Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Վազգէն Շուշանեանի Հետ` Սիրոյ Եւ Մեղքի Պարտէզներուն Մէջ (Մահուան 75-Ամեակին Առիթով) Բ.

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

V-Shoushanian4_022316V-Shoushanian5_022316Վազգէն Շուշանեանի կենսագրութեան մէջ փոքր տեղ մըն ալ վերապահուած է Հալէպին:

Տարագրութեան օրերուն, աքսորի ճամբաներուն վրայ կորսնցնելէ ետք իր ընտանիքին բոլոր անդամները, Վազգէն ապաստան գտաւ Հալէպի հայկական որբանոցներէն մէկուն մէջ: Իր կեանքին այս հանգրուանը կ՛երկարի 1916 յունուարէն մինչեւ 1918 յունուար:

Ան, այդ ժամանակահատուածին նուիրած է լման գիրք մը` զայն կոչելով… «Առաջին սէր»: Մի՛ զարմանաք, որովհետեւ ոտաբոպիկ որբի իր առօրեան չէ՛, որ կը նկարագրէ լոկ, թաղէ թաղ ջուր ծախելու կամ ջրկիրի յոգնասպառ իր աշխատանքը չէ՛, որ կը պատմէ միայն, այլեւ կը խոստովանի իր… առաջին սէրը:

Պատանիի իր հոգիին մէջ ծիլ տուած սիրոյ յուզիչ պատմութիւն մըն ալ ա՛յս է ահաւասիկ: Բայց եկէք` կարդանք Հալէպը նկարագրող իր սա տողերը.

– Արեւելքը խռովիչ է ու մութ` Հալէպի փողոցներուն մէջ: Երկաթապատ ու ամուր դռները, որոնք միշտ փակ են դուրսի նայուածքներուն առջեւ եւ մտածել կու տան մետաքսէ վարշամակներու մէջ ծածկուած ու արեւ չտեսած աղջիկներու մասին, բացուած են իրենց ծխնիներուն վրայ` գարնան արեւը ամբողջականօրէն ընդունելու համար: Պատերուն տակ, ցնցոտիներու մէջ փաթթուած, աքսորական ու թափառական հայեր արեւի լոգանք կ՛առնեն: Իրենց տխուր ու անհաւատ դէմքերուն վրայ հարաւային արեգակը կնճիռի պէս կը բեկբեկի:

… Ինչ տխուր բան է անօթի ըլլալը: Անկուշտ ու ագահ աչքերով կը դիտենք արեւելեան բոկեղները, որոնց վրայ շուշմայի հատիկները արեւին ճառագայթներուն տակ կը վառվռին: Դրամնիս քիչ է, քաղցերնիս անչափ: Չենք հեռանար, մինչեւ որ մեզ չվռնտեն…

Կ՛անդրադառնա՞ք, թէ որքա՛ն բիւրեղեայ արձակ մը ունի ան:

* * *

Կ՛ըսուի, թէ Վազգէն Շուշանեանի գրչին պատկանող ամէն վէպ, վիպակ, օրագիր, հրապարակագրական յօդուած կամ գրական էջ եթէ մէկտեղուի, կրնայ կազմուիլ 15 հատորներով մեծղի վաստակ մը: Այս կը նշանակէ, որ բեղուն գրիչ մը ունեցած է Շուշանեան:

Եթէ ծանօթ էք իր կեանքին մանրամասնութիւններուն, դիւրաւ պիտի գուշակէք, թէ անոր գրեթէ բոլոր գործերուն մէջ տողանցող գլխաւոր հերոսներուն ետին ի՛նք կայ: Շուշանեան մի՛շտ սիրած է թաքնուիլ իր հերոսին շուքին ետին, իր սեփական զգացումները սիրած է արտայայտել անո՛ր լեզուով, իր մտածումներուն հարազատ թարգմանը դարձուցեր է զայն, ճարտարօրէն մտած է անոր մորթին մէջ ու անոր շարժումներո՛վ դրսեւորած է իր երազներն ու ձգտումները: Խուսափա՛ծ է Ա. դէմքով խօսելէ:

Օրինակ վերցնենք իր «Ցայգերգը» հատորը:

Այստեղ Շուշանեան իր ծննդավայր Ռոտոսթոյին կապուած մանկական յուշեր կը պատմէ եւ այդ յիշատակներուն ընդմէջէն անուղղակիօրէն տուեալներ կը փոխանցէ իր ընտանիքին, թաղին, շրջապատին մասին: Բա՜յց…

Բայց ատիկա կ՛ընէ… ուրիշի՛ մը բերնով: Գիրքին մայր խորագրին տակ, փակագիծի մէջ, արդէն զետեղած է ենթախորագիր մը` «Ընկերոջ մը թուղթերէն»: Այլ խօսքով, ըսել կ՛ուզէ որ ընկերոջ մը թուղթերէն քաղուած ընտանեկան յիշատակներ են ասոնք… Մինչդեռ այդ «ընկեր»-ը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ ի՛նք` Շուշանեանը:

Ի դէպ, Ռոտոսթոն ու տեղւոյն բարքերն ու բնութիւնը ճանչնալու տեսակէտէն նախնական ուղեցոյց մը կրնայ նկատուիլ այս «Ցայգերգը»:

Պէտք է տասնամեակներ սահէին, որպէսզի հրապարակ գար պուլկարահայ գրող Սեւտա Սեւանի «Ռոտոսթօ, Ռոտոսթօ» վէպը (1989) ու մեր աչքին վերակենդանացնէր Թրակիոյ երբեմնի այդ հայահոծ քաղաքին պատմութիւնը…

* * *

30-ական թուականներու սկիզբը, երբ ֆրանսահայ երիտասարդ գրողներ ի մի գալով սկսան հրատարակել «Մենք» գրական հանդէսը, Շուշանեան եւս դարձաւ անոր գլխաւոր աշխատակիցներէն  ու խմբագիրներէն մին: Կարճատեւ եղաւ կեանքը այս պարբերականին,  հազիւ` քանի մը թիւեր:

Շուշանեան այստեղ ստորագրեց շարք մը գրադատականներ` նոր լոյս տեսած գիրքերու մասին: Այդ էջերը որոշ տուեալներ կու տան մեզի` իր գրական հայեացքներուն կամ գաղափարախօսութեան մասին: Օրինակ` ան բաւական կծու արտայայտութիւններով քննադատած է Կոստան Զարեանը` անոր «Տատրագոմի հարսը» պոէմին առիթով:

Անկէ առաջ, տակաւին 1925-ին, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին մէջ ան հրապարակած էր իր մտածումները «մեր նորագոյն գրականութեան մասին»: Համոզում յայտնած էր, որ Մեծ եղեռնէն ետք ծլարձակող հայ գրականութիւնը, ի Հայաստան եւ սփիւռք, արժէքաւոր արտադրութիւններ ունի իր մէջ: Բաղդատելով նոր անունները հիներուն հետ` ան գրած էր.

– Կարդացէք Գամառ-Քաթիպայէն երգ մը (դեռ չեմ ուզեր խօսիլ Մ. Պէշիկթաշլեանի եւ Նահապետ Ռուսինեանի բանագողութիւններուն մասին), բաղդատեցէք զայն երիտասարդ բանաստեղծի մը քիչ թէ շատ կոկիկ հայրենական երգերուն հետ ու պիտի զարմանաք, թէ որքան դիւրին եղած է անցեալին մէջ համբաւի հասնիլ:

Շարունակելով իր խորհրդածութիւնները` Շուշանեան չէր վարաներ յայտնելու, թէ պիտի չուզէր փոխանակել Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի «Լոյս զուարթ» վտիտ քերթողագիրքը (1924)` նահատակ գրող Արտաշէս Յարութիւնեանի երեք բանաստեղծական հատորներուն հետ… Կու տար նաեւ այլ անուններ: Ըստ իրեն, «մեր երիտասարդներուն գրականութիւնը կը նմանի ծառերու գարնանային աւշառատ պտուկներուն, որ դեռ նոր կը պայթին: Սպասեցէ՛ք, որ պտուղ տան ու յետոյ կ՛ըսէք, թէ այդ պտուղները ձեր ակռաներուն համ կու տա՞ն, թէ՞ ոչ» (6.12.1925):

* * *

Ու հիմա կանգ առնենք Վազգէն Շուշանեան-Շահան Շահնուր հակադրութեան վրայ, որ զարմանք ու ցաւ պատճառած է բոլոր անոնց,  որոնք հաւասար չափով սիրած  են մեր այս երկու ֆրանսահայ գրողները ու չեն կրցած տրամաբանական մեկնաբանութիւն մը բերել սուր համեմատութիւններու հասած այդ անսիրելիութեան:

Գրեթէ տարեկիցներ էին Շուշանեանն ու Շահնուրը. երկուքն ալ Պոլսէն կամ անոր շրջակայքէն կու գային Ֆրանսա, երկուքն ալ հաստատուն տեղ ու համբաւ շիներ էին ֆրանսահայ գրականութեան անդաստանին մէջ, երկուքն ալ կը պատկանէին «Մենք» հանդէսը հրատարակող խմբակին: Թերեւս երեւելի միակ տարբերութիւնը անոնց գաղափարական հակումն էր. Շահնուր մօտ էր ռամկավարներուն, իսկ Շուշանեան դաշնակցական էր (թէեւ յետոյ պիտի խզուէին իր կապերը իր գաղափարական ընտանիքին հետ` «Մարտկոցական» շարժումը գլխաւորած ըլլալուն պատճառով):

Շուշանեան, որուն մէջ շատ զօրաւոր էր ազգային ու յեղափոխական ջիղը, ընդվզեցաւ Շահնուրի հրապարակագրական անխոհեմ որոշ արտայայտութիւններէն, որոնցմով ան տապալել կ՛ուզէր մեր ազգային նուիրական կարգ մը արժէքները` Նարեկացին, Րաֆֆին, Ռուբէն Զարդարեանը, Աւետիս Ահարոնեանը եւ այլն:

Շուշանեան սրբապղծութիւն սեպեց Շահնուրի արարքը:

Ու գրեց իր նշանաւոր «Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգւոյն խորը» գիրքը, որ իսկական պարսաւագիր մըն էր Շահան Շահնուրի դէմ:

Չափազանց ծանր վերագրումներով եւ լուտանքներով լեցուն այս պարսաւագիրը գրի առնուած էր 1939-ին, իր մահէն մօտ երկու տարի առաջ: Շուշանեան շատ փափաքած էր զայն հրատարակուած տեսնել շուտով: Բայց ո՛չ ոք համարձակեցաւ զայն լոյսին բերել` ըլլա՛յ հեղինակին կենդանութեան, ըլլա՛յ անոր մահէն ետք, երկա՜ր տասնամեակներ:

Գրառումէն ճիշդ կէս դար ետք, 1989-ին, երբ Շահնուրի մահէն ալ անցեր էր արդէն 15 տարի, Երեւանի «Նորք» ամսագիրը այդ գործը հրատարակեց լայն մկրատումներով եւ յապաւումներով: Ի վերջոյ, սակայն, անիկա տպուեցաւ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ 1998-ին, Պէյրութի մէջ, 175 էջանի առանձին հատորով մը, գրագէտ Պօղոս Սնապեանի ջանքերով եւ խմբագրութեամբ:

Բոլոր անոնք, որոնք պիտի կարդան այս գիրքը, արմանքէ զարմանք պիտի երթան` ի տես Շուշանեանի բուռն եւ անսանձ պոռթկումին:

Աստուա՜ծ իմ, ինչ անարգական որակումներով կ՛ուզէ զգետնել ան իր հակառակորդը: Զայն կը կոչէ հայհոյագիր, հասարակ սրիկայ, թօշնած լակոտ, լիրբ ու տխեղծ պարոն, Սկիւտարի աղտոտ ոջիլ, հտպիտ, պոռնկատան բարապան, եղկելի, ծաղրանկարային աքլոր, ապերասան, խեղկատակ, յելուզակ, ընկեցիկ գրագէտ, մտաւորական պերճաղիճ, կոյուղիի ճճի եւ այլն, եւ այլն:

Տեղ մը, Շուշանեան, կարծէք արդարացնելու համար իր այս արտասովոր պարսաւանքը, կը գրէ.

– Մարդ մը, որ կը յանդգնի իր զազիր լորձունքը նետել Գրիգոր Նարեկացիի պայծառ հոգւոյն` լեզուական ո՛չ մէկ նրբութեան արժանի է, ո՛չ մէկ գթութեան:

Ահա այսպէս, հանրութեան կը ներկայացուէր մարդ մը, որ Արարատ չունէր իր հոգւոյն խորը:

Բայց «Նահանջը առանց երգի»-ի հեղինակը իսկապէ՞ս Արարատ մը չունէր իր հոգւոյն խորը…

Հալէպ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>