Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

$
0
0
Մկրտիչ Վարդապետ Խրիմեան`
Առաջնորդ Տարօնի Հայոց

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան

Վարագայ վանքի վանահայր Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան, դէպի Էջմիածին, Թիֆլիս եւ Ատրպատական շրջագայութենէն վերադառնալէն ետք նուիրուեցաւ վանքի հոգեւոր, կրթական, հրատարակչական եւ գիւղատնտեսական աշխատանքներուն:

Ժառանգաւորաց վարժարանին անդրանիկ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր հանդէսը տեղի ունեցաւ 1862 մայիսին: Հրաւիրուած էին Վանի առաջնորդ Իգնատիոս եպիսկոպոս, քահանաներ, ծնողներ եւ ջոջեր:

Հանդէսին բացումը կատարեց եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Մկրտիչ վարդապետ: Յետոյ ան արտասուաթոր աչքերով աշակերտներուն ճակատը համբուրելով իւրաքանչիւրին վկայական տուաւ:

Շրջանաւարտներուն կողմէ հրաժեշտի խօսք արտասանեց Գարեգին Սրուանձտեանց:

Շրջանաւարտ երիտասարդները ուխտեցին իրենց անձերը նուիրել հայրենիքին, ազգին եւ մատաղ սերունդի դաստիարակութեան: Անոնցմէ շատեր յետոյ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցան:

* * *

Տարօնի հայութիւնը 1862-ին պատրիարքարան դիմեց, փափաք յայտնելով, որ Վարագայ վանքի վանահայր Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան իրենց առաջնորդը ըլլայ:

Պատրիարքարան եւ Ազգային ժողով ընդառաջեցին տարօնցիներու ցանկութեան: Իր կարգին Մկրտիչ վարդապետ համամտութիւն յայտնեց: Պատրիարքարանը սուլթանին անունով հրովարտակ հանել տուաւ, որուն հիմամբ կառավարութիւնը վաւերացուց Մկրտիչ վարդապետին ընտրութիւնը` իբրեւ Տարօնի հայոց առաջնորդ:

Պատրիարքարանին կոնդակը եւ սուլթանին հրովարտակը մշեցի յատուկ պատուիրակի մը միջոցով Պոլիսէն ղրկուեցաւ Վարագայ վանք: Մկրտիչ վարդապետ կոնդակն ու հրովարտակը ստացաւ 3 օգոստոս 1862-ին: Կոնդակին մէջ կ՛ըսուէր, որ Մկրտիչ վարդապետ Տարօնի առաջնորդ եւ Սուրբ Կարապետի վանքին վանահայր ընտրուած է եւ միաժամանակ անոր վերապահուած է նաեւ Վարագայ վանքին վանահայրութիւնը:

Մկրտիչ վարդապետ Վան մեկնելով եկեղեցիներուն մէջ հրաժեշտի քարոզներ տուաւ, որմէ ետք հրաժեշտ առաւ առաջնորդէն, կուսակալէն, հարազատներէն եւ բարեկամներէն: Յետոյ Վարագայ վանք վերադառնալով սկսաւ պատրաստութիւն տեսնել: Տպագրական մամուլներէն մէկը պատրաստեց, հետը Սուրբ Կարապետի վանք տանելու համար: Վանքին ներքին եւ արտաքին կառավարման վերաբերեալ կարգ ու սահման դրաւ: Մեսրոպ վարդապետ Մոկացեանը փոխ վանահայր, իսկ Եզնիկ վարդապետն ալ ժառանգաւորաց վարժարանին տեսուչ նշանակեց: Տպարանին հսկողութիւնը աշակերտներուն վստահեցաւ: Կազմուեցաւ նաեւ ուսումնական խորհուրդ մը: «Արծուի Վասպուրական»-ին համար խմբագրական մարմին մը կազմուեցաւ, որուն կ՛անդամակցէին Մանուէլ Արտամետցեան, Տիգրան Գալփաճեան եւ Արսէն Թոխմախեան:

    Սասունցիներ

Կիրակի, 19 օգոստոս 1862-ին Մկրտիչ վարդապետ Վարագայ վանքի մայր տաճարին մէջ պատարագեց եւ իր հրաժեշտի քարոզը տուաւ: Վանէն մեծաթիւ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Վարագայ վանք:

Մկրտիչ վարդապետ յուզուած էր: Խօսքը իր սաներուն ուղղելով ան ըսաւ. «Չի ուրախանայ Արծուին եւ պիտանի չէք ազգին, եթէ լոկ ուսմամբ լինի ձեր յառաջդիմութիւնը: Իմ պարծանքը ձեր առաքինութիւնն է, ձեր բարի վարքը: Ձեր եղբայրասիրութեան քաղցր պտուղներ ես տեսնելով եւ ազգ վայելելով` ուրախ պիտի առնէք եւ փառաւորէք ոչ միայն զմարդիկ եւ հայրենիք, այլեւ զԱստուած եւ երկինք: Դուք կապրէք, կուսանէք  ազգի եւ հայրենեաց համար: Հայրենիք ձեզ կը սպասէ. դուք Աստուծով զօրացած եւ երջանկացած Հայրենիքի բարի յոյսեր պիտի լինէք…: Ահա ես կ՛երթամ իմ նոր նուիրական կոչմունքիս: Կացէք յիս եւ ես ի ձեզ: Ձեզանից չեմ հրաժարիր, ձեզանից չեմ հեռանար. այլ զձեզ զօրացնելու կերթամ: Իմ վստահութիւն եւ հաւատարմութիւն պահեցէք եւ պսակեցէք ձեր սիրով, ձեր բարի համբաւով եւ ձեր ժրաջան եւ գովելի յառաջդիմութեամբ: Պիտի աշխատիմ ես քոյթ ընդ փոյթ ձեզ այցելութիւն առնել. մի՛ տրտմիք: Կացէք Աստուծով, կացէք սիրով, կացէք ինձմով»:

Վարդապետը քարոզը աւարտեց արտասուաթոր աչքերով: Յուզուած էին եւ կու լային բոլորը` աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ ժողովուրդ:

Սուրբ պատարագի աւարտին վանքի սեղանատան մէջ ճաշկերոյթ տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցան միաբաններ, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ ու ուխտաւորներ:

* * *

Երկուշաբթի, 20 օգոստոս 1862-ի առաւօտուն Վարագայ վանքի բակին մէջ տպագրական մամուլի, թուղթի եւ տառերու պարկերով լեցուն հակերը ջորիներու վրայ բեռցուցին: Երբ ամէն բան պատրաստ էր Մկրտիչ վարդապետ տաճար մտաւ, մոմ վառեց, ծնկաչոք աղօթեց եւ սաստիկ յուզուած` փղձկեցաւ: Տեսարանը յուզիչ էր եւ սրտաճմլիկ: Կ՛արտասուէին բոլորը` աշակերտներ, միաբաններ, ուսուցիչներ եւ վանքին մշակները, հովիւներն ու տնտեսները:

Սասունցի ընտանիք

Եկեղեցիէն ելլելով Մկրտիչ վարդապետ հեծաւ իր սպիտակ ձին, որուն հետեւեցաւ մշեցի պատգամաւորը: Կարաւանին ուղեկցող Գարեգին Սրուանձտեանց, Յակոբ Աղուանեան, երկու ուսուցիչներ, վեց աշակերտներ, տպարանի երկու գրաշարներ եւ երեք գործաւորներ բարձրացան կարաւանի ձիերուն վրայ: Ժառանգաւորացի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն եւ միաբաններուն հետ, եւ Վանի կուսակալին ղրկած չորս ոստիկանները կարգով շարուեցան: Վանէն եւ գիւղերէն եկած հարիւրաւոր ձիաւորներ միացան կարաւանին:

Ազդանշանի  մը վրայ կարաւանը շարժեցաւ եւ հանդիսաւոր թափօրով մտաւ Այգեստան: Քաղաքէն ալ բազմաթիւ մարդիկ հաւաքուած էին: Ստուարացուած կարաւանը ճամբան շարունակելով հասաւ Արտամետ:

Արտամետի մէջ Մկրտիչ վարդապետ արտասուաթոր աչքերով վերջին ողջոյնը եւ հրաժեշտ տուաւ: Ուղեկիցները տխուր եւ սրտաբեկ վերադարձան Վան եւ Վարագ, իսկ կարաւանը ճամբայ ելաւ:

Յաջորդող օրերուն, Հայոց Ձորի, Ռշտունիքի եւ Կարճկանի գիւղերէն անցնելով կարաւանը հասաւ Դատուան` Վանայ լիճին արեւմտեան ափին եւ Ներմութ լերան ստորոտներէն ճամբան շարունակելով մտաւ Մշոյ դաշտ:

Լուրը արդէն հասած էր Տարօնի գիւղերը: Դաշտի բոլոր գիւղերէն ժողովուրդ իրենց քահանաներով, մելիքներով, աղ ու հացով, մատաղով, եկեղեցական թափօրներով, թմբուկով ու սրինգով եւ երգ ու պարով դիմաւորութեան ելան:

Մկրտիչ վարդապետ, ի տես տանջուած ու տառապած, ոտաբոպիկ եւ ցնցոտիապատ շինական ժողովուրդի անկեղծ, ջերմ եւ խանդավառ ընդունելութեան, սաստիկ յուզուեցաւ: Մտաւ գիւղերը, քարոզեց, մխիթարեց եւ յուսադրեց ժողովուրդը, խոստացաւ բարւոքել անոր վիճակը եւ կրթութիւն ու լուսաւորութիւն տարածել:

Կառավարական պաշտօնատարներ եւ քիւրտ ցեղապետներ պաշտօնական դիմաւորութիւն եւ ընդունելութիւն կազմակերպեցին:

Մկրտիչ վարդապետին կարաւանը ճամբան շարունակեց դէպի Սուրբ Կարապետի վանք: Վանքին միաբանները երբ նկատեցին, որ կարաւանը կը մօտենայ, թափօր կազմեցին եւ դիմաւորելու ելան, մինչ տաճարին զանգակները երկար կը ղօղանջէին: Հազարաւոր գիւղացիներ արդէն լեցուած էին վանքը:

Վանքի շրջափակէն ներս մտնելով Մկրտիչ վարդապետ իր ուղեկիցներուն հետ առաջնորդուեցաւ տաճար: Աղօթքէն ետք վարդապետը հոգեշունչ քարոզ մը տուաւ ըսելով.

«Շինական ժողովուրդ հայոց. Վասպուրականէն երբ Տարօնի երկիրը մտայ, երբ ոտքս Մշու դաշտի վրայ դրի, ամէն տեղ թշուառութիւն տեսայ, աղքատութիւն տեսայ եւ ի՜նչ, շրթունքներս ակամայ մրմնջեցին` ողբամ զքեզ հայոց աշխարհ: Այս խօսքն ըսած է Մշոյ Խորնի գիւղացի Մովսէս Խորենացին, որուն կը միացնեմ եւ իմ ձայնը – ողբամ զքեք ժողովուրդ հայոց, զի քո այժմեան կեանքը յոյժ ողբերգական է: Սակայն յուսահատի՞նք, քա՛ւ լիցի, ես քեզ համար Յոյս բերած եմ, ես քեզմէ յուսալիքներ ունեմ: Դուն կը գտնուիս խոր տգիտութեան եւ խաւարի մէջ. բայց խնդա եւ ուրախ լեր, մշա՛կ ժողովուրդ, ես քեզ համար ուսման եւ կրթութեան Լոյս բերած եմ, Լուսոյ շողերը ես Վասապուրականէն, Վարագայ վանքէն բերած եմ: Տեսա՞ք կարաւանի ձիերը, որոնց վրայ բարձուած հակերով ձեզ համար տպարան բերած եմ, մամո՜ւլ: Ա՜հ, ի՜նչ անուշ կը հնչէ այս անունը – մամո՜ւլ, փայտաշէն եւ անպաճոյճ մեքենայ մըն է այդ, որ պիտի տպեմ, ձեր միտքերը լուսաւորեմ: Ահա ասոնք կը կոչուին լոյս, գիտութիւն եւ ուսման լոյսը, որուն ճառագայթները պիտի ցոլան մինչեւ գիւղական խոնարհ խրճիթները»:

Մկրտիչ վարդապետ շարունակեց. «Սիրելի՛ ժողովուրդ, շատ նպատակներ, ծանր աշխատանքներ ունիմ. եկած եմ աշխատելու, եկած են վասն ազգին եւ հայրենեաց աշխատելու, բայց պէտք է դո՛ւն ալ զօրավիգ ըլլաս ինձ, որ մեր ջանքերը  յաջողութեամբ պսակուին, որ ես գոհ մնամ քեզմէ եւ դուն ինձմէ: Ժողովուրդը մեծ է. ժողովուրդին սիրտը ծով է, ես կը մտնեմ այդ ծով սիրտին մէջ, կը քրքրեմ անոր ծալքերը, ուր որ ցաւ եւ վիշտ տեսնեմ` սպեղանի կու տամ, ուր խինդ եւ հրճուանք տեսնեմ` ես ալ կը խնդամ եւ կը հրճուիմ, ի միով բանիւ, ցաւերուդ ցաւակից, ուրախութեանդ խնդակից, աշխատանքիդ եւ տառապանքիդ լծակիծ եմ. վկայ ըսածներուս, այս սուրբ տաճար, դասք միաբանից եւ երամք ժողովրդոց, դո՛ւք չարքա՛շ որդիք, մշակ եւ հողագործ զաւակներս: Է՛հ, այժմ գացէք հանգստացէք, գացէք յուսացէ՛ք: Տէր ընդ ձեզ եւ մեզ»:

* * *

Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ

Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի վանքը կը գտնուի Մուշի հիւսիս-արեւմտեան կողմը, Քարքէ լերան հարաւ-արեւելեան լանջին: Աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Գիսանէի եւ Դեմետրի հեթանոսական մեհեանները կործանելէ ետք նոյն վայրին վրայ կառուցեց վանք, հոն զետեղելով Սուրբ Կարապետի եւ Աթանագինէս եպիսկոպոսի նշխարները: Առաջին վանահայրը եղած է Զենոբ Գլակ, եւ անոր անունով ալ հետագային Գլակայ վանք կոչուած է:

Սուրբ Կարապետի վանքը հոգեւոր, մշակոյթի ու գրչութեան մեծ կեդրոն եւ սրբատեղի էր եւ Սուրբ Էջմիածինէն ետք իր հեղինակութեամբ երկրորդը կը նկատուէր, արժանանալով մենաստաններու մայրաքաղաք կոչումին: Պարսպապատ մենաստանը եւ շրջակայ անտառները թշնամիներու յարձակումներու եւ կոտորածներու ժամանակ շրջակայ գիւղերու բնակիչներուն համար փրկութեան տապան եղած են:

Վանքը ընդարձակ կալուածներ ունէր եւ Տարօնի, Վարդոյի, Ճապաղջուրի, Խնուսի ու Պուլանըխի գիւղացիներէն պտղի կը հաւաքէր:

Սուրբ Կարապետ մեծ ուխտատեղի էր: Հոն մեծ տօնախմբութիւններ կը կազմակերպուէին Վարդավառին եւ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօներուն, երբ տեղի կ՛ունենային նաեւ ձիարշաւներ, լարախաղացութիւններ եւ գուսաններու մրցոյթներ եւ կը կազմակերպուէին տօնավաճառներ: Մեծաթիւ մատաղցու կենդանիներ կը զենէին եւ մատաղ կը պատրաստէին ու կը բաժնէին: Տօնախմբութիւններուն կը մասնակցէին մինչեւ հեռաւոր գաւառներէ եւ երկիրներէ ժամանած բազմահազար ուխտաւորներ:

Սուրբ Կարապետ մուրազատու էր, ամենաբոյժ եւ շնորհ պարգեւող: Սուրբ Լուսաւորիչի աղբիւրը, որ ըստ աւանդութեան կառուցուած էր Տրդատ Մեծ թագաւորին կողմէ, եւ ուր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բազում քրիստոնեաներ մկրտած էր, ամէն ցաւ կ՛ամոքէր, կը բժշկէր եւ մարմնական արատները կը բուժէր:

Սուրբ Կարապետի ուխտագնացութեան նուիրուած շատ երգեր պահպանուած են ժողովրդային բանահիւսութեան մէջ:

* * *

Տարօնի առաջնորդութիւնը եւ Սուրբ Կարապետի վանքին վանահայրութիւնը ստանձնելով Մկրտիչ վարդապետ առաջին հերթին 1862 սեպտեմբերին Սուրբ Կարապետի վանքին մէջ Ժառանգաւորաց վարժարան մը բացաւ: Շրջակայ գիւղերէն տասնեակ մը պատանիներ հաւաքուեցան: Անոնց դաստիարակութիւնը Գարեգին Սրուանձտեանցին եւ Յակոբ Աղուանեանին յանձնուեցաւ:

Մկրտիչ վարդապետ նոր կարգ ու կանոն հաստատեց վանքին մէջ, վերակազմեց վանական կեանքը եւ վերահսկողութեան տակ առաւ տնտեսական գործերը: Վանահօր հսկողութեամբ կազմուեցաւ վանական տնտեսական խորհուրդ մը:

* * *

Մշոյ դաշտը բարեբեր է եւ գեղեցիկ: Արեւելքը Նեմրութ եւ Գրգուռ լեռներն են. Նեմրութի ստորոտէն կը բխի Մեղրագետ, որ կը լճանայ Վարդենիսի շրջակայքը, շամբ մը կազմելով, եւ Մշոյ դաշտէն անցնելով կը միանայ Արածանիի: Հիւսիսը եւ արեւմուտքը Բիւրակնեան լեռներու Քոսուր եւ Քարքէ բազուկներն են: Բիւրակնեան լեռներու գագաթներէն կը բխին Արաքսն ու Եփրատը:

Մուշ քաղաքը կը գտնուի Ծիրինկատարի ստորոտը. մէջէն կը հոսի գետակը: Հայաբնակ էին Ձորու, Սուրբ Մարինէ եւ Վերին թաղերը:

Դաշտի գլխաւոր գիւղերն են` Վարդենիս, Արտոնք, Դրմերտ, Ցրօնք, Քրտագոմ, Ալվառինչ, Աւրան, Կուրաւու, Դվնիկ, Աղջան, Սուլուխ, Սողգոմ, Խասգիւղ, Հաւատորիկ, Ջրիկ, Ղզըլաղաճ, Խէյպեան եւ Զիարէթ:

Տարօնի հարաւը Սասունի լեռներն են` Անտոք, Գեբին, Ծովասար, Մարաթուկ, Տալուորիկ եւ Փսանք: Գիւղերէն յիշենք Շենիկ, Սեմալ, Կելիէկուզան (Անտոքի ձորը մինչեւ Եղկարտ, եւ Սատանի կամուրջը), Պերմ, Ահրոնք, Ընձքար, Մըջգեղ, Գոմք եւ Մըկթենք:

Տարօնցիք նահապետական վարք ու բարքով եւ բազմանդամ ընտանիքներով կ՛ապրէին: Անոնց բնակավայրերը անշուք եւ կիսամութ հիւղեր էին, քարով եւ յարդախառն ցեխով ծեփուած պատերով, գերաններով, թոնիրով եւ երդիքով եւ ցածկեկ դուռով:

Թրքական ու քրտական դարաւոր հալածանքները ստրկական վիճակի մատնած էին Տարօնի գիւղացիները:

Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան իրեն գլխաւոր նպատակ ունեցաւ առաջին հերթին ուսումնասիրել Տարօնի հայութեան կեանքը, անոր վիշտերն ու տառապանքները եւ դարմաններ որոնել:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>