Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Տեղի Պիտի Ունենայ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Եւ Արցախը» Խորագիրով Գիտաժողով

$
0
0

PicMonkey-Collage

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, 5 մարտին Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ Արցախը» խորագիրով երիտասարդական գիտագործնական գիտաժողով:

Գիտաժողովին կրնան մասնակցիլ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մագիստրոսներ, ասպիրանթները, երիտասարդ գիտնականները: Ներկայացուող թեմաներն են`

– ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը Արցախի մէջ` 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկիզբը:

– Արցախահայութեան մասնակցութիւնը արեւմտահայութեան ազգային ազատագրական պայքարին:

– ՀՅԴ-ն եւ Արցախը` 1918-1923 թուականներուն:

– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը արցախահայութեան ազատագրական պայքարի կազմակերպման գործին մէջ` 20-րդ դարու աւարտին:

– ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի կայացման եւ զարգացման գործընթացներուն մէջ:

Գիտաժողովին մասնակցութեան դիմումները ու յօդուածները անհրաժեշտ է մինչեւ 1 մարտ 2016 ուղարկել hyd.gitazhoghov@gmail.com  ելեկտրոնային հասցէին: Ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային կրիչով ներկայացնել ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի գրասենեակ` Ստեփանակերտ, Կնունեանցների 17 հասցէով, հեռ. 04794 38 43, 097 23 44 33:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>