Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Թէ Ինչպէ՛ս Ժողովուրդներու Հաւաքական Նկարագիրը Կը Փոխուի

$
0
0

ՎԱՐՈՒԺ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

1980-ականներու կէսերուն ըլլալու էր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն: Մեր տունէն մինչեւ դպրոց 10 վայրկեանուան ճամբայ էր: Արևոտ օրերուն կ՛երթայինք քալելով: Իսկ անձրեւոտ օրերուն` հովանոցով…Այդ հովանոցային օրերէն մէկն էր, երբ առտուն կանուխ տեսայ, որ Այնճարի ժամացոյցը շրջափակող պարտէզին մուտքերը հորիզոնական եւ զիրար խաչաձևող գերաններով գոցուած էին: Ներսն ալ քանի մը տասնեակ, թերևս քանի մը տասնեակէ ալ աւելի, հարիւրի հասնող կովեր…Իսկ գերաններուն դիմաց եւ պարտէզին չորս կողմը ցրուած` զինեալներ: Զինեալ ըսուածներն ալ պարզ քաղաքացիի գունաւոր հագուստներով, քալաշնիքովներ շալկած` գիւղի երիտասարդները: Կովերը դիտելով-դիտելով, ցանկապատին քովէն ճամբաս շարունակեցի` առանց տեսարանէն որեւէ բան հասկնալու…Հասկցայ միայն, երբ դպրոց հասայ: Արդէն բոլորը գիտէին: Գիւղի սահմաններուն մօտ, Տէյր Զեննունի մէջ կայք հաստատած եւ մեր դրացի արաբ եւ իրենց կրօնակից գիւղերուն հովանաւորութիւնը վայելող քոչուոր պետեւիներու կովերն էին: Բազմաթիւ անգամներ զգուշացուած էին, որ անասունները կարելի չէ արածեցնել Այնճարի հայերուն պատկանող խնձորի կամ բանջարեղէնի պարտէզներուն մէջ…Խօսք հասկցողը ո՞վ է…Յանկարծ լուր եկեր էր, որ նորէն կովերը մեր պարտէզներուն մէջ են…Տղաքը գացած եւ զէնքի ուժով կովերը հաւաքած ու բերած էին Այնճար: Կովերը հաւաքել բերելով չի վերջանար: Պէտք էր ապահովուէր կովերուն անվտանգութիւնը, կերը, առողջութիւնը, եւ այս վերջինին մէջ կ՛իյնար նաեւ զանոնք օրը-օրին կթելու գործողութիւնը…Այդ ամէնը յաջորդող օրերուն կը կատարուէր կարգապահութեամբ…Իսկ կա՞թը: Կը բաժնուէր գիւղացիներուն: Գերեվարուած կովերուն կաթը տարբեր համ ունենալու էր…Յամենայն դէպս, այդ կովերը քանի մը շաբաթ եղան գիւղին հիւրերը եւ իրենց տէրերուն հետ բանակցութիւններէ ետք վերադարձուեցան` նորէն Այնճարի պարտէզներուն չմօտենալու խոստումներու դիմաց: Ասիկա` կովերուն պատմութիւնը…Կայ նաեւ կաթին պատմութիւնը, որ երկար չէ: Այս կովերուն կաթէն բոլորը խմեցին: Մածուն, պանիր , կաթնապուր եւ չինկիլիշ ալ շինեցին, կերան: Հազա՛ր անուշ: Բայց մարդոց տեսակ մը կար, որ մէկ կողմէն կաթը կ՛առնէր, կ՛օգտուէր, իսկ միւս կողմէն ճիշդ չէր գտներ դրացի արաբ գիւղին կովերը գերի պահելու գաղափարը…Լեզունին մէկ թիզ բերաննէն դուրս` ամէն մէկը իր պատճառը ունէր Դաշնակցութիւնը բամբասելու…

Նոյն բամբասողները քանի մը շաբաթ առաջ լալով խնդրած էին գիւղի կուսակցական մարմինէն, որ ճար մը խորհին իրենց բերքերը կովերէն փրկելու համար…Մեր ժողովուրդին մէջ այս տեսակը քիչ էր…բայց աճեցաւ, շատցաւ եւ արհեստագիտութեան զարգացման մեր օրերուն սկսաւ յայտնուիլ ամէն կողմ…եւ վերէն վար ցեխի մէջ թաղուած` սկսան ցեխ նետել չցեխոտուածներուն վրայ…

Կ՛երեւի այսպէս է, որ ժամանակի ընթացքին ժողովուրդները իրենց հաւաքական նկարագիրը կը փոխեն…Տէրտէր` «Դժգոհելով, զրպարտելով, բամբասելով եւ հայհոյելով…»: Ժողովուրդ` «Մեղա՜յ Աստուծոյ»…»:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>