Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 38-րդ Հատորին Շնորհահանդէսը

$
0
0

ՀՈՒՐԻ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Աւելի քան քառորդ դարու ամէնամեայ աւանդութեան վերածուած, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի անխափան լոյս ընծայումը աներկբայ վկայութիւնն է Հայկազեան համալսարանին ունեցած դերին եւ յանձնառութեան` հայ դպրութեան սատարելու ընդհանուր ճիգերուն:

«Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ին 38-րդ հատորին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 3 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ: Ներկայ էին` Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը, համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, համայնքին հետ կապերու կցորդ դոկտ. Վլադիմիր Պօղոսեանը, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արք. Ալէեմէզեանի ներկայացուցիչ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեանը, Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. Յ. Սելիմեանը, Հեթում վրդ. Տաղլեանը, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու եւ համացանցի լրատուական սպասարկութեան պատասխանատու խմբագիրներ, կրթական ու մամլոյ մշակներ եւ բարեկամներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Հանդէս»-ի խմբագիր, Հայ աւետ. քոլեճի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը: Բարի գալուստի խօսքերէն ետք, ան արժեւորեց երջանկայիշատակ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի 27 տարիներու ծառայութիւնը «Հանդէս»-ին` իբրեւ խմբագրապետ: Իւրնէշլեան ընդգծեց, որ` «Տարի մը անցաւ արդէն, եւ աշխատանքները չկաղացին, «Հանդէս»-ին որակը չտուժեց, կազմը համերաշխ գործեց: Կը նշանակէ, որ վարդապետը իսկապէ՛ս կրցած էր ոչ միայն գլխաւորել, այլեւ` ձեւաւորել աշխատանքային կազմ մը, որ առանց իրեն, բայց ի՛ր սկզբունքներով շարունակեց աշխատանքը. փաստը` այս հատորը»: Ապա ան ներկայացուց հատորին բովանդակութիւնը, որ կը բաղկանայ 40 յօդուածներէ, հրապարակումներէ, քննարկումներէ ու հաղորդումներէ, մանրամասնելով, թէ քանի յօդուած կ’անդրադառնար հայագիտութեան իւրաքանչիւր բնագաւառի: Անդրադառնալով հեղինակներուն` դոկտ. Իւրնէշլեանը մատնանշեց, որ ի հեճուկս հայագիտութեան հանդէպ առկայ պարտուողական կարծիքներու` «Հանդէս»-ին 38-րդ այս հատորին մէջ 40-էն նուազ տարիքի հեղինակներուն թիւը կը կազմէ 13: Հուսկ, ան եզրափակեց իր խօսքը` հաւաստելով, որ` «Հակառակ մեզ շրջապատող զանազան ժխտական երեւոյթներու եւ յուսահատութեան մղող ազդակներու, «Հանդէս»-ը պիտի շարունակէ իր երթը` նոյն յանձնառութեամբ, շնորհիւ համալսարանի ղեկավարութեան նեցուկին ու օժանդակութեան»:

Ապա ելոյթ ունեցաւ «Հանդէս»-ի պատասխանատու խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը: Ան շեշտեց, որ` «Հայ իրականութեան եռեւեփող առօրեային կշռութաւոր դարձած անկայունութեան մէջ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը, լիբանանահայ մամուլը, կիրակնօրեայ պատարագն ու պաշտամունքը եւ մեր դպրոցները ունին կշռութաւոր եւ կայուն ներկայութիւնը»: Ան նշելով, որ` «համաշխարհայնացած մեծ պաստառին դիմաց, մեզմէ իւրաքանչիւրը` իբրեւ անհատ, յաճախ ալ` իբրեւ փոքրաթիւ ազգ, մենք զմեզ փոքրիկ կը զգանք», ընդգծեց, որ «Չենք անդրադառնար, որ` մեզմէ դուրս գտնուող այդ մեծ ամբողջութիւնը կազմող համապատկերը ինքնին բաղկացած է փոքրամասնութիւններէ»:

Դոկտ. Տագէսեանը շեշտեց, որ` «Հանդէս»-ը պիտի շարունակէ քննականօրէն մօտենալ իր առաքելութեան, արժեւորելով իր իւրաքանչիւր նորածինը, ձգտելով աւելի լաւին ու արդիւնաւէտին` գերազանցելով ինքզինք»:

Եզրափակելով իր խօսքը` դոկտ. Տագէսեանը յայտնեց, որ` «Այսօր շուրջ յիսնամեայ իր երթի հզօր տարիքին հասած «Հանդէս»-ը` կոփուած տասնամեակներու իր արդիւնքով, ջրդեղուած իւրայատուկ փորձառութեամբ, ներդաշնակուած իր երէց, միջին ու կրտսեր սերունդներու աշխատակիցներու հետազօտութիւններով, առաւել ամրացած իր նորամուտ խմբագիր Սիլվա Փափազեանով, թիկունքաւորուած «Հանդէս»-ի ձեռնարկներուն ներկայ գտնուող գիտակից բարեկամներով, ընդհանրապէս իր աշխատանոցին մէջ եւ շուրջ ծաւալած հաղորդականութեամբ, առողջ ժողովրդավարութեամբ ու համախոհական տրամադրութիւններով յառաջացուցած է համանուագ մը, որ իւրայատուկ կոհակներ կ’արձակէ հայ միջավայրին: «Հանդէս»-ը դեռ երկար տարիներ պիտի շարունակէ հայր Կռանեանին եւ այս խմբակին ու համալսարանի նախագահութեան կողմէ խմորուած ու մշակուած իւրօրինակ թարմ լաւաշ մատուցել հայութեան եւ գիտութեան»:

Շնորհահանդէսին իր սրտի խօսքը յայտնեց դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: Մեծարգոյ դեսպանը ողջունելով «Հանդէս»-ին հրատարակութիւնը` յայտնեց, որ հատորը ծանրակշիռ է իր հարուստ բովանդակութեամբ, որով հնարաւորութիւն կը յառաջանայ ծանօթանալու հայ ժողովուրդի մշակութային, պատմական, գրական եւ ազգագրական երեսակներու: Ան յոյս յայտնեց, որ սփիւռքի մէջ իր նմանը չունեցող «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը «մեզ պիտի ուրախացնէ, լուսաւորէ եւ մտորումներու առիթ հանդիսանայ դեռ երկար տարիներ», եւ մաղթեց, որ «Հանդէս»-ը շարունակէ իր առաքելութիւնը նո՛յն ոգիով եւ նո՛յն նուիրումով:

Շնորհահանդէսի եզրափակման իր խօսքը արտասանեց վերապատուելի Հայտոսթեանը, որ հանդիսութիւնը բնութագրեց հետեւեալ խօսքերով. «Այսպիսի հանդիսութեան մէջ դեր չունին հրավառութիւնն ու արտաքին պերճանքը, բազմութիւններն ու դահլիճներու փայլքը: Հուրի զօրութիւնը գրիչին մէջ է, պերճանքը` մտքի պայծառութեան, բազմութիւնը` նիւթերու խորքին զանազանութեան, իսկ փայլքը` հոգիի անկեղծութեան եւ անոր տարրական պարզութեան մէջ»:

Վեր. Հայտոսթեանը բարձր գնահատելով հայագիտական բնագաւառին մէջ գործող մշակները` ըսաւ. «Հայագիտութեան նուիրական աշխատանքի լծուած անձեր, մանաւանդ` սփիւռքի մէջ, յաճախ կը զգան, որ արտադրողականութեան կողքին կայ թանկարժէք բան մը պահելու, պահպանելու եւ տակաւին տարածելու լուրջ առաքելութիւնը: Ընդհանրապէս նախանձելի չեն այն ասպարէզները, ուր մշակը պէտք է գործէ վայրընթացի մթնոլորտի կամ վտանգուածի հոգեբանութեամբ, եւ փոխանակ մշակութիւն եւ յառաջընթաց կատարելու` յամառօրէն խաղայ կղզիացած կալուածի տնտեսի դերը»: Վեր. Հայտոսթեանը 1970-էն ի վեր «Հայկազեան համալսարանի հանդէս»-ին իւրայատկութեան ու դերին անդրադարձ կատարելէ ետք, ապագայի ծրագրերու եւ յանձնառութեանց առումով մատնանշեց հետեւեալ շարք մը կէտերը.

– Հայագիտութիւնը դիտել որպէս ապագայի գիտութիւն, զարգացող ու այլ գիտութիւններու հետ քայլ պահող, եւ այդ բոլորը օգտագործել ամուր հիմքեր գտնելով,

– Ապահովել երիտասարդ սփիւռքահայ ուսումնասիրողներու ներդրումը,
– Պահպանել գիտական մակարդակը եւ շարունակաբար օգտագործել արդի մեթոտներ` լաւագոյնս օգտագործելով թուային աշխարհի հնարաւորութիւնները,
– Զարգացնել հայագիտական հանդէսներու եւ գիտաշխատողներու եւ հայագիտական կեդրոններու միջեւ գործակցութիւնը,
– Լեզուական թէ քերականական հմտութիւններու կորուստին զուգահեռ` գծել սահմանները ընդունելիին ու անընդունելիին,
– Հայագիտութիւնը չվերածել գաղափարախօսութեան հարթակի,
– Զանազան լեզուներու օգտագործման իրականութեան մէջ չմոռնալ յատուկ կարեւորութիւնը արեւմտահայերէնին:

Եզրափակելով իր խօսքը` վերապատուելի Հայտոսթեան վերարժեւորեց տարի մը առաջ վախճանած երջանկայիշատակ Անդրանիկ ծ. վրդ Կռանեանը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ անոր շունչով բեղմնաւորուած խմբագրական կազմի պատասխանատու խմբագիր նշանակուած է «Հանդէս»-ի երկար տարիներու պատասխանատու քարտուղար դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը:

Հուսկ, վեր. Հայտոսթեանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն, իրենց քաջալերական ներկայութեան համար:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>