Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Առանց Աղմուկի…

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Մեղրիկ սրբազանը խնդրեց, որ այսպէս ըլլայ վերնագիրս:

Նիւթը` ձեռնարկ մը, որ իր ընթացքով, նպատակով եւ յաջողութեամբ արժանի` աղմկալի ծափահարութիւններու:

Անշուշտ բոլորիս ծանօթ է, որ  մանկապատանեկան երգչախումբը արդարացի վեհափառ կաթողիկոսը մկրտեց «Նարեկացի» անունով եւ մենք զանազան առիթներու հոգեկան այս խոր վայելքը ապրեցանք Անթիլիասի մայրավանքի սուրբ պատարագին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնակատարութեան պատարագին` երբ անմեղ մանուկներուն շրթներէն լսեցինք ս. պատարագի շարականները: Կրնա՞ք երեւակայել, որ ներկաներէն ոմանք այնքան յուզուած արցունք կը սրբէին: Մեղրիկ սրբազանը կրթած եւ մարզած էր այս մանուկներուն երգելու կարողութիւնները, նոյնիսկ անոնց մէջէն ութ տարեկան այն քաղցր տղեկը այնքան յաջող ու անսխալ իր շարականներով մտաւ մեր սրտերուն մէջ:

Այս բոլորին առ ի գնատահանք` սրբազան հայրը այս փոքրիկները եւ աշակերտները, ընդհանուր թիւով 141, հետը ունենալով 52 կամաւոր կապոյտ հրեշտակներ, առաջնորդեց դէպի Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն», մէկ շաբթուան ճամբարի մը, ուր անոնք պիտի ստանային քրիստոնէական դաստիարակութիւն, որուն ընդմէջէն պիտի ստանային բարոյական եւ մարդկային բազմաթիւ արժէքներ` հաճելի, օգտակար եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ:

Հսկայ աշխատանք, որ անկասկած հասաւ իր նպատակին:

Ըսեմ, որ այս ճամբարին մասնակցող փոքրիկներն ու պատանիները անխտիր ընդունուած էին ձրիաբար: Իսկ 52 կամաւոր «Կապոյտ հրեշտակները» ստանձնած էին մասնակցողներուն հոգատարութիւնը:

Սրբազան հայրը այս ճամբարին պիւտճէն ապահոված էր ազնիւ երկու ազգայիններէ: Թերեւս մեր իրականութեան մէջ հազուադէպօրէն կը հանդիպինք այսպիսի իրագործութեան մը:

Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը այս ձեռնարկին յաջողութիւնը կը վերագրէ աղօթքի ուժին: Հոս ես կը տեսնեմ մէկ այլ ուժ, որ թերեւս շատեր չնկատեն, այս ձեռնարկը կատարուեցաւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զոյգ դրօշներուն շուքին տակ:

Սրբազա՛ն հայր, դուք ձեր քայլերով լիբանանահայ ժողովուրդը աւելի մօտեցուցիք Կիլիկիոյ Աթոռին ու մեր եկեղեցիին: Իսկ վեհափառ հօր խօսքը` արտասանուած Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման ս. պատարագին առիթով, երբ անվերապահօրէն յայտարարեց մեր բոլորին ձգտումը` ունենալու ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, այս բոլորը մեզ աւելի կը մօտեցնեն մեր Մայր Աթոռին ու անոր գահակալին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles