւ ու սպիտակ»-ի խառնուրդով` մոխրագոյնով:

Քաղաքական օդերեւութաբանական պայմաններու տակ, այս գորշ ամպերու կուտակումը կրնայ պատճառ դառնալ հեղեղային անձրեւի եւ մրրիկի:

Այո՛, երբեք կարելի չէ քննադատել, քարկոծել ու մեղադրել ամբոխ մը, որ հաւատալով իր ղեկավարին կամ ղեկավարութեան  եւ կառչած մնալով անոր կամ անոնց բռնած ուղիին` կրցած է Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն հաւաքել քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը:

Սակայն միեւնոյն ժամանակ, այո՛, կարելի է զանազան մտահոգութիւններ արտայայտելով հարցադրել, մեղադրել եւ գէթ զգաստութեան հրաւիրել ղեկավարութիւնը, որ ժողովրդավարական եւ ամբոխավարական տարրական կանոնները խախտելով, կ՛օգտագործէ իր ետին կանգնող զանգուածը` հնազանդ հաւաքի մասնակցողն ու քուէատուփ ուղղուողը վերածելով հլու կամակատարի:

Ի վերջոյ, ամբոխը չէ, որ կը յղանայ միտքերն ու գաղափարները, այլ զայն ներշնչող եւ հրաշքներ գործող`քարիզմա ստեղծող ղեկավարը: Այս վերջինը կրնայ իր կարգին սայթաքիլ, եթէ չկարենայ զանազանել պետութիւնն ու ղեկավարութիւնը, ազգային շահերն ու անձնական մութ հաշիւները, որոնք նախկին ղեկավարներուն կողմէ եղած էին եւ դուռ բացած` «թաւշեայ» յեղափոխութեան:

Հոս տեղին է մէջբերել Բրիտանիոյ պատմութիւն կերտած վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլին մէկ խօսքը` «Ժողովուրդն է, որ կ՛իշխէ կառավարութեան վրայ, եւ ոչ թէ կառավարութիւնը` ժողովուրդին», շեշտելով սակայն, որ պէտք է գերադասել հայրենիքն ու յատկապէս անոր ազգային անվտանգութիւնը ամէն բանէ վեր, երկրորդական սեպելով անհիմն եւ անհեթեթ ամբաստանութիւններն ու ցեխարձակումները:

Հուսկ, ղեկավարութեան վրայ գտնուող անձն է, որ կրնայ առաջին գնահատուողը կամ քննադատուողը նկատուիլ: «Թաւշեայ» յեղափոխութենէն ի վեր դերերը փոխուած են եւ խորհրդարանական կարգով բեմահարթակ բարձրացած վարչապետ Փաշինեան քաջատեղեակ է այս գործելաձեւին: Իր պարտականութիւնն է հաւաքական որոշումներով եւ փոխադարձ զիջումներով շարունակել առողջ հիմերու վրայ ամբոխային մարտավարութիւն մը եւ ոչ թէ մարտական ամբոխավարութիւն մը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>