Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովի Համերգի Եզրափակիչ Հատուածը Նուիրուած Պիտի Ըլլայ Շարլ Ազնաւուրին

Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ 11 հոկտեմբերին կայանալիք փակման համերգին եզրափակիչ հատուածը ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլայ Շարլ Ազնաւուրին: Այս մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովի իրականացման արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատանքային յանձնախումբի ղեկավար Վահագն Մելիքեանը:

«Հայեցակարգային առումով հետաքրքրական լուծումներով համերգ նախատեսուած է` հին Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը: Աւարտական մասը ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլար Շարլ Ազնաւուրին. նախատեսուած էր իր անմիջական մասնակցութիւնը, իր նուագախումբով, որովհետեւ ան միշտ բեմի վրայ եղած է, իրեն այդպէս պատկերացուցած ենք, ապա մենք այդ մասը պիտի պահպանենք: Այնպիսի լուծումներ գտած ենք, որ Շարլ Ազնաւուրի բացակայութիւնը որեւէ կերպով չզգացուի: Համերգին այդ հատուածը շատ աւելի մեծ շեշտադրումներով պիտի ըլլայ: Չեմ բացառեր, որ ըլլան նաեւ աշխարհահռչակ աստղեր, որոնք կը փափաքին իրենց մասնակցութիւնը բերել: Այս մէկը բանակցային գործընթաց է, բնականաբար ամբողջական լուծումներ գտնուելու պարագային կը տեղեկացնենք», ըսաւ Մելիքեանը:

Համերգի միւս մասին մէջ ելոյթ պիտի ունենան աշխարհահռչակ երգիչներ Անժելիք Քիժօ, որ կը համարուի Ափրիկէ ցամաքամասի Սելին Տիոնը, Մելոտի Կարտօ եւ Զազ:

«Խնդրանք մեր բնակչութեան` այդ օրերուն բարձր ըմբռնումով մօտենալ կազմակերպչական հարցերուն: Պատկերացուցէք նոյն ժամանակ 40 կէտերէ պիտի շարուին ինքնաշարժներու շարանները, ամենաբանուկ փողոցները ուղղակի փակ պիտի ըլլան, որովհետեւ վայրկեանով հաշուած ժամանակացոյց կայ», յայտնեց Մելիքեան:

11 հոկտեմբերին, համերգը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

 «Աւրորա» Մարդասիրական Նախաձեռնութեան Համահիմնադիրները Ազնաւուրի Յիշատակին Կրթաթոշակ Պիտի Տրամադրեն

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէեանը, Վարդան Գրիգորեանը եւ Ռուբէն Վարդանեանը ցաւակցական ուղերձ յղեցին Շարլ Ազնաւուրի մահուան առիթով եւ յայտարարեցին, որ ի յիշատակ Շարլ Ազնաւուրի` Երախտագիտութեան կրթաթոշակ պիտի տրամադրեն Ֆրանսայէն կամ ֆրանսախօս երկիրներէ ուսանողներու` կարելիութիւն տալով անոնց ուսանելու UWC Դիլիջան միջազգային դպրոցին մէջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ցաւակցական ուղերձը.

«Շարլ Ազնաւուրը կը ներկայացնէր հայ մարդու պատմութիւնը: Ըլլալով գաղթականներու զաւակ` ան դարձաւ համաշխարհային կուռք, որ իր երաժշտութեամբ եւ բնոյթով մարդկայնութեան եւ մարդասիրութեան ուղերձներ կը յղէր համայն աշխարհին:

«Անոր հմայքը, մարդու նկատմամբ անկեղծ սէրը զայն յայտնի դարձուցին ամբողջ աշխարհին: Մենք կը յիշենք զինք այն բոլոր բաներով, զորս ան տուաւ մեզի` սէր, եռանդ, մենք մեզի, մեր եւ մեր մերձաւորներուն նկատմամբ հաւատք: Ան տարածեց այս բոլորը` իբրեւ դերասան եւ երգիչ, իբրեւ մարդասէր եւ բարերար: Ան երբեք չի մոռցուիր` առյաւէտ մնալով մեր սիրտերուն մէջ»:

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան առաջին իսկ օրէն, Ազնաւուր մեր կողքին էր` դառնալով «Աւրորա» մրցանակի շնորհման 2016-ի եւ 2017-ի արարողութիւններու ամէնէն կարեւոր մասնակիցներէն մէկը: Ի յիշատակ Ազնաւուրի` «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ամէնամեայ նոր կրթաթոշակ պիտի տրամադրէ` իբրեւ Երախտագիտութեան կրթաթոշակ: Այս  կրթաթոշակները կը տրուին` իբրեւ երախտիք աւելի քան հարիւր տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հայերուն ապաստան եւ սնունդ տուած երկիրներու ժողովուրդներուն: Ազնաւուր այն մարդոցմէ էր, որ Ֆրանսայի մէջ ապաստան գտաւ եւ փառքի հասաւ:

Շարլ Ազնաւուրի անուան ամէնամեայ կրթաթոշակը Ֆրանսայէն կամ ֆրանսախօս երկիրներէ ուսանողներու կարելիութիւն պիտի տայ ուսանելու UWC Դիլիջան միջազգային դպրոցին մէջ: Այս կրթաթոշակը պիտի միաւորէ Ազնաւուրի երկու հայրենիքները` Հայաստանն ու Ֆրանսան, եւ մեզի ալ կարելիութիւն պիտի տայ փառաւորելու այդ կապերը եւ շարունակելու երախտապարտ ըլլալ Ազնաւուրին` սերունդներ շարունակ»:

Գէորգ Հաճեանի Արցախեան Երգահանդէսները

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ Գէորգ Հաճեանը կը գտնուէր Արցախ` համերգային ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով:

28 սեպտեմբերին Արցախի սահմանամերձ Նորշէն գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգ Հաճեանի առաջին երգահանդէսը` Ստեփանակերտի «Տնջրէ» եւ Նոր Շէնի «Մոնթէ» խումբերուն մասնակցութեամբ:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանին խօսքով: Վերջինս նշեց, որ երգահանդէսը նուիրուած է Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ արցախեան շարժման 30-ամեակին:

Ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին երգիչը` երգահանդէսի ամբողջ ընթացքին մասնակից ըլլալով երգերով ու պարերով:

Իր խօսքին մէջ երգիչը նշեց, որ երբ արցախեան հողին վրայ կ՛երգէ, կը զգայ իր երգած երգերուն ամէն մէկ բառին ամբողջ զօրութիւնը եւ անգամ մը եւս կը հասկնայ այն ճշմարտութիւնը, որ հայրենիքի ապագան պէտք է սկսի զարգացած գիւղեր ունենալով: Գիւղացին պէտք է սերտօրէն կապուած ըլլայ հայ մշակոյթին եւ կարելիութիւնը ունենայ առնչուելու անոր հետ:

Գ. Հաճեանի երգերուն հետ իրենց հայաշունչ պարերով հանդէս եկան Ստեփանակերտի «Տնջրէ» եւ Նոր Շէնի «Մոնթէ» խումբերը:

Բուռն ծափերով մարդիկ նշեցին, որ գիւղը կը սպասէր այսպիսի ձեռնարկի մը, որ նաեւ հայրենասիրական իւրայատուկ դաս էր:

Մօտակայ գիւղերէն` Աշանէն ու Հացիէն մարդիկ եկած էին գեղեցիկ արուեստի կարօտով` հակառակ եղանակային անբարենպաստ պայմաններուն:

Ներկաները նուէր ստացան նաեւ երգիչի ձայնասկաւառակներէն, կարելիութիւն ունեցան անմիջական զրոյց ունենալու անոր հետ:

Երգահանդէսի աւարտին երգիչը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Համազգայինի Արցախի եւ Երեւանի գրասենեակներուն, ՀՅԴ Արցախի կառոյցին, յանձին` Դաւիթ Իշխանեանի, համերգի կազմակերպման աջակցելնուն համար, ինչպէս նաեւ իր ընկերոջ` Ալեքս Պաղտասարեանին:

Նշենք, որ երգիչին տարազը ապահոված էր Երեւանի «Տէրեան» արուեստի կեդրոնը: Երգիչն ու իր ընկերները նաեւ գիւղի բազմազաւակ ընտանիքներուն համար բերած էին համեստ նուիրատուութիւն մը, որ յանձնուեցաւ գիւղի ղեկավարութեան:

29 սեպտեմբերին Գէորգ Հաճեան համերգային ծրագիրներով այցելեց Արցախի երկու զօրամասեր, ուր իր խրոխտ երգերով ոգեւորեց հայ զինուորները: Զինուորներուն կողքին երգերը աւելի իրական կը հնչէին, որովհետեւ անոնք իրենց ձօնուած էին:

Երգիչը հրամանատարութեան կողմէ արժանացաւ յատուկ շնորհակալագիրի` պաշտպանութեան բանակին հետ սերտ համագործակցութեան համար:

30 սեպտեմբերին Գէորգ Հաճեանը համերգով հանդէս եկաւ Քարվաճառի մէջ, ու եզրափակուեցաւ անոր արցախեան այցելութիւնը:

Հաղորդենք, որ երգիչը յայտնեց, թէ երգահանդէսները Արցախի մէջ այսուհետեւ շարունակական պիտի ըլլան:

 13,5 Միլիոն Տոլարի Ներդրում, 30 Աշխատատեղ Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան Ոլորտին Մէջ. Ամերիկեան ՏԻՍՔՕ-ն Նոր Մասնաճիւղ Կը Բանայ Հայաստանի Մէջ

ՏԻՍՔՕ-ն տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի ամերիկեան առաջատար ընկերութիւնն է, որ ստանալով 13,5 միլիոն տոլարի չափով ներդրում` նոր մասնաճիւղ մը կը հիմնէ Հայաստանի մէջ: Անիկա աշխարհի մէջ առաջատարն է սպառողներու առաջնային տուեալներու հաւաքագրման եւ հետազօտութեան ոլորտին մէջ: Անոր հայ հիմնադիրները զարգացման նոր փուլի մէջ արհեստագիտական խումբը կը համալրեն հայաստանեան աւագ մասնագէտներով` գնահատելով տեղի մարդուժի նորարարական կարողութիւններն ու տաղանդը: Ներկայիս թափուր աշխատատեղերը ներկայացուած են պաշտօնական կայքին մէջ` https://www.disqo.com/careers/: Առաջին հանգրուանով ՏԻՍՔՕ-ն պիտի համալրուի 30 աւագ մասնագէտով:

Ընկերութեան համահիմնադիր եւ արհեստագիտական տնօրէն Դրօ Քուչարեանը, որ ունի 20 տարուան փորձառութիւն` իբրեւ արհեստագիտական տնօրէն, ձեռնարկատէր, խորհրդատու եւ ներդրող, շուտով պիտի գայ Հայաստան` անձամբ ծանօթանալու տեղեկատուական արհեստագիտական համայնքի եւ խումբի նոր անդամներուն հետ: Աւելի՛ն. Դրօ Քուչարեանը այստեղ պիտի իրականացնէ խորացուած դասեր, հանդիպումներ, եւ պիտի իրականացուի փորձի փոխանակում, որոնցմէ ամէնէն մեծը տեղի պիտի ունենայ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ, հոկտեմբեր 18-ին, ժամի 19:00-ին:

Յատկանշական է, որ ՏԻՍՔՕ-ն Հայաստանի մէջ կը ստեղծէ հիմնական մասնաճիւղ` արտապատուէրային (outsource) խումբի փոխարէն: Այս կը նշանակէ, որ ընկերութիւնը կը կրկնապատկէ իր կարողութիւնն ու ուժերը` նոր ու մեծածաւալ հետազօտական նախագիծներու համար: Հայաստանեան խումբը պիտի շարունակէ աշխատիլ ներկայ յաճախորդներու, ընկերութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ, որոնք աշխարհի մէջ մեծագոյնն են եւ ընդգրկուած են Fortune 500-ի ցանկին մէջ:

«Հայկական տեղեկատուական արհեստագիտական համայնքը ունի որակեալ մասնագիտական ներուժ: Ուրախ ենք մեր ընկերութեան զարգացման առաջին օրերէն խումբը այստեղի տաղանդաւոր մասնագէտներով համալրելնուս համար: Վստահ ենք, որ անոնց օգնութեամբ կրնանք ստեղծել նոր գործիքներ եւ արտադրութիւններ` միասին ընդլայնելով ընկերութեան ծաւալները», կը նշէ ՏԻՍՔՕ-ի համահիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Արմէն Աճեմեանը:

Ընկերութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Դանիա Սահակեանը կ՛աւելցնէ. «Ոգեւորիչ է այն փաստը, որ այս ՏԻՍՔՕ-ի` Միացեալ Նահանգներէն դուրս գտնուող առաջին հիմնական գրասենեակն է, որ հիմնուած է առաջին մեծ նիւթական ներդրման շնորհիւ: Ասոնք տակաւին ընկերութեան առաջին քայլերն են, բայց հեռանկարներ կան աւելի ընդարձակուելու, որովհետեւ արդէն կրկնակի թափով պիտի աշխատինք երկու հաւասարապէս հզօր խումբերով»:

Ընկերութեան հայաստանեան գրասենեակը  արդէն պաշտօնապէս սկսած է գործելու հոկտեմբեր ամսուան սկիզբէն` ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ: Այսպիսով, ՏԻՍՔՕ-ի  գործունէութիւնը նոր հեռանկարներ կը խոստանայ Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտական ոլորտի զարգացման եւ միջազգային շուկայի հետ երկրի տնտեսական յարաբերութիւններու ամրապնդման համար:

Տեղեկացնենք, որ ՏԻՍՔՕ-ն հիմնուած է Լոս Անճելըսի մէջ, 2015-ին, հայ գործարարներ Արմէն Աճեմեանի (գործադիր տնօրէն), Դրօ Քուչարեանի (արհեստագիտական տնօրէն), Արմէն Պետրոսեանի (շուկայագիտութեան տնօրէն) կողմէ: ՏԻՍՔՕ-ն սպառողներէն ուղղակիօրէն (first-hand) հաւաքագրած ստոյգ տուեալներ կը տրամադրէ աշխարհի մեծագոյն շուկայագիտութեան եւ հետազօտական ընկերութիւններուն: Անոնց օգնութեամբ կարելի կը դառնայ բացայայտել սպառողին վարքագիծը, ապահովել ապրանքներու ճիշդ դիրքաւորումը եւ մակնիշի յառաջխաղացումը: Ընկերութիւնը յառաջատարն է ոլորտին մէջ եւ ստեղծած է սպառողներու հետազօտութեան միասնական բեմ, որ կը ներգրաւէ մարդիկը` իբրեւ սպառող տուեալներու փոխանակման համար: Այստեղ կ՛իրականացուին տարեկան 10 միլիոնէն աւելի հարցումներ:

«Ալֆա Էտիսըն»-ի եւ «Պոնֆայր վենչըրզ»-ի կողմէ ստացած 13,5 միլիոն տոլար չափով առաջին բաժինի ներդրման շնորհիւ` ՏԻՍՔՕ-ն կարելիութիւն կը ստանայ առաջարկուող ծառայութիւններուն ցանկը համալրելու նոր յաւելուածներով եւ սարքերով, որոնք կը հետազօտեն սպառողին վարքագիծն ու կարծիքը: Ընկերութիւնը արդէն պիտի կիրարկէ նաեւ արհեստական բանականութեամբ (AI) լուծումներ, ինչպէս նաեւ պիտի ստեղծէ նոր գործիքներ` սպառողներու իրական եւ ամբողջական պատկեր ձեւաւորելու համար:

Ճերըլտ Թրփանճեանի Միջոցներով Վերակառուցուած Է Ստեփանակերտի Թումանեանի Անուան Դպրոցը

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը 3 հոկտեմբերին մասնակցեցաւ Ստեփանակերտի Յովհաննէս Թումանեանի անուան թիւ 9 դպրոցի վերաբացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ բարերար Ճերըլտ Թրփանճեանին` դպրոցի հիմնովին վերակառուցման եւ վերանորոգման աշխատանքները իրականացնելնուն համար:

Հաղորդենք, որ հանդիսութեան ներկայ եղաւ նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի էջմիածնական թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը:

Մահացած Է Գուրգէն Մահարիի Կինը` Արձակագիր Անտոնինա Մահարին

94 տարեկանին կեանքէ հեռացած է Անտոնինա Մահարին` Գուրգէն Մահարիի կինը:

Անտոնինա Մահարի մահացած է ծայրայեղ աղքատ վիճակի մէջ: 2012-ին «Հետք»-ը անդրադարձած էր գրող Անտոնինայի ծանր նիւթական պայմաններուն` նշելով, որ գրողին միակ եկամուտը 15 հազար դրամի համարժէք կենսաթոշակն է:

Անտոնինա Մահարին ծնած էր Վիլնիւս: 22 տարեկանին ձերբակալուած էր` մեղադրուելով «հակախորհրդային քարոզչութեան», «նացիոնալիզմի» եւ «շովինիզմի» մէջ: Մէկ տարի քաղաքական բանտարկեալի կարգավիճակով պահուած էր Վիլնիւսի բանտային նկուղի մէջ, որմէ ետք աքսորուած էր Սիպերիա: Աքսորի տարիներուն Անտոնինա Պովիլայտիտէն հանդիպած է Գուրգէն Մահարիին եւ դարձած` անոր կեանքի մշտական ուղեկիցը:

1994-ին Պէյրութի մէջ տպագրուած է Անտոնինա Մահարիի «Իմ ոդիսականը» գիրքը, որուն մէջ ներկայացուած են Գուրգէն Մահարիի Սիպերիոյ մէջ աքսորի տարիները:

Հայաստանի անկախացումէն ետք Անտոնինա ապրած է Երեւանի մէջ, առանձին, ծանր պայմաններու մէջ` տան հիւրասենեակը վերածելով «թանգարանի», ուր ներկայացուած էին Գուրգէն Մահարիի եւ անոր հարազատներուն, ընկերներուն բազմաթիւ լուսանկարներ, գրողին մասին յօդուածներ եւ գիրքեր:

Սեպտեմբերին, Նախորդ Տարուան Հետ Համեմատած, Հայաստանի Երկու Օդակայաններուն Մէջ Ուղեւորահոսքը Աճած Է 9,3 Տոկոս

Ընթացիկ տարուան սեպտեմբերին Հայաստանի երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 278 հազար 719 մարդ` 2017-ի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 9,3 տոկոսով: «Արմէնիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութենէն կը տեղեկացնեն, որ սեպտեմբեր 2018-ին, 2017-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած` «Զուարթնոց»-ի ուղեւորահոսքը աւելցած է 7,1 տոկոս:

Սեպտեմբեր 2017-ին «Զուարթնոց» օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած են 245 հազար 363 ուղեւորներ, իսկ սեպտեմբեր 2018-ին` 262 հազար 815 ուղեւորներ:

2018-ի սեպտեմբերին Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանի ուղեւորահոսքը եղած է 15 հազար 904 մարդ: 2017-ի նոյն ամսուան 9646 ուղեւորահոսքին հետ համեմատած` աճը եղած է 65 տոկոս:

Տարեսկիզբէն Հայաստանի երկու օդակայաններուն ուղեւորահոսքը եղած է  2 միլիոն 151 հազար 718 մարդ, որ 11,9 տոկոս աւելի է նախորդ տարուան նոյն ամիսներու ցուցանիշէն:

«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ 2018-ի յունուար-սեպտեմբեր ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, 9,9 տոկոս աճած են նաեւ թռիչք- վայրէջքները:

Երկրորդ Երեխայի Ծննդեան Միանուագ Նպաստը Եռապատկելու Որոշումը 1 Հոկտեմբերին Գործադրութեան Սկսաւ

1 հոկտեմբերին գործադրուելու սկսաւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանին հեղինակած նախագիծը, որով երկրորդ երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստի չափը կ՛եռապատկուի:

Նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի կառավարութեան որոշման նախագիծի ընդունումէն ետք, 1 հոկտեմբեր 2018-էն սկսեալ ընտանիքի երկրորդ երեխայի ծննդեան առիթով տրուող երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստի չափը կ՛աւելնայ 3 անգամով` գործող 50 հազար դրամի փոխարէն դառնալով 150 հազար դրամ:

Կը կանխատեսուի, որ 2018-ի երկրորդ կիսամեակին Հայաստանի մէջ ծնին մօտաւորապէս 7500 երեխաներ: Այս պարագային, լրացուցիչ ամավարկային միջոցներու պահանջը 2018-ի հոկտեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն պիտի կազմէ մօտաւորապէս 375 միլիոն դրամ, իսկ 2019-ին եւ հետագայ տարիներուն համար` տարեկան մօտաւորապէս 1,5 միլիառ դրամ:

Անհրաժեշտ ամավարկային յատկացումները 2018-ի համար պիտի իրականացուին Հայաստանի 2018 պետական ամավարկով ընկերային պաշտպանութեան ոլորտին գծով նախատեսուած ընդհանուր յատկացումներու ծիրին մէջ:

«Ռէանիմանիա»-ն Ստացաւ Առաւել Քան 2 Հազար Դիմումնագիր` Աշխարհի Մօտաւորապէս 100 Երկիրներէ

Այս տարի կը լրանայ «Ռէանիմանիա» շարժանկարի ժապաւէններու եւ պատկերապատումի միջազգային փառատօնին 10-ամեակը, որ իր ձեւաչափով, ճանաչելիութամբ եւ ընձեռած կարելիութիւններով միակն է տարածաշրջանին մէջ: Նոյն ժամանակ, 2018-ը նշանաւոր կը դառնայ հայկական շարժանկարի 80-ամեայ յոբելեանով:

Փառատօնի Դիմատետրի էջը կը տեղեկացնէ, որ «Ռէանիմանիա»-ի 10-րդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 28 հոկտեմբերէն  3 նոյեմբեր:

Նշենք, որ փառատօնը այս տարի ստացաւ աւելի քան 2 հազար դիմումնագիր` աշխարհի մօտաւորապէս 100 երկիրներէ: Մօտաւորապէս` 400 ժապաւէն, որոնց մէջ` 8 երկար, ներառուած են 5 մրցում-յայտագիրներու մէջ` «Լաւագոյն երկար ժապաւէն», «Լաւագոյն կարճ ժապաւէն», «Լաւագոյն աւարտական ժապաւէն», «Լաւագոյն հեռուստատեսային եւ ուսուցողական ժապաւէն» եւ «Լաւագոյն երաժշտական շարժապատկերի հոլովակ»:

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>