Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի փառքը մնայուն կերպով գովերգած եւ անոր կեանքի ընթացքին, համերգներուն արձանագրած հսկայ յաջողութիւններուն եւ Լիբանանի մէջ կազմակերպուած անոր համերգներուն արձագանգած լիբանանեան մամուլը լայն անդրադարձ մը կատարեց մեծ երգիչին մահուան ու անոր առթած սուգին առիթով:
«Նահար» օրաթերթը Ազնաւուրին` նուիրուած մահագրութիւնը սկսաւ հետեւեալ խորագիրով. «60 տարիներու ֆրանսական երգը համաշխարհային բեմերէն…»: Ազնաւուր. «Օր մը օրանց ցտեսութիւն չեմ ըսած»:
Մահագրութիւնը կը սկսի Շարլ Ազնաւուրի կեանքի վերջին շրջանին իրերայաջորդ կերպով Պրիւքսելի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ համերգները ջնջելու երեւոյթով, նկատի ունենալով մեծ արուեստագէտին առողջական հարցերը:
Ապա` Ազնաւուրի կեանքին մասին երգիչին մեկնաբանութիւնը մէջբերելով, թէ իր կեանքը բախտ է, յօդուածը կ՛ըսէ. «Իրականութեան մէջ միայն բախտը չէր, որ զինք հասցուց համաշխարհային այս բարձր մակարդակին` զայն վերածելով Ֆրանսայի խորհրդանիշներէն մէկուն, այլեւ` անոր տաղանդն ու կամքը»:
Ապա լայն անդրադարձ կը կատարուի Ազնաւուրի հայկական արմատներուն եւ Ֆրանսայի մէջ անոր երգի նախաքայլերուն մասին, երբ անոր հասակն ու ձայնը մեծերուն կողմէ բաւարար չէին նկատուէր Փարիզի բեմերը բարձրանալու, եւ պատճառ կը դառնար, որ Ազնաւուր բաւարարուի երգերու յօրինումով: Սակայն 1960-էն ետք Ազնաւուր կրցաւ դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները եւ դառնալ ֆրանսական երգի հսկան:
Ազնաւուրի երգի ասպարէզին կողքին, նշուած է նաեւ անոր շարժապատկերի ասպարէզին, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած «Անոնք ինկան» երգին, իսկ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժին նուիրուած «Քեզի համար Հայաստան» խմբերգին մասին մանրամասնութիւններ:
Նշուած է նաեւ Ազնաւուրին շնորհուած հայկական քաղաքացիութեան եւ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը դառնալու պաշտօնին:
Յօդուածին մէջ մէջբերում մը կատարուած է նաեւ իր տարիքին վերաբերող Ազնաւուրի խօսքերէն, որ կ՛ըսէ. «Ես տարեց չեմ, պարզապէս տարիքս յառաջացած է. այս երկուքը նոյն բաները չեն», ինչպէս նաեւ` խորագիրին մէջ նշուած խօսքին, որ կ՛ըսէ.
«Օր մը օրանց ցտեսութիւն չեմ ըսած»:
Նոյն օրաթերթը անդրադարձաւ նաեւ Ազնաւուրի թաղման արարողութեան` մանրամասնութեամբ կեդրոնանալով Ֆրանսայի նախագահ էմանուէլ Մաքրոնի արտասանած դամբանականին, որուն մէջ նախագահը հաստատած էր, որ Ֆրանսայի մէջ բանաստեղծները բնաւ չեն մահանար:
«Ժումհուրիա» օրաթերթը Ազնաւուրի մահուան առիթով հրատարակած իր յօդուածը կը կոչէ` «Ազնաւուրի հրաժեշտը … ֆրանսական երգի հսկան»:
Յօդուածը կ՛անդրադառնայ Ազնաւուրի կեանքին ու ասպարէզին` նշելով, որ ան 80 տարի շարունակ համաշխարհային բեմերու վրայ գտնուած է եւ ստեղծած է ժողովուրդին սրտին խօսող երգը` սկսեալ Արեւելքէն հասնելով մինչեւ Արեւմուտք:
Ապա անդրադարձ կը կատարուի Ազնաւուրի հայկական արմատներուն եւ մեծ երգիչին անձնական կեանքին` նշելով, որ ան երեք անգամ պսակուած է եւ ունի վեց զաւակ:
Յօդուածը կ՛անդրադառնայ նաեւ երգարուեստի աշխարհին մէջ Ազնաւուրի եւ աշխարհահռչակ երգչուհի Էտիթ Փիաֆի գործակցութեան:
«Ժումհուրիա» կը գրէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ազնաւուրի երկրպագուներէն էր եւ ուսանող հասակէն «Քարաոքէ»-ի իւրաքանչիւր հաւաքի միշտ ալ Ազնաւորի երգերէն կը մեկնաբանէր:
Յօդուածը կը նշէ, որ Ազնաւուր իր ձայնագրած երգերէն աւելի քան 180 միլիոն ալպոմ վաճառած է, իսկ անոր երգերը հնչած են նաեւ ֆիլմարուեստի աշխարհին պատկանող աւելի քան 60 ժապաւէնի մէջ:
«Ազնաւուրի ամէնէն աւելի վաճառուած ալպոմը «Շի» երգի ալպոմն է, 1974-ին:
Ան Հոլիվուտի տաղանդներու յատուկ փողոցին վրայ իր անուամբ աստղ մը ունի, ինչպէս նաեւ կոչուած է «Ֆրանսայի Ֆրենք Սինաթրան», որուն երգերով հասակ առած են տարբեր սերունդներ», նշուեցաւ յօդուածին մէջ:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ազնաւուր իր երգերը գրած է ոչ միայն ֆրանսերէնով, այլեւ` ռուսերէնով, անգլերէնով, հայերէնով, իտալերէնով եւ սպաներէնով:
«2017-ին Քֆարտըպիանի միջազգային փառատօնին ֆրանսերէն երգի առասպելը` Շարլ Ազնաւուր փափաք յայտնեց լիբանանեան երգի խորհրդանիշ Ֆէյրուզի հետ զուգերգ մը կատարել` արաբերէնով, սակայն հսկան հեռացաւ նախքան այլ հսկաներու հետ հանդիպումը», նշուեցաւ «Ժումհուրիա»-ի մէջ:
Նոյն օրաթերթը Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան անդրադառնալով` գրած է, որ Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւնը յուզիչ էր ու ազդեցիկ: «Հայաստանի դրօշին գոյները կրող ծաղկեպսակը եւ հայրենիքդ խորհրդանշող երաժշտութիւնը իրենք զիրենք պարտադրեցին իբրեւ գլխաւոր խորագիրներ` կազմակերպուած պաշտօնական յուղարկաւորութեան արարողութեան: Դուն բոլորին յիշեցուցիր, որ հայ ծնած ես եւ հայ մահացած` քու փառքդ ֆրանսերէնով կերտելէ ետք…»:
«Ախպար» օրաթերթը Շարլ Ազնաւուրի մասին իր հրատարակած գրութիւնը սկսաւ հետեւեալ խորագիրով. «Աշխարհը` առանց Շարլ Ազնաւուրի. անոր ասպարէզը կ՛ամփոփէ ֆրանսական երգի պատմութիւնը»:
Գրութեան մէջ կը հաստատուի, որ Ազնաւուր հեռացաւ, թագաւորը հեռացաւ, սակայն անոր երգերը կ՛ապրին: «94-ամեայ հսկան հեռացաւ, եւ Ֆրանսայի եւ ամբողջ Եւրոպայի մէջ իրմէ աւելի հռչակաւորը չէ եղած` ժողովրդային ազնուական երգի իբրեւ մեկնաբան: Հայ ընտանիքի մէջ ծնած Ազնաւուր իր աւելի քան հազար երգերով ամբողջ երկրագունդը շրջեցաւ», նշուեցաւ մահագրութեան մէջ:
«Մուսթաքպալ» օրաթերթը Ազնաւուրը կը նկատէ հսկայ մը, որ աշխարհը լեցուց կիրքով:
«Ֆրանսական երգի հսկան 20-րդ դարու արուեստագէտն է, ֆրանսական երգի հայրը, որ իր կեանքը նուիրեց ֆրանսական երգի ստեղծման եւ տարածման ասպարէզին: Ազնաւուր Ֆրանսայի հանճարեղ երգիչն է, որ 80-ամեայ իր վաստակով ու աշխարհին կտակած երգի հսկայ հարստութեամբ դարձած է Ֆրանսայի խորհրդանիշն ու հայութեան փառքը», նշուեցաւ օրաթերթին մէջ:
«Տիար» օրաթերթը կը նշէ, որ համաշխարհային արուեստի բեմը կը կորսնցնէ Շարլ Ազնաւուրը, լուսարձակի տակ առնելով անոր հայկական ինքնութիւնը եւ նշելով, որ ան երգել սկսած է ինն տարեկան հասակին:
Նոյն օրաթերթը Ազնաւուրը կը կոչէ ֆրանսական երգի առասպելը, որ աւելի քան 1200 երգերով ապրեցուց ու յուզեց աշխարհը:
«Տիար» նշած է, որ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, նախկին նախագահներ Ֆրանսուա Հոլանտն ու Նիքոլա Սարքոզին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նկատի ունենալով Ազնաւուրի հայկական արմատները:
«Տիար» կը մէջբերէ Մաքրոնին այն յայտարարութիւնը, որ Ազնաւուրի բացակայութիւնը դատարկութիւն պիտի պատճառէ աշխարհին:
«Շարք» օրաթերթը իր 2 հոկտեմբեր 2018-ի թիւով անդրադարձած է Շարլ Ազնաւուրի մահուան գուժին, նշելով, որ գեղեցիկ ժամանակաշրջանի վերջին հսկան մեկնեցաւ` առանց իրականացնելու Ֆէյրուզին հետ զուգերգ մը կատարելու իր փափաքը:
«Շարք» իր 6 հոկտեմբեր 2018-ի թիւով անդրադարձ կատարած է նաեւ անկրկնելի երգիչ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան արարողութեան` կեդրոնանալով Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնին յուզումին վրայ: «Շարք» մէջբերեց Մաքրոնին հետեւեալ խօսքը. «Ազնաւուր մեր զգացումներուն մասին կը խօսէր եւ մեր կեանքը յաւելեալ սիրով, հեզութեամբ եւ ազնուութեամբ կը լեցնէր: Ազնաւուր գրեց, յօրինեց եւ երգեց ֆրանսերէնով. այդ լեզուով է, որ ան մուտք գործեց իւրաքանչիւր ֆրանսացիի սրտին մէջ, ինչպէս նաեւ իր երգերով միաւորեց տարբեր մշակոյթներ»:
«Տէյլի Սթար» Ազնաւուրին նուիրուած մահագրութիւնը սկսաւ հետեւեալ խորագիրով. «Շարլ Ազնաւուր` Ֆրանսայի յաւերժ մրմնջող բանաստեղծը»:
Ապա մահագրութիւնը կը շարունակուի հետեւեալ տողով. «Անոնք ըսին, որ ան շատ տգեղ է, շատ կարճ եւ երգելու կարողութիւն չունի: Սակայն Շարլ Ազնաւուր դարձաւ 20-րդ դարու արուեստագէտը` իր աւելի քան 1200 երգերով»:
«Տէյլի Սթար» կը գրէ, որ Ազնաւուր կոչուեցաւ Ֆրանսայի Ֆրենք Սինաթրան, սակայն հակառակ ամերիկացի երգիչին` Ազնաւուր ինք էր իր երգերուն հեղինակը, որ յանդգնութեամբ անդրադարձած էր մարդկութիւնը յուզող բոլոր հարցերուն:
«Հայկական արմատներ ունեցող Ազնաւուր նոյն քաջութեամբ պայքարեցաւ ի խնդիր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ դատի լուծման: Ազնաւուր միշտ ալ ըսած է, որ Հայաստանն ու հայութիւնը իր սրտին ու արեան մէջ են», նշուեցաւ յօդուածին մէջ:
Նոյն օրաթերթը կ՛անդրադառնայ ֆրանսացի հռչակաւոր երգչուհի Էտիթ Փիաֆի ու Ազնաւուրի գործակցութեան` հաստատելով նաեւ, որ Ազնաւուր զուգերգներ կատարած է աշխարհահռչակ այլ երգիչներու հետ, ինչպէս` Ֆրենք Սինաթրայի, Էլթըն Ճոնի, Սթինկի եւ Սելին Տիոնի:
Ֆրանսատառ «Լ՛օրիան լը ժուր»-ը յաջորդաբար տարբեր թիւերով անդրադարձած է մեծանուն երգիչին վաստակին, համաշխարհային ընդունելութեան, միաժամանակ ֆրանսացի եւ հայ ինքնութիւններուն: Յատուկ անդրադարձ կատարած է նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ լիբանանահայ համայնքին ապրած խոր սուգին: Յատկանշական է, որ մահուան յաջորդ օրը, ֆրանսատառ թերթի առաջին էջի հիմնական լուրն ու համապատասխան լուսանկարը յատկացուած էին Ազնաւուրին: